Կցած եմ Հմայեակ Արամեանցին «Հայուն Երգարանը»-ին պարզամիտ ներածականը։ Սօցիալ Դեմօկրաթ Հնչակեան Կուսակցութեան դաւանած ընկերվարական տեսութեան անխոնջ հաւատացեալը մը եղած է ան եւ այդպէս ալ ընկալած եղած է Օսմանեան Սահմանադրութիւնը եւ տարուած եւ հաւատացած եղած է անոր Ազատութեան , Հաւասարութեան , Արդարութեան եւ Եղբայրութեան լոզունքներով ։ Այնքան մը խռովուած եղած ըլլալու է որ , երբ իմացած է որ Հնչակեան կուսակցութիւնը Թրքական նոր կարգերուն դաւանած ընկերվարական սկզբունքերուն ետին տեսած է հայաջինջ ծրագիր մը եւ վճռած է տէրօրի ենդարկել անոր այրերը , Հմայեակ Արամեանցը դաւաճանած է իր իսկ կուսակցութեանը՝յանուն ընկերվարութեան, հաւատալով Թուրքին ընկերվարութեան։ Այսպէս պատճառը դարձաւ քսան Հնչակեան ղեկաւարներուն հրապարակային կախաղանով մահապատիժին ամլացնելով Հնչակեան կուսակցութիւնը։ Նեմեսիսի գործողութեան տնօրինումով՝ Դաշնակացական Արշակ Եզտանեանը սպաննեց Հմայեակ Արամեանցը Կ. Պոլիսին մէջ։
Ներփակ կը գտնէք՝ Հմայեակ Արամեանցին պատրաստած երգարանին պարզամիտ նախաբանը՝
«Ընկերներու եւ բարեկամներու բազմակողմանի պահանջներէն թելադրուած շատոնց մտադիր էի ձեռնարկել հանրամատչելի եւ լիակատար երգարան մը կազմութեան, սակայն բազմազբաղ վիճակիս բեռմամբ ցարդ անկարող եղայ լիակատար ածել այդ մտադրութիւնը։
Վերջէրս միայն, երբ վճռեցի հայ հասարակութեան տալ Սօցիալ Դեմօկրաթ Հնչակեան Կուսակցութեան 1887-1911 թուերու ամփոփ պատմութիւնը, նկատեցի որ Հայ Յեղափոխական Հերոսներու ձօնուած բազմաթիւ երգեր այդ պատմութեան մէկ մասը կազմելով հանդերձ առանձին հրատարակութեամբ լոյս ձգելը աւելի նպաստակայրաման պիտի ըլլար։
Բացի այդ, երբ աչքի առաջ ունեցայ ցարդ հրատարակուած կարգ մը երգարաններ՝ թէ Տաճկաստանի մէջ եւ թէ արտասահմանի մէջ, տեսայ որ ոչ միայն մե նորագոյն դիւցազներգութիւնը արժանաւորապէս ներկայացուած չէ անոնց մէջ , այլ եւ շատ երգեր խեղաթիւրուած , աղճաղուած , ու ոմանք ալ մասնաւոր դիտումով զանցառութեան տրուած էին ։ Մանաւանդ Հնչակեան երգերը կա՛մ բնաւ չեն ծանօթագրուած հանրութեան եւ կամ եղածներն ալ ենթարկուած են այլանդակ ծամածառութիւններու , ըստ որուն անոնք մեծաւ մասամբ կորսնցուցած են իրենց հրահանգիչ յատկութիւնները ։ Արդարեւ , ամէն կողմէ տրտունջներ կը լսէինք , ամէնքը կը գանգատէին որ շէնք-շնորհք ու անխարդախ երգարան մը չունին , թէեւ այդ անունով բազմաթիւ գրքոյքներ հրապարակ էին ձգուած Օսմանեան Սահմանադրութեան վերահրչակումէն յետոյ , անոնցմէ շատ շատերը շահանդիտական նպատակով։
Ուստի անհրաժեշտ համարեցի հաւաքել , զմեզ շրջապատող պայմաններուն համապասխան ուղղագրութեամբ թեթեւ սրբագրութիւնէ մը անցնել , որքան որ հնար էր հաւատարիմ մնալով անոնց ներքին իմաստինեւ ոգուն , շառադրել եւ հրատարակել ներկայ «ՀԱՅՈՒՆ ԵՐԳԱՐԱՆԸ» , որ կը սիրեմ յուսալ թէ պիտի կրնայ փոքր ի շատէ բաւարարութիւն տալ Հայ երգի սիրահարներու բանաւոր մէկ պահանջին ։
Հաւակնութիւն չունիմ , անշուշտ անթերի գործ մը ներկայացնել ասիկա , քանի որ բացի գործէն թեքնիք դժուարութիւններէն ստեղծուած են նաեւ արտաքին որոշ խոչընդոտներ , Հայ Յեղափոխական երգերու բարձր թռիչքներուն մէջ ոչ-բարեացական տրամադրութիւններ որոնելու անմիտ ջանքեր մը՝ հանդէպ մեր ընդհանուր հայրենիքին եւ զայն բաղկացող տարերուն , ինչ որ գաւալի ըլլալյ աւելի տգեղ երեւոյթ մը կը մատնէ։
Այնուհետեւ ես ջանացի իբաց վանել այդ բոլորը եւ ազգերու հայրենասիրութիւնը ամենաբարձր առաքելութիւնն համարելով չձգել զայն որեւ է կասկածի ներքեւ ։ Ըստիս Համիտեան պժգալի րեժիմին նեքեւ ապրող ու անոր դէմ ճակատագրական պայքար մղող ժողովուրդ մը , որպէսին էր մերը՝ չէր կրնար տարբեր հայեացք ունենալ ընկերային կեանքին վրայ եւ որդեգրել տարբեր քաղաքական ուղղութիւն մը , քան Հայ Յեղափոխութեան ծանօթ պատմութիւնը ցոյց կուտայ ։ երբ Համայնաձուլումի եւ Հայաջինջ քաղաքականութեան հանդէպ գտնուող Հայը իր մարդավայել գոյութիւնը կը պայմանաւորէր Հայաստանի ճակատագրին անջատմամբը Համիտի վարած պետութեան ճակատագրէն ու երբ նա այդ բանը ցայտուն կերպով կը ցոլացնէր իր ժողովրդական երգերուն մէջ ատով նա ոչ մէայն չէր մեղանչերէր ճշմարիտ հայրենասիրութեան դէմ , այլ կենդանի ապացոյցը կուտար իր քաղաքական հասունութեան եւ քաղաքագիական ազնիւ համարձակութեան մինչեւ որ պետական կազմակերպութիւնը ենթարկուեցաւ հիմնական բարեշրջման եւ սահմանադրական հաւասարակարգերու մերծմումնամբ պարտադրէր Օսմանեան լայնածաւալ կայսրութեան բոլոր բնակիչները համախմբուիլ համերկրայիական շինարար աշխատանքին շուրջ՝ Ազատութեան , Հաւասարիութեան , Արդարութեան եւ Եղբայրութեան նուիրական դրօշին ներքեւ , վերջ դնելով ամէն կարգի խտրութիւններուն եւ բաղկացուցիչ ազգութեանց մէջ մերշնչելով հոգեբուղխ սէ՜ր , անկեղծ յարգա՜նք եւ ինքնայօժար անյնուիրութի՜ւն դէպի Հայրենիքը եւ անոր ապագան։
Այսպէսով բռնատիրական րէժիմին դէմ բարձրացող արդար Զայրոյթը եւ Ազգային Ինքնորոշման կենդանի արտայաէտութիւնները բնա չեն կարող վրդովել ազատ. Երկրի մը ազատ քաղաքացիներուն հոգեկան անդորութիւնը , ըլլան անոնք պետական պաշտօնեաներ , ըլլան անոնք օրէնքի սպասաւորներեւ կամ սոսկական քաղաքացիներ ։
Ինձ համար ազգի մը երգերը անձեռմխելի սրբութիւններ են , որքան ինքը պատմութիւնը իր այլազան արտայայտութիւններով ։
Ոչինբ չպէտք է արգելք հանդիսանալ անոնց անաղարտ պահպանումին , ինչպէ որ ոբ ոքին ալ մտքէն չպիտի անցնէր յապաւել պատմութեան այս կամ այն դրուագը , որքան ալ նա ժամանակակից ըմբռնումներուն զուգընթաց չըլլայ։
Այդ էր պատճառն , որ ես ամէն ջանք թափեցի «ՀԱՅՈՒՆ ԵՐԳԱՐԱՆԻՆ» մէջ զետեելու համար թէ՛ այն հատընտիր երգերը , որոնք երեւցած են զանազան հրատարակութեանց մէջ ե թէ կարգ մը բոլորովին անտիպ ընտիր երգեր ։ Ընթերցողն ինքը որոշ գաղափար պիտի կազմէ այդ մասին , երբ ծայրէ ի ծայր եւ ուշի ուշով աչքէ անցնէ այս աշխատութիւնը։
Տարակոյս չկայ թէ շատ մը Յեղափոխական եւ Ազգային երգեր դուրս են մնացած ներկայ երգարանէն , անոր ալ պատճառը ուրիշ բան չէր , բայց եթր գործը ծրագրուածէն աւելի չստուարացնելու փափաքս ։ Բայց կը խռստանամ , երբ միջոցները ներէն , երկրորդ հատորի մը մէջ ամփոփել մնացեալ երգերն ալ եւ այսկիսով հնարաւորութիւն տալ ընթերցողին խիստ դիւրամատչելի պայմաններով ունենալ գրեթէ ամբողջ հաւաքածոն Հայ երգերու ։
Շատ շնորհակալ պիտի ըլլամ , եթէ ընկերներ եւ բարեկամներ հաճին ուղարկել ինծ ամէն տեսակ երգեր , ինչ որ այս երգարանէն դուրս մնացած է։
Նկատուած է որ յաճախ կարեւոր անցքերու եւ դէմքերու նկարները խորապէս կազդե ժողովուրդին հոգուն վրայ ու կազնուացնեն անոր զգացումները ։ Ուստի կարգ մը պատկերներ ալ դրի ներկայ աշխատասիրութեան մէջ , ոմանք երգերու հեղինակներունն են , ոմանք ալ այն հերոսներուն , որոնց ձօնուած են յարակիծ երգերը։
Երգողը միանգամայն կը ծանօթանայ թէ երգի հերոսին եւ թէ հեղինակին անձնական նկարին։
Գիտեմ՝ հարկ էր ինչ ինչ ծանօթիւններ եւ կենսագրական տեղեկութիւններ ալ հաղորդել անոնց մասին , բայց որովհետեւ ի մօտս հրատարակուելիք «Ս.Դ. ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՍ» մէջ մանրամասնօրէն պիտ տեսնուին վերջին քառորդ դարու բոլոր կարեւոր անցքներուն եւ դէմքերուն նկարագրութիւնները , ինչքան որ անոնք առընչութիւն ունին պատմութեան նիւթին հետ , ուստի հոս յիշատակել աւելորդ սեպեցի։
No comments:
Post a Comment