Ճանչնանք մեր բառերը (11)
1. Հետաքրքիր ընթերցող մը,-- մեկնելով իմ նախորդ յօդուածէս, ուր ըսած էի, որ հնդեւրոպական nomnսկզբնաձեւը հայերէն դաrձած է անուն,-- հարց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է նման մեծ փոխակերպում մը եւ անցնիլ մէկէն միւսին:
Սկսելու համար ըսեմ, որ անուն-ը գումարն է երկու փոփոխութեանց.
ա) Առաջինն է բառիս սկիզբը աւելցած ա ձայնաւորը, որ աճական մըն է, այսինքն ՝ անիմաստ ձայնաւոր մը, որ հայերէնի մէջ եկած թառած է անոր առջեւը, ինչպէս պատահած է շատ ուրիշ բառերու: Հնդեւրոպական միւս լեզուներէն աճականով օժտուած է յունարէնը եւս, որ կ’ըսէ (օ)noma:
բ) Երկրորդը՝ մ>ւ փոփոխութիւնն է՝ (ա)նոմն>(ա)նուն:
Շատ արտասովոր ու բարդ հնչիւնափոխութիւն մըն է այս, որու առթիւ կը գոհանամ տալով այլ օրինակներ՝ հաստատելու համար անոր հաւաստիութիւնը:
Ծանօթ.– Զիրար փոխարինելու յատկութիւն ունեցող հնչիւնները կամ տառերը կը կոչուին լծորդ: Ուրեմն մ եւ ւ հայերէնի մէջ լծորդ եղած են:
Մեր մրջիւն բառը ունի հին տարբերակ մը, որ է մրջիմն (մ>ւ). անոնք երկուքով կը գտնուին «Նոր հայկազեան»-ի մէջ, հանդերձ այլ զուգադիր կազմութիւններով.
մրջիմնոց-մրջիւնոց
մրջիմնառիւծ-մրջիւնառիւծ
մրջիմնակեր-մրջիւնակեր
որոնց բոլորը վկայուած են Ե. դարէն եւ որոնց մէջ ունինք մ>ւ լծորդութիւնը:
Պարսկական պաշտաւն բառը,– որ հետագային դարձած է պաշտօն (աւ>o),–պէտք է ունեցած ըլլայ պաշտամն տարբերակ մը (ուրեմն՝ մ>ւ), քանի աւանդուած են պաշտաման եզակի սեռականը, պաշտամունք յոգնակին,– որ կը գտնուի աշխարհաբարի մէջ եւս,– պաշտամանց յոգնակի սեռականը (տե՛ս «Նոր հայկազեան»):
Կը կարծեմ, թէ այս օրինակները, որոնք պատահականութեան արդիւնք չեն, գումարած nomn > (ա)նուն զոյգին վրայ, բաւարար են փարատելու ամէն կասկած, որ կը վերաբերի մ>ւ լծորդութեան վաւերականութեան:
Մեզի ծանօթ հնդեւրոպական այլ լեզուներ անվթար պահած են m հնչիւնը. յունարէն՝ օnoma, լատիներէն՝ nomen , գերմաներէն ու անգլերէն՝ name, իտալերէն՝ nome, շուետերէն՝ namn, ֆրանսերէն՝ nom:
Ասոնց մէջ յատուկ ուշադրութեան արժանի է անգլերէնը, որ ունի noun տարբերակ մը, որ բոլորովին համահունչ է հայերէնին՝ (ա)նուն – noun:
3. Մ եւ ն լծորդութիւն
Ասոնք ռնգային հնչիւններն են, այսինքն՝ ասոնց արտասանութեան առթիւ օդը ոչ թէ բերնէն, այլ ռունգերէն դուրս կու գայ: Ուրեմն ունին բնական լծակցութիւն մը:
Աստուածաշունչի գրաբար տարբերակին մէջ ունինք՝
անբիծ՝ 9 անգամ
ամբիծ՝ 21 անգամ
Այս նոյն երկւութիւնը որոշ չափով կը յամենայ մինչեւ մեր օրերը. թէեւ գրեթէ հանրօրէն ընդունուած է անբիծ ուղղագրութինը, սակայն ամբիծ գրողներն ալ ընդմիշտ չեն պակսիր. այս պահուս կը յիշեմ մասնաւորաբար «Հասկ»-ը:
Ինչո՞ւ այս տատանումը, ըսենք՝ այս երկւութիւնը:
Եթէ փորձէք ասոնք ինքներդ արտասանել ու եթէ կարենաք վերլուծել ձեր սեփական արտասանութիւնը, պիտի նկատէք, որ շատ աւելի հեշտ է արտասանել ամբիծ, քան թէ անբիծ: Ամբիծ-ը գրեթէ մէկ շունչով կ’արտասանուի, մինչ անբիծ արտասանելու համար պարտաւոր էք ան-էն ետք առնել շատ փոքրիկ՝ ակնթարթային դադար մը, ինչպէս նաեւ ան-ին ետեւը աւելցնել շատ խուսափուկ, կոտորակային «ը» մը, ապա շարունակել արտասանութիւնը ու աւարտին հասցնել զայն՝ ան-բիծ:
Պարագան նոյնն է երեք երկշրթնային պայթականներուն՝ բ, պ, փ, որոնցմէ առաջ միշտ պիտի կրէք «ն» արտասանելու դժուարութիւնը, եւ արդէն չէք արտասաներ, այլ կը շրջանցէք զայն ու մեքենաբար կ’արտասանէք «մ» :
Այսպէս՝ դուք կը կարծէք, թէ կ’արտասանէք կամ կը մտադրէք արտասանել՝ անբան, անպարփակ, անփառունակ, մինչդեռ անզգալաբար կ’արտասանէք՝ ամբան, ամպարփակ, ամփառունակ:
Այս դժուարութիւնը յատուկ է շատ ուրիշ ժողովուրդներու եւս:
Հայուն արտասանական դժուարութիւնը յիշեալ պայթականներէն առաջ է միայն, եւ ն-ին կրած փոփոխութիւնը սահմանափակ է. ան միայն «մ» կրնայ դառնալ:
Եւրոպական լեզուներու մէջ այս դժուարութիւնը շատ աւելի տարածուն է, օրինակներս կ’առնեմ ֆրանսերէնէն:
Ֆրանսացին, արտասանելու համար իր in նախածանցը,– որ համարժէք է մեր ան-ին,– չորս տարբեր փոփոխութիւններու կ’ենթարկէ զայն. օրինակ՝
ա) dolent in-dolent
բ) possible im-possible
գ) régulier ir-régulier
դ ) légal il-légal
Ուրեմն վերադառնալով Աստուածաշունչի ամբիծ եւ անբիծ օրինակներուն պիտի ըսենք հետեւեալը. առաջինը հիմնուած է արտասանութեան վրայ. զայն գրողները արձանագրած են բառը այնպէս, ինչպէս արտասանած են: Մինչ երկրորդը գրողները հիմնուած են անոր ստուգաբանութեան վրայ, այսինքն՝ նկատի ունեցած են, որ ան բիծ բառն է, որ օժտուած է ան ժխտական նախածանցով, եւ այս վերջին սկզբունքին է որ կը հետեւի հայերէնը, ինչպէս՝ ան-բան, ան-բաւ, ան-բնակ, ան-պատեհ, ան-պարտ, ան-պէտ, ան-փառունակ, ան-փորձ, ան-փոփոխ եւ այլն:
Սակայն ուրիշ է կացութիւնը այն փոխառութիւններուն, որոնց ստուգաբանութիւնը ծանօթ չէ եղած միջին հայուն. այսպէս՝ ամբար, ամբարիշտ, ամբոխ, ամպ եւ այլն, որոնք բոլորը ան-ով կը սկսին պարսկերէնի մէջ:
Պարագան նոյնն է նաեւ ութիւն-ով վերջացող բառերու գործիականին. օրինակ՝ պատմութեան սեռականը պէտք է տար պատմութեան+բ, սակայն մերոնք գրած են պատմութեամբ (ն>մ), այսինքն՝ այնպէս, ինչպէս արտասանած են:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան
No comments:
Post a Comment