V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, February 23, 2023

Աբրահամ Լինքոլնի Կէթսպըրկի Ուղերձը՝ Apraham Lincoln’s Gettysburg Address

 Աբրահամ Լինքոլնի Կէթսպըրկի Ուղերձը՝ (Apraham Lincoln’s Gettysburg Address)կարելի է արտասանել Սարտարապատի Ճակատամարտը խորհրդնշող տօնակատարութեան։  Կցած եմ ուղերձին թարգմանութիւնս։ Սրբագրութիւնը կը պարտիմ երբեմնի ուսուցչիս Արմենակ Եղիայեանին։

*****

«Չորս քսանամեակներ և եօթը տարիներ առաջ մեր հայրերը այս ցամաքամասին վրայ յառաջացուցին նոր ազգ մը բեղմնաւորուած Ազատութեան մեջ և նուիրուած այն առաջադրութեան որ բոլոր մարդիկ ստեղծուած են հաւասար։

Այժմ մենք բոնկուած ենք քաղաքացիական մեծ պատերազմի մը,  փորձարկելու որ արդիո՞ք այդ ազգը, կամ որեւէ ազգ՝ այդպէս բեղմնաւորուած և այդպէս առաջադրուած կրնայ երկար տոկալ: Մենք կը հանդիպինք այդ մեծ պատերազմին մարտադաշտին վրայ: Մենք եկած ենք նուիրելու այդ մարտադաշտին մէկ մասը որպէս վերջին հանգստավայրը անոնց որոնք այստեղ իրենց կեանքերը նուիրեցին որպէսզի այդ ազգը կարողանայ գոյատեւել: Բոլորովին տեղին և պատշաճ է որ մենք այս ընենք:

Բայց աւելի խոր իմաստով՝ մենք չենք կրնար նուիրագործել - չենք կրնար սրբադասել - չենք կրնար սրբացնել այս հողը: Կենդանի և մեռած խիզախ մարդիկ որոնք պայքարեցան այստեղ, արդէն սրբացուցած են այն շատ աւելի բարձր քան մեր աղքատ ոյժը կարողանայ աւելցնել կամ նուազեցնել:

Աշխարհը քիչ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ եւ ոչ ալ երկար ժամանակ պիտի յիշէ թե մենք ինչ կ՚ըսենք հոս, բայց երբեք պիտի չի կարողանայ մոռանալ այն ինչ որ ըրին այստեղ: Ընդհակառակը` մենք ողջերս ենք որ պէտք է նուիրուինք այստեղ ամբողջացնելու իրենց անաւարտ գործը, որուն համար անոնք մաքարեցան հոս եւ ազնիւօրեն առաջ մղեցին:

Աւելի շատ մեզի համար է որ հոս ըլլանք նուիրուած մեր առաջ մնացած մեծ գործին – այստեղի պատուելի մեռելներէն մենք նուիրում  ստանանք այն դատին՝ որուն համար անոնք տուին իրենց նուիրումին վերջին ամբողջական չափը – որ մենք՝  մեծապէս ուխտենք որ այդ մեռնողները ի իզուր մեռած չըլլան - որ այս ազգը, Աստծոյ ներքեւ ունենայ ազատութեան նոր ծնունդ մը  - եւ որ ժողովուրդին կառավարութիւնը, ժողովուրդին կողմէ, ժողովուրդին համար չի ջնջուի այս աշխարհէն:» 

Աբրահամ Լինքոլն



 

 

 

No comments:

Post a Comment