V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Friday, February 3, 2023

Այսօր յիշեցի Յակոբը

 Վահէ Յ. Աբէլեան

Hagop Yapoujian 

Այսօր Ֆէյսպուքը ուշադրութեանս յանցնեց որ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միւթեան վաղեմի ընկերներէս Յակոբ Եափուճեանին մահուանը տարելիցն է։ Անակնկալ մահը պատահած էր 3 Փետրուար 2018-ին։ Մահուանը գուժը ստացած եղած եմ Յակոբ Հաւաթեանէն՝ Լիբանան, նմանապէս յիշեցուց զիս ֆէյսպուքը։

Նախորդող ամիսներուն հաղորդակցութեան մէջ էի հետը։ Կարգ մը նախքին Զաւարեանականներ կը մտածէին, նախ քան Լիբանանի քաղաքացիական պատրեզամին   Զաւարեան  ուսանողական միւթեան անդամներուն մասին յուշագրութիւն մը պատրաստել։ Եթէ Կարսը Ռուբէն Տէր Մինասեանի սերունդին հնոցը եղաւ՝ այնպէս ալ Պէյրութը սփիւռքահայութեան այդ սերունդին հնոցը դարձաւ։ Իսկ Զաւարեան Ուսանողական միւթեան այդ սերունդին անդամները իրենց դրօշմը դրին սփիւռքահայ կրթական, քաղաքական, լրագլական, մշակոյթային եւ ազգային հասարակական կեանքին մէջ, ինչպէս եղաւ նաեւ Յակոբ Եափուճեանինը, ինչպէս կը նշէր Յակոբ Հաւաթեանը իր գոյժին մէջ։

Թէեւ Յակոբին հետ կապի մէջ էի, բայց զինք անձնապէս չէի տեսած երկար եւ երկար տարիներ։ Մահուան գոյժին կցուած լուսանկարը զգաստութեան բերած եղած ըլլալու է զիս որ հետեւալը տեղադրած եմ այդ օրուան իմ Ֆէյսպուքի էջիս վրայ՝ «Տարիները այսպէս սահէր են եւ մենք ալ փոխուեր ենք. եթէ պատահմամբ իրար հանդիպէինք ճամբու մը վրայ ալ պիտի չճանչնայինք իրար։ Նախքին Զաւարեանական ընկերերներէս  Յակոբ Եափուճեանը մահացեր է։ Գոնէ անգամ մը հանդիպէինք եւ խօսէինք երես երեսի, ի՞նչ վիճակ ստացաւ այդ Զաւարեանական սերունին մասին գրելու մեր ծրագիրը։ Հիմայ ինքն ալ այդ սերունդէն պատմութեան անցեր է։ Կը ցաւիմ.......՝»

Սովորութիւն ըրած ենք որպէս վշտակիցներ իրար կը կարեկցինք ըսելով ՝ «կեանքը քեզի», յաճախ ալ «կեանքը քեզի եւ սիրելիներուդ» եւ կամ նման կարեկցական մաղթանքներ ընելով որոնց առանցքը միշտ «կեանքը»-ն է։

Կեանք բառին շեշտաւորումը «ը» մասնիկով շփոթ կ՚արթնցնէ մէջս՝ որո՞ւ կամ ի՞նչ կեանքին մասին է կարեկցական ակնարկը՝ հանգուցեալին ապրած կեանքի՞ն կամ սպասուած յաւելեալ տարիներո՞ւն։ ես կը կարծեմ որ այդ խօսքը աղաւաղուած է։ Հաւանաբար կարեկցական ակնարկը «կեա՛նք քեցի» ըլլալու է, որ խորքին մէջ արեւշատութեան կամ աւելի երկարակեցութեան մաղթանք մըն է։ Կեանքը խլուեցաւ հանգուցեալին բայց արեւշատութիւն՝ «կեանք քեզի»։ Հետեւաբար ես իմ կարեկցական վշտակցութիւնս փոխած եմ ըսելով ՝ «կեա՛նք քեզի» եւ ոչ թէ «կեանքը քեզի»։՚

Այսպէս՝ կեա՛նք իր զաւակներուն եւ թոռներուն։

Գալով մահուան, բնականաբար մեռնողին տարիքը իր ազդեցութիւնը ունի մեղմացնելու եւ կամ աւելի տանելի դարձնելու մեռնողին մահը։ Բնականաբար աւելի տանելի է տարեցի մը մահը քան երիտասարդին։ Բայց մահը ցաւալի է, ինչ որ ըլլայ մեռնողին կեանքին տարիները։  Վերջին հաշուով մահուան յաղթանակը Քրիստոնեայ մեր հաւատքին առանցքներէն է՝ «Ո՛վ մահ, ո՞ւր է քու խայթոցդ, գերեզմա՛ն, ո՞ւր է քու յաղթութիւնդ »։

Eric Bogosian-ը իր «Operation Nemesis” գիրքը կ՚աւարտէ հետեւալ թարգմանական խորհրդակցութեամբ՝ - բնագիրը կցած եմ ներքեւը - «Մենք այս աշխարհը կուգանք առանց ոչինչի և կը հեռանանք առանց ոչինչի: Մենք բոլորս գիտենք, անուղղակիօրեն կամ բացայայտօրեն, որ այն ամբողջը ինչ որ իրականութեամբ ունինք, մեր տեղն է ուրիշներու յիշողութիւններուն մէջ: Մենք գոյութիւն ունենք այնքան որքան կը ճանչնանք և կը յիշենք իրար. նոյնիսկ մեր մեջ ամենամեկուսացածները: Մենք կը բաժնենք հաւաքական հասկացողութիւնը, որ մենք բոլորս աւելի մեծ ամբողջականութեան մը մաս ենք»։

Այսօր յիշեցի Յակոբ Եափուճեանը։


No comments:

Post a Comment