Ճանչնանք մեր բառերը (12)
Հայերէնի՝ հնդեւրոպական ուրոյն ճիւղ մը ըլլալը առաջին պաշտպանողը եղաւ գերմանացի լեզուաբան Հայնրիխ Հիւբշմանը, որ ստուար հատոր մը նուիրած է իր այս տեսակէտի պաշտպանութեան: Ստորեւ բերուած յօդուածը այդ վարկածին համահունչ քանի մը բառերու մէկ համեստ նախաճաշակն է:
1) v > գ
–vin>գին(ի)
Գինի հասկացութեան հնդեւրոպական հնագոյն արտայայտութիւնը եղած է voinio, որու սկիզբի v հնչիւնը գոյատեւած է բազմաթիւ այլ լեզուներու մէջ, մինչ հայերէնի մէջ ան դարձած է Գ:
Այսպէս՝ յունարէնը ջնջած է զայն ու տուած է oinos[1], լատիներէնի մէջ vinum է, իտալերէն ու սպաներէն՝ vino, ֆրանսերէն` vin, գերմաներէն՝ wein, անգլերէն՝ wine. ուրեմն բոլորը պահած են սկիզբի V-ն:
–vest> (զ)գեստ
Յառաջացած է հնդեւրոպական ves նախաձեւէն, որ տուած է յունարէն esthês, լատիներէն vestis[2], իտալերէն vestito, սպաներէն vestido, ֆրանսերէն veste, անգլերէն vest. բոլորը պահած են սկզբնական բառասկիզբի v-ն, որուն փոխարէն հայերէնը ունի Գ:
Հայերէնի բառասկիզբի զ հնչիւնը արմատական չէ:
Նոյն զ ոչ-արմատական հնչիւնով օժտուած են (զ)անց, (զ)եռուն, (զ)ահանդ, (զ)արգ(անալ) եւ շատ ու շատ ուրիշներ:
–vorg՛>wergam>գործ
Հնդեւրոպական այս սկզբնաձեւի v/` ```w հնչիւնը նախ ինկած է դասական յունարէնի մէջ ու տուած է ergon: Նորագոյն լեզուներէն գերմաներէնի մէջ werk է ան, անգլերէնը՝work, իսկ պարսկերէնը տուած է varz:
Անցնելով հայերէնին՝ ան կրած է երկու հնչիւնափոխութիւն՝ v>գ եւ g>ծ. երկրորդը տեսնել ստորեւ՝ թիւ 2-ի մէջ:
–vol > գող
Բառիս ծագումը կը հասնի հնդեւրոպական vol եւ vold կրկնակ ձեւերուն: Անցնելով հայերէնին ան տուած է երեք ձեւեր գող(տ), գաղ(տ) եւ գեղ(տ):
Գող(տ), որմէ ունինք գողտուկ:
Գաղ(տ), որմէ ունինք գաղտնի:
Գեղ(տ), որմէ ունինք գեղել, այսինքն՝ ծածկել:
«Սակայն,– նկատել կու տայ Աճառեան,– քոյր լեզուները չեն պահած այս արմատները»: Նորագոյն լեզուներէն զայն կը գտնենք ֆրանսերէնի մէջ՝ vol-voler-voleur, իտալերէնը զայն կը պահէ միայն involare բային մէջ:
Անշուշտ ընթերցողը նկատի ունի, որ vol արմատի l հնչիւնը իր կարգին հայերէն տուած է ղ(l>ղ), որ այլապէս ծանօթ երեւոյթ է, օրինակ՝ Luc>Ղուկաս (L>Ղ), Solon>Սողոն (l>ղ):
2. g > ծ
Այս հնչիւնափոխութիւնը կը գտնենք հետեւեալ բառերու բաղդատութեամբ. –Հնդեւրոպ. aig, իսկ յունական ayg(os) բառերուն դիմաց ունինք այծ:
–gen տուած է ծին:
–gnathos տուած է ծնօտ:
–ger(on) տուած է ծեր:
–Ենթադրելի է հնդեւրոպական arg արմատ մը, որ յունարէն տուած է argurion, լատիներէն argentum, հայերէն արծ(աթ). ասոր աթ բաղադրիչը բաղդատել երկ-աթ: Նորագոյն լեզուներէն արմատը կը պահեն ֆրանսերէնը` argent, իտալերէնը՝ argento: Սպաներէնը չէ պահած պարզ արմատը, սակայն ունի կարգ մը բաղադրեալ բառեր՝ argentifero-արծաթաբեր, argentoso-արծաթախառն, argenteo-արծաթափայլ:
–ֆրանսերէն gen(oux)-ին դիմաց ունինք ծուն(կ):
3. Բառասկիզբի S-ի կորուստ
Հայերէնի իւրայատկութիւններէն մէկն ալ եղած է հնդեւրոպական կարգ մը արմատներու բառասկիզբի S հնչիւնի թօթափումը:
–Առ այս առնենք մեր աղ արմատը: Հնդեւրոպերէնը ունեցած է sal եւ sald արմատական տարբերակները, ուր երկրորդը օժտուած է d աճականով: Լատիներէնի ու սպաներէնի մէջ ան sal է, ֆրանսերէն՝ sel, իտալերէն՝sale, ռուսերէն՝sol, գերմաներէն՝ salz, անգլերէն` salt:
Ինչպէս կը նկատենք, բոլորն ալ օժտուած են բառասկիզբի S-ով, բացի յունարէնէն, ուր ան alsէ, իսկ հայերէն ան երկհնչիւն աղ (l=ղ) է՝ ի տարբերութիւն մնացեալ բոլորին, ուր անոնք եռահնչիւն կամ քառահնչիւն են:
–Septm>եւթն
Հնդեւրոպական այս արմատը յունարէն տուած է επτά (eptà), միւսները պահած են բառասկիզբի s հնչիւնը. այսպէս, լատիներէն՝ septem, իտալերէն՝ sette, ֆրանսերէն՝ sept, ռումաներէն՝septe, գերմաներէն` sieben, անգլերէն՝ seven. վերջին երկուքին մէջ կը գտնենք b>v (b>ւ) ծանօթ լծակցութիւնը, որուն ակնարկած եմ նախորդ յօդուածովս:
Ուրեմն հայերէնը մէկ կողմէ թօթափած է բառասկիզբի s հնչիւնը,– թերեւս յունարէնի հետեւողութեամբ,– միւս կողմէ՝ տեղի ունեցած են p>ւ եւ m>ն հնչիւնափոխութիւնները, որոնց ակնարկած էի նախորդ յօդուածովս: Այսպէս ստացուած եւթն աշխարհաբարի մէջ դարձած է եօթն, իսկ սա իր կարգին հակում ունի դառնալու եօթ:
–Sarb>արբ
Հնդեւրոպական վաղեմի sarb «խմել» արմատը լատիներէն տուած sorb(eo)՝ s-ով ձեւը, որ տարածուած է բազմաթիւ լեզուներու մէջ (տեսնել ցանկը «Արմատական»-ի մէջ): Որոնց դիմաց հայերէնը ունը արբ, ուր թօթափուած է բառասկիզբի s հնչիւնը:
–Սկեսուր > կեսուր
Աճառեան «բնիկ հայերէն» կը կոչէ այս բառը, ուրեմն ժառանգուած է հնդեւրոպերէնէն, ապա կը թուէ աւելի քան 20 լեզուներ, ուր թափանցած է ան:
Բառս իր այս ձեւով կիրարկուած է մեր ողջ մատենագրութեան մէջ եւ առհասարակ այս ձեւով ալ մինչեւ հիմա կը կիրարկուի արեւելահայերէնի մէջ:
Ուրեմն արեմտահայ աշխարհաբարն է որ թօթափած է անոր բառասկիզի ս հնչիւնը, եւ ան դարձած է կեսուր, որմէ՝ կեսրայր (կեսուրին ամուսինը):
Ծանօթ.– Արդի լեզուներէն բառասկիզբի s-ը թօթափելու հակամէտ է նաեւ ֆրանսերէնը, որ ունի école անգլերէնի school-ին դիմաց եւ écureuil անգլերէնի squirrel-ին դիմաց: Նոյն ֆրանսերէնը կը վերականգնէ s-ը scolaire ածականին մէջ:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան
No comments:
Post a Comment