«Ազդակ»-ի մեծարգոյ բարեկամներուս,
Ողջոյն,
Թերթիդ երէկուան թիւին մէջ (26/1/23, էջ 8) կարդացինք՝
«Օթան-ը իր սադրանքներով մեզի կը ստիպէ այդպէս վարուիլ»:
Մեզի՝ տրական հոլով...
Բազմիցս անձամբ գրած եմ արժանապատիւ աշխատակիցներուդ, որ ստիպելբայը ներգործական է եւ հայցական հոլով անձի անուն մը իբրեւ ուղիղ խնդիր կ’առնէ, այսպէս եղած է հազարամեակներ շարունակ:
Օրինակներ գրաբարէն՝
--Եթէ ստիպեմ զդոսա, մեռանին խաշինքդ:
--Բանն արքային ստիպեաց զիս:
--Ստիպեաց զնա եւ ոչ...
--Ստիպեաց զաշակերտսն:
Այս բոլոր օրինակները կը գտնուին «Նոր հայկազեան»-ի մէջ՝ ստիպել բային կից:
Ինչպէս կը նկատէք, բոլորին մէջ ալ ունինք հայցական հոլով ուղիղ խնդիր:
Ասոր կից կրնայ գտնուիլ ուրիշ լրացում մը, որ ընդհանրապէս անորոշ դերբայ մըն է՝ երթալ, գալ, վազել, նստիլ, ելլել. ասոնք պատշաճ է դնել տրական հոլով՝ երթալու, գալու, վազելու, նստելու, ելլելու եւ այլն:
«Թորոսը կը ստիպէ Մարկոսը տեղը նստելու»:
Սակայն թոյլատրելի է նաեւ չհոլովել.
«Թորոսը ստիպեց Մարկոսը նստիլ իր տեղը»:
Ուրեմն աշխատակիցիդ օրինակը պէտք է ըլլար՝
--«Օթան-ը իր սադրանքներով մեզ կը ստիպէ այդպէս վարուիլ(ու)»:
* * *
Այս բոլորը ասկէ առաջ ալ ըսած եմ, սակայն սայլը տեղէն չէ շարժած:
Հիմա հարց կը ծագի, թէ այսքանը չըմբռնող, չյարգող ու չկիրարկող լրագրողը որքա՞ն ու մինչեւ ե՞րբ եւ ո՞ր իրաւունքով յարմար է պահել անձնակազմիդ մէջ: Վերջին հաշուով կայ ազգային, ասպարէզային ու լեզուական արժանապատւութիւն մը՝ մեր բոլորի՛նը, որ անարգել ու յարատեւ ոտնակոխ կը դառնայ:
Այս թերթը Ձեզի որպէս աւանդ տրուած է, որպէսզի պահպանէք զայն, սակայն դուք անոր հետ՝ իբրեւ պատանդի կը վարուիք, եւ ընդունելիմ չէ՛ այդ վերաբերումը:
Ընդունեցէք...
(27/1/23)
No comments:
Post a Comment