V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, March 1, 2023

Արա Խանճեան՝ Սփիւռքի Պրիսմակէն

Վահէ Յ. Աբէլեան

Ակնարկս Արա խանճեանին՝ «Հայաստանի մէջ հզօր ՀՅԴ ունենալու անհրաժեշտութիւնը» յօդուածին մասին է որ լոյս տեսաւ «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ՝ Փետրուար 27, 2023-ին։ Նախ քան յօդուածին անդրադարնալը կ՚ուզեմ անձնականաձել եւ ըսել որ կը ճանչնամ Արան թէեւ ան ինծմէ վեց տարի երիտասարդ, հանգուցեալ եղբօրս տարեկից է եւ բարեկամն էր։ Իսկ ես աւելի մօտէն կը ճանչնամ հանգուցեալ քոյրը՝ Յուրիկը, ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միւթեան ընկերուհիներէս մին եւ ապա Քեսապցիներուն միշտ զուարթախօս եւ ժպտերէս հարսը,  ծնողական ընտանիքիս բարեկամ եւ ազգական՝ անմոռանալի բժիշկ Միսակ Ապտիւլեանին կինը։ Ինչպէս նաեւ ճանցած եմ Արային ազգասէր եւ գրասէր հայրը։  

Անկասկած որ Արային յօդուածին մէջ ազնիւ մտահոգութիւնը մը կայ որ իմ պատկերացումով կը փխի Հայաստանի եւ Արցախի ճգնաժամային ներկայ իրավիճակին իր արդարացի մտահոգութիւնէն տարուած։ Բայց Արան՝ Հայաստանի մէջ հզօր ՀՅԴ ունենալու անհրաժեշտութիւնը կը դիտէ սփիւռքի պրիսմակէն։

Հայաստանի մէջ Գերագոյն Մարմինը կը ղեկաւարէ՝ Հայաստանի մէջ գրանցուած քաղաքական կազմակերպութիւն մը որ կը կրէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն անունը եւ Հայաստանի մէջ գործող որեւէ քաղաքական կուսակցութեան նման, ան ալ կը ջանայ տիրանալ իշխանութեան։ Շատ բնական է որ այդպէս ըլլայ։ Յայտարարել որ ան քաղաքական կուսակցութիւն մըն է որ չի ցանկար իշխանութեան գալ, անբնական եւ անտրամաբանական հաստատում մը պիտի ըլլայ, քանի որ նման յայտարարութիւն ժխտած պիտի ըլլայ անոր քաղաքական կազմակերպութիւն մը ըլլալը որ մասնակից է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ընթացքին։

Չեմ կրնար պատկերացնել որ Հայաստանի մէջ միացեալ, ազատ եւ անկախ տեսլականով ամրապնդուած կազմակերպութիւն մը կրնայ գործել որպէս քաղաքական կազմակերպութիւն։ Պարզ է չէ՞։ Այս տեսիլքով տարուած քաղաքական կազմակերպութիւն մը Հայաստանի մէջ հողային պահանջք ունի իր դրացի երկրէն՝ Թուրքեային։ Դժուար չէ պատկերացնել թէ ինչ կրնայ ըլլալ քաղաքական անդրադարցերը երբ նման քաղաքական կուսակցութեան մը իշխանութեան ղեկը ստանցնէ գործադրելու իր քաղաքական մեծ տեսլիքը։ Բայց, անցնող երէք տասնամեակներ ցոյց կուտամ  որ Հայաստնաի մէջ գործող ԳՄ-ը մեկդի դրած է ՀՅԴեան, միացեալ, ազատ եւ անկախ գաղափարախօսութիւնը։ Փաստօրէն, անցնող երկու տասնամեակներուն, քաղաքական կուսակութիւններուն ներկայացուցիչները, որոնց հետ գործակցեցաւ ԳՄ-ը, յայտարած են որ Թուրքեային հողային պահանչք չունին իսկ ԳՄ-ը այդ մեծ հաստատումը ընդունած է, շատ հասկնալի պատճառներով, եւ շարունակած է գործակցիլ։ Այս մեծ տեսլականը կարելի չէ ծալլել եւ անկիւն մը դնել եւ կոչուիլ  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն։ 

Բնականաբար իմ անձնանական մեկնաբանութիւնն է որ կ՚ընեմ. Բան մը որ պէտք չունիմ ըսելու։ Բայց զարմանալիօէն սովորութիւն դարձած է ըսել՝ իմ կարծիքս է։ Հապա որո՞ւ կարծիքը պիտի ըլլար։ Հակառակ այս իրողութեանը, ես ալ նոյն կ՚ընեմ ըսելով որ եղածը իմ մեկնաբանութիւնս է։ 

Աւելի հիսուն տարիներ առաջ, ցեղասպանութեան հիսնամեակի տարիներուն ես ալ անդամակցեցայ ՀՅԴ որպէս այդ մեծ տելաականը պահող ազգային կազմակերպութիւնը։ Եւ, Գերսամ Ահարոնեանի խօսքով՝ այդ «մեծ երազի ճամբուն» վրայ խանդաւարօրէն ես ալ փարեցայ պահելու սփիւռքի մէջ հայ գիրը, մշակոյթը, պատմութիւնը եւ այդ պատմութեան այդ մեծ երազը։ Երբէք չպատկերացուցի որ  քաղաքական կազմակերպութեան մը անդամագրուած եմ, այլ ազգային կազմակերպութիւն մը որ որ այդ Մեծ Տեսլականին հետ ունի նաեւ իր ընկերային Մեծ Տեսութիւնը որպէս ազգային ընկերվարական կուսակցութիւն որ կը գնահատէ անձը, եւ պահէ եւ կը գուրգուրայ անձնական նախածեռնութեանը ազգային բարօրութեան եւ բարիկեցութեան համար որպէս երաշխիք։ 

Հայաստանցի մէջ, ՀՅԴ անունով գործող rank and file, չունի նման մտասեւերումներ՝ իրենք եւ իրենց զաւակները կ՚ապրին Հայասան, կը խօսին Հայերէն, եւ կը սորվին հայոց պատմութիւն եւ անհամեմատօրէն աւելի հաւանականութեամ կ՚ամուսնան հայու մը հետ եւ կը կազմեն հայ ընտանիք։ Իսկ այս մտահոգութիւններ չունեցողներ, որոնք են Հայաստանի քաղաքացիները, չեն կրնար՝ դար մը սփիւռքի մէջ թրծուած Յեղափոխական Դաշնակցութեան ժառանգորդը ըլլալ։  Տակաւին  Հայաստանի ՀՅԴ rank and file չի կրնար ունենալ պատմական Սիսի Կաթողիկոսութիւնը պահելու եւ պահպանելու այն մղումը որ սփիւռքը ունի որպէս պատմական Արեւմտահայութեան վերջին կենդանի ու հոգեւոր ներկայցուցիչ եւ սփիւռքի հայապահման պարիսպը՝ Երբեմնի Կիլիկեան, այժմու Անթիլիասի Կաթողիկոսութիւնը։  

Անկասկած որ Հայաստանը առողջ քաղաքական կուսակցութիւններու կարիքը ունի եւ ունէր, բայց ոչ կարիքը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան որպէս քաղաքական կուսակցութիւն մը։   Իսկ հայութիւնը՝ անկասկած որ պէտք ունի ՀՅԴ սփիւռքի մէջ եւ անոր միացեալ, Ազատ եւ Անկախ մեծ տեսլականին կամ մեծ երազին՝ որպէսզի կարենայ պահել վտանգուած սփիւոքը։

Արա, ընդունէ այս, որպէս շատ բարդ վիճակի մը իմ պարզաբանութիւնս։

 

 

No comments:

Post a Comment