Վահէ Յ. Աբէլեան
“Ինչո՞ւ Զիս Ստեղծեցիր»՝ վերապատուելի Աբրահամ Ճիզմէճեանին գիրքին վերնագիրն է։ Գիրքը հրատարակուած է 1995-ին, Թորոնթօ, Գանատայի մէջ ընտանիքին կողմէ`- «Ոտանաւորներու այս հատորը աշխատասիրութիւնն է վեր. Աբրահամ Ճիզմէճեանի յիշատակին՝ իր ընտանիքին եւ մասնաւորաբար իր դստեր՝ Տիկ. Մարիա Պագալեանի կողմէ։ «Սէրը բնաւ չ՚իյնար»։ (Ա. Կորնթ. 18.8) - նշուած է գիրքին մէջ։
Քանի մը օր առաջ, պատահմամբ հանդիպեցայ գիրքին։ Բակագիծի մէջ առնուած Արմէն Եփրատ անունը, ենթադրել կուտայ ինծի որ պատուելի Աբրահամ Ճիզմէճեանը գրականութիւն մշակած է։ Բայց ես չէի պատկերացուցած։ Բարեյիշատակ պատուելին անգամ մը եւս մտապատկերելու առիթ մը եղաւ ինծի համար։
Գիրքը 251 էջ է, նեռարեալ ընտանիքին յիշատակութիւնը, Միքայել Եուսուֆեանին «Սրտի Խօտքը» եւ Միհրան Ճիզմեճեանին վերապատուելիին կենսագրական ամփոփ ներկայացումը։ Մնացեալը՝ էջ 17-էն մինչեւ էջ 253, պատուելիին համով-հոտով չափածոյ գրութիւններուններն են որոնք կրնան նկատուիլ որպէս ոտանաւորներ, կամ բանաստեղծութիւններ որոնք էջադրուած են շուրջ եռեսուն թէմաներով որոնք նշուած են ներքեւը, մէջբերելով ոտանաւորէ մը առնուած քառեակ մը։
Հպանցիկ ակնարկով գիրքին կողքի նկարը, շատ հաւանաբար, ընթերցողին ուշադրութեան առարկայ չդառմայ։ Գիրքին վերջին վրայ նշուած են հետեւեալները - Նկարագարդում՝ Վեր. Աբրահամ Գ. Ճիզմէճեանի Պագալեան թոռներուն եւ փեսային - Եփրատ գետի լուսանկար՝ Վեր. Նշան Պագալեան - Կողքի պատրաստութիւն՝ Պրն. Լեւոն Գարտաշեան։ Հետեւաբար կը պատկերացնեմ որ ընտանիքը մասնաւորաբար ընտրած է Եփրատ գետին այդ նկարը, որուն ափին վրայ գտնուող Պէռէճիք քաղաքին մէջ ծնած էր պատուելին։ Թէեւ չորս տարեկանին տարագրուած էր, բայց յիշատակը ամրապնդուած եղած է իր մէջ, այնքան որ Արմէն Եփրատ ընտրած է իրեն համար որպէս քրչանուն։
«Բարձրունքներու հասնելու համար որեւէ մէկուն առջեւ չքծնեցաւ, եւ իր բարձրութեան վրայ մնալու համար արուեստական յենարաններ չգործածեց։ Իր դրամագլուխը խոնարհութիւնն էր եւ աստուածատուր իմաստութիւն մը՝ .........», կը գրէ Միքայել եուսուֆեան եւ կ՚եզրակացնէ ՝ « Այս յիշատակարանը թող ուղեցոյց մը ըլլայ բոլոր ընթերցողներուն։ Անոնց՝ որ վեր. Ճիզմէճեանը ճանչնալու հաճոյք ունեցած են, եւ անոնց՝ որ այս գրքի ընթերցումով պիտի ծանօթանան իրեն։»
Ներփակ կը գտնէք Վեր. Աբրահամ Գ. Ճիզմէճեանին խոհերէն բունջ մը։
Ինքնակենսագրութիւն (էջ 17)
Փառք Քեզ Հայր իմ, զիս ջարդ-գաղթէն, մահուան ձորեն
Սեւ Տէր-Զօրէն ազատեցիր՝ հրաշօրէն,
Հոգ չէ քաղցած, կիսամերկ ու կմախք դարձած,
Բայց կեանք տուիր, խնամեցիր բազկատարած
Աստուածաշունչ (էչ 18-21)
Սուրբ Գիրքդ դուն բա՛ց, կարդա՛,
Աչքերուդ լոյս, սրտիդ սէր.
Կեանքիդ սընունդ, ոյժ կուտայ,
Զերթ հաց, արեւ կենսաբեր։
Ընտանիք (էջ 22-34)
Տիպար ընտանիք հազուագիւտ քար է
Եւ մշտադալար պտղատու ծառ է,
Դպրոց, կաճառ է եւ սուրբ տաճար է,
Մշտահոս գետ եւ կենաց աղբիւր է։
Եկեղեցի (էջ 35-41)
Հայ եկեղեցին՝ յաւէտ անսասան, զերթ վեհ Արարատ,
Ուր Լուսաւորչի կանթեղն մ’շտավառ, անեղծ, անարատ՝
Կ՚առինքնէ հոգին ամէն մէկ հայուն եւ կը ներշնչէ
Ապրիլ հայօրէն, հաւատքով խիզախ, կամքով պողպատէ։
Զղջում (էջ 42-43)
Եթէ Դաւիթի պէս ես ծուլացած՝
Թողուցի պայքարն թշնամւոյն դիմաց,
Եւ ես տարուեցայ կիրքէս նեխած՝
Այսօր կը զղջամ, Աստուած ողորմած։
Աղօթք (էջ 44-48)
Աղօթէ՛ դուն, երկնաւոր Հօրդ՝ որ գիտէ
Ամէն անցքըդ, դժուարութիւնդ, ինչ ալ է,
Անոր ձեռքը՝ երբ քու ձեռքդ բռնած է,
Հաստա՛տ քալէ՛ խարխրատէ, լեռ ձորէ։
Յաղթութիւն (էջ 49-50)
Քաջ եղիր միշտ ո՛վ Քրիստոնեայ երբ ուժգին,
Փորձութիւնք փիւր որպէս կոհակ, շուրջդ կատղին,
Բաւարար է լոկ մէկ խօսքը Սուրբ Փրկչին՝
Բերելու քեզ խաղաութիւն երկնային։
Բժշկութիւն (էջ 51-58)
Փառք քեզ Հայր իմ որ բուժեցիր
Մարմինս, միտքս ու հոգիս համայն,
Եւ ամէն օր ես ծնրադիր՝
Օրհնութիւններդ վրաս կը տեղան։
Հոգեւոր Կեանք (էջ 59-91)
Եթէ չունիմ՝ տառապեալին հանդէպ խոր սէր,
Եւ չունիմ գութ՝ հիւանդներուն հէգ, կարեվէր,
Եթէ մոլար մեղաւորն չեմ առաջնորդեր,
Դպէ ճամբան խաղաղութեան,
Աղքատ եմ ես՝ յիրաւի։
Գոհաբանութիւն (էջ 92-95)
Փառք տուր Տէրոջ, եւ վստահէ՛ Անոր սրտանց,
Երբ կուժիչ մէջ իւղդ պակսած է, ալիւրդ հատած,
Պիտի Աստուած օրհնէ քու տունն բարիքներով,
Մանն երկնի հաց, վերէն յոդդուն տեղայ շուտով։
Բնութիւն (էջ 96-100)
Եթէ Գրիգոր Լուսաւորիչն իր ծեռութեան՝
Կրցաւ դարձնել ազգն ու արքան Լոյսի ճամբան։
Փառքիդ համար դուն գործածես զիս անարժանն՝
Փրկել մեղքէն Հոգիներ որ փարախդ մտնան։
Յիսուս Քրիստոս (էջ 10։-103)
Ո՛չ, աւելի՛ն, բուրգ, թագ, տաճառ, կոթողներէն,
Սուրբ, գերազանց, վեհօրէն,
Կ՚ապրի հոգւով աղքատի տանն, հիւանդին քով՝
Սրտագորով, լի սիրով։
Նուիրում (էջ 104-128)
Չեմ ուզեր Քեզմէ արծաթ ու ոսկի,
Ոչ ալ մարդոցմէ խօսք գովասանքի,
Այլ կ՚ուզեմ միայն լրիւ կատարել
Քու կամքդ ինձ համար՝ Դուն ես ծրագրել։
Ուսուցիչ (էջ 129-130)
Օրհնեալ ըլլայ յիշատակդ, ով անծանօթ դու ուսուցիչ,
Մարմնացումը լոյսի, յոյսի վսեմ սիրոյ համբերութեան
Տարածիչը գիր ու գրչի, գեղարուեստի ճշմարտութեան։
Կոչում եւ Ծառայութիւն (էջ 131-138)
Կ՚ուզեմ ըլլալ ձեռքերդ Յիսուս՝
Խլել կեանքեր մեղքի տիղմէն,
Բերել քեզի որ կեանքը գտնեն
Եւ սփոփուած փարախդ մտնեն։
Ժամանակ (էջ 139-145)
Մի՛ տնտնար եւ մի՛ կաղար դուն յուլօրէն,
Մի՚ երկմտիր դուն անորոշ եւ ծուլօրէն,
Որոշէ՛ այժմ, ո՞վ պիտ’ պաշտես պինդ, ջերմօրէն՝
Սիրոյ Աստուա՞ծն, թէ ոչ Սադանն այդ անօրէն։
Կեանք (էջ 146-159)
Յառաջա՛ջ գնայ, օ՛ն անդր առա՚՚ջ, մի՛շտ յառաջ,
Չկա՛յ սահման ընթանալու դէպ’ յառաջ,
Գնա՛ յառաջ, ո՛չ ձախ, ո՛չ աջ, ը՛նդ առա՚ջ,
Ո՛վ պատանի, երիտասա՛րդ, մի՛շտ յառաջ։
Սէր (էջ 160-166)
Սէրը սուրբ է, որուն ակն է ինքըն Աստուած,
Սէրը յոյս է՝ կը ծաղկեցնէ կեանքն անկասկած,
Սէրը ոյժ է որ կը մղէ մարդն դէպ’բարձրունք,
Սէրը կեանք է՝ երջանկութեան յորդուն ակնունք։
Ամանոր (էջ 167-175)
Ես ով էի, որբ նկուն, հօր-մօրմէ զուրկ,
Ժանտ, ցեղասպան բահով կտրած մի խեղճ տունկ,
Խնամեցիր, որդեգրեցիր ու կրթեցիր,
Եւ կանչեցիր գործիդ վսէմ, լուսածիր։
Սուրբ Ծնունդ (էջ 176-190)
Խորհուրդ Ծնունդի ՝ է ԻՄՄԱՆՈՒԷԼ
Աստուած մեզ հետ է յաւերժ արարգել,
Կրնանք ամէն օր իր սէրն վայելել,
Որպէս բարեկամ՝միշտ իր հետ քալել։
Նեղութեանց մէջ Ան է մեզ զօրավիգ,
Չար ուժերու էմ ԱՄՐՈՑ ԱՆԱՌԻԿ,
Արդ ապրինք իր հետ մինչեւ որ հասնինք,
Մեր Երանութեան, դրախտ ու երկինք։
Ծաղկազարդէն Զատիկ (Էջ 191-199)
Խաչ ու Զատիկ են իրարմէ անբաժան,
Խաչ Զատիկով, Զատիկ Խաչով են լման.
Նախ խաչ որ մահ, ապա Զատիկ խինդ-ուրախ,
Նախ հունտն մեռնի, ապա ատոք հասկ ու քաղ։
Հոգեգալուստ, Փորձութիւն, Տառապանք (էջ 200-211)
Երբ ալեկոծի ճամբադ յեղակարծ,
Փորձութիւնք ահեղ որպէս սաստիկ հով՝
Վեր բարձրացընեն կոհակներ կատղած,
Երբ Տէրն հետըդ է՝ դուն ես ապահով։
Վարդանանք, Ո՞ւր էիր Աստուած, Հայապահպանում եւ Հաւատապահպանում (էջ 212-253)
Դուն մի փոխեր ոսկի հոգիդ աստւածածագ՝
Պղինձի հետ ժանգունակ.
Եւ մի ծախեր պապենական յոյս ու հաւատք՝
Դիրք-փառքի տեղ, զերթ Վասակ։
Աչքըդ յարէ Արարատին լուսաճակատ,
Փարէ ազգիդ հարազատ,
Լուսաւորչի լոյս կանթեղը քեզի փարոս՝
Կեանքի գետին յորդահոս.
Գնա յառաջ յաւէտ խիզախ ու անձնուէր՝
Զերթ քաջ Վարդան անվեհեր։
Միշդ պէնդ պահէ, խորունկ ռնգէ Աստուծոյ շունչ,
Գիրքն երկնաւոր ծաղկեփունջ,
Մեսրոպատառ, մեղրածորան փեթակ է ան,
Ոսկեդարեան գանձարան։
Մի փոխեր զայն Անառակի եղջիւրին հետ,
Որ ապրիս կեանք կենսաւէտ.
Ամուր պահէ ոսկի վահան ժառանգութեան
Քո նահատակ հայրերուն,
Կռուէ չարին օտարամուտ վատ բարքերուն
Դէմ՝ քաջարի երկնօծուն։
Կառչէ ամուր քու Աստուծոյդ, երկնաւոր հօր՝
Ինչպէս մանուկն գիրքն իր մօր.
Ան է աղբիւր սէր ու կեանի ոյժ զօրութեան,
Երջանկութեանծ տեւական։
Գողն կը տանի հարստութիւն, գանձ ու գոհար,
Արծաթ, ոսկի անհամար.
Քաղաքական վերիվայրում՝ քեզ կը զրկէ
Քու ոսկեպատ գղեակէ,
Սակայն Աստուած երբ հետըդ է, եղիր ուրախ,
Զի քուկդ է իր դմամարկղ։
Այժմ վայելէ արեան գընով քեզի հասած
Փրկութեան մեծ փառապանծ,
Գիտցիր արժէքն եւ տէր եղիր քու հոգիին,
Հայրենիքին, հաւատքին.
Յարէ, փարէ քու մայր լեզուին, եկեղեցւոյն՝
Թանկ ու գեղուն ու բեղուն։
Սուրբ Գիրք, աղօթք, երգ-երգարան գերթ ադամանդ՝
Թող զարդարեն քո ճակատ։
Փոխանցէ այս հարստութիւնն նոր սերունդին,
Որպէս աւանդ սուրբ անգին։
http://vhapelian.blogspot.com/2023/06/blog-post_25.html
No comments:
Post a Comment