V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Sunday, January 29, 2023

Լեզուական փեթակ՝ Պուրճ Համմուտը. -- 3 --

Արմենակ Եղիայեան 

Courtesy Arin Ch Artwork, Cafe Garo, Nor Marash Street, Bourj Hammoud                                                        

            Հայերէն երգերու մուտքը պատճառ չդարձաւ, որ  լռէին թրքերէն երգերը, ոչ ալ մանաւանդ ինքը՝ թրքերէն լեզուն, կամ թէ գոնէ քիչ մը նուազէին:  Անոնց առջեւ  դեռ եւս կտրելիք  երկար ու  լուսաւոր ճամբայ կար:

            Թրքերէն երգի անշեղ ու անսպառ աղբիւր մըն էին երգապնակները,  որոնք  նախ շատ ցանցառ, բայց շուտով  մեծաքանակ մուտք գործեցին մեր բարքերուն մէջ, ուր անոնք այնքան  շատ էին, այնքան այլազան՝ յատկապէս խրախճանքի սեղաններուն շուրջ: Ո՞վ եւ ուրկէ՞ կը ճարէր ու կը բերէր զանոնք՝  չեմ գիտեր, ճիշդ ինչպէս  չէր գիտցուեր, թէ ովքե՞ր էին տօնական օրերու նախօրեակին,− դուք ըսէք՝ տարին տասներկու ամիս,− Նոր  Մարաշի խանութները թրքական ապրանքներով լեցնողները,  ա՛յն գիտեմ, որ  շատ փնտռուած ու շատ սիրուած էին թէ՛ անհատապէս, թէ՛ մանաւանդ  հաւաքական խնճոյքներու առթիւ, խնճոյք, որ շատ ալ առիթի չէր սպասեր  տեղի ունենալու համար: 

            Լիբանանի այն երջանիկ տարիներուն Պուրճ Համմուտի մէջ քանի մը հոգի միշտ ալ առիթը կը գտնէին մէկ-երկու շիշ օղի  ու  քանի մը ափ աղանդեր  ճարելու եւ խրախճանք կազմակերպելու, բացառութիւն չէին խորովածն ու  չիյ-քէօֆթէն  եւս, որոնք ուրիշ փայլ ու   որակ կու տային  հանդիպումներուն:

            Երգապնակի բացակայութեան, որ քիչ կը պատահէր,  մէկական կամաւոր երգիչ էին իրենք՝ կոչնականները, որոնք քանի մը գաւաթ կոնծելէ ետք՝ սոխակի պէս կը դայլայլէին  ու կը շէնցնէին  առանց այդ ալ  Պուրճ Համմուտի  երփներանգ առօրեան: 

            Երգողներուն  զուգահեռ հրապարակ կու գային  պարողները,  երբեմն երկսեռ, որոնք,  նստած տեղերնէն իրենց ոտքերու շարժումներով երկար ընկերանալէ ետք երգիչներուն, հիմա ազատութիւն կու տային իրենց սրունքներուն եւ թեւերուն՝ անպարագիծ շարժումներու անմեկնելի ցանցով մը, որ նախանձը կը շարժէր նստակեացներուն, որոնք կը գոհանային միայն... ուտելով:

            Քիչ անց, երբ ընդհանրացաւ հեռատեսիլը, մեր պաստառները ողողուեցան թրքերէն ֆիլմաշարերով՝ ընդհանրապէս   թրքական բովանդակութեամբ,− որոնց հոգի կու տային հայ փափկասուն կանայք, եւ ոչ միայն:

            Ժամանակին հետ  յառաջացան նոր երեւոյթներ եւս:

                                                                      *   *   *

            Մեր թաղերուն մէջ մէկ-մէկ սկսան երեւիլ թուրք ուխտագնացներ, որոնք դէպի Մեքքէ  ճամբուն վրայ՝  նաւէն էջք կը կատարէին Պեյրութի նաւահանգիստը՝ մասնաւորաբար քաղաքը տեսնելու, իսկ ոմանք ալ  կը հանդիպէին հին հայ ծանօթներու եւ  կը հիւրասիրուէին անոնց տան մէջ: Այսպիսի հիւրասիրութեան մը առիթով, որուն հօրս ընկերակցութեամբ ներկայ գտնուած էի մեր ընտանեկան բարեկամներէն մէկուն տունը, առաջին անգամ ըլլալով  թուրք կը տեսնէի՝ բոլորովին զարմացած, որ ան ալ մարդկային  սովորական  արարած մըն էր բոլորիս պէս՝  ունէր մի՛այն երկու ականջ, երկու աչք ու մէկ քիթ ու բերան... մինչ ես բոլորովին ուրիշ պատկերացում ունէի մեր շուրջը տարին տասներկու ամիս  խօսակցութեան առարկայ դարձած այդ հրէշային ցեղի ներկայացուցիչներուն մասին:

            Ուրեմն ընթացող զրոյցներէն այն հասկցայ, որ այս ներկայ թուրքը իր բոլոր միջոցները ի գործ դրած էր՝ փրկելու համար  զինք հիւրընկալող հայրենակիցին ընտանիքը, պատսպարած էր անոր անդամները պատերազմի տարիներուն, որ է՝ Եղեռնի,  եւ անկէ ետք ալ զանոնք  ապահով նաւահանգիստ հասցուցած էր դէպի արտասահման:

            Պատահեցաւ աւելի յատկանշական դէպք մըն ալ:

*   *   *

            Ուրեմն ըստ մեր սովորութեան՝ կը խաղայինք փողոցը, երբ տեսանք երկու շուարած  անծանօթներ, որոնցմէ մէկը օտար ըլլալ կը թուէր, միւսը, որ կ’առաջնորդէ զինք, տեղացիի  կը նմանէր. բան  մը կը փնտռէին,  եւ ահա մօտեցան մեզի ու հարցուցին անունը  հայու  մը, որ կը ճանչնայինք:

            Հաստատեցինք, որ ծանօթ ենք, քանի մը քայլ անդին է անոր բնակարանը. ինք մեռած է, սակայն կինն  ու զաւակները ներկայ են:

            −Ուրեմն մեզ  անոնց տունը տարէք,− թելադրեց տեղացին:

            Ու տարինք զանոնք ներկայացուցինք այդ ընտանիքին:

            Օտարականը, որ թուրք ուխտաւոր մըն էր, ինքզինք ներկայացուց, յարգանքով ձեռնուեցաւ տանտիկնոջ հետ, ցաւակցութիւնները յայտնեց, քանի մը անուն հարցուց, մէկ-երկու ստուգումներ կատաեց եւ  շատ կիրթ հարցուց. 

            −Ձեր ամուսինը երբեւէ խօսա՞ծ է ձեզի կանաչ թաշկինակի մը մասին:

            −Այո,− շփոթահար պատասխանեց տանտիրուհին,− պատմած է, թէ ինչպէս գաղթական հանուած օրը կանաչ թաշկինակի   մը մէջ ոսկի յանձնած է իր թուրք դրացի բարեկամին՝ խնդրելով,  որ պահէ զայն  «մինչեւ վերադարձը»...

            Թուրքը ձեռքը ծոցը տարաւ ու դուրս հանեց ափաչափ կանաչ գունդ մը.

            −Ահա ա՛յս է այդ ծրարը, որ մինչեւ հիմա չեմ քակած երբեք. շնորհակալ եմ ձեզի, որ այս բեռը խղճիս վրայէն վերցուցիք. հիմա հանգիստ կրնամ ուխտիս երթալ ու հանգիստ ալ մեռնիլ:

            Այս ըսելով՝   յանձնեց զայն այրիին, որ շլմորած մէկ մարդուն կը նայէր, մէկ շուրջը, կարծես բառեր մը կը փնտռէր ու չէր գտներ:

                                                                      *   *   *                                                                     

            Օր մըն ալ դասընկերուհիներէս մէկը, որուն հետ դռկից  ու խաղակից էի, ըսաւ.

            −Գիտե՞ս, ես Թուրքիա  մեծմամա ունիմ, որ թուրքի հետ ամուսնացած է:

            Բաւական բարդ թնճուկ  մըն էր այս, որուն լուծումը չունէի. ինչպէ՞ս հայ աղջնակ մը այստեղ՝ Պուրճ Համմուտի մէջ ծնած ու մեծցած, ծանօթ  հայ մայրով  ու հայրով, կրնար Թուրքիա՝ թուրքի հետ ամուսնացած մեծմամա ունենալ...

            Քիչ մը ուշ, քիչ մը դժուար, սակայն հասկցայ այդ մանուածապատ կացութեան էութիւնը եւս: Ուրեմն ընկերուհիիս հայրը՝ Մարկոս դային,  1918-ի Զինադադարին հինգ-վեց տարեկան մանուկ, կը պատսպարուի Նպաստամատոյցի որբանոցներէն  մէկուն մէջ եւ մէկ-երկու տարի ետք անոր որբերուն հետ ալ կը բերուի Լիբանան. իսկ մայրը կը մնայ Թուրքիա, ուր եւ... կ’ամուսնանայ թուրքի մը հետ եւ զաւակներ կ’ունենայ անկէ:  

            Իսկ Մարկոս դային տասնամեակներով  ոչինչ գիտէր այս բոլորէն, մինչեւ որ... 

            Մինչեւ որ օր մըն ալ թրքերէն գրուած նամակ մը կը ստանայ ինչ-որ Ալիէ մը կամ Հասանէ մը՝ մօրը մէկ թուրք զաւակէն, որ չես գիտեր ի՛նչ հնարներով  յաջողած է գտնել իր կիսեղբօր հասցէն ու գրել անոր՝ յայտնելու համար,  որ մայրերնին ծերացած՝ սակայն ողջ-առողջ է,  որքան պիտի ուրախանայ, եթէ վերագտնէ զինք, նոյնքան պիտի ուրախանան  իրենք՝ զաւակներն ալ,  եթէ Մարկոս դային յօժարի այցելութիւն մը տալ Թուրքիա՝ իրենց տունը: 

            Եւ թախանձագին կը խնդրէր  անպայման պատասխանել  իր նամակին: 

            Ահա օր մըն ալ Մարկոս դայիի տունը երեւցաւ թրքախօս համակրելի պառաւ մը՝ ճիշդ իր պատկերով. մայրն էր: Չորս բոլորը՝ թաղեցիներս,  ականատես էինք անոր խանդակաթ գուրգուրանքին՝ հանդէպ տասնամեակներով իրմէ հայու բախտի մէկ դաժան կարգադրութեամբ բաժնուած զաւակին եւ թոռներուն:

            Ան բաւական երկար մնաց այստեղ, կամաց-կամաց եւ որոշ  չափով վերականգնեց  խարխլած  հայերէնը, մինչեւ որ օր մըն ալ ըսաւ.

            −Զաւակներս ու թոռներս կարօտցայ...

            Կ’ակնարկէր այնտեղ՝ Թուրքիա ձգած թուրք զաւակներուն ու թոռներուն:

            armenag@gmail.com                                                                                     Արմենակ Եղիայեան


 

            Թրքերէն ըսուած երեւոյթը,− որ հիմա այլեւս գրեթէ որեւէ դերակատարութիւն չունի նոր սերունդներու առօրեային ու նախասիրութեանց մէջ, ըսենք՝ գրեթէ ընդմիշտ մոռցուած է ան, որքան ալ  հատուկենտ   եւ աստ  ու անդ գտնուին զայն գիտցողներ,−  ըստ ինքեան արժանի է քիչ մը աւելի քննութեան ու բացատրութեան՝ ճիշդ զայն չճանչցողներուն համար:

            Թրքերէնը կցական[1] (agglutinant) լեզու մըն է, այսինքն լեզու, որուն  քերականական կարգերը՝  հոլովական, յօդառական,  խոնարհական՝   դիմային ու թուային,    կը ստացուին կցեալ մասնիկներու անբեկանելի համակարգով մը: Ան օժտուած է եօթը հոլովով ճիշդ մեր գրաբարին պէս, եւ խոնարհական համակարգի շատ  ճոխ ու բարդ  այլազանութեամբ, ուր իւրաքանչիւր դէմք ու թիւ ունի իր զատորոշիչ ձեւը՝ ճիշդ հայերէնին պէս:

            Երկու խօսք թրքերէնի հոլովումին մասին՝ բաղդատաբար մեր աշխարհաբարին:

            Ուրեմն հայերէնը խորքին մէջ ունի գոյականական չորս թեքում, որոնք ձեւականօրէն կը կրեն վեց անուն՝ 

                        Ուղղական-հայցական       ծառ

                        Սեռական-տրական                       ծառի

                        Բացառական                                   ծառէ

                        Գործիական                         ծառով

            Ինչպէս կը տեսնենք նոյնաձեւ են այստեղ ուղղականն ու հա ցականը մէկ կողմէն, սեռականն ու տրականաը՝ միւս կողմէն. ասոնք իբրեւ թէ զանազանելի են ըստ  կիրարկութեան, ըստ գոյականին ունեցած պաշտօնին նախադասութեան մէջ: 

        Վեց  զանազանելի  հոլովաձեւերով օժտուած են քանի մը դերանուններ միայն, ինչպէս՝

                        Ուղղական                            ես, դունան...

                        Հայցական                             զիս, քեզ, զինք...

                        Սեռական                              իմ, քուիր-անոր...

                        Տրական                                 ինծի, քեզիիրեն-անոր...

                        Բացառական                                   ինձմէ, քեզմէիրմէ-անորմէ...

                        Գործիական                         ինձմովքեզմով, իրմով-անորմով...                    

            Իրողութիւնը այն է, որ միջին հայը,-- եւ ոչ միայն միջին,-- չի զանազաներ ասոնք բոլորը, եւ շատ դիւրաւ  կը շփոթէ, օրինակ, հայցականն ու տրականը. այսպէս՝  «քեզի կը սիրեմ՝ քեզ կը սիրեմ»-ի փոխարէն,  կամ «ինծի տեսաւ՝ զիս տեսաւ»-ի փոխարէն, ինչ որ շատ սովորական է: 

            Հիմա պատկերացուցէք, որ թրքերէնի մէջ տարբեր ձեւաւորում ունին բոլոր հոլովելի բառերը առանց դոյզն բացառութեան, եւ անոր հոլովներէն ոչ մէկը կը նոյնանանայ ուրիշով մը. թրքերէն խօսիլ կարելի չէ,-- թրքերէնը ինք թոյլ չի տար այդ,-- առանց անթերի զանազանելու  հոլովները:  Պատկերացնելի չէ թրքերէն խօսող մը, որ շփոթէ հոլով մը ուրիշով, ըսենք՝ սեռականը տրականով կամ տրականը  հայցականով եւ այլն:

            Եւ ահա թրքախօս հայը իր կարգին բացարձակապէս չէր շփոթեր զանոնք, այդ նոյն հայը, որ շատ դիւրաւ կը շփոթէ(ր)  իր մայրենի լեզուին հայցականն ու տրականը:  Չէր շփոթեր, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, լեզուն ինք թոյլ չի տար այդ շփոթը: Թոթովախօս մանուկէն մինչեւ կիլիկեցի զառամեալ ծերունին շատ յստակ ու անշեղ պիտի ըսէր՝ աղաճը (ծառը՝ հայցական), աղաճա (ծառին՝ տրական)  կամ պենի (զիս՝ հայցական)  եւ պանա (ինծի՝ տրական),  տարբեր չէր կրնար ըլլալ, բոլորովին բացառուած էր:

            Իր այս յատկութիւներով՝ թրքերէնը արդէն կը մրցի հնդեւրոպական դժուար նկատուած լեզուներուն՝ լատիներէնի, յունարէնի, այլեւ գրաբարի հետ, սակայն անդին ունի տակաւին զանոնք լայնօրէն «գերազանցող» այլ յատկութիւններ, որոնցմէ չեմ կրնար չթուել գոնէ «ձայնաւորներու ներդաշնակութիւն» ըսուած  համատարած օրէնքը, որ արիւնաքամ կ’ընէ թրքերէնը  գրքունակ սորվիլ  փորձող  օտարականը եւ դժոխքի կը վերածէ անոր կեանքը:

            Չեմ  ուզեր ճապաղիլ, գոնէ շատ ճապաղիլ, սակայն  առ ի հետաքրքրութիւն կ’ուզեմ քանի մը տարրական օրինակներով նախաճաշակը տալ յիշեալ կանոնին, որ թրքերէն չգիտցողին համար բոլորովին օտարոտի երեւոյթ է եւ   որուն նմանն ու համարժէքը արեւմտեան ոչ մէկ լեզուի մէջ կը հանդիպինք:

            Ուշադրութի՛ւն.  յօդուածս շարադրած եմ այնպէս մը, որ սերտուած հարցերը կարելի ըլլայ  ըմբռնել առանց մէկ բառ իսկ թրքերէն գիտնալու: Ուրեմն ընթերցողը կրնայ  քաջաբար շարունակել իր ընթերցումը՝ առանց թրքագէտ ըլլալու ալ:

                                                                                 *    *   *

            Տեսնենք «ձայնաւորներու  ներդաշնակութեան»   օրէնքը  թեք հոլովի մը՝ «որոշեալ հայցական» կոչուածի  պարագային. 

                        աղաճ-աղաճ(ծառ), սաղըր-սաղըր-ը(խուլ), տիլ-տիլի(լեզու), սու-սույու(ջուր)

                        պոյ-պոյ-ու(հասակ), կէօզ-կէօզ-իւ(աչք), սիւրիւ>սիւրիւյիւ(հօտ)

            Այստեղ թաւագրած ենք հայցականակերտ մասնիկները՝ ը, ի, ու, իւ՝ բոլորն ալ ձայնաւորներ: Արդ, ի՞նչ հիմամբ ընտրուած են այս մասնիկները. անոնք ընտրուած են հոլովուող բառին  վերջին ձայնաւորին թելադրանքով.  այսպէս՝  ա>ը,  ը>ը,  ի>իու>ուո>ու,  էօ > իւիւիւ:  Ուրեմն բառավերջի ա ձայնաւորը կը թելադրէ ը հայցական մասնիկը, էօ  քմային ձայնաւորը կը թելադրէ իւ  քմային  հայցական  մասնիկը եւ այսպէս շարունակ:

            Այս թելադրանքները յատուկ են հոլովումին:

            Պարզ է. թրքերէն չես կրնար հաղորդակցիլ, եթէ այս ձայնաւորները ճիշդ չներդաշնակես, իսկ ներդաշնակել կը նշանակէ ամէն անգամ  գոյականին վերջին ձայնաւորին պահանջած հոլովական  ճիշդ մասնիկը  կցել անոր՝ ըստ վերը բերուած ցանկին:

             Ակնարկ մըն ալ նետենք բայական համակարգին վրայ:

            Թրքերէնի անորոշ դերբայները կ’ունենան երկու վերջաւորութիւն՝ մաք եւ մէք. օրինակ՝ 

                        --ալ-մաք (առնել),  քըզ-մաք (տաքնալ), օլ-մաք (ըլլալ), թութ-մաք (բռնել) 

                        --իջ-մէք (խմել), էթ-մէք (ընել), կէօր-մէք (տեսնել), տիւշ-մէք (իյնալ)

            Բայական այս երկու վերջաւորութիւնները նմանապէս թելադրուած են բայարմատի վերջին ձայնաւորէն: Այս հաշուով՝ ա, ը, օ, ու կը թելադրեն  աաք), մինչ ի, է, էօ, իւ կը թելադրեն  է (մէք):  Ուրեմն տարբերութիւնը այնքան ճնշիչ չէ, որքան հայցկանի պարագային էր:

            Ներդաշնակութեան  օրէնքին ենթակայ են դիմաւոր բային բոլոր  վերջաւորութիւնները անխտիր. առ այս տեսնենք մէկ ժամանակ՝  անցեալ կատարեալը.

             --ալ-տըմ, քըզ-տըմօլ-տում, թութ-տումիջ-տիմէթ-տիմ, կէօր-տիւմ, տիւշ-տիւմ:

            Ուրեմն՝ ա>տըմ, ը>տըմ, օ>տում, ու>տում, ի>տիմ, է>տիմ, էօ>տիւմ, իւ>տիւմ:

            Կացութիւնը շատ աւելի կը բարդանայ կրաւորական բայերու պարագային:

            Հայերէնը ունի մէկ միասնական  կրաւորական ածանց, որ միջածանց մըն է՝  ու(վ). օրինակ՝  առնել-առն-ու-իլ, խօսիլ-խօս-ու-իլ, խաղալ-խաղց-ու-իլ. որեւէ բացառութիւն չկայ: 

            Թրքերէնի կրաւաորականը նմանապէս միջածանց մըն է, որ ունի տասներկու տարբերակ, որոնք ենթակայ են ձայնաւոր-բաղաձայն   ներդաշնակութեան շատ բարդ  օրէնքի մը:

            Այսպէս՝ 

                        --ալ-մաք> ալ-ըն-մաք (առնուիլ) ... ալըն -----ալ-մազ

                        --թութ-մաք> թութ-ուլ-մաք (բռնուիլ) ... ութուլ-----թութ-մազ 

                  --սոր-մաքսոր-ուլ-մաք (հարցուիլ) ... որ> ուլ -----սոր-մազ

                        --իջ-մէք> իջ-իլ-մէք (խմուիլ) ... իջիլ ----- իջ-մէզ

                        --կէօր-մէք> կէօր-իւն-մէք (տեսնուիլ) ... էօրիւն -----կէօր-մէզ

                        --սիւր-մէք> սիւր-իւլ-մէք (քշուիլ) ... իւրիւլ ----- սիւր-մէզ

                        --ղազան-մաք> ղազան-ըլ-մաք (շահուիլ) ... անըլ ----- ղազան-մազ

                        --պուլ-մաք> պուլ-ուն-մաք (գտնուիլ) ... ուլուն ----- պուլ-մազ 

                  --տոլ-մաքտոլ-ուն-մաք (լեցուիլ) ... ոլ> ուն ----- տոլ-մազ

                  --քաչըր-մաք> քաչըր-ըլ-մաք (փախցուիլ) ... ըրըլ -----քաչըր-մազ

                  --պաշլա-մաք> պաշլա-ն-մաք (սկսուիլ) ... լա> ն ----- պաշլա-մազ (սախլա-ն-մաք)

                  --արա-մաք> արա-լ-մաք (փնտռուիլ) ... րալ ----- արա-մազ

         Իսկ երբ բայարմատը կը վերջանայ ձայնաւորով, կրաւորական ածանցը ն բաղաձայնն  է. օրինակ՝ պէքլէ-մէք>պէքլէ-ն-մէք, սախլա-մաք>սախլա-ն-մաք:

         Հետաքրքրականը այն է, որ թրքերէնը ազատօրէն կրաւորական կը կազմէ գրեթէ բոլոր չէզոք բայերով. օրինակներ՝ կիթմէք-կիտիլմէք (երթուիլ), օթուրմաք-օթուրուլմաք (նստուիլ),  օլմաք-օլունմաք (ըլլուիլ[2]), էնմէք-էնիլմէք (իջնուիլ), տուրմաք-տուրուլմաք (կենալ-ին կրաւորա-կանը) եւ այլն: 

            Ենթադրելի է, որ մեր աշխարհաբարի  չէզոքէն կազմուող կրաւորականները, որ մենք   «պատշաճութեան կրաւորական» կը կոչենք,  յառաջացած ըլլան թրքերէնի ազդեցութեամբ: 

            Աւարտենք ստացական յօդի մը  սերտողութեամբ, օրինակ՝ առաջին դէմքի եզակիով, որ հայերէնի մէջ մէկ ու մասնական «ս» բաղաձայնն է՝ 

                         հացս, ջուրս, հոգիս, սաւանս, քաղաքս եւ այլն 

            Թրքերէնի մէջ մեր մէկ հատիկ ս-ին կը համապատասխանէ  երկհնչիւն մասնիկ մը, որուն առաջինը փոփոխական ձայնաւոր    մըն է, իսկ այդ փոփոխութիւնը նմանապէս կախեալ է գոյականի վերջին ձայնաւորէն. օրինակ՝

                        պաշ-ըմ,  տիլ-իմ,   թոզ-ում,  կէօզ-իւմ,  ղուշ-ում          

            Ուրեմն՝ ա > ըմ,     ի իմ,     ո ում    էօիւմ,    ու ում:

            Երբ գոյականը կը վերջանայ ձայնաւորով մը, ապա ստացական յօդը կը թօթափէ իր ձայնաւորը եւ կը մնայ  «մ» բաղաձայնը առանձինը.  օրինակ՝ 

                        պոհջա-պոհջա-մ, աւջը-աւջը-մ, քետի-քետի-մ,   ղուզու-ղուզու-մ, 

            Չենք շարունակեր, կրնայ տաղտկալի ըլլալ,− եթէ արդէն չէ,− անդին տակաւին շատ պարագաներ կան, որոնք քիչ մը աւելի կը բարդացնեն  թրքերէնի քերականութիւնը:

                                                                          *   *   *

            Եւ ահա մեր սերունդ(ներ)ը   այս բոլորը կ’իւրացնէր առանց դոյզն դժուարութեան՝ ականջալուր ըլլալով տան  մէջ, փողոցը, գործատեղիներու կամ որեւէ հանրային  վայրի մէջ կիրարկուող բանաւոր լեզուին: Կ’իւրացնէինք լսովի, առանց նուազագոյն գաղափարը ունենանլու տեսական քերականութեան դրոյթներուն:

            Եւ այս լեզուն փոխանցուած էր սերունդի մը կողմէ, որ իր կարգին զայն սորված էր լսովի, առանց թրքական դպրոց յաճախած ըլլալու, առանց տեսական քերականութեան մասին նուազագոյն գաղափար ունենալու: Սակայն մի՞թէ այս նոյն ձեւով ընդերկար՝ հազարամեակներ  չեն  փոխանցուած աշխարհի բոլոր լեզուները այն վաղեմի ժամանակ-ներուն, երբ  «գիր» ըսուածը գոյութիւն չունէր  պատմութեան ծանօթ որեւէ ձեւի մէջ:

                                                                                     *   *   *

            Գալով երրորդ լեզուին՝ բարբառին, ասոր իմացութիւնը պայմանաւորուած էր բարբառախօս երէցի մը ներկայութեամբ տուեալ ընտանիքին մէջ, որմէ անդին ամէն բան կը հեշտանար. մայրենի լեզուն եւ բարբառը զուգահեռ կ’իւրացուէին նորահաս սերունդին կողմէ:

            Լռելեայն կ’իմացուի անշուշտ,  որ եթէ այդպիսին չկար տան մէջ, ապա  դրացիին կամ բարեկամին ունեցածը  չէր կրնար օգտակար ըլլալ ուրիշին:  Միւս կողմէ՝ նոյն բարբառը չէր, անշուշտ,  որ կը տիրէր, այլ գոյութիւն ունէր բարբառներու ամբողջ փունջ մը:

            Անտեղի չէ   այստեղ թուել վերջին սխրանք մըն ալ, որ  կու գար աւելնալու պուրճ-համմուտցիի   լեզուական օժիտին վրայ,  որ առանց ատոր ալ արդէն օժտուած է  ճոխ դափնեպասակ մը. արեւելահայերէնի իմացութիւնն էր այդ: 

            Այո, արեւելահայերէնի:

             Մեր առաջին դասագիրքերը, որոնցմէ «Արագած»-ի շարքը, որ պատրաստած էին Օննիկ Սարգիսեանն ու  Սիմոն Սիմոնեանը, նախակրթարանի ամնենաուշը Գ. դասարանէն սկսեալ օժտւած էին արեւելահայերէն՝  շատ  ձեռնհասութեամբ ընտրուած  հատուածներով Ռաֆֆիի, Ղազարոս Աղայեանի, Գուրգէն մահարիի, Ստեփան Զօրեանի, Յովհ. Շիրազի եւ նմաններու գործերէն: Ոչ ոք արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի տարբերութեան կ’ակնարկէր, իսկ մեզի համար բոլորովին սովորական էր  մեր «գիտցած» հայերէնէն ինչ-որ տարբեր հնչող լեզուի  հանդիպիլ եւ... իւրացնել զայն: 

            Եւ մենք նախակրթարան կ’աւարտէինք՝ հեշտութեամբ կարդալով ու հասկնալով՝ Ռաֆֆիի «Կայծերը»-ը, «Խաչագողի յիշատակարան»-ը, Մահարիի «Մանկութիւն ու պատանեկութիւն»-ը, Զօրեանի «Պապ թագաւոր»-ը եւ այլն: 

                                                                           *   *   *   *

            Իսկ  ինչ կը վերաբերէր  արաբերէնին՝ երկրի պետական պաշտօնական լեզուին...

            Է՜հ,  ան մեծ  բացական էր հայերէնի, թրքերէնի եւ խայտաբղէտ բարբառներու  կազմած  իւրայատուկ խճանկարէն ու մեր կեանքէն եւս. ան ոչ մէկ բանի կը ծառայէր, ուստի ոչ մէկ դերակատաութիւն ունր մեր առօրեային մէջ:

             Օրական  մէկ դասապահ աւանդուող այդ լեզուն, մանաւանդ զայն աւանդողներու այն որակով ու բարեխղճութեամբ,  որ ունէին  այդ տարիներու պետական ուսուչիչները,  բոլորովին անզօր էր ինքզինք պարտադրելու: Իսկ դպրոցէն դուրս արաբերէն գոյութիւն չունէր ողջ Պուրճ-Համմուտի մէջ, քանի առհասարակ արաբ գոյութիւն չունէր. կար ընդամէնը երկու ընտանիք՝ ժամկոչինը եւ քաղաքապետարանի քարտուղարինը: 

            Ահա այս էր կացութիւնը մինչեւ 1950-ականները:

            Հայրենադարձը  մէկ կողմէն, որ պարպեց Պուրճ-Համմուտի տուներուն մէկ կարեւոր մասը, որ  գնուեցաւ  հարաւէն  քաղաք խուժող տեղացիներով, պաղեստինցի գաղթականներու գրոհը միւս կողմէն բոլորովին  փոխեցին Պուրճ-Համմուտի ազգագրական  դրուածքը, որ այնուհետեւ   արաբական դիմագիծ սկսաւ առնել, չհաշուած աւելի ուշ այնտեղ խուժած այլ օտար  հաւաքականութիւններ՝ քիւրտերը, սրիլանքացիներն ու  հնդիկները եւ շատ ուրիշնր իրենց խայտաբղէտ լեզուներով,  որոնց բոլորին ծանօթ էք: 

            Ասոնց զուգահեռ՝ կամաց-կամաց շիջեցան բարբառախօս երէցները, այլեւ  սկսաւ զօրաւոր պայքար մը թրքերէնի դէմ: Այս բոլորը պատճառ դարձան, որ ամփոփուինք մեր հայու ինքնութեան մէջ՝ երբեմն  դժուար պահպանելով զայն, եւ... արաբանանք՝ պետական վարժարաններ խուժող մեր նոր սերունդին         բերումով:

             armenag@yeghiayan                                                                                   

                                  

 



[1] Հակառակն է՝ անջատական (flexionel): Հնդերոպական լեզուները անջատական են. հայերէնը միակն է, որ կցականութեան բաւական բարձր աստիճան մը կը ցուցաբերէ՝ անջատողականութեան կողքին:

[2] Օշական շատ կը գործածէ այս կրաւորականը:

No comments:

Post a Comment