V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, January 11, 2024

Տում եւ Կլում - 2 - «Շատ Ժամանակ չմնաց»

 Վահէ Յ Աբէլեան

Իմ, «Տում եւ Գլում» առաջին պլակս՝ «Հայրենիք» թերթին  «Ձեզի եւ Մեզի Մեծ Գոյժ» խմբագրականին հետ աղերս ունէր։ Իսկ այս երկրոդը՝  Մկրտիչ Մկրտիչեանին «Շատ Ժամանակ չմնաց» յօդուածին  հետ աղերս ունի։ Մկրտիչին յօդուածը նոյնպէս լոյս տեսաւ  «Հայրենիք» Շաբաթաթերթին մէջ՝ Յունուար 2024-ի թիւին մէջ։ Խորագիրը ազդարարութեան հնչեցում էր։  

Չակերտներու մէջ մէջբերելով իր գրութիւնէն բաժիներ կը   սղագրեմ գրութիւնը ընկալելով գրութեան միտք բանին, թէ՝ Հայաստանի քաղաքացիները, որոնք իրականացուցին 2018-ի «թաւշեայ յեղափոխութիւնը», եւ 2020 պատերազմի պարտութիւնէն ետք կրկին անգամ Հայաստանի իշխանութիւնը վստահեցան ՔՊ կուսակցութեան, շրջեցին Հայաստանին քաղաքական ընթացքը դէպի «անդունդ» երբ  «Դեռ երեք տասնամեակ առաջ հայութիւնը տարաւ իր յաղթանակը ազգի անունով` ազատագրելով Արցախը Ազրպէյճանի տիրապետութենէն:», իսկ այժմ ժամանակն է որ այդ «սայթաքած ժողովուրդին զանգուածը»՝ «պէտք է որ անդարառնայ որ մեծ խաբէութեան մը թիրախը դարձած է վերջին տասնամեակին»։

Իսկ այդ խաբէութեան գլխաւոր հետեւանքը, Արցախի կորուստին կողքին, ներկայ իշխանութեան կողմէ հետապնդած  «խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրն է, ըստ Մկրտիչին, որուն հետեւանքը  «դժուար չէ նախատեսելը, որ շուրջ երկու դարերու գոյութիւն ունեցող Հայկական հարցի լուծումը ցարդ կ՛ընթանայ դէպի համաթրքական կողմի վերջնական յաղթանակի ուղղութեամբ:» 

Այսպէս՝  «Այսօր երկիրը կանգնած է անդունդի եզրին եւ կարիքը ունի ուժեղ իշխանութեան մը` դիմագրաւելու համար հետզհետէ բազմացող եւ ուռճացող զոյգ մարտահրաւէրները»՝ ներքին եւ արտագին ճակատները որոնք պէտք է որ հարթուին, ըստ յօդուածագրին։ 

Հետեւաբար՝  «հարկ»  եւ կամ «պէտք» է «ազգին վերադարձնել իր կորսնցուցած»ը, «Հայաստանը ապազգայնացնելու քարոզչութիւնը» կասեցնել, եւ «պետական մեքենան ճիշդ հունի մէջ դնելու աշխատանքը» տանիլ եւն։ Քանի որ «միամտութիւն է հաւատալ, որ թրքական խնամատարութեան տակ հայկական պետականութիւն կարելի է պահել:» 

Հետաքրքրականը այն է որ Մկրտիչ Մկրտիչեանը կ՚անդրադառնայ  որ իր վերլուծումը անել վիճակ մը կրնայ ստեղծել. երկտուութիւն մը կարծես կը ծագի իր միտքին  մէջ։ Թէեւ այդ ամբողջը բեռցուցած է  Քաղաքական Պայմանագիր կուսակցութեան ուսերուն վրայ, սակայն հարկ կը համարէ մեղմացնել  կացութիւնը  եզրակացնելով որ՝ «Բարեբախտաբար տակաւին հոն չենք. դեռ առիթներ կան, եւ ոճիր է այդ առիթները փախցնելը:»

***

Տրուած ըլլալով ապրուստի համար աշխատանքէ դադրած եմ եւ ժամանակ կրնամ տրամադրել հետեւելու իրերու ընթացքին,  կը համարձակիմ ըսել որ նուազ տեղեակ չեմ քան Մկրտիչը, զանց առնելով կուսակցութիւնը։ Բայց, Մեր «Մեծ Երազի ճամբուն Վրայ» տարբեր ընկալումներ ունիմ քան Մկրտիչը, թէեւ գիտակից եմ որ Հայաստանը կը դիմագրաւէ գոյացական վիճակ մը որ ճակատագրական է։

Մկրտիչը եւ ես  սփիւռքահայեր ենք եւ կը գիտակցինք որ Հայաստանը կը դիմագրաւէ բազում մարտահրաւէրներ եւ լինելիութեան վտանգ։ Հարց կուտամ թէ ինչո՞ւ մեր երկուքին ընկալումները Հայաստանի ազգընտիր իշխանութեան նկատմամբ, որուն ներկայասցուցիչը Նիկոլ Փաշինեանն է, գրեթէ «հարիւր եւ ութսուն» աստիճան տարբեր են։ 

Ամենայն հաւանութեանբ անոր համար որ ես բացառձակ վստահութիւն կը տածեմ եւ անսակարկ կ՚՚ընդունիմ Հայաստանի քաղաքացիներուն կամքը դրսեւորող եւ արտայտող, ժողովրդավարական կարգով ընտրուած իշխանութեանը։ Կը պատկերացնեմ որ տրամաբանօրէն անբնական պիտի ըլլար ինծի պատկերացնել որ Հայասանի քաղաքացիները ինծմէ նուազ գիտակից ըլլան գոյակցական այյդ չոր իրողութեանը եւ անտարբեր՝  իրենց եւ հայրենիքին ապահովութեան հարցերուն ընդառաջ։

Նախ ճշդեմ որ գիտակից եմ Թուրք-Ազերի «Զանքեզուր միջացք»-ի մը եւ Էջմիածինի նկատմամբ նորանոր ծաւալապաշտական յայտարարութիւններուն։ Անոնց յայտարարութիւնները անհրաժեշտ կը դարձնեն  որ ներկայ կառաւարութիւնը հաստատ մնայ «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի քաղաքականութեանը՝  ամուր, ապահով եւ ամբողջական պահելու համար  Խորհդային Հայաստանէն ժառանգ մնացած Հայաստանի տարածքը։ Մկրտիչին ընկալումները տարբեր են, բայց չառաջարկեր քաղաքական այլըտրանք։

Կը պատկերացնեմ որ Հայաստանի դատական վիճակը աւելի ամրապնդուած է թաւշեայ յեղափոխութիւնէն ետք։ Անկողմնակալ եւ անկաշառ օրինքի գործադրութեան լաւագոյն ապացոյցն է Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանին միաձայնութեամբ Ռոպէրթ Քոչարեանին արգելափակումէ ազատ կացութեան վճիռը՝ երբ Ոոպէրթ Քոչարեանը այս իշխանութեան քաղաքական նեմեսիսն է։ Որմէ ետք՝ ան գլխաւորեց իշխանութեան դէմ ամենէն ազդու ընդիմադիր շարժումը,   ՀՅԴ-ի հետ գործակցաբար։ 

Ես կը հաւատամ ժողովրդավարութիւնը աւելի ամրապնդուած է Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութիւնէն ետք եւ Հայաստանի քաղաքացիները օրինապահ ժողովրդավարական ընտրութեամբ իրենց հաւանութիւնը տուին ՔՊ կուսակցութեան ե անոր առաջնորդ ՆՓ-ին որ վարէ Հայաստանի ներկայ ընաթցքը։ Առկախ օտար դիտողներէն, Հայաստանի Սահմանադկրական Դատարանը եւս նոյն կազմով եւ նմանապէս միաձայնութեամբ վճռեց որ Յունիս 20, 2021 ընտրութիւնը սահմանադրական է՝ ընթացած է օրինապահօրէն եւ հետեւաբար ի զօրու է։ 

Ես կը հաւատամ որ Արդարութիւնը կամ Օրինապահութիւնը, ինչպէս նաեւ եւ Ժողովրավարութիւնը ընթացքներ են որոնք հասնելիք եւ կենալիք տեղ չունին։  Միշտ պիտի ընթանան եւ երբէք պիտի չկենան եւ պէտք չէ որ կենան։ Հետեւաբար ես այդ ընթացքին տեւականօրէն նպաստող եմ, սփիւռքէն։ իսկ Մկրտիչը կը պատկերացնեմ որ իր նպաստը կը պայմանաւորէ սփիւռքէն Հայաստանի քաղաքական կեանքին մասնակից ըլլալու յամառութեամբ ։

Կը պատկերացնեմ շինարարութիւնը բազմապատկուած է, ինչպէս նաեւ տնտեսութիւնը մեծապէս բարելաւուած է, թաւշեայ յեղափոխութիւնէն ետք, հակառակ մեզի ծանօթ ահռելի կացութեան։  Բարգաւաճ տնտեսութեան կողքին, բարելաւուող օրինապահութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը կը պատկերացնեմ որ մեծապէս կը նպաստեն Հայաստանին ունենալ ինքնապաշտպանութեան ուժեղ բանակ։

Հայասանի իշխանութիւնը կը դիմագրաւէ ահռելի եւ բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ՝ ինչպէս Հայ գերիներուն ազատուգրումը Ազրպէյճանի բանտերուն զնտաններէն, աջակցութիւն Արցախի հայութեան, անոնց  Արցախ ձգած կալուածներուն տիրութեան բարդ հարցերը։ Ինչպէս նաեւ բազմաթիւ եւ բազմատեսակ այլ հարցեր որոնք բեռնաւորած են Հայաստանի քաղաքացիները։ Իսկ ես, կը շարունակեմ մնալ սփիւռքի մէջ եւ զերծ եմ Հայաստանի քաղաքացիներուն վրայ բարդուած պարտաւրութիւններէն. հետեւաբար եւ  բնականաբար իրաւասու չեմ ունենալու Հայաստանի քաղաքացիներուն քաղաքացիական մենաշնորհները՝ ինչպէս քաղաքական ընտրութիւն ընել եւ ընտրուիլ ։

Արդէն նշած եմ որ Մկրտիչը իր «շատ ժամանակ չմնաց» յօդօւածu եզրակացուցած էր հաստատելով որ ՝«Բարեբախտաբար տակաւին հոն չենք. դեռ առիթներ կան»։ Հետեւաբար սփիւռքահայուն կը մնայ ճշդել «այդ առիթները»։  Ես ճշդած եմ իմս՝ կը մնամ Ազատ, Անկախ Հայաստանին՝ ժողովորդավարական կարգով ընտրուած իշխանութեանը կողքին։ 

Յաջորդին պիտի անդրադառնամ «Տում եւ Կլում» շարքով սկսած այլ գրութեան մը։

*****

Շատ ժամանակ չմնաց՝ Մկրտիչ Մկրտիչեան

https://hairenikweekly.com/?p=58497&/

 

No comments:

Post a Comment