ԱՅՍՊԷՍ ԿԵՐՏՈՒԱԾ ԿՐՏՈՒԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Վահէ Յ Աբէլեան
ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ՝ ԲԱՅՑ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱԿԱՆ ԿԵՐՏՈՒՄ
Բագրատ Սրբազան կ՚ըսէ ՝ «Ճշմարիտ խօսքը Ոսկեպարի Սուրբ Եկեղեցին մեր բնիկ ըլլալու նշան է։»
Անկասկած։
Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճարն ալ մեր բնիկ ըլլալու նշանն է։
Բազմաթիւ այլ տաճարներ, վանքեր Թուրքիոյ մէջ մեր բնիկ ըլլալու նշաններն են։
Պարզապէս անիմաստ է այդ ճշմարտութիւննեդը վարչապետին կամ որեւէ հայու ուղղել։
Բագրատ Սրբազանը, Գարեգին Կաթողիկոսը այդ ճշմարիտ խօտքերը պէտք է Ալէիվին ականջը հասցնեն։
Նայինք Ալիյեւը ի՞նչ պիտի ըսէ Բագրատ Սրբազանին եւ Գարեգին կաթողիկոսին։ Հաւանաբար Ալիյեւը հարց տայ՝ քանի՞ հատ վաշտ ունի Գարեգին Բը կամ ալ քանի՞ վաշտերու հրամանատարն է Բագրատ Սրբազանը։
ի՞նչ պիտի ընեն Բագրատ Սրբազանը եւ Գարեգին կաթողիկոսը։
Պարզապէս կը զարմանամ որ այսպիսի պահուն փոխանակ Հայ բանակցողին զորակցելու եւ կողքին զօրավիք կանգնած ըլլալու, անոր բանակցելու կարողութիւնը զորացնելու համար, Գարեգին Կաթողիկոսը եւ Բագրատ Սբրազանը, եւ թերեւս ալ Առաքելական եկեղեզին Հայ բանակցողին դիրքը նուազեցուցած կըլլան։
Չեմ զարմանար որ Ալիյեւը աւելի բիրտ կեցուացք պիտի ունենայ այս բանակցութիւններուն ընթացքին։
Պարց է չէ՞, որ «ապուշ» բանակցողը - նա մանաւանդ Ալիյեւի նման խորամանկ բանակցող մը - այդպէս պիտի չ՚ընէ երբ իր դիմացը, կամ ալ կլոր սեղանին շուրջ, պառակտուած երկրի մը ներկայաւցիչը ունի բանակցելու։ Իսկ այս պարագային պառակտուած Հայաստան-ին եւ անոր կողմէ բանակցութեան եկած ներկայացուցիչին հանդէպ։
Բայց հաւանաբար այսպէս կերտուած ըլլալու է Հայոց Պատմութիւնը։
Թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել՝ԱՅՍՊԷՍ ԿՐՏՈՒԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ։
Note
կրտել ներգործական բայ Որձատել, ներքինացնել, ամորձիքը հանել:
կրտել verb active To castrate.
No comments:
Post a Comment