Տ. Դերենիկ Եպս. Փոլատեան |
Երէկ՝ Ուրբաթ 17.2.2023 ին, անուանի պատմաբան, լեզուագետ Յակոբ Չոլաքեանը (Hagop Tcholakian) հետեւեալ տեղադրութիւնը ըրած էր իր Ֆէյսպուքի էջին վրայ հանգուցեալ Տ. Դերենիկ Եպս. Փոլատեան ի (1914 – 1963) ժառանգին մասին՝
« Ոմանց յայտնի էր, որ Դերենիկ եպս․ Փոլատեանի հարուստ արխիւը, անտիպ մնացած իր երկասիրութիւններով հանդերձ, պահ դրուած է իր եղբայրներուն քով՝ Քեսապ։ Հոն, կը խորհէի, հայկական գաղութներու պատմութեան անոր նիւթերուն մէջ Քեսապն ալ տեղ պէտք է ունենար։ Դիմեցի Քեսապ բնակող եղբայրներուն՝ Վարդանին եւ Վահագին։ Երկուքն ալ ուրացան այդպիսի բանի մը գոյութիւնը։ Յայտնապէս չէին ուզեր։ Անոնց մահէն ետք ես այդ մասին խօսած եմ նաեւ Վարդանի մեծ զաւկին՝ Աբիկին հետ։ Աբիկ ինծի ղրկեց լուսանկար մը, որ կը ներկայացնէր Անթիլիասի մայրավանքի եկեղեցւոյ նոր սկսած շինարարութիւնը՝ յայտնելով որ նկարը առնուած է հօրեղբօր պատկանող նիւթերու հաւաքածոյէն։ Աբիկ կարծես տրամադրուած էր ինծի ներկայացնելու ամբողջը։ Յետոյ դէպքերը այնպէս եղան, որ ներխուժման հետեւանքով քեսապցիները ապաստանեցան Լաթաքիա, իսկ ես եկայ Երեւան։ Երեք ամիս ետք հայրենակիցներս վերադարձան Քեսապ։ Որոշած էի Քեսապ երթալուս անպայման հետաքրքրուիլ արխիւով, երբ, ցաւօք, իմացանք, որ Աբիկ յանկարծամահ եղած է Պասիթի իր կալուածին մէջ։ Չեմ գիտեր, թէ արխիւը ինչ ճակատագիր ունեցած էր ներխուժման միջոցին, մնացած էր Քեսա՞պ, թէ․․․։ Կը կարծեմ որ Աբիկի զաւկին՝ Վարդանին վիճակուած է այդ արխիւին ճակատագիրը որոշել, եթէ ի հարկէ պահպանուած է, կամ՝ արդէն յանձնուած չէ ապահով ձեռքերու։»
*****
Նմանապէս կցած էր ՍԻՈՆի մէջ լոյս տեսած հետեւեալ յօդուածը այդ եկեղեցականին տխուր վախճանին ու հայագիտական անտիպ մնացած գործերուն մասին։
«Մեծ է սուգը որով համակուած է Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցին, անժամանակ անհետացումովը իր բարձաստիճան եւ ամենէն զարգացած պաշտօնեաններէն Տ. Դերենիկ Եպս. Փոլատեանի, որ զոհ գնաց Պէյրութի մէջ անցնող Նոյեմբեր 22-ի Ուրբաթ օրը , խողխողուելով անհաւասակշիռ հայ երիտասարդի մը ձեռքով։
Հանգուցեալ Սրբազանը, աւազանի անունով Հայկ, ծնած է Քեսապ, 1914 տարուան առաջին օրը ։ Յաջորդ տարին անցած է տարագրութեան ճանապարհէն , զոհ տալով իր հարազատներէն շատեր։ Որբացած՝ Զինադադարէն ետք մանուկ Հայկ կը վերադառնայ իր ծծնդավայրը։
Հազիւ մանկապարտէզի ուսանող, ան կը փայլի իր ուշիմութեամբ։ 1927 ին , ուսման տենչով խնդավառ , կը դիմէ Հալէպի Ամերիկեան Գօլէճ , ուր կուսանի հինգ տարիներ ու 1932 ին կը վկայուի արտակարգ յաջողութեամբ ։
Տարի մը ետք, կ՚ընդգրկէ ուսուցչական ասպարէզ ։ Ապա , կրօնաւորելու կոչում զգալով իր մէջ , ափ կ՚առնէ Անթիլիաս Երջանկայիշատակ Տ. Տ. Զարէհ Ա. Կաթողիկոսի հետ , քահանայական ձեռնադրութիւն ընդունելով 1935 ին ։
1938 ին կը մեկնի Հիւս. Ամերիկա , ուր կը մնայ եօթը տարիներ, նուաճելով համալսարանական ուսման բոլոր հանգրուանները, աստուածաբանական , փիլիսոփայական եւ մանկավարժական ճիւղերու մէջ վկայուելով։
1945 ին , Եrնաշնորհ Տ. Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի հետ կը վերադառնայ Անթիլիաս , ուր յաջորդ տարին իրեն կը վստահուի Դպրեվանքի Տեսչութեան յոյժ պատասխանատու պաշտօնը , զոր կը վարէ տասը տարիներ ամենայն ձեռնհասունութեամբ։ իր բարձր հսկողութեան ներքեւ Դպրեվանքը կ՚ապրի հոգեկան եւ մտաւոր զարթօնքի շրջան մը , տալով հայ ժողովուրդին զարգացած ու իրենց վսեմ կոչումին գիտակից հոյլ մը անձնդիր հոգեւոր մշակներ։
1947 ին եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի Երջանկայիշատակ Տ. Գարեգին կաթողիկոսէն։
1956 ին , Կիլիկիոյ Աթոռին շուրջ պատահած ծանօթ տխուր իրադարձութիւններէն ետք , կը ձգէ Անթիլիասը եւ կը նուիրուի գրական աշխատութեանց ու , գաղութներու մեր պատմութիւնը ուսումնասիրելու նպատակաւ , ճանապարհորդութեանց ։ կը շրջի շատ մը երկիրներ , ի մասնաւորի հեռաւոր Արեւելքի Հայ եկեղեցականէ քիչ անգամ կամ երբէք այցուած սակաւաթիւ հայ գաղութնհեր որոնց երբեմնի փառաւոր անցեալի պատմութեան համար կը հաւաքէ անսպառ նիւթ , քաղելով զանոնք առաւելաբար տապանաքարերէն եւ յիշակարաններէ։
Դերենիկ Սրբազան 1960 էն ի վեհ կը գտնուէր Ատտիս – Ապէպա , ծառայելով Եթովպական քոյր եկեղեցիին իբրեւ Տեսուչ Աստուածաբանական Ճեմարանին։ Նորին Օծութիւն Տ. Տ. Վազգէն. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Երուսաղի այցելութեան առիթով ինք եւ եկաւ Ս. Աթոռ ու անխառն հրճուաքի օրեր ապրեցաւ ի տես զոյգ վեհափառներու պատմական ողջագուրումով վերահաստատուած Հայց. Եկեղեցւոյ Միասնութեան , որուն այնքան ցանկացող ու մանաւանդ հաւատցող մըն էր ինք։
Իբրեւ մտքի մշակ , հոգելոյս Սրբազանը հեղինակն է տասէ աւելի հատորներու , կրօնական , պատմա-հնագիտական եւ մանկավարժական բովանդակութեամբ ։ Ունի նաեւ շարք մը անտիպ գործեր , որոնցմէ ամենէն կառեւորն է անտարակոյս Ծայրագոյն Արեւելքի Հայ Գաղութներու Պատմութիւնը, երկու հաստափոր հատորներ լեցնող ։
Տ. Դերենիկ եպս. անարգօրէն կը սպաննուի իր 50րդ տարեդարձի նախօրեակին , երբ իր ոյժերու բովանդակ լիութեան մէջ էր եւ երբ Եկեղեցին ու ազգը մեծ ակնկալութիւններ ունէին իրմէ ։ Ան եղաւ անսպառ կորովի եւ յամառ ու համբերատար աշխատանքի մարդը ։ Նոր ու փառաւոր օրերու խոստումով յղի մեր եկեղեցական համերաշխ կեանքի արշալոյսին զուցադիպող իր բեղուն կեանքին այս վաղահաս շիջումը խոր վիշտով համակեց բոլոր զինք ճանչողները անխտիր։» (1963, Հոկտ.-Նոյեմբ.-Դեկտ.)
*****
ի՞նչ պատահեցաւ Տ. Դերենիկ Եպս. Փոլատեանին անտիպ գործերուն։
Ծերոն Փանոսեանը (Zeron A Panossian) կը նշէ հետեւալը՝ « Դերենիկ Եպիսկոպոս Փոլատեանին ամբողջ արխիւը Քեսապ մնացած եր մինչև 2014 քեսապցիներուն գաղթը Լաթաքիա ։ Երեք ամիսների վերջ քեսապ վերադարձին այդ ամբողջ արխիւը առանց վնասի մնացած էր իր եղբոր տղուն ` Հայկին տան մէջ ։ Ամբողջությամբ իմ միջոցով ապահով ձեռքով հասավ Լիբանան Կաթողիկոսական հանձնելու համար ։»
No comments:
Post a Comment