Վահէ Յ. Աբէլեան
Նոր ստացայ «Բագին» գրական թերթին 2022, թիւ 2 հրատարակութիւնը։ Հոն հաճոյքով կարդացի Մարուշ Երամեանին՝ Խաչիկ Թէօլէօլեանին հետ ունեցած հարցազրոյցը։ Խաչիկը եւ ես Քիորքիւնայի մեր պապենական տանը մէջ անցուցած ենք ամառ մը։ Միասբանաբար գացած էինք անցնելու մեր ամառուան արձակուրթը եւ այդպէս մեր մէջ մնաց կապ մը որ շրջան մը նամակագրութեամբ շարունակուեցաւ Թէօլէօլեաններուն Ամերիկայ գաղթէն ետք եւ տակաւին պարբերաբար կը շարունակուի իմէյլով եւ Խաչիկին Լատինատառ հայերէնով։
Խաչիկին «Բագին»ի այդ հարցազրոյցէն կը մէջբերեմ հօրը մասին ըրած հետեւեալ հաստտումները որոնք կը թուակագրեմ քանի որ անոնց պիտի ակնարկեմ այսկէ քանի մը տարիներ առաջ՝ իր հօրը՝ Մինաս Թէօլէօլեանի մասին իմ գրած յիշատագրութեանս մէջ, «Դէմքեր եւ Դէպքեր Պանդոկէն՝ Մինաս Թէօլէօլեան» խորագրով։
Ակնարկելով հօրը՝ Խաչիկը կ՚ըսէ -
Ա.«եւ վերջապէս ըսաւ շեշտելով, ապագայի լեզուն անգլերէնն է, եւ Ֆրանսացիներուն նմամ ՝ ճեմարանի հայ վարիչներն ալ պատրաստ չեն այդ ընդունելու։ Դուն պէտք է սահուն անգլերէնի տիրապետես։»
Բ. «Հայաստանի մէջ պիտի ըսէին՝ վիթխարի քանակով լրագրական արձակ-գոնէ 15,000 էջ խմբագրական ու սիւնակ հրատարակած է, այսինքն 50 հատոր, իւրաքանչիւրը 300 էջ, եթէ հաւաքուէին։ Սփիւռքահայութեան մօր իր բարձր արժեւորուած նուաճումը եղած է իր երկհատորեայ «Դար մը Գրականութիւն»ը։ »
Գ. «Երբ ինը կարեկան էի, գործի լծած էր զիս. Կ՚օգնէի իրեն բազմաթիւ ցանկեր կազմելով, զանոնք նոր տեղեկութիւններով թարմացընելով – գրողներու անոււններ, իրենց հեղինակած գիրքերը, թուականները։ Ես իր reference indexն էի երբ դար մը գրականութիւնը կը պատրաստէր։ »
Կը կցեմ Մինաս Թէօլէօլեանին իմ յուշագրութիւնս ուր պիտի նշեմ Խաչիկին ըրած վերոյիշեալ թուագրուած մէջբերումները։
Պրն. Տարօնեանէն ետք Սուրբ Նշան դպրոցին տնօրէն եղաւ Պրն. Մինաս Թէօլէօլեանը: Տնօրէնին եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն միջեւ միայն մէկ տարբերութիւն կար աշակերտներուն համար: Վերջինները կը ճանչցուէին որպէս «Պրն. այսինչեան» կամ «Օրիորդ» կամ «Տիկին այնինչ», իսկ դպրոցին տնօրէնը՝ «Պարոն Տնօրէն» էր: Բայց ես ծանօթացայ Թէօլէօլեան ընտանիքին, շնորհիւ մօրս, որ ուսուցչուհի էր Սուրբ Նշան Վարժարանէն ներս:
Շուրջ յիսուն տարիներու իր ուսուցչութեան ասպարէզին ընթացքին, մայրս միշտ ընտանեկան բարեկամութիւն մշակեց դպրոցի տնօրէնին ընտանիքին հետ եւ պատանեկութեանս յաճախ զիս հետը առնելով կ’երթար այցելութեան անոնց: Այդ այցելութիւններէն յատկապէս կը յիշեմ Տօրա քաղաքի երբեմնի Էհրամճեան վարժարանի տնօրէն Պրն. Մանուկ Ուզունեանինը, որ կը բնակէր Անթիլիաս, վանքին մօտ: Ձանձրացուցիչ ու տաղտկալի այցելութիւն մըն էր ինծի համար՝ Պէյրութի հրապարակէն հանրակառքով եւ ապա քալելով իրենց երթալը: Այսպէս, շնորհիւ մօրս սովորութեան ընտանեկան բարեկամութիւն մը սկսաւ նաեւ Թէօլէօլեանենց հետ եւ ես բարեկամացայ Խաչիկին, որուն առաջնորդութեամբ ես, քոյրը՝ Սօսին եւ զարմիկը՝ Շահանը շաբաթ օրերը, կէսօրէ ետք, սինեմա կ’երթայինք:
Մայրս իր «Ես եւ Ուսուցչութիւնը» գիրքին մէջ աշակերտին մասին հետեւեալը կը գրէ. «Խիստ խուզարկող է աշակերտ անհատը: Ան կը դիտէ, կը պեղէ: Մեծագոյն դատաւորն է ան: Շուտ կը ճանչնայ, արագ կը վճռէ»: Մեզի համար ալ երկար չտեւեց ճանչնալ նոր Պարոն Տնօրէնը եւ վճռել: Թեթեւութիւն մը կար դպրոցէն ներս: Զինք չէինք տեսներ բակը, զբօսանքի կամ շարքի շարուած ատեն, դասարան երթալու համար, ինչպէս սովոր էինք տեսնել նախկինը՝ Պրնղ Տարօնեանը իր սեւածայր գաւազանով եւ խիստ դէմքով։ Այս Պարոն Տնօրէնը արագաշարժ էր, դպրոցի շէնքի աստիճաններէն արագ-արագ վեր կ’ելլէր կամ վար կ’ինջնէր:
Պրն. Մինասի տնօրինութեան շրջանին էր որ անգլերէնի դասընթացք մըն ալ սկսաւ դպրոցին մէջ, դպրոցին ֆրանսական Պրէօվէի համար պատրաստուած ծրագրին կողքին: Մայրս կ’ըսէր որ Պարոն Տնօրէնը կ’ուզէր որ անգլերէն լեզուն եւս դասաւանդուէր, Ֆրանսերէնի կողքին։ Այդպէս ալ մնաց մինչեւ իմ աւարտելս եւ ես շրջանաւարտութեան հանդէսին արտասանեցի Ամերիկացի գրող Ուալթ Ուիթմընէն կտոր մը, որ ինծի սորվեցուցած էր մեր անգլերէն լեզուի ուսուցիչ՝ հանցուցեալ բանաստեղծ Յակոբ Մանուկեանը, որուն «Անրջական վաղորդայն» գիրքը հրատարակուած է Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի մատենաշարով: Ինծի համար շատ օգտակարութիւն ունեցաւ անգլերէն լեզուի դասընթացքը, քանի որ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք ուսումս շարունակեցի Հայ Աւետարանական Գոլէճ երկրորդական վարժարանը, որուն գիտութեան, թուաբանութեան, պատմութեան դասերը անգլերէնով էին ինչպէս նաեւ օտար լեզուի դասաւանդութիւնը։ (Տե՛ս Ա մէջբերումը)
Պրն. Մինաս Թէօլէօլեանի շրջանին Սուրբ Նշսն դպրոցը երկսեռ էր, ըսել կ’ուզեմ աղջիկները եւ տղաքը նոյն դասարանը կը մեկտեղուէին: Միշտ այդպէս չէր եղած, բայց վստահ չեմ որ փոփոխութիւնը իրմով սկսաւ: Թէեւ զբօսանքի պահերուն աղջիկները եւ տղաքը տարբեր բակերու մէջ կը հաւաքուէին: Սուրբ Նշան դպրոցը, եկեղեցին ու առաջնորդարանը նոյն համալիրին մէջ կը գտնուէին: Եթէ եկեղեցիին մուտքը դիմացդ ունենայիր ձախ կողմի բակը ընդհանրապէս աղջիկներուն զբօսավայրն էր, իսկ աջ կողմինը՝ տղոցը, որ կը նայէր դէպի Պէյրութի Ռիատ-Էլ-Սոլհի հրապարակը տանող ճամբուն եւ կը գտնուէր Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան՝ Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու վարժարանին դիմացը: Մտքիս մէջ դրոշմուած մնացած է հետեւեալը։ Առտուները եկեղեցիին դրան առջեւ կը շարուէինք դասարան երթալու համար «Առաւօտ Լուսոյ»էն քանի մը տողեր արտասանելէ ետք: Նոյն այդ պահուն Յովակիմեան-Մանուկեան դպրոցի աշակերտներէն ոմանք իրենց դպրոցի շէնքին տանիքը ելած սրբիչները պատին կը զարնէին մաքրելու համար եւ ձայնը մեզի կը հասնէր:
Երբ Պրն. Թէօլէօլեան դպրոցին տնօրէնը նշանակուեցաւ, ես արդէն Հ.Յ.Դ. Բաբգէն Սիւնի պատանեկան միութեան անդամ էի: Մեր ժողովները տեղի կ’ունենային շաբաթ կէսօրէ ետք: Այդ տարիներուն դպրոցը վեց օր կ’ըլլար, իսկ Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ օրերը դասերը միայն կէս օր կը տեւէին: Բաբգէն Սիւնի պատանեկան միութեան անդամները Նշան Փալանճեան Ճեմարանի եւ Սուրբ Նշան դպրոցի աշակերտներն էին: Օր մը լսեցինք որ Սուրբ Նշան դպրոցին տնօրէնը մեզի պիտի գայ դասախօսելու: Սուրբ Նշան դպրոցին աշակերտներս այդ օրը աճապարեցինք առաջին շարքին վրայ նստիլ, որպէսզի մեր դպրոցի տնօրէնին «աչքը մտնենք»: Պրն. Մինաս Թէօլէօլեան եկաւ, ճանչցաւ մեզ եւ ակնարկ մըն ալ ըրաւ, որ Սուրբ Նշան դպրոցին աշակերտներէն ոմանք հոն էին: Սուրբ Նշանցիներուս համար յաղթանակի օր մը եղաւ: Այն ժամանակ այսպէս բաներ ուրախացուցած ըլլալու են պատանիները:
Թէօլէօլեանները կը բնակէին Սուրբ Նշան դպրոցին դիմացը, ներքին թաղին մէջ, ուր կը բնակէր նաեւ ընտանեօք Պրն. Եդուարդ Պոյաճեանը, որ հայերէնի մեր ուսուցիչն էր այն ժամանակ: Բայց թաղը ընդհանրապէս հայաբնակ չէր նկատուեր: Լիբանանի քաշաքական պատերազմին պատճառով Թէօլէօլեանները շրջան մը Պանդոկը մնացին ինչպէս մնացինք մենք ընտանիոք: Նմանապէս Պանդոկը մնացին երբ ընտանեօք պատրաստուած էին Ամերիկա գաղթել, եւ որքան որ կը յիշեմ նաւով էր որ գաղթեցին: Այդ շրջանին, կը յիշեմ, Պրն. Մինասը պանդոկը, վերանտային վրայ գրելով զբաղած կ’ըլլար: Հետաքրքրականն այն էր ինծի համար, որ երբ թուականի մը պէտքը զգար, յաճախ իր զաւակին՝ Խաչիկին էր որ կը հարցնէր: (Տե՛ս Գ մէջբերումը)
Մինաս Թէօլէօլեանէն իմ տպաւորութեանս գլխաւոր պատճառը մայրս եղաւ: Տարիներ անցան, բայց մայրս պարբերաբար կը յիշէր զինք: Կը պատմէր, թէ ինչպէս յաճախ կը պատահէր, որ ուսուցչական ժողովի ընթացքին, երբ ուսուցիչներ տարուած կ’ըլլային օրակարգի հարցերով, յանկարծ կ’անդրադառնային որ Պրն. Տնօրէնը զբաղ էր եւ տարուած էր գրելով եւ ժողովին հրատապ նիւթին հետեւելու տրամադրութիւն ցոյց չէր տար: Ուսուցիչները կանգ առնելու կը սկսէին, երբ կը միջամտէր Պարոն Տնօրէնը եւ համադրելէ ետք արտայայտուած միտքերը, իր մատնանշումները կ’ընէր եւ կը հրաւիրէր ուսուցիչները շարունակելու քննել օրակարգի հարցերը, մինչ ինք կրկին կը սկսէր գրել եւ գրելով տարուած մնալ կարծես կրկին անգամ ժողովինկ հետեւելու տրամադրութիւն ցոյց չէր տար:
Մայրս գործակցած է աւելի քան տասնեակ մը տնօրէններու հետ, որոնց անունները յիշած է իր գիրքին մէջ, սակայն միայն Մինաս Թէօլէօլեանին բնածին տաղանդովն է միշտ տպաւորուած մնաց: Մայրս բազմիցս ըսած է ինծի որ մէկ նախանձ ունեցած է եւ այդ ալ Աստուծոյ ոմանց շնորհած բացառիկ տաղանդն է: Անկասկած որ մայրս Պրն. Մինաս Թէօլէօլեանի տաղանդը, զոր վայելած է որպէս գործակից եւ ընտանեկան բարեկամ, դասած էր այդ մենաշնորհեալներու կարգին: (Տե՛ս Բ մէջբերունը)
Ծնողական ընտանիքիս հետ մեր վերջին հանդիպումը Պրն. Մինաս Թէօլէօլեանին հետ եղաւ Պանդոկին մէջ, երբ ընդունեց ծնողքիս ճաշի հրաւէրը: Պէյրութ կը գտնուէր ազգային գործով մը 1963ին, հիմնուելով կցուած նկարին վրայ տպուած թուականին: Իսկ ես երբ Ամերիկա գաղթեցի 1976ին, առաջին այցելութիւնս եղաւ իրենց եւ ապա Պրն. Գէորգ Տօնապետեանին, «Հայրենիք»ի շէնքէն ներս: Պրն. Տօնապետեանն ալ շրջան մը Պանդոկ մնաց տիկնոջը հետ, մինչեւ Ամիրիկա փոխադրուիլը եւ այսպէս ընտանեկան բարեկամութիւն մը նմանապէս մշակուեցաւ մեր միջեւ: Իսկ Խաչիկին հետ կապս չխզուեցաււ, տակաւին մերթ ընդ մերթ կապ պահենք:
Անշուշտ որ տարիներու ընթացքին հետեւած էի Պրն. Թէօլէօլեան հրապարագրութեան։ Պատահեցաւ անսպասելին, գէթ ինծի համար եւ թերեւս ալ սերնդակիցներուս համար, եւ յառաջ եկաւ Հայաստանի երրորդ հանրապետութիւնը՝ եւ կամ Հայաստանը վերանկախացաւ: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ այն տպաւորութեամբ մնացած էի որ Պրն. Մինաս Թէօլէօլեանը պիտի հրաւիրուէր նոր Հանրապետութեան կողմէ կարեւոր պաշտօնի մը: կը կասկածիմ որ իրեն նման սփիւռքը ճանչցող ուրիշ մէկը կար: Բայց այդ չպատահեցաւ: Ուրիշ դէպքեր պատահեցան եւ ուրիշ դէմքեր հրապարակի վրայ երեւցան յանկարծ:
Այդ ալ ուրիշ պատմութիւն:
No comments:
Post a Comment