Պանդոկին բացայարկը |
Հայրս ծնած էր Քեսապի Քէօրքիւնա գիւղին մէջ, 1921ի Դեկտեմբեր ամսուան վերջաւորութեան, եւ հոն անցուցած էր իր մանկութիւնը, պատանեկութիւնը, մինչեւ երիտասարդութեան սեմը: 1937-38 թուականներուն անորոշութիւն կը տիրեր Քեսապի մէջ: Ճակատագրական շրջան մըն էր այդ տարիները: Թրքերէն լեզուի ուսուցումը պարտադիր էր Քեսապի շրջանէն ներս: Աշխարհագրական այդ հողամասը, ոչ թէ միայն Քեսապը, այլ անոր սահմանակից՝ հիւսիս-արեւմտեան մասը, որ կ’ընդգրկէ պատմական Անտիոքը, նորաստեղծ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կցելու կը պատրաստուէին աշխարհի տէրերը: Բայց եւ այնպէս Քեսապցիները տակաւին յոյս ունէին որ իրենց պիտի խնայուէր պատմական Քեսապէն գէթ մաս մը եւ կցուէր Սուրիոյ: Քեսապցի ղեկավարները խնդրագիր ներկայացուցած էին ֆրանսական հոգատար կառավարութեան: Կար Կարտինալ Աղաճանեանը, որ աշխատանքի մէջ էր որպէսզի ներկայի Քեսապը ներմուծուէր նորաստեղծ Սուրիոյ Հանրապետութենէն ներս:
Ապահովելու համար իրենք զիրենք Քեսապցի ընտանիքներ միջին լուծում մը գտած են, անստոյգ ապագան դիմագրաւելու հեռանկարով՝ ղրկելով զինուորական ծառայութեան տարիքին մօտեցող իրենց մանչ զաւակները Լիբանան, որպէսզի ապահովեն անոնց ապագան ու եթէ այլապէս դասաւորուի Քեսապի վիճակը գոնէ ընտանիքէն անդամ մը ունեցած կ՚ըլլան Պէյրութի մէջ, որ քրիստոնեաներուն համար միշտ իբրեւ ապաստան մը նկատուած է: Հարկ եղած պարագային, եթէ ընտանիքը ամբողջութեամբ պարտաւորուած ըլլար լքել Քեսապը եւ հաստատուիլ Պէյրութ, ընտանիքին անդրանիկ զաւակը հոն պիտի ըլլար, ընդունելու ընտանիքին մնացեալ անդամները: Հայրս իր ծնողքին առաջին զաւակն էր:
Այսպէս, հօրս համար ճակատագրական օր մը, ինք եւ իրեն հետ երկու համագիւղացի երիտասարդներ ճամբայ կ’ելլեն գիւղէն, ընկերակցութեամբ իրենց հայրերուն եւ գիւղապետ Կիրակոս Աբէլեանին: Իւրաքանչիւրը կը բեռցնէ ընտանիքին իշուն վրայ իր հագուստն ու կապուստը եւ քանի մը շաբթուայ համար անհրաժեշտ պարէն եւ կ’ուղղուի դէպի Քէօրքիւնայէն երեւցող սալահատակուած ճամբան, որ բացուած էր ֆրանսական իշխանութեան օրերուն եւ միակ պորտակապն էր դուրսի աշխարհին հետ: Քեսապցիները այդ օձաձեւ ճամբան «զիֆթի ճամբայ» կը կոչէին մինչեւ վերջերս: Նախօրօք դասաւորուած վարձու կառք մը կը հանդիպի իրենց հոն եւ երիտասարդները առնելով կը սուրայ դէպի Պէյրութ:
Պէյրութի մէջ հայրս, որ նոր տասնեօթը տարեկանը եղած պիտի ըլլար, կը փորձէ զանազան գործեր: Ինչ-ինչ պարագաներու տակ կը հանդիպի Օթել Լիւքսի պանդոկապետին՝ Միհրան Թուրիկեանին, որ միշտ աւելի ծանօթ մնաց իր գրչանունով՝ Թուրիկ, եւ հոն կը մտնէ ծառայութեան: Պանդոկը ունէր ներքին սենեակ մը, որ միշտ ճանչցուած մնաց որպէս «գործաւորներու սենեակ»: Հոն հայրս կ’ունենայ իրեն համար անկողին մը, եւ այսպէս ապահոված կ’ըլլայ իրեն համար երդիք մը օտարութեան մէջ: Պանդոկին մէջ շուտով կը մտերմանայ Թուրիկեան ընտանիքին հետ, որուն զաւակները իրմէ այնքան ալ պզտիկ չեն եղած, եւ հոն կը սկսի մտերմութիւն մը իրենց միջեւ: Երիտասարդ հայրս տակաւին վստահաբար ընտանիքի մը պահանջքը ունեցած ըլլայ, եւ իր մտերմութիւնը Թուրիկեան ընտանիքին հետ որոշ չափով հաւանաբար լրացուցած ըլլայ այդ բացը: Կը մնայ պանդոկը քանի մը տարիներ: Այդ շրջանին կ’ամուսնանայ համագիւղացի այրի տիկին Գարուն (Աբէլեան) Չէլէպեանի դստեր՝ Զուարթին հետ: Իրենց ամուսնութեան կնքահայրն ու հարսնքոյրը կ’ըլլան տէր եւ տիկին Միհրան եւ Շուշան Թուրիկեանները: Ապա, անոնց երկու մանչ զաւակները՝ Հրաչը իմ եւ՝ Հրայրը եղբօրս աւազանի կնքահայրերը եղան, եւ այսպէս ընտանեկան կապ մը հաստատուեցաւ եւ մնաց միշտ:
Քանի մը տարի ետք, Հայրս սկսաւ նպարավաճառի իր խանութը բանեցնել Պէյրութի երբեմնի Հայաստան դարձած Զոքաք-էլ-Պլաթ թաղէն ներս, Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին գրեթէ դիմացը: Ես Սուրբ Նշան դպրոցին մէջ մանկապարտէզի աշակերտ էի եւ ամէն առտու կ’անցնէի հօրս գոց խանութին առջեւէն: Հայրս տակաւին վերադարձած չէր ըլլար շուկայի իր գնումներէն, օրուան վաճառքին համար: Երբ Թուրիկեանները այլեւս չէին կրնար բանեցնել պանդոկը, տրուած ըլլալով որ իրենց զաւակները այլեւս ունէին իրենց անձնական ասպարէզները, հայրս սկսաւ կառավարել պանդոկը եւ ապա ստանձնեց պանդոկը եւ վարեց զայն բացառիկ հիւրընկալութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ:
Հայրս իր բնատուր ձիրքերով եւ բնազդով մարդն էր նման գործի մը: Երբ մօրս, Ամէնայն Հայոց Հայրապետին կողմէ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցով շքադրուած ուսուցչուհիին յիշողութիւնը սկած է աղօտիլ, հետեւեալը գտայ որ գրած էր իր ամուսնին մասին. «սոսկ յիշելու համար», կը գրէ, « բնաւորութեամբ մեղմ, ուրախ, փափկանկատ, ընկերային խառնուացքով, շահած էր շրջապատին համակրանքը»: Այսպէս պանդոկը եւ հայրս միաձուլուացան: Շրջան մը մենք ալ ընտանեօք հոն ապրեցանք: Իսկ ամէն պարագայի տակ պանդոկը եղաւ եւ մնաց Կիրակի օրերու մեր ընդարձակ ընտանիքին հաւաքատեղին, ուր սեղանին շուրջ հաւաքուէինք մօրեղբորս եւ հօրեղբօրս ընտանիքներուն անդամներուն հետ մինչեւ որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին երբ պանդոկը ամբողջովին քանդուեցաւ:
Ակնարկելով Կիրակի օրուայ ճաշերուն՝ «Կարելի չէ մոռնալ մանաւանդ՝ Կիրակի օրերու կէսօրուայ մեր ճաշը (հաւ եւ բրինձ փիլաւ), երբ պանդոկին բոլոր բնակիչները, համերաշխ եւ նահապետական ընտանիքի մը նման, միասին, կը ճաշէին ուրախ զրոյցներով, խինդ ու ծիծաղով» կը գրէ երաժիշտ, «Գիշերն անուշ է» երգը յօրինող Հրանդ Գէորգեանը, իր «Կեանքիս Պատկերազարդ Ժապաւէնը» գիրքին մէջ (Հալէպ, 1983, էջ 170). «Ես երբեք չեմ կրնար մոռնալ մեր հայկական Օթէլ Լիւքսին պատասխանատու Պրն. Յովհաննէս Աբէլեանին եւ իր ազնիւ կնոջ՝ Զուարթին սիրալիր վերաբերումը ինծի հանդէպ՝ առհասարակ: Նոյնպէս, իրենց զաւակներուն՝ Վահէին եւ Կարոյին, ինչպէս նաեւ եղբօր զաւակներուն՝ Սթիվին եւ Արային անկեղծ ու նուիրուած ընթացքը», կը գրէ Հրանդը ակնարկելով նաեւ իմ սերնդակից ընտանիքին անդամներուն: «Վահէն Ամերիկեան Համալսարանէն վկայուեցաւ որպէս դեղագործ, Սթիվը որպէս գիւղատնտես, Կարոն վաճառականութիւն ուսանեցաւ, իսկ Արան որպէս բժիշկ: Արան ծանօթ է որպէս գրող եւ Հայկական մշակոյթով զբաղող լուրջ երիտասարդ մը»:
Կրկին Հրանդ Գէորգեանի խօսքով՝ «հազուագիւտ սիրտ մը եւ հոգի մը ունէր բնիկ Քեսապցի – Քէօրքիւնայ - գիւղին այս մարդը » որուն շնորհիւ տակաւին հայկական ընտանեկան ջերմութիւն պահուած մնաց պանդոկին մէջ, երբ այլեւս չկային անոր երբեմնի պանդոկապետ Թուրիկը իր ազգային «զինակիցներով», ինչպէս կը յուշագրէ Անդրանիկ Ծառուկեանը իր «Վերջին Անմեղը» գիրքին մէջ:
Կը մեջբերեմ:
«Հեգնանքով կը փիլիսոփայէր Քղեցի Թուրիկեանը, Պէյրութցիներուն հանրածանօթ Թուրիկը, բոլորէն յարգուած ու սիրուած հին ընկեր մը, երգիծական զգայարանքով, որ կը սիրէր ճշմարտութիւնները միշտ կատակով ըսել եւ կատակները վերածել ցաւցնող խայթոցներու:
«Պզտիկ պանդոկ մը կը բանեցնէր եւ ընտանեօք կ’ապրէր իր պանդոկին մէջ: Յաճախորդները բացառապէս հայեր էին եւ ընհանրապէս գաղափարակից ընկերներ, այնպէս որ տարիներու ընթացքին անպաշտօն ակումբի մը հանգամանքը տուած էին պանդոկին: Այնտեղ խմորուող տրամադրութիւնները, զրոյցները, կարծիքները ուշ կամ կանուխ կը թափանցէին ու կը դառնային պաշտօնական տեսակէտ: Կուսակցական որոշումները, շրջաբերականները կը հաղորդուէին շարքերուն, բայց ներշնչումը գրեթէ միշտ Պանդոկէն էր: Եդուարդ Տարօնցիին (Տարօնեան) ու Ղազար Չարըքեանին (Չարըք) հետ – տարիքով եւ մտքով հասուն մտաւորականներ – Թուրիկ կը կազմէր անքակտելի երրորդութիւն մը, որ թէեւ գործօն պաշտօններէ խոյս կու տար, բայց կը կազմէր կուսակցական կեանքին թթխմորը:
«Բարձր շէնքի մը վերնայարկին վրայ թառած պզտիկ այդ Պանդոկը աւելի քան քառորդ դար անուղղակիօրէն իշխեց Հայկական Պէյրութին: Երրորդութեան անդամները երեքն ալ գրչի մարդիկ, առանց մեծ հաւակնութիւններու, Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր գաւառներուն համադրութիւնն էին, տոհմիկ սովորութիւններու եւ աւանդութիւններու պահակները նաեւ: Թուրիկին, ժողովրդական սիրուած երգիծաբան, կարճ տոմսերը կը փնտռուէին մամուլին մէջ: Տարօնցին Ֆրանսական բարձր մշակոյթով յագեցած եւ քաջ գրաբարագէտ, քիչ մը ծանր ոճով սիրուն պատմուածքներ կը գրէր: Իսկ Ղազարը Էրզրումի բարքերուն շրջուն ցուցահանդէսն էր անձով, ինչպէս նաեւ ճոխ սեղաններուն անխոնջ հետախոյզը: Շատ կողմերով նմանութիւններ ունէին այս երեք անբաժանելիները, բայց իրենց մէջ հասարակաց ամէնէն ցայտուն գիծը սրամտութիւնն էր: Ղազարը՝ սուր խայթող, այն աստիճան, որ մականունին Չարըքեանը երբեմն կրնար չարիքի վերածուիլ իր զոհերուն համար: Տարօնցին՝ եւրոպական մեղմ հիւմըր մըն էր, նուրբ ու յղկուն: Իսկ Թուրիկը, կեղծ միամտութեան երեւոյթի մը տակ կը պահէր Նասրատտինային խաղաղութիւնը:….. Ու դժուար չէ պատկերացնել թէ ինչ թափանցում կը գտնէր հանրային կարծիքին մէջ այնտեղէն մեկնող տրամադրութիւն մը: Վայ անոր որ նշանակէտ դառնար Պանդոկին սլաքներուն» (Վերջին Անմեղը, Պէյրութ, 1980, էջ 108):
Այսպէս, ականատես եղայ երեւոյթներու, դէպքերու եւ դէմքերու, զորս չկրցայ, չէի կրնար այդ տարիքին գնահատել այնպէս ինչպէս կրնամ գնահատել ներկայիս, յետսահայեաց ակնարկով:
Կը սկսիմ: (յաջորդիվ)
No comments:
Post a Comment