V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, January 24, 2024

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն ՝ «Զաւարեան Մատենաշար»

Քիչ առաջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ծրագրած՝ «Զաւարեան» մատենաշարի վեց հատորներու վերահրատարակութեան հանդէսը։ Ներբակը համառօտ ներկայացուեցաւ որպէս «Զաւարեան»-ի խօսքը։

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ծրագրած՝ «Զաւարեան» մատենաշարի վեց հատորներու վերահրատարակութեան լուրը մեզի՝ Սարգիս Քարկոտորեանին, Ատրուշան Արմէնեանին եւ Վահէ Յ. Աբէլեանին հաղորդեց Օհան Արմէնեանը։ Իրեն կը պարտինք մեր անուանական նիւթական աջակցութիւնը այս ծրագիրի իրագործման համար։ 

Մենք իբրեւ Զաւարեան ուսանողական միութեան նախկին անդամներ ընդհանրապէս հաղորդ մնացած ենք իրարու հետ։ Մեր բարեկամութիւնը սկսած էր Զաւարեան աշակերտական միութեան անդամակցութեամբ, երբ դասընկերներ էինք նաեւ Վիգէն Յովսէփեանին հետ։ Վերջինս այժմ Քանատա կը գտնուի։ Ոչ միայն առօրեայ բարեկամութիւն մըն էր՝ մեր վաղ երիտասարդութեան այդ օրերու մեր բարեկամութիւնը, այլեւ նպատակադրուած էր։ Միասնաբար եւ առաջին անգամ ըլլալով խախտեցինք Զաւարեան աշակերտական միութեան ընդունուած սովորութիւնը, որ Զաւարեան աշակերտական միութեան վարչութիւնը միշտ Ճեմարանականներէ բաղկացած կ՛ըլլայ, եւ ընտրուեցանք վարչական - Հայ Աւետարանական Գոլէճի աշակերտներ։

 Աշակերտութենէն անցանք ուսանողական եւ ապա անցանք շարքերը մեզի նմանապէս դասընկեր, Իտալիոյ մէջ վաղամեռիկ Մելքոն Սուքիասեանի հետ։ 

Այսպէս, Համազգայինի հրատարակչատան «Զաւարեան մատենաշար»-ի վերահրատարակութեան ծրագիրը այդ օրերը վերյիշելու առիթ տուաւ մեզի, եւ մատենաշարին չորս իւրաքանչիւր հատորը յիշատակեցինք Զաւարեան ուսանողական միութեան մեր երբեմնի ընկերներէն մէկուն կամ երկուքին անունով։ Ընտրութիւն չէր, որ կատարեցինք, այսինքն՝ նախընտրելով մէկուն անունը յիշատակել, բայց ոչ միւսինը։ Այլ պարզապէս այդ պահուն մեր յիշողութեան մէջ այդ անուններն էին, որոնք տողանցեցին։ 

Այսպէս, հատորներէն մին նուիրեցինք ՍԵՐԺ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆի եւ ՍԱՐԳԻՍ ՖՈՒՃՈՒՐԵԱՆի յիշատակին։ Պարսկաստանէն ժամանելէն ետք, Սերժ Թովմասեանը շատ շուտ ընտելացաւ լիբանանահայ զաւարեանական տղոց հետ եւ մտերմացաւ։ Տարի մը միասնաբար մաս կազմեցինք Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան։ Զաւարեանէն անկախ արդէն դարձանք բարեկամներ, ինչպէս կ՛ըլլան բարեկամութիւնները։ 1976-ի մարտ ամսուն, Սերժին եղերական մահը պատահեցաւ «Աղբալեան» ակումբին մէջ։ 

Այսօրուան պէս կը յիշենք Սարգիս Ֆուճուրեանին։ Հին ժողովրդային տան մէջ էր, այսօրուան պատկերացումով՝ Արեւմտեան Պէյրութի մէջ։ Հայկազեանէն շրջանաւարտութեան շրջանը ըլլալու էր։ Ան յայտնեց, որ ծրագրած Է Ամերիկա բժշկութիւն ուսանիլ եւ արդէն սկսած է դիմել։ Նահատակուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, հայկական շրջանին պաշտպանութեան ընթացքին։ 

Մատենաշարին մէկ այլ հատորը նուիրեցինք ՍԱԳՕ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆի յիշատակին։ Շատ բան գրուած է Սագոյին մասին։ Անկարելի է Սագոյին անունը տալ եւ չպատկերացնել իր կինը՝ Զուարթը հետը։ Սագոն կանուխ տարիքին որբացած էր։ Զուարթը Սագոյին կեանքը ամբողջացուցած էր։ Հիւրասէր, հաղորդական, իրենց տունը ժամադրավայր մըն էր։ Կը խորհինք, որ հեռաձայն ունէին։ Այդ օրերուն տան մէջ հեռաձայն ունենալը ընդհանրացած չէր։ Այսպէս պատահական իրենց տուն ուղղուիլ եւ դրան զանգակը զարնելով հիւրընկալուիլը արտասովոր բան մը չէր։ Սագոյին ճակատագրուեցաւ թաղուիլ Ամերիկա։

Մատենաշարին երրորդ հատորը նուիրեցինք ԲԵՆՕ ԹՈՆԴԵԱՆի յիշատակին։ Ուշիմ տղայ մըն էր։ Ճարտարագիտութիւն ուսանեցաւ Ամերիկեան համալսարանին մէջ։ Նմանապէս ակնյայտ էր առաջնորդի իր բնածին խառնուածքով եւ այդպէս ալ չբաւականանեցաւ իբրեւ ճարտարագէտ։ 

Մատենաշարին չորրորդ եւ վերջին հատորը նուիրեցինք ՊՕՂՈՍ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆին եւ ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆին։ Պօղոսը իր հանդարտ եւ մեղմ նկարագիրով հաճելի ընկեր մըն էր։ Բազմիցս մեզ հրաւիրած էր իրենց տունը, Այնճար։ Թերեւս ալ ըսենք իրենց տան պարտէզը։ Բոլորս գիտէինք, որ Պօղոսը գիւղատնտեսութեան մէջ մասնագիտանալու տրամադրութիւն ունի, երբ տակաւին Հայկազեան ուսանող էր։ Ուրիշ հետաքրքրութիւն մըն ալ ունէր՝ հաւաքել այդ շրջանին լոյս տեսած պահանջատիրութեան պատգամով զանազան եւ այլազան ազդերը (posters)։ Գիւղատնտեսութեան իր մասնագիտական ուսումը կը շարունակէր Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Այդ շրջանին Լիբանանէն հեռանալ կամ Լիբանան մնալը յաճախակի խօսակցութեան առարկայ էր։ Պօղոսին պարագային նման ընտրութիւն չկար՝ իրը Լիբանան էր եւ բնականաբար Այնճարը մեծ դեր ունէր եւ այդպէս ալ ըրաւ։ 

Վերջին զաւարեանականը, որուն անունը յիշած ենք մատենաշարին մէջ, Յակոբ Եափուճեանն է։ Եթէ ողջ ըլլար, անկասկած որ պիտի ուրախանար լսելով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան «Զաւարեան մատենաշար»¬ին ծրագիրը։ Իր մահէն քանի մը տարի առաջ կապի մէջ էինք իրեն հետ։ Զաւարեանականներուն համար նուիրուած հատոր մը պատրաստելու համար։ Ինքն ալ իր կարգին կապ պահած էր Կարօ Յովհաննէսեանին հետ։ Բայց չեղաւ, չդասաւորուեցաւ։ Միշտ կոկիկ հագուած, բծախնդիր, ընկեր մըն էր Յակոբը։

 Մատենաշարին մէջ նշուած անունները պարզապէս այդ պահուն մեր տրամադրութեան եւ յիշողութեան մէջ յայտնուած անուններն էին։ Այժմ, երբ ասոնք կը գրենք, մեր մտապատկերին կու գան նաեւ Զաւարեան ուսանողական միութեան ընկերներ, որոնք մեզմէ հեռացան վաղաժամ՝ Վաչէ Տարագճեան, Խոսրով Ասոյեան, Նիկոլ Շահկալեան (Պարսկաստանէն), Հրաչ Պետոյեան, Աբօ Սիւրթիւքեան (Երուսաղէմէն), Հրայր Նալպանտեան (Հալէպէն)։ 

Եթէ ժամանակաշրջանով մը սահմանենք, մեր ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան փորձառութիւնը եղաւ 1965-1975-ի տասնամեակին, քանի մը տարի աւելի կամ նուազ։ Կրնանք ըսել, որ յիսնամեակի սերունդ էր, որ ինքզինք դրսեւորեց այնպէս մը, որ չէր պատահած Ցեղասպանութենէն ետք. Հայ դատի պահանջատիրութիւնը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը առանցքները դարձած էին մեր ընկերային եւ ընկերական կեանքին։ Կէս դար անցած է այդ տասնամեակէն։ Այժմ մենք մեր եօթներորդ տասնամեակին մէջ ենք եւ քիչ մըն ալ մօտ ութերորդի։ Անարդար պիտի չըլլայ, եթէ մեր փորձառութիւնն ալ նմանցնենք Ռուբէն փաշայի պատկերացումին։ Մենք մեր կարգին ալ շատ սերունդներ տեսանք, բայց այդ սերունդին համը տարբեր էր։ Մեր պարագային կրնանք ըսել, որ այդ սերունդին համը Լիբանանի համեղ պտուղներուն նման էր, քանի որ այն ինչ որ պատահեցաւ, անհաւանական էր որ Լիբանանէն դուրս կարելի պիտի ըլլար։

Շնորհակալութիւն Համազգայինի հրատարակչատան՝ «Զաւարեան մատենաշար»-ի ծրագիրի վերականգնման համար։ Առիթը տուիք մեզի վերյիշելու եւ վերապրելու անմոռանալի անցեալ մը։

Մասնաւորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք, որ մեր անուանական նիւթական աջակցութիւնը այսքան կը գնահատէք։ Զաւարեան ուսանողական միութեան 120-ամեակին առիթով նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք միութեան՝ համոզուած, որ իրերայաջորդ սերունդներու երթը աննահանջ պիտի շարունակուի, եւ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը միշտ ալ պիտի դառնայ ճառագայթող ներկայութիւն մեր ազգային կեանքին մէջ։

Ձեզի եւ մեզի կը մաղթենք առողջութիւն։ Համազգայինի 95-ամեակը արդէն իր լրումին հասած է։ Կը յուսամ, որ կը դիմաւորէք եւ կը դիմաւորենք Համազգայինի 100-ամեակը։ 

Լաւագոյն մաղթանքներով՝ «Զաւարեան մատենաշար»-ի չորս հատորներու մեկենասներ


Հանդէսը՝










 

No comments:

Post a Comment