Կամ՝ «երբ Հայաստան գալու ըլլաք, եկէք եւ Սունեաց աշխարհը տեսէք։ Սիւնեաց աշխարհը չտեսնողը, Հայաստան չէ տեսած։»
Անդրանիկ Չելեպեան
Այս շրջանին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնեաց Աշխարհը քաղաքական կիզակէտ է, յաճախ կը մտաբերեմ մօրեղբօրս, իր զարմուհիին Գարուն Աբէլեանին, մահագրութիւնը որ լոյս տեսաւ Քեսապցիներուն 1997 ի տարեգիրքին մէջ։ Ստորին վերարտադրած եմ։ The link for the English translation: http://vhapelian.blogspot.com/2020/12/karoun-hapel-apelian-der-sahakian-of.html
Պատմական Քէօրքիւնան |
1930-ական թուկաններուն., գեղեցիկ դէմքով ու անուշ ձայնով պարմանուհի մըն էր Գարունը։ Քեսապի Քէօրքիւնա գիւղին ծայրամասին, բլրակի մը վրայ հաստատուած իրենց բնականարանի քովնտի ժայռերուն վրայ կեցած՝ երբեմն ար արձակած մեղեդիները կը միախառներ շրջանի պարտէզներէն ու պուրակներէն եկող թռչուններու ճռուողններուն։
Կանուխէն կը նշանուէր Գարուն, Քեսապէն Յակոբ Տէր Սահակեանի հետ։ Յակոբը, բաւական ներկայանալի արտաքինով ինքնաշարժ վարորդ մըն էր։ Քեսապ-Անտիոք -Հալէպ գիծին վրայ ճամբորդներ կը փոխադրէր։
Կիրակի օր մը գիւղին աղջիկները Գարունին տունը հաւաքուած կը զուարճանան երգ ու պարով։ Աղջիկներէն մին պատէն կախուած հրացանը կը վերցնէ ու ճշդելէ ետք թէ «սատանային գործիքը» չէ լեցուած, սենեակին աղջիկները կը սարսափեցնէ ասոր-անոր դէմքին նշան առնելով եւ բլթակը քաշելով։ երբ կարգը Գարունին կուգայ, «պարապ» հրացանը կը պայթի եւ կապառի անհամար հատիկները կը լեցուին խեղճ Գարունի մէկ աչքին մէջ։
Չարագուշակ լուրը շուտով կը տարածուի։ Ամէն մարդ կը ցաւի պատահած դժբախտութեան համար։
Յակոբ Տէր Սահակեան չլքեց իր միականի սիրուհին։ Ամուսնացաւ հետը։
Յակոբ Տէր-Սահակեան ամոլին դժբախտութիւնները սակայն, կարծես դեռ նոր կը սկսէին։
Այդ տարիներուն, Մերձաւոր Արեւելքի կօշկակարները գիւտ մը ըրած էին։ Անոնք կօշիկներըու մաշած ներբանները գամով կը նորոգէին, փոխանակ չուանով։ Վարորդ Յակոբը, ինքնաշարժի արգելակին խոխած ատեն, տրեխին ժանգոտած գամը կը սկսի բթամատը ծակել եւ մի քիչ արիւնացնելով թունաւորել։ Ծայր կուտայ կանկրէնը։ Վիրաբոյժերը կը կտրեն բթամատը եւ այլ մատերը։
Յակոբ եւ Գարուն ընտանիքին հետ միասին կը գաղթեն Հայաստան։ Յակոբ ժամանակի ընթացքին անդամահատուելով վրայ կուտայ կեանքը։
Գարունը պետական բարեացակամ հոգատարութեամբ կը մեծնէ զաւակները։ Կ՚ամուսնանայ մանչը՝ Նշան եւ իրենց կարգին կ՚ամուսնանան թոռները։
Շուրջ տասը տարիներ առաջ Գարունը Ամերիկայ եկաւ տեսնելու հարազատները – եղբայրը Սողոմոն Աբէլեան, մօրեղբայրը Չարլս Չելեպեան (միւս մօրեղբայրը՝ Նշան, մեռած էր Ֆրէզնոյի մէջ), քրոջ աղջիկը ՝ Անի (Բաբգէն) Աբէլեան, մօրեղբօր զաւակները՝ Անդրանիկ Չելեպեան, Զուարթ Աբէլեան, Մեսրոպ Չելեպեան, Ճոնի եւ Ռոզէթ Չելեպեաններ եւ այլն։ Ան իր բոլոր այցելուններուն պարծաքներով կը կրկնէր միեւնոյն խօսքը, «երբ Հայաստան գալու ըլլաք, եկէք եւ Սունեաց աշխարհը տեսէք։ Սիւնեաց աշխարհը չտեսնողը, Հայաստան չէ տեսած։»
Միչեւ 1990-ի քաղաքական վերիվայրումները, Գարուն, իր մանչը Նշան եւ թոռները, բոլորն ալ լաւ-գէշ կ՚ապրէին առանց նիւթական ոժանդակութեան պէտք զգալու։ Անկէ յետոյ նամակներ սկսան հասնիլ թէ օգնութեան պէտք ունին, որպէսզի ձմեռը չսառին եւ անօթի չմեռնին։ Վերջին օգնութիւնը ղրկուեցաւ Նոյեմբեր 1990-ին։ Լուր հասաւ նշանէն. «դրամները ստացանք։ Պետութեան պարտքերը վճարեցինք։ Ձմրան վառելափայտը, գետնախնձորներն ու կարգ մը մթերքներ ամբարելէ ետք, Գարունը յանկարծամահ գետին ինկաւ Դետտեմբեր 14, 1996-ին։»
Դժուարութիւններ շատ ունեցար, սիրելի Գարուն։ Մահդ միայն, կարծէք նախախնամական կարգակդրութեամբ անցաւ հանգիստ, առանց ցաւի ու տառապանքի։ Փառք Աստծոյ։
Անդրանիկ Չելեպեան
No comments:
Post a Comment