V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, July 26, 2023

Շտապ Օգնութեան հեռաձայնի թիւեր

" Մօրս արխիւներէն՝ Հետեւեալները աւելի է զօրու եւ ազդունակ են քան 911 (Ամերիկայի շտապ օգնութեան թիւը)։

ԵՐԲ

Տխուր ես՝ Հեռաձայնէ Յովհ. 14 ին։

Մեղանչած ես՝ Հեռաձայնէ Սաղմ.  51 - ին։

Վտանգը կը սպառնայ քեզի՝ Հեռաձայնէ Սապմ.  91 - ին։

Մարդիկ քեզ ձախողեցուցած են՝ Հեռաձայնէ Սաղմ. 27 - ին։

Կը խորհիս որ Աստուած քեզ լքած է՝ Հեռաձանէ Սաղմ. 138 - ին։

Հաւատքդ կարիք ունի խթանուելու՝ Հեռաձանէ Երբ.  11 - ին։

Մենակեաց ես ու վախի մէջ՝ Հեռաձայնէ Աաղմ. 23 - ին։

Մտահոգ ես՝ Հեռաձայնէ Մատթ. 8:19-34 – ին։

Վիրաւորուած կը զգաս ու քննադատական կեցուածք ունիս՝ Հեռաձայնէ Ա.Կորնթ. 13 - ին։

Քրիստոնէութեան մասին կասկածներ ունիս՝ Հեռաձայնէ Բ. Կորնթ. 15:15-18 - ին։

Վարկաբեկուած կը զգաս՝ Հեռաձայնէ Հռովմ 8:31-39 - ին։

Խաղաղութիւն կը փնտռես՝ Հեռաձայնէ Մատթ. 11:25-30 - ին։

Կը կարծես որ աշխարհ Աստուծմէ մեծ է՝ Հեռաձայնէ Սաղմ. 90 - ին։

Ապահովութեան նման Քրիստոսի կարիքը ունիս՝ Հեռաձայնէ Հռովմ. 8:1-30 -ին։

Տունէդ կը բացակայիս ճամբորդութեան մը պատճառով՝ Հեռաձայնէ Սաղմ. 121 – ին։

Անձիդ համար կ՚աղօթես ՝ Հեռաձայնէ Սաղմ. 87 – ին։

Պարտականութեան մը համար քաջութեան պէտք ունիս՝ Հեռաձայնէ Յեսուայ -ին։

Նիւթական սղաճը ու ներդրումնրդ քեզ տակնուվրայ կ՚ընեն՝ Հեռաձայնէ Մարկ. 10:17-31 – ին։

Ճնշուած վիճակ մը ունիս՝ Հեռաձայնէ Սաղմ. 27 – ին։

Մարդկութեան հանդէպ հաւատք կը կորսնցնես ՝ Հեռաձայնէ Ա. Կորնթ. 13 – ին։

Այնպէս կը թուի քեզի, որ մարդիկ բարեկամական հեցուածք չունին՝ Հեռաձայնէ Յովհ. 15 – ին։

Յոյսդ կը կորսնցնես՝ Հեռաձայնէ Սաղմ. 126 – ին։

Կ՚ուզես պտղաբեր դառնալ՝ Հեռաձայնէ Յովհ. 15 – ին։

Պօղոս Առաքեալին երջանկութեան գաղտնիքը կ՚ուզես իմանալ՝ Հեռաձայնէ կողոսացիս 3:12-17 – ին։

Պատեհութիւններ կը փնտռես՝ Հեռաձայնէ Եսայեայ 55 – ին։

Մարդոց հետ կ՚՚ ուզես բարւոք յարաբերութիւններ մշակել՝ Հեռաձայնէ Հռոմ. 12 – ին։

Փոխընտրեալ Թիւեր

Յաղթահարելու վախին՝ Հեռաձայնէ Սաղմոս  3:4 – ին։

Ապահովութեան համար՝ Հեռաձայնէ Սաղմոս 121:3 -ին։

Վստահութեան համար՝ Հեռաձայնէ Մարկոս 8:35 -ին։

Վերավստահութեան համար՝ Հեռաձանէ Սաղմոս 145:18 -ին։ 

Վերոյիշեալ բոլոր թիւերը կրնաս ուղղակի հեռաձայնել, կարիքը չունիս միջնորդի օգնութեան։ Դէպի երկինք սլացող բոլոր գիծերը օրական 24 ժամ բաց են երբ հաւատքդ սնուցանես՝ կասկածը սովամահ պիտի ըլլայ։"

Պատրաստեց՝ Կ.Տ.Ե.

 

No comments:

Post a Comment