V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, March 2, 2023

Ինչո՞ւ եւ ինչպէս բացուեցաւ Լիբանաբնակ Քեսապցիներու Ուսումնասիրաց Միութեան գիշերային դպրոցը

Վարգէս Աբէլեանին այս պատմական ակնարկը, գրուած 2019-ին, ընդօրինակեցի 2020 տարուան Քեսապցիներու տարեգիրք-հասցէագիրքէն Ի յիշատակ Պր. Գաբրիէլ Ա. Ինճեճիկեանին։

 

« Այս տարի դժբախտութիւնը ունեցանք կորսնցնելու մեր բոլորին սիրելի Գաբիին (Գաբրիէլ Աւետիս Ինճեճիկեան)։ Անձ մը որ արժանի եղաւ մեծ յարգանքի ու պատուի իր եռազին իրականացումով, իբր Ամերիկայի առաջին Հայկական ամէնօրեայ վարժարան հիմնող, տուաւ մեզի ալ, իրբ Քեսապցի եւ ուսումնասիրացի անդամ, քիչ մը պարծանք ու հպարտութիւն։

Այս առթիւ շատ հրճուանքով կարդացինք «Դպրոցի մը Պատմութիւնը Ֆերահեան Վարժարան» յօդուածը գրուած յարգելի Պօղոս Շահմելիքեանի կողմէ («Ասպարէզ» Շաբաթ 6, Ապրիլ 2019։) Մեր սրտագին շնորհակալութիւնները յարգելի Պր. Պօղոսին այս խիստ կարեւոր պատմութեան համար։ Սակայն այս պատմութեան մէջ չէք ծանոթանար Գաբիին հետ մեր հիմնած նախքին գիշհերային դպրոցի մասին զոր ես կ՚ուզեմ ծանօթացնել։

Նախ ինչպէս ես Գաբիին հետ ծանօթացայ։ Մենք ընտանեօք փոխադրուեցանք Պէյրութ 1939 ին երբ ես ինը տարեկան էի, ուրեմն Գաբիին չեմ ճանցած իր մանկութեան ու պատանեկութեան, սակայն յիսունական թուականներուն երբ ես քաղաքի հայ-սքուլը աւարտած կը յաճախէի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, հոն հանդիպեցանք իրարու երբ ինք ալ եկած էր Քեսապէն ուսումը շարունակելու։

Հոս Քեսապցի եւ ուրիշ հայ ուսանողներ, որոնք եկած էին միջին արեւելքի զարազան երկիրներէ, կը հաւաքուէինք ու կ՚ունենայինք շատ հաճելի ժամանակ։ Գաբին այս խումբին մէջ ունէր գրաւիչ ու սիրալիր ներկայութիւն մը ու մենք շուտով բարեկամացանք որ մտերմացանք։

Գաբիին հայրը եղած է ՀՅԴ կուսակցական ղեկաւարներէն։ Ինք մհծցած էր այդ միջավայրին մէջ, եղած էր Քեսապի ՀՅԴ պատանեկան միւթեան անդամ ու ղեկաւար ուստի՝ այդ տղոց հետ դաստիարակուած ու իրենց սրտերը լեցուած հայրենասիրութեամբ։

Առակը կ՚ըսէ «Անուշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ». ես կարծեմ թէ այդ ըսուած է Գաբիին համար, շուսով համոզեց զիս ու ըրաւ Զաւարեան Աշակերտական Միւթեան անդամ ուր գտայ շատ հաճելի միջավայր մը, եւ ուրկէ վերջը անցայ Զաւարեան Ուսանողական Միւթեան շարքերը երբ սկսած էի դեղագործական դպրոցը։ Անշուշտ այս միւթենական աշխատանքներու կողքին մենք նաեւ էինք Քեսապցիներու Ուսումնասիրաց Միւթեան անդամ եւ յաճախ վարչական։

Ուրկէ՞եկաւ մեր գիշերային դպրոց բանալու գաղափարը։

Երբ AUB  ուսանող էինք, առաջին տարին ունեցանք  ընկերաբանութեան դաս մը եւ այդ դասը կը պահանջէր թէ իւրաքանչիւր ուսանող այդ դասը աւարտելու համար պէտք էր կամաւոր աշխատանք մը ընէր իբր օգուտ հանրութեան։ Այդ դասարանի ուսուցիչին օգնականը երեց հայ ուսանող մը (Պր. Գարեգին Սադրեան) կը հաւաքէր դասարանին հայ աշակերտները ու կը տանէր Պուրճ Համուտ աղքատիկ դպրոց մը, շրջապատուած թիթեղաշէն խրճիթներով ուր իրկուան կը հաւաքուէին ամէն տարիքի տղաք, աղջիկներ ու երեցներ որոնք կը բաժնուէին դասարաններու եւ ամէն մեկուս կուտար դասարան մը որոնց պիտի սորվեցնէինք Հայերէն կարդալ ու գրել։ Գործ մը որ կ՚ընէինք շատ սիրով եւ հաճոյքով։

Այդ դասէն անցանք ու մոռցանք, սակայն կարելի չէր մոռնալ այդ ուսուցչական փորձառութիւնը թէ ինչպէս մեզի պատճառած էր այդքան հաճոյք, եւ իրողութիւնը  այդ աշակերտութեան թէ ինչպէս Պէյրութի պէս տեղ մը ուր կային այդչափ Հայկական դպրոցներ սակայն դեռ կային շատ մը Հայ անհատներ որոնք տնտեսական եւ այլ պատճառներով դպրոց չէին գագած կամ ստիպուած էին դպրոցը կանուխ ձգել ու գործի նետուիլ որպէսզի իրենց ընտանիքը ոտքի պահէին։  Այս պարագան մտածել տուաւ մեզ թէ արդեօք քաղաքի շրջանը չկան Հայեր որոնք նոյն պատճառներով չէին կրցած Հայերէն կարդալ ու գրել սորվիլ ու եթէ կար ուրեմն զանոնք փրկելը միայն գիշերային դպրոցն էր, ուստի պէտք էր բան մը ընել այս ուղղութեամբ։

Քրիստափոր կոմիտէին ակումբը, ուր մեր կուսակցական եւ վարչական ժողովները տեղի կ՚ունենային ունէր բաւական սենեակներ որոնք շաբաթուն ընթացքին շատ մը օրեր պարապ էին եւ գործի մը չէին ծառայէր, եւ ուրեմն շատ յարմար էր գիշերային դպրոցի համար։

Գաբիին հետ որոշեցինք այս հարցը տանիլ Ուսումնասիրացի վարչութեան ստանալու համար իրենց հովանաւորութիւնը։ Այս շատ դիւրին եղաւ քանի մեր միութիւնը կը կոչուէր «ուսումնասիրազ» ու մեր նպատակն ալ ուսում տալ էր։ Ալ հոս Գաբիին լեզուն շատ չհոգնեցաւ, հակառակող չեղաւ ու որոշումը անցաւ։

Պէտք էր նաեւ Քրիստափոր կոմիտէին արտօնութիւնը առնել, ասոնց ալ թէիւ անծանօթ չէինք ու կռնակնիս ունէինք ակոււմբին հայրիկը՝ մեր հայրենակից ընկեր Ասատուր Թրթրեանը, բայց հոս պէտք ունէինք Գաբիին լեզուին որ չէր կենար մինչեւ դրական պատասխան մը չէր ստանար ու ստացաւ։

Հիմայ պատրաստ էինք գործի սկսելու։ Տնօրէն որոշուեցաւ Գաբրիէլ Ինճեճիկեանը, փոխ տնօրէն ես՝ վարդգէս Աբէլեան եւ քարտուղարուհի Օր. Ռուբինա Բագրատունի, մեզի լաւ ծանօթ Զաւարեան աշակերտական միւթիւնեէն։ Ուսուցչական կազմը բաղկացաւ մեզ նման կամաւոր համալսարանի մեր ընկերներէն եւ այլ ընկերներ։

Դպրոցին նշանաբանն էր Դանիէլ Վարուժանի քերթուածներէն՝ «ՈՒ ԵՍ Կ՚ԵՐԹԱՄ ԴԷՊԻ ԱՂԲԻՒՐԸ ԼՈՅՍԻ»

Ուսուչական խումբին մաս կազմած են նաեւ Օր. Շաքէ Մոմճեան, այժմ Տիկ. Գասապեան, Տօքթ. Օնիկ Քէշիշեան, նախքին տնօրէն Ալեք Փիլիպոս երկ. Վարժարանի, Պրն. Յակոբ Մախուլեան, Պր. Վարուժան Եթէմեզեան եւ ուրիշներ իմ դպրոցը ձգելէս ետք։

Դպրոցը բանալու համար ամէն ինչ պատրաստ էր թերթերով եւ ուրիշ միջոցներու եղան յայտարարութիւններ ու դպրոցը բացուեցաւ 1951-ին։

Առաջին տարին ունեցանք հարիւրէ աւելի աշակերտներ։ Սկիզբը թէեւ մեր հաոզումը Հայերէն չգիտցողին Հայերէն դաս տալ էր, բայց շուտով աւելցուցինք Անգլերէնըը քանի որ այդ ժամանակ Անգլերէնի պահանջքը շատ էր նաեւ տուիք Ֆրանսերէն եւ Թուաբանութեան դասեր որոնց որոնք պէտք ունէին, ու յետագային ինծմէ վէրջ հանգուցեալ Ճորճ Աբէլեանի տնօրէնութեան ժամանակ ունեցանք նաեւ մեքենագրութեան դասարան մը գոհացում տալու այդ պահանջքին ալ։

Դասերու կողքին դպրոցը կ՚ունենար նաեւ այլ գործունէութիւններ ինչպէս դասախօսութիւններ, մանաւանդ ազգային տօներու առթիւ, Ապրիլ 24, Մայիս 28,  եւ այլ ինչ որոնք կապ ունէին Հայոց պատմութեան հետ նաեւ պտոյտներ, ձիւնագնացութիւն, երգ ու թատրոն, չմոռնալով ամենակառեւորը ու շատ սիրուածը պարահանդէսները։ Ասոնք Գաբիին համար շատ կառեւոր էին ու ան կ՚ըսէր այդպէս երիտասարդութիւնը աւելի կը Հայանար գիրար աւելի լաւ կը ճանչնան, կը մտերմանան եւ վերջը կը կազմեն Հայ ընտանիքներ ու կը շատցնեն Հայ ազգը՝ Նաեւ կը հաւատար թէ Հայը արտասահմանի մէջ չլուծուելու համար պէտք է Հայու հետ ամուսնանայ։ Այս էր իր համոզումը։

Ամէն դպրոցական տարեվերջին սովորութիւն էր ճաշկերոյթով մը բաժնուիլ մեր սիրելի ուսուցիչներէն եւ այդ առթիւ ի յիշատակ ու գնահատանք իրենց անձնուէր գործին իւրաքանչիւրին կը նուիրէինք արժիքաւոր «Parker» գրիչ մը։

Հոս կ՚ուզեմ յայտնել իմ անձնական խորին շնորհակալութիւններս իւրաքանչիւր ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիի որոնք անձնուէրաբար ծառայեցին որ սորվեցուցին ուսման կարօտ իրենք քոյր ու եղբայրներուն։ Նաեւ մասնաւոր շնորհակալութիւն Օր. Ռուբինա Բագրատունիին (Ռուբինան քոյրն է ընկեր Սենօ Բագրատունիի նախկին խմբագիր «Ասպարէզ» օրաթերթի) եւ ինք որպէս գիշերային դպրոցի քարտուղարուհի եղած է ամենաերկար ծառայողը 1951 -1963։

Գաբին 1953 ին գիշերային դպրոցի տնօրէնութիւնը ձցելով ինծի մեկնեցաւ Ամերիկա շարունակելու համար իր ուսուցչական ասպարէզի բարձրագոյն ուսումը։

Ես շարունակեցի այդ պաշտօնը աւելի քան տասը տարիներ մինչեւ 1962 եւ մինչ Գաբին Ամերիկա էր իր նոր երազին լուծումը կը փնտռէր, մեր գիշերային դպրոցը Պէյրութ  կը շարունակուէր ու տարուէ տարի կը բարգաւաճէր հասցնելով աշակերտութեան երբեմնի թիւը 250ի ու այս դպրոցական եռուզերը կեանք տուած էր երբեմնի խաղաղ ակումբին։ 1965-1970 ի միջոցին Քրիստափոր կոմիտէի ակումբը փոխադրուեցաւ իրենց նոր գնած շէնքը, վերջը Լիբանանի ներքին պատերազմի պաճտառաւ ժողովուրդը տարտղնուեցաւ ու գիշերային դպոցը գոցուեցաւ։

Այո, շատ սիրելի բարեկամ Գաբի, շատ մը անհաւատ մարդիկ վրատ խնդացին «խենթը Ամերիկայ մանկապարտէզ պիտի բանայ եղեր» ըսին։ Բայց դուն ցոյց տուիր թէ դուն ով ես, եւ այսօր Լոս Անճելըսի մէջ քու օրինակին հետեւելով բազմապատկուած են Ամերիկայի ամէնօրեայ Հայկական վարժարաններ ու վստահ եմ պիտի շատնայ որիշ Հայկաշատ քաղաքներու մէջ ալ։

Քու դպրոցիդ եւ միւս դպրոցներուն հազարաւոր շրջանաւարտները չծուլուեցան եւ կազմեցին սիրուն Հայկական ընտանիքներ եւ հիմա իրենց զաւակները կ՚երթան Հայկական վարժարաններ ու եթէ ոչ հարիւր տոկոս գոնէ կէսը փրկուած է ձուլումէ։

Պէյրութի գիշերային դպրոցի աշակերտներուն շատեր Լիբանանի ներքին պատերազմի պատճառով ստիպուած գաղթեցին Ամերիկա, Եւրոպա եւ այլ վայրեր։ Հիմա հազար փառք կուտան երենց օտար լեզուի ուսուցիչներուն որոնց սորվեցուցած լեզուն մասամբ փրկած էր զիրենք ու դիւրացուցած վարժուիլը իրենց նոր միջավայրին, ամէնք ալ շատ երախտգոտութեամբ ու յարանգով կը խօսին ու կը փնտռեն իրենց ուսուցիչները մասնաւորաբար քեզի որպէս գլուխը ասոնց բոլորին սիրելի Գաբի, մեծ Հայասէր որ Հայրենասէր Դաշնակցական ու Դաշնակցականի զաւակ, դուն եղար վերջին խնդացողը վրադ խնդացողնհերուն։

Նաեւ ունեցանք երջանկութիւնը մեր ամբողջ կեանքի բարձրագոյն իղծին իրականացման տեսնել մեր պաշտելի Հայրենիքը ազատ ու անկախ ու կը հաւատանք թէ օր մը պիտ ըլլայ նաեւ միացեալ։

Մինչ այդ, սիրելի բարեկամ հանգիստ քու յոգնած մտքին ու ոսկորներուն։

Հողը թելեւ գայ վրադ, թանկագին ընկերս։ »




 


No comments:

Post a Comment