V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, July 26, 2023

Դէպի Ճամբան Երկինքի

 Շնորհակալութեամբ զարմիկիս՝ Միսաք Աբէլեանին որ գուրգուրանքով խնամեց ծնողքիս տունը անոնց ողջութեան ապա պահեց իր քովը տան մէջ մնացած անձնական թղթակցութիւնները։ Կը մէջբերեմ այդ հաւաքածոյին։ Լոս Անճէլոս, Քալիֆորրնեա

 *****

Այս քերթողութեան փղձկումը ունեցայ երբ մեր գերեզմանները գնեցինք. Որպէսզի ինչպէս այս կեանքի գնացքին, նաեւ երկնքի ճամբորդութեան պարագային կարելի եղածին չափ քիչ դժուարութիւն բաժին դարձնենք մեր յետնորդներուն ու անոնց օժանդակողներուն։

Դէպի տուն վերադարձին գրի առի այս տողերը ու տան մէջ միջոցիկ մը կոկեցի, դասաւորեցի ու այս փոքրիկ շրջանակով բազմագրեցի։

Եթէ յարմար տեսպուի թաղման առիթով բաժնել ներկաններուն, որոնք հարկաւ զիս գնահատողներ պիտի ըլլան, ապա թէ ոչ փճացնել, թափել, այրել։

Կեանքն ու մարդիկը միշտ

Նոյն սիրովը սիրած՝

Զուարթ Աբելեան

(Սեպտեմբեր 2, 1924 (Քէորքիւնա) – Յունուար 31, 2017 (Լոս Անճէլոս))




No comments:

Post a Comment