V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Tuesday, January 10, 2023

Ես Զինոգուոր Չեմ Ուզեր Երթալ

Վահէ Յ Աբէլեան

Չակերտուածները՝ Համազասպին հետ ունեցած խօսակցութիւնէն մէջբերումներ են։ իսկ ենդական՝ Պուրճ Համուտէն Երիտասարդ Արամ անունով տղայ մըն  է։ Հարցը հետեւալն է։ Արամը կը փափաքի Հայաստան հաստատուիլ։ Ներկայիս անգործ է, ինքնաշարժ չունի եւ հետեւաբար պարտաւորուած է մնալ Պուրճ Համուտի նեղ շրջապատէն ներս անգործ, պարզապէս անոր համար որ գործ չկայ եւ գործի կարելիութեան հեռանակարներ ալ չկան, մանաւանդ որ ինքը Սուրեացի է հպատակութեամբ բայց գրեթէ իր ամբողջ երիտասարդ կեանքը անցուցած է Լիբանան։

Արդարացի է որ Հայաստան երթայ եւ հոն ջանայ կեանք ստեղծել իրեն հանար։ Իսկ այդ կարենալ ընելու համար անհրաժեշշտ էր որ Սուրեայ երթայ հոն մնայ շրջան մը եւ այս եւ կամ այն ձեւով այդ պաշտնօնական թուղթերը ձեռք ձգէ։ իսկ Սուրեական պաշտօնական հարցերը դասաւորելէ ետք երբ հարց տուի որ ինչո՞ւ Լիբանանի Հայաստանի Հիւպատոսարանը չի դիմեր որպէս գաղթական Հայաստան հաստատուի փոխաանակ հայաստան երթայ որպէս այցելու՝ այսինքն tourist։ Պատասխանը, Լատինատառ Հայերէնով շատ պարզ եղաւ - “zinvor chem uzer yertal”. Ճշդեց նաւե որ Լիբանանէն Հայաստան ապրող իր քանի մը ընկերներն ալ այդպէս ըրած են։ Կը սպասեն մինչեւ 28 տարեկան ըլլան, որմէ ետք պիտի դիմեն հպատակութեան խուսաբելով զինուորական ծառայութիւնէն։

Շշմեցնող վիճակ մը կը պարզուէր ինծի համար, շարունակել աջակցիլ մէկու մը որ ապահովուած Հայաստան կ՚ուզէ հաստատուիլ բայց ոչ որպէս օրինաւոր գաղթական, այլ որպէս կեցութիւն միայն մինչեւ որ 28 տարեկան ըլլայ որմէ ետք՝ Հայաստանի հպատակութեան պիտի դիմէ  եւ այդպէս զինուորական ծառայութիւնէ զերծ մնացած պիտի ըլլալ։ ես նման մանրամասնութիւններու տեղեակ չէի։ Ըստ երեւոյթին ընդհանրացած վիճակ մըն է։ Չեմ զարմանար որ ոչ միայն Լիբանանի մէջ այլ Սփիւռքահայ երիտասարդութեան մօտ։

Համազասպը միտքս եկաւ։ Ան ալ Լիբանան կ՚ապրի։ Ան ինծմէ շատ տասնեակ մը կամ աւելի  երիտասարդ ըլլալու է, բայց զինք կը նկատեմ հասակակից տրուած ըլլալով որ իր ճահիլութեան, Արցախի առաջին պատերազմի տարիներուն, չորս տարի Ղարաբաղ անցուցած է որպէս մարտիկ եւ ինծի իր ընկերնեուն հետ նկար մըն ալ ղրկած էր։ Նկարին մէջ յիշած էր որ 1991-94 տարիներուն էր որ Լիբանանը ձգելով որպէս մարտական մասնակցած էր Ղարաբաղի ազատագրական պայքարին։ Իսկ, 1991-ի Մայիս ամսուան առնուած նկարն ալ «կիւլիստանի անտառն է, Գետաշէնի անկման օրերուն (Շահումեանի շրջան) երբ Ղարաբաղը պաշարումի մէջ էր. Դեռ Շուշի, Լաչին չէր ազատագրուած։» Ոչ մէայն այդ տարիներուն, այլ նաեւ 1997-2001, թուականներուն ալ Ղարաբաղ եղած էր։

Հարց տուի Համազասպին - կը մէջբերէն տառացիօրէն՝ «Չե՞ս ընդվզիր այդ տղուն եւ իրեն նմաններուն հոգեբանութեանը դէմ որ տիրող վիճակն է, ըստ երեւոյթին, Լիբանահայ երիտասարդներուն մօտ։»

Համազասպին անմիջական պատասխանը եղաւ՝ «ընդվզիլս ի՞նչ օգուտ.......Ես ինծի չեմ ուզէր յոգնեցնել։»

Պատասխանս՝ «Զինուորութիւն չեմ ուզեր ընել, Ընկ. Վահէ.....մտածելիք բան է։»

Համազասպ՝ «բոլորին միտքն է ատիկայ, բացառութեան չեմ հանդիպած։»

Ես՝ «Վերջէրս կարդացի որ Ամերիկային Հայ Երիտասարդներ զինուորութիւն կ՚ընեն Հայաստան քանի որ հոն փոխադրուած են եւ երկրին օրէնքին հպատակ են։»

Համազասպ՝ «Ես ալ լսեցի մէկ, երկու պարագայի մասին։ Մինչդեռ Լիբանանէն, Սուրեային նման պարագայ բացառձակապէս չկայ։»

Համազասպ՝ «Ինչ ըսեմ...սփիւռքի ղեկաւարութիւնները այլասերած դուրս եկան. Նոր սերունդը իր նկարագրով այդ բոլորին կնիքը իր վրայ կը կրէ։ ես պատանեկութեանս Ռուբէնէն վար հեղինակութիւն չընդունեցի։)) Ինչ որ Ռուբէնին քով կարդացի՝ ատոր ալ հաւատացի։»

Եւ այսպէս կ՚ընթանայ սերնդափոփոխութիւնը Սփիւռքի մէջ։։ Իսկ, իր ընդհանրական խորհուրէն դատարկուած եւ այդպէս հնամաշ դարձած խօսքը թութակի մը ուժգնութեամբ կը շարունակուի արտասանուիլ սփիւռքի մէջ՝ «միայն զէնքով կայ Հայոց փրկութիւն։»

****


No comments:

Post a Comment