V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, January 24, 2024

Արմենակ Եղիայեան ՝ Այսպէս ալ կարելի էր գրել (5, 6) - ըլլա՞յ, թէ՞ոչ

 


Կարելի էր այսպէս ալ գրել (5)

«Ասպարէզ»-ը տարին այնքան լաւատես չի սկսիր:

Ո՛չ լեզուական, ո՛չ... ազգային մակարդակներու վրայ:

Սկսինք լեզուականէն՝ աչքի առաջ ունենալով «Արմէն Գրիգորեանի յայտարարարութիւնը» (9/1/2024),  ազգայինին կ’անդրադառնանք աւելի անդին:

*   *   *

***Հարցեր կան, որոնք բանաւոր բանակցութիւններու ընթացքին համաձայնութեան էինք եկած:

--Ըսել կ’ուզուի՝ «որոնց շուրջ...»:

***Յստակ չդարձաւ, որ արդեօք  համաձայնագիրին մէջ տարածքային ամբողջականութեան կէտ պիտի ըլլա՞յ, թէ` ոչ:

--Երբ ստորադաս նախադասութիւնը հարցում կը բովանդակէ, ան կը սկսկի թէ շաղկապով եւ ոչ՝ որշաղկապով:  

Միւս կողմէ՝ հարցումը ինքնին սխալ բանաձեւոած է. պէտք է ըլլայ՝ «պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ»:  Ուրեմն՝

«Յստակ չդարձաւ, թէ արդեօք  համաձայնագիրին մէջ տարածքային ամբողջականութեան կէտ պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ոչ:

 

*** Հայաստանցի պաշտօնեաները նախորդ տարուան ընթացքին կարեւոր նկատեցին այն, որ համաձայնագիրը Ատրպէյճանի հետ կնքուի:

--Այն ցուցականը աւելորդ է. հայերէնը նման  անմիտ զարդի պէտք չունի:

 

***Մեր խնդիրն է, որպէսզի կարողանանք ...  արձանագրենք այն բոլոր սկզբունքները...

--Խմբագրութիւնը հայացուցած է քանի մը օտար բառեր, որոնք կը «զարդարէին այս նախադասութիւնը», սակայն անդին կը մնայ լեզուական ամբողջ աղբ մը, որ մնացած է անձեռնմխելի ու նոյնութեամբ հրամցուած է  ընթերցողին:

Ասոնց առաջինը որպէսզի շաղկապն է, որ արդի արեեւելահայերէնին քաղցկեղն է. զազրելի ռուսաբանութիւն մը, ուր  «որ» շաղկապին փոխարէն կը գործածուի «որպէսզի» շաղկապը: Արեւելահայութիւնը  հաշատարած վարակուած է այս ախտէն՝ վարչապետով ու դռնապանով, իշխանականով ու ընդդիմադիրով, ակադեմականով ու դռնապանով՝ բոլբորով, ոչ մէկուն խնայած է ան, ամբողջ արեւելահայութիւնը համակարծիք, համաձայն, համախոհ է լեզուական այս քստմնելի արատին  առթիւ:

Երկրորդը՝ արձանագրենք դիմաւոր բայի կիրարկութիւնն է՝ արձանագրել դերբայի փոխարէն. սա իր կարգին  կը հիւծէ հայերէնը ու կը վերածէ զայն գռեհիկ ռամկաբանութեան մը:

Ուրեմն՝ 

«Մեր խնդիրն է, որ կարողանանք... արձանագրել այն բոլոր սկզբունքները...

 

***5 օրեր առաջ, վերջին առաջարկներուն ծանօթացաւ:

--Պէտք է օր. սխալ է օրեր-ը: Աւելորդ է ստորակէտն ալ:

 

***Փաստաթղթի մասին որեւէ մանրամասներ չեմ կարող ներկայացնել:

--Որեւէ դերանունը եզակի է իր  «է» էական բայով՝ որ եւ է .ուրեմն չեմ կրնար եզակի լրացեալ կ’ուզէ, չի կրնար յոգնակի գոյականի վրայ դրուիլ. Որեւէ մանրամասնութիւն եւ ոչ թէ որեւէ մանրամասնութիւններ:

Ասկէ բացի՝ երբ որեւէ մանրամասնութիւն չի տրուիր, ինքնաբերաբար մանրամասնութիւններ ալ տրուած չեն ըլլար, այլ խօսքով յոգնակիի կիրարկութիւնը անհեթթեթ, անտրա-մաբանական  արարք մըն է:

 

*** Առաջարկները ոչ թէ խաղաղութիւն փափաքող պետութեան մը, այլ Հայաստանի համար նոր սպառնալիքներ ստեղծող առաջարկներ են:

         Այսինքն՝ «Առաջարկները...առաջարկներ են»: Հապա՞՞՞:

 

***Պաշտօնական յայտարարութենէն շուրջ 10 օրեր ետք...

--Պէտք է ըլլայ՝  10 օր ետք...

 

***Երեւան դարձեալ վերահաստատեց ... իր պատրաստակամութիւնը:

---Դարձեալ-ը աւելորդ է...  հարիւրամեայ լրագիրի մը մակարդակին:

 

Գէորգ Քէօշկերեանի յօդուածէն՝

***Յո՞ երթաս Մեծն Լոս Անճելըսահայ գաղութ:

--Մեծն Լոս Անճելըսահայ գաղութ-ը միայն երթալիք տեղը չէ որ կ’անգիտանայ. ան  լուր ալ չունի, որ ինք կոչական է եւ պէտք է   «Յո՞ երթաս»-էն տրոհուի ստորակէտով մը: 

 

***Բամբասա՞նք՝ թէ բանն ասանկ...

--Բամբասա՞նք, թէ՞ բանն ասանկ...

 

***«Այս յօդուածիս միտք բանին քննադատութիւն չէ բնաւ, այլ  ներկայացնել իրականութեան տխուր պատկերը»,− կը գրէ սրտցաւ յօդուածագիրը եւ կու տայ 1976-էն  ի վեր գաղութին մէջ գործուած աւերին  մէկ երեսակը, որ է փակումը՝                          --5 դպրոցի                 --6 լրագիրի           --4 միութեան          

--1 թատերախումբի  --1 եկեղեցիի

Ու կ’եզրակացնէ. «Աւա՜ղ փառացս անցաւորի․․․ Յուսանք, որ ապագան աւելի լաւ օրեր վերապահած  ըլլայ մեզի․․․»:

Մաղթանք, որուն իրագործումը, դժբախտաբար, շատ կասկածելի է:

Աւելի ճիշդը՝ անիրագործելի: Այս աղէտը ո՞ւր պիտի հասնի:

armenag@gmail.com                                         Արմենակ Եղիայեան

 


Այսպէս ալ կարելի էր գրել (6)

            Մեծարգոյ Վարդգէս Գուրուեան  համեստօրէն կը գրէ, թէ ինք «կրթական մշակ մըն է, որ քիչ մը հայերէն գիտէ» («Պայքար», թիւ 357, էջ 3): Նման խոստովանութիւնը  մեծ առաքինութիւն է. կարեւորը սորվիլ կամենալն է, եւ բնաւ ուշ չէ կամաց-կամաց զարգացնելու ու լրացնելու  գիտելիքները:

                                                                                *   *   *

         Եւ թելադրելի է, որ  ան սկսի տարրական թուաբանութեան սերտողութեամբ, որպէսզի գիտնայ, թէ՝

         --Հայաստանի բնակչութիւնը «2,720,000 մարդ» չէ, այլ  2.920.000-էն վեր է, արցախահայերու յաւելումով՝ կ’ակնկալուի, որ ան անցնի 3.000.000-ը: Հայրենի վիճակագրական սպասարկութիւնը օրը-օրին կ’իրազեկէ մեր սրտցաւ հայրենակիցները, չեմ գիտեր թէ միւս թիւերը ուրկէ՛ կը հանուին: Թելադրելի է, որ Գուրուեան  նաեւ չմոռնայ  այս թիւերը գրելու միջակէտով, որպէսզի անհամեմատօրէն աւելի չնուազեցնէ հայերուն թիւը եւ կոտորակի չվերածէ  զայն: Կը բաւէ որքան կոտորուեցանք:

         Օրին այս նոյն սիւնակներէն ինչ-որ  Կէօնճեան մը իր կարգին 2.000.000 կը գնահատէր Հայաստանի բնակչութիւնը:    Չես գիտեր ինչո՛ւ, «Պայքար»-ը  եւ  իր քաջարի  զինակիցները անհամբեր են Հայաստանի բնակչութեան թիւը այսպէս նուազած տեսնելու: Թալաթ եւ ամբողջ թուրք ազգը տասնամեակ մը դրին 1.500.000 հայ սրբելու  համար Հայաստանի քարտէսէն, Կէօնճեան-Գուրուեան տանդեմը անձնդիր ջանիւք եւ  գրչի  մէ՛կ հատու  հարուածով կը ջանայ  լրացնել անոնց պակասը:

         --Թուաբանական սխալ հաշիւ մըն ալ կը գտնենք 44-օրայ զոհերու թիւի գնահատումին մէջ: Ըստ նոյն իրաւասու սպասարկութեան՝ ան 3.750-ի շուրջ է, Գուրուեան թեթեւ հոգիով, ձեռքով ու գրիչով զայն կը հասցնէ 5.000-ի՝ մեծահոգաբար աջակցելով... Ալիեւին եւ ձայնակցելով ուրիշ «հայրենակից»-ներու, որոնք միշտ ալ  նման, նոյնիսկ աւելի մեծ թիւերով գնահատած են մեր այդ թանկագին զոհերը:

         Այս բոլորէն ետք Գուրուեան  բարձր արհեստագիտութեամբ կը թելադրէ հայրենի իշխանութեանց եւ սփիւռքայութեան, թէ ինչպէ՛ս կարելի է հայրենադարձ կատարել եւ արեւմտահայեր ներգրաւել հայրենիքէն ներս:

         Կը յանձնենք  առ որ անկ է:

         Այնուհետեւ կարելի է անցնիլ մանրուքներու, որոնք ստորեւ...

                                                                           *   *   *

         --Այս վիճակին չէինք հասնէր...

         Այսինքն՝ չէինք հասներ...

         --չ’ուզեցին... չ’ուզեն...

         Այսինքն՝ չուզեցին...չուզեն...,         

         Պէ՞տք է ենթադերել, թէ Գուրուեան այսպէս ալ «սորվեցուցած է» իր աշակերտնե-րուն:

         --Հայրենիքի վերաբնակեցման հարցերը քննարկելու, ի պահանջել հարկին ալ՝ լուծելու նպատակով, Գուրուեան կ’առաջարկէ կազմակերպել համագումար մը, որուն հրա-ւիրուին  Հայրենիքէն եւ Սփիւռքէն «լուրջ մտաւորականներ, ընկերաբաններ, գիտնական-ներ, փաստաբաններ, դիւանագէտներ եւ ներգաղթ-արտագաղթի մասնագէտներ»՝ առանց մոռնալու «օտար մասնագէտներ, եթէ պէտք է»:        

         Երկու կէտ մութ է այս առաջարկին մէջ. նախ՝ ինչպէ՞ս պիտի ջոկենք լուրջ եւ անլուրջ մտաւորականները. ինչո՞ւ օրին տիկին Հրանուշ Յակոբեանը՝ սփիւռքի նախարարուհին, այսքանը չմտածեց եւ ցորենը որոմէն չզատած հեռացաւ ասպարէզէն:  Երկրորդ ի՛նչ բանելու պիտի հրաւիրուին... արտագաղթիմասնագէտները,− յայտնի չէ: 

         --Գուրուեան ուրիշ աղաւնիներ ալ ունի գլխարկին տակ:

«Մեր թիւը պէտք է շուտով կրկնապատկենք, որպէսզի մեր բանակը կարենայ պէտք եղած թիւով զինուորներ ունենայ»:

         Հապա՞՞՞, մէկ կողմէն ժողովուրդը գլխատելէ, միւս կողմէ բանակին զոհերուն թիւը ուռճացնելէ ետք, այս մեծահոգի մտածումները սփոփարար սպեղանի են, միայն  գոնէ  ճիշդ հայերէնով ըսուէին. « կարենայ ունենալ»:

              Եւ ան մեծահոգաբար կը թելադրէ քանի մը շինիչ ու գործնական առաջարկներ, որ կը փութամ սեփականութիւնը դարձնել ընթերցողներուս.

         ա) 10,000−25,000 դոլար  տուրք գանձել հայրենիքը լքող իւրաքանչիւր արտագաղ-թողէ. այսինքն՝ 10.000−25.000 դոլար, որով՝ եթէ նոյնիսկ  հարուստները ազատօրէն գաղթեն եւ ուռճացնեն Լոս Անճելըսի հայրենակիցներու  թիւը[1],  գոնէ աղքատները  չփորձեն  տեղերնէն շարժիլ,  մնան  Հայաստանի մէջ եւ ուս-ուսի  տուած, առիւծի նման՝ իրենց կուրծքով    պաշտպանեն զայն ազերիներու անօդաչուներու դէմ:

         բ) հայրենի իշխանութիւններուն՝ «դպրոցներէն ներս ազգային իրաւ դաստիա-րակութեան ուժ տալ», որ է՝ այն անիրաւ դաստիարակութեան փոխարէն, որ  տրուած է մինչեւ այսօր... անկախութենէն ի վեր:   

         Ա՜՜՜խ այս  անկախութիւնը,  ինչ խաղեր ըսես չխաղաց մեր անտէր գլխուն:

         գ)  սփիւռքահայութեան՝ «իր ժամանակաւոր հանգիստն ու հաճոյքը զոհել» ու երթալ-հայրենիք հաստատուիլ:  Ուրեմն հայրենիք հաստատուիլը զոհողութի՞ւն է, եւ այնտեղ ապրողները զոհե՞ր են, իսկ Հայաստանը համատարած զոհասեղա՞ն մը,  դուք ըսէք՝ գերեզմա՞ն մըն է: 

         Ահա այս «հայրենասիրութեամբ» ալ արեւմտահայը վարժ է Հայաստանէն  հեռու՝ օտար ափերու վրայ  սիրելու ու տէր կանգնելու իր հայրենիքին,  եւ ամէն արեւմտահայ  կ’ակնկալէ, որ  ի պահանջել հարկին  գտնուի  իրմէ տարբեր մէկը, որ  յօժարի հայրենիք վերադառնալու զոհողութիւնը յանձն առնել ու  տեղւոյն վրայ պաշտպանել զայն:

         Ակնկալելի է,  մաղթելի ալ է, որ Գուրուեան, այս ընկալեալ սովորութենէն  շեղելով,   առաջիններէն ըլլայ իր «հանգիստն ու  հաճոյքը զոհող»  եւ առնէ առաջին քայլերը եւ բարի  ու վարակիչ օրինակ դառնայ մնացորդաց:   

         Կարելի է վստահ ըլլալ, որ մեծաթիւ  ընդառաջողներ պիտի ունենայ հայրենասիրա-կան իր այս   հոգեպարար կոչին:

Ծանօթ.− Ընդառաջողներուն շարքերը  ստուգապէս պիտի խտացնէ Նուազի լը Գրանդի աւատապետն ալ, որ   տասնամեակնեդրէ  ի վեր յարմար առիթի կը սպասէ նահատակուելու՝  առանց... ճապկումի: 

         Օ՜ն,  անդր առաջ:

         Եւ Տէր ընդ  մեզ  ամենեսեանս:       

         armenag@gmail.com                                         Արմենակ Եղիայեան                     

  



No comments:

Post a Comment