V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Sunday, June 25, 2023

Վերապատուելի Աբրահամ Գ. Ճիզմէճեան

(կենսագրական ամփոփ գիծեր)

Միհրան Ճիզմէճեան

 

Ինչպէս Վեր. Աբրահամ Ճիզմէճեանին զարմիկը կը վկայէ՝ պատուելին անմոռանալի անձ մըն էր որուն հետ ընտանիոք բարեկամութիւն ունէինք շնորհիւ մօրս՝ պաշտօնակիցներ եւ գործակիցներ էին այդ տարիներուն։ Մօրս հետ ներկայ եղած եմ իր հաւատաքնութեան եւ ձեռնադրութեան։ Վերջին անգամ հանդիպեցայ իրեն Նիւ Ճըրզի Armenian Presbyterian Church եւ միասնաբար ուղղուեցանք օրուայ տօնակատարութեանը։ Կենսագրականը ընդօրինակեցի պատուելիին «Ինչո՞ւ Զիս Ստեղծեցիր» գիրքէն։

Վեր. Աբրահամ Գ. Ճիզմէճեան կը պատկանի այն սերունդին որ  յաղթահարեց բոլոր տառապանքներն ու դառնութիւնները Առաջին Համաշխամարտին եւ հայկական ցեղասպանութեան։ Իր հայրը Գէորգ, 1914-ին նահատակուած է Տարտանելի ճակատամարտին, իր երկրի պաշտպանութեան գծով զինուորական ծառայութեան ընթացքին Թրքական բանակին մէջ, երբ Վեր. Ճիզմէճեան տակաւին կաթընկեր մանուկ մըն էր։ Անոր զլացուեցաւ վայելել հօր սէրն ու խանդաղատանքը։

Վեր. Ճիզմէճեան ծնած է Յուլիս 1913-ին, Եփրատ գետի ափին գտնուող Պէրէճիք քաղաքին մէջ։ Իր հօրը նահատակութիւնէն կարճ ատեն ետք՝ 1916-ին, կը կորսնցնէ նաեւ իր մայրը, եւ իր երեց քոյրը ՝ Էֆրոնիային հետ կը մնան իրենց պապենական մեծ հօր՝ Կարապետի եւ մեծ մօր՝ Աննայի, ինչպէս նաեւ  հօրեղբայրներուն՝ Յովհաննէսի եւ Դանիէլի խնամակալութեան տակ։

Հազիւ չորս տարեկան տղէկ մը, իր հարազատներուն հետ կը բռնէ տարագրութեան՝ Հայկական Գողգոթայի ճամբան դէպի Ճարապլուս, Ռաքքա եւ ապա Հալէպ։ Ան յաճախ յուզումով եւ մեծ երախտագիտութեամբ կը յիշէր թէ ինչպէս մեր հայրը՝ Դանիէլ՝ իր 17-ամեայ հօրեղբայրը, աքսորի ճամբուն վրայ զինք գրկելով դրած էր իր շալկած ծանր բեռան վրայ, որպէսզի իր բոպիտ ոտքերը չարիւնին անտաշ ճամբաներէն։

Վեր. Ա. Ճիզմէճեան 11 տարեկանին կ՚ապաշխարհէ եւ ինքզինք կը յանձնէ իր Փրկչին, որուն հաւատարիմ վկայ մը կը մնայ մինչեւ մահ։ Հազիւ նախակրթարանը աւարտած կը նետուի կեանքին գուպարին մէջ։ Շր՚ջան մը իր հօրեղբայրներուն հետ մօտակայ գիւղերը երթալով հնակարկատութեամբ կը զբաղի եւ ի վերջոյ կ՚ունենայ իր անձնական արդուկիչի խանութը Հալէպի մէջ։

Աւելի քան 16 տարիներ դպրոցէ հեռու մնալէ ետք , այս ուշիմ եւ ուսումնատենչ երիտասարդը 28տարեկանին կը վեռադառնայ դպրոցական գրասեղանները Հալէպի Ամերիկեան Գոլէճի մէջ որպէս մասնաւոր ուսանող եւ նոյն տարուան ընթացքին երկու դասարան կը փոխէ։ Հալէպի Գոլէճէն վկայուելէն ետք կը նետուի Շէմլանի Սր. Գրոց Վարժարանին դասընթացքին։

Վեր. Ճիզմէճեան հանգստեան կոչուելէն ետք իսկ մնաց պրպտող միտք եւ մնայուն ուսանող մը։ Ան ստացած է հետեւեալ վկայականները։

1948-ին Պսակաւոր Արուեստից Ամերիկեան Համալսարանէն Պէյրութ եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանէն՝ վկայական։

1962-ին Մագիստրոս Կրօնագիտութեան (B.D.,N.E.S.T.)

1963-ին Մագիստրոս Դաստիարակութեան (M.A. Education, A.U.B.)

1982-ին Մագիսրոս Աստուծաբանութեան (M.Th. Immanuel College, University of Toronto), եւ որպէս դէզ պաշտպանած է Համաշխարհային Բ. Պատերազմին ընթացքին Հիթլէրի հրամանով նահատակուած գերման մեծ աստուածաբան Տիթրիխ Պոնհորֆըրի «Քրիստոսաբանութիւնը»  (The Christocentric Contextualism of B.D. Bonhoffer).

Վեր. Ա. Ճիզմէճեան եղած է կրթական մշակ, խմբագիր, գրող, տնօրէն եւ հովիւ, ու այս բոլոր պատշտօններուն մէջ ան անշահախնդրութեամբ եւ հաւատարմութեամբ ծառայած է հետեւեալ դաշտերուն մէջ։

1944-էն առաջ, քարոզիչ եւ հոգեւոր մշակ Հալէպի Հայ եւ Սուրիանի եկեղեցիներուն մէջ։

1944-1957 Պէյրութ Հոգեւոր Եղաբայրութեան՝ երկու պաշտօններով – որպէս քարոզիչը եկեղեցիին եւ տնօրէնը Կենաց վարժարանին։ Իր պաշտօնավարութեան շրջանին դպրոցը նախակրթարանէն աճելով վերաժուած է երկրորդական վարժարանի։

1957-1961 Տնօրէն՝ Հայ Աւետարանական Գոլէճի, Պէյրութ եւ դասախօս՝ Հայկազեան Գոլէճի։ Այդ տարիներուն յաջողութիւններ արձանագրեց դպրոցին  համար ուսումնական մարզին մէջ, միեւնոյն ատեն քաջալերեց աշակերտներուն մարզական կեանքը։

Տիկ Զուարթ Աբէլեան եւ Տնօրէն Աբրահամ Ճիզմեճեան
Շամլեան Թաթիկեան Հայ Աւետարանական երկրորդական Վարժարան

1961-ին վեց ամիսով աւետարանչական շրջապտոյտի մը գացած է Միացեալ Նահանգնրեր (մինչեւ Փետրուար 1962.)

1962-ին այցելու հովիւ Դամասկոսի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին կարիգնեհրուն։

1963-1964 տնօրէն՝ Նոր Մարաշի Շամլեան Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանին։

1964-1969 Հովիւ՝ Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին։ Այդ տարիներուն ծառայեց նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետ. Եկեղեցինրեու Միւթեան գանազան կարիքներուն մէջ, յատկապէս Հայ Աւետ. Կրթական խորհուրդին մէջ։

1964-ին Նոր Մարաշի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին խնդրանքով կը ձեռնադրուի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին մէջ, Պէյրութ։

1969-1980 Հովիւ՝ Թորոնթոյի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին։

1980-1981 Հանգստեան կոչուելէ ետք, անսալով Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետ. Միւթեան կոչին՝ Լոս Էնճըլըս գագած է եւ կարճ ժամանակի ընթացքին իր այցելութիւններով, քարոզներով եւ բարի կեանքին օրինակով կրցած է բաւարար հետաքրքրութիւն ստեղծել հիմնելու նոր եկեղեցի մը Հոլիվուտի հայաշատ թաղհերուն մէջ։

Շատ քիչ է թիւը հովիւներու, որոնք առիթը ունեցած ըլլան եկեղեցի հիմնելու։ Վեր. Ա. Ճիզմէճեան այն քիչերէն է, որ ոչ թէ միայն մէկ՝ այլ երկու եկեղեցի հիմնած է իր հովուական ծառայութեան շրջանին՝ 1970-1971` Գէմպիճին, Օնթարիօ եւ 1980-1981` հոլիվուտ։

1981-1983 Հովիւ՝ Մոնթրէալի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին։

*****

1949 Հոկտեմբերին կ՚ամուսնանայ Օր. Սիրան Պէզիրկեանին հետ կազմելով քրիստոնէական երջանիկ ընտանեկան բոյն մը։ Աստուած կ՚օրհնէ զիրենք պարգեւելով իրենց աղջիկ եւ մանչ զաւակնհեր, որոնք կը վայելեն իր չվայելած հայրական խնամքն ու հոգատարութիւնը։ Ան եղած է տիպար ամուսին մը եւ ընտանիքի լաւ հայր մը, մեծ հայր մը, ինչպէս նաեւ սիող քեռի մը եւ հօրեղբայր մը՝ իր 9 թոռներուն, գարմիկներուն եւ զարմուհիներուն։

Մանկութեանս օրերէն մինչեւ այսօր հաճելի յիշատակներ միայն ունիմ իրմէ։ երբ իր Պէյրութ ուսանողական շրջանին Հալէպ՝ մեզի այցելութեան գար, միշտ նորութիւն մը ունէր փոքրերուս համար, ըլլար այդ շաքառ, շոքոլա կամ շաքարով խարկուած գունաւոր սիսեռ (լէպլէպու) կը նետէր գորգին վրայ՝ ստանալու մեր բաժինը։ Նոյնիսկ մեր զաւակները այստեղ վայելեցին նոյն բարիքները, եւ կը յիշեն զինք՝ որպէս շոքոլա տուող մեծ ամմօն։

Այնքան տպաւորուած եմ իրմով իմ մանկութեանս, որ իր ներկայութեան ուղիղ քալուածքը կեղծելով ըսած եմ յաճախ. «երբ մեծնամ Աբրահամ ամմոյին պէտ պիտի ըլլամ»։ Աբրահամ ամմօն հաւատքի մարդ էր եւ կատարեալ վստահութեան ունէր իր սիրած Աստծոյն վրայ եւ կը հնազանդէր Անոր կամքին։ Կը յիշեմ իր ամուսնութիւնէն առաջ իմ հօրս գրած նամակներէն մէկուն մէջ երբ կուտար բարի լուռը Սիրանին հետ նշանուելուն։ Ան կը գրէր՝ «Աստուած ինծի համար հարսնցու մը պատրաստած է եղեր, եւ ես ուրիշ տեղ կը փտռեմ իմ ուզածս, ինչպէս Ան հայր Աբրահամին համար ալ խոյ մը պատրաստած էր զոհելու Իսահակին տեղ։ ես ինչպէ՞ս կրնամ չի վստահիլ այսպիսի սիրող հօր մը։»

Վեր. Աբրահամ Ճիզմէճեան իր երկար տարինեու ծառայութիւնէն յօգնաբէկ՝հանգստեան կոչուելէն ետք կարճ ժամանակի ընթացքին սկսաւ կորսնցնել իր ֆիզիքական առողջութիւնը. Եւ վերջին շրջանին 14  շաբաթներ Նորթ Եորքի հիւանդանոցին մէջ տառապելէ ետք, Ջորեքշաբթի 16 Դեկտեմբեր 1992 առաւօտեան ժամը 2:30-ին յաւիտենապէս փակեց իր աչքերը միանալով իր շատ տիրած ու պաշտած Փրկչին։ Փառաւորելու իր Աստուածը. Մասնակցելով երկնային զօրքերու երգչախումբին։

«Յիշատակը արդարոց օրհնեալ եղիցի»։ Տէրը օրհնաբեր դարձնէ իր օծեալին յիշատակը բոլորիս Համար։



No comments:

Post a Comment