Վահէ Յ Աբէլեան
Նախ եւ առաջ ճշդեմ որ վերնագիրը՝ Անգլերէն բառեր են։ Եթէ հետաքրքրուած էք կրնաք Doom եւ Gloom բառերուն իմաստները գտնալ բառարանի մը մէջ։ Բայց պիտի անդրադառնաք որ անոնց հայերէն իմաստները նման հնչականութիւնը չունին երբ կը գործածուին միասնաբար։ Հետեւաբար նախընտրեցի հայերէն տառերով գրել Անգլելէն այդ երկու բառերը։ Տարօրինակ բան մը ըլլալու չէ։ Հարիւրաւոր, եթէ ոչ հազարաւոր, հայատառ օտար բառեր մուտք գործած են արդէն մեր լեզուին մէջ։ Երկու հատ ալ աւելցնելով վիճակէն բան մը փոխած չենք ըլլար, հետեւաբար՝ Տում եւ Կլում։ Թերեւս ալ երկու «Տում եւ Կլում»ներ։
Առաջինը՝ «Հայրենիք» թերթին խմբագրին «Ձեզի եւ Մեզի Մեծ Գոյժ» վերնագրուած խմբագրականն է։ Առաջին ակնարկով, Խեր ըլլայ, ի՞նչ պատահեցաւ, ես ինծի հարց տուի։ Արդեօք խմբագրապետը կը մերժէ՞ Քրիստոնէական այս մեծ եւ սքանչելի խորհուրդին ծնունդը եւ ետ դարձի հրաւէր ուղղած է դէպի հին կամ նախքին չաստուածները՝ ինչպէս Արտաւազդ, Վահագն, Անահիտ, Աստղիկ, Միհր եւն։ Իսկ եթէ ետ դարձի կոչ մը չէ՝ ապա հայ հին աստուածներուն փնտռտո՞ւք մըն է արդեոք տօնական այս օրերուն։ Վերջին հաշուով հեղինակաւոր անձիք ինչպէս Ռաֆֆին եւ Լեւոն Շանթը փնտռած են հայ չաստուածները։
Կարդալէ ետք հասկցայ որ այդ չէ եղեր։ Հապա ի՞նչ կրնայ ըլլալ այդ մեծ աղէտը որ գուժած է, խմբագրապետը։
Այդ մեծ աղէտը Ամէնայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. -ին Զատկուայ տօնական օրերուն առթիւ Ամանօրի պատգամին աշխարհասփիւռ հայութեան Էջմիածին-էն սփռած ըլլալն է, եւ ոչ թէ հանրային կայանէն։ Անշուշտ որ խմբագրապետը շատ լաւ գիտէ որ Էջմիածինն ալ հանրութեան պատկանող կրօնական հաստատութիւն մըն է որուն հայ հաւատացեալ ժողովուրդին հասնելու միջոցները նուազ ծաւալուն չեն քան Հայաստանի հանրային կայանինը ուր ընդհանրապէս ոչ կրօնական անձնաւորութիւններ ելոյթ կունենան։
Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ին նոյն առիթով ըրած պատգամը Հայաստանի հանրային կայանէն չսփռուեցաւ ի սփիւռս աշխարհի, այլ սփռուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքէն եւ մայրավանքին սփռելու միջոցներով։
Երկուքին ալ պարագային պատգամին հաղորդ մնալու միջոց չպակսեցաւ եւ ոչ ալ աշխարհաձրիւ հայութիւնէն զանգուածի մը զլացուեցաւ պատգամնրերը լսելէն։
Բայց հարցը այդ չէր՝ այլ այդ մանր միջադէպը քաղաքակացնելու տրամադութիւններն են։
Բայց շուտով Խմբագիրը կարծես անդրադառցած է որ շատ եղաւ։ «Ծեծէ, բայց սպանէ չըսինք» ՝ կ՚ըսէ առածը։ Անոր համար խմբագրապետը խմբագրականը աւելի պատշաճօրէն աւարտելու ուղղութեան մը կը ծեռնարկած է. քիչ մը շէղելէ, քիչ մը կորսուելէ ետք, քիչ մը հոս եւ քիչ մը հոն երթալէ ետք, բայց հոգնելէ եւ ընթերցողը հոգնեցնելէ ետք, վերագտնելով իր բանականութիւնը, յօդուածը կ՚աւարտէ «Ձեզի եւ մեզի Մեծ Աւետիս» բարեմաղթութեամբ։
Աւելի լաւ կ՚ըլլար եթէ իր էութենէն դատարկուած այդ բարեմաղթութիւնը ըսելու սիրոյն, չըսէր։
****
Avedis from 30 different countries, this one is heart warming to end my blog.
https://www.youtube.com/watch?v=Tp82SH29fqE
No comments:
Post a Comment