Ա՜խ, Լիբանա՜ն, Ա՜խ, Լիբանա՜ն
I don't think any other Armenian community identifies itself with the host country and its culture and humors it, while retaining its own, as Lebanese Armenians have done and do. We should bear in mind that the Armenians in Lebanon assumed citizenship of the country with all the rest.
Ա՜խ, Լիբանա՜ն, Ա՜խ, Լիբանա՜ն
Գրեց Թուրիկ
Ա՜խ, Լիբանա՜ն, Ա՜խ, Լիբանա՜ն
Օրդ թեթեւ, ջուրդ թեթեւ, դուն թեթեւ,
Գիրքդ ու Թերթդ աnբովանդակ անարեւ,
Կռիւ, աղմուկ, եւ հայհոյանք մութ ու սեւ,
Կը թեւածեն, կը սաւառնին քո վերեւ,
Սուտ ու կեղծիք, չարիքին հետ թեւ ի թեւ,
Մարդ կը փտռեն սեւցնելու հեւ ի հեւ........
Ա՜խ, Լիբանան, քեզ վայելող անձերը
Բաց ձգած են իրենց բեռնին սանձերը.
Թերթ ու քրքով, սա մանուկը , նա ծերը,
Դուրս կը թափեն իրենց մտքին գանձերը։
Ազատ երկիր, վարչութիւնն ալ դեմոկրատ,
Ո՞վ կը լսէ, ականջ կո տայ խօտք-խրատ,
Ձայն ալ հանես, քեզ կ՚անուանեն «մատնիչ – վատ»
Այդ դեռ քի՜չ է, ածականներ յորդարատ.....
Լիբանանէն մինչեւ Հալէպ սանձարկձակ,
Սափրիչ, խոշկար, մանրավաճառ կամ դերձակ,
Գրող դադրած, յօդուած թխեն եւ արձակ.
Առատ գրեն՝ ոչ ամօթ է, ո՛չ յանցանք.........
«Ազդակ» Օրաթերթ
1946
No comments:
Post a Comment