V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Friday, December 9, 2022

Օտարերէն կը մտածեն եւ օտարերէն կը գրեն:

 Արմենակ Եղիայեան

«Ազդակ»-ին

Զհաց մեր հանապազորդ տո՛ւր մեզ այսօր...

Թերթիդ այսօրուան (8/12/22) թողարկումին մէջ կը գտնենք՝

***

«Պուճիքանեանի կեցուածքները միայն ինքզինք կը ներկայացնեն» (էջ 1, ա. սիւնակ):

Ինքզինքը այս պարագային կը բնորոշէ  կեցուածքները ենթական:

Ճիշդ ինչպէս եթէ ըսեմ՝ «Թորոս ինքզինք կը ներկայացնէ»,-- ներկայացուղը եղաւ Թորոս ենթական: Դուք կ’ուզէք, որ ան ներկայացնէ Պուճիքանեանը, ուրեմն պարտիք գրել՝

--Պուճիքանեանի կեցուածքները միայն զինք կը ներկայացնեն»:  

***

Ինծի չի հետաքրքրեր (անդ):

Հետաքրքրել ներգործական է. ուրեմն հայց. հոլով կը պահանջէ՝ «զիս չի հետաքրքրեր»:

***

«Պիտի չխոչընրոտէ Քիեւին...»( էջ 8):

Նոյն սխալը՝ բայը ներգործական է, ուրեմն հայցական հոլով կը պահանջէ՝ Քիեւը:

***

«Ապահովական մարմինները կը փնտռեն, եթէ Ռուսիան ...որեւէ կապ ունի» (էջ 2, ա. սիւնակ): 

Եթէ-ն օտարաբանութիւն է, յատկապէս՝ ֆրանսաբանութիւն՝ si,  կամ անգլիաբանութիւն՝  if: Ճայերէնը կ’ըսէ թէ՝ « կը փնտռեն, թէ  Ռուսիան...որեէւ կապ ունի՞»:

Ռուսիան ալ պէտք է ըլլայ Ռուսիա՝ առանց  ն յօդի, որ քաղաքական էջերուդ հիւանդութիւնն է, որ... վարակիչ ու խաթարիչ  ըլլալու բոլոր նշանները ցոյց կու տայ:

***

«Պասիլ կը բարձրացնէ առաստաղը...» (անդ, բ. սիւնակ):

Օտար դարձուածքները այսպէս բառացի ոչինչ կը նշանակեն. պէտք է դնել անոնց հայեցի համարժէքը: Հաւանաբար պէտք է ըսել՝ «կ’աւելցնէ իր պահանջները» կամ «աւելի պահանջկոտ կը դառնայ»:

***

Մի՛ ըսէք ու գրէք օրուընէ. հայերէն չէ եւ շատ գռեհիկ է:

Հայերէնն է օրէ(ն). այսպէս էր գրաբարի մէջ, այսպէս է աշխարհաբարի մէջ  եւս:

***

«Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Յորդանան կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին իր խօսքը ուղղելով լիբանանցի պատասխանատուներուն ըսաւ» (անդ, բ. սիւնակ):

Իր դերանունները աւելորդ են, մասնաւորաբար  երկրորդը, որ ականջ կը ծակէ:

Երբ Պատրիարքը այցելութիւն կը կատարէ,  այդ այցելութիւնը չի կրնար ուրիշինը ըլլալ ու մանաւանդ երբ այնտեղ խօսք խօսք կ’ուղղէ, չի կրնար ուրիշի մը խօսքը ուղղած ըլլալ:

ԸՆթերցողը ապուշի տեղ պէտք չէ դնել:

Օտար լեզուները, յատկապէս ֆրանսերէնն ու անգլերէնը ստիպուած են դնելու այս երկու դերանունները, այդպէս է իրենց կառոյցը, հայերէնը չի դներ զանոնք, պէտք չունի դնելու, այս ալ մե՛ր լեզուին  կառոյցն է եւ ունեցած գերակայութիւնը օտարին հանդէպ:

ԿԸ մնայ որ հայու պէս մտածենք ու գրենք:

Ձեր աշխատակիցները օտար լեզուներուն աւելի վարժուած ըլլալ կը թուին:

Օտարերէն կը մտածեն եւ օտարերէն կը գրեն:

No comments:

Post a Comment