V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Monday, December 12, 2022

Իսկ տնտեսութիւնը ամենէն............

Վահէ Յ. Աբէլեան


Կարդացի որ այս Ազգային Ընդհանուր Ժողովի նիստերէն ետք, երէկ, Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2022-ին, Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցած է լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանը իսկ մեր ժողովուրդին իր Հայրապետական պատգամը տուած է Նորին Ս. Օծութիւն Արամ Կաթողիկոսը՝ իբրեւ բնաբան ունենալով «Տուր զհամար տնտեսութեան քո» (Ղկ 16.2) աւետարանական համարը՝ «Ուստի կանչեց զանիկա ու ըսաւ անոր. ‘Ի՞նչ է այս որ քեզի համար կը լսեմ։ Քու տնտեսութեանդ հաշիւը տուր, վասն զի ա՛լ չես կրնար տնտես ըլլալ։» 

Ապա իր խօսքին մէջ Հայրապետը նշած է ըսելով՝ «Երբ կ՚ըսեմ հաշուետուութիւն, պէտք չէ զայն միայն նիւթական իմաստով ըմբռնել։ Հաշուետուութիւն ամէն իմաստով՝ բարոյական, հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային, իսկ տնտեսականը ամէնէն վերջինը։» 

Յիշեցի ուրիշ պարագայ մը։ Տարիներ առաջ, Լիբանանահայութեան մասին տեղեկութեան մը ներկայ գտնուեցայ։ Մասնաւորաբար ուշադրութեանս առարկայ դարձաւ հետեւեալը՝ ակնարկելով գաղութի վիճակին, տեղեկատուն բառացիօրէն ըսաւ՝ «Ամէն բան լաւ է, բացի տնտեսութիւնէն։»

Կը նշեմ այս երկու պարագանները որոնք իրարմէ քանի մը տասնեակ տարիներու տարբերութեամբ ըսուած  կամ գրուած են, քանի որ Արեւմուտքի ընկալութեամբ ոչ մէկ բան լաւ կրնայ ըլլալ, եթէ տնտեսութիւնը լաւ չէ։ Այսպէս Արեւմուտքի քաղաքականութեան հիմնական մղումը՝ տնտեսութիւնն է։ Չմռռնանք որ երկու աշխարհամարտերուն իրար բզկտած Եւրոպական պետութիւնները այժմ միացեալ ճակատ մը ստեղծած են իրենց տնտեսական բարօրութիւնը ապահովելու համար։

Գալով մեր իրողութեանը՝ կը հաւատամ որ տնտեսականն ալ հոգեւոր, մշակույթային եւ ազգային վիճակներուն չափ անհրաժեշտաբար կառեւոր է։ Եթէ կան ոմանք կը մտածեն որ իրապէս տարբեր արժեչափեր կան  եւ բարոյական, հոգեւոր, ազգային, մշակութային արժէքները նախապատուութիւն ունին եւ ամենէն վերջին տնտեսականն է, չեմ առարկեր, բայց չեմ արձականգեր։

Չեմ առարկեր բայց ուշադրութեան կ՚ուզեմ յանձնել  տնտեսութեան հետեւեալ երկու նախադրեալները։ Առառաջինը՝ իմ դատումովս Յիսուս գնահատեց տնտեսութիւնը եւ տնտեսութիւն տնորինողը եւ չգնահատեց տնտեսութիւնը ամլացնողը՝ կարդալ Աւետարան ըստ Մատթիոսի մէջ յիշուած տաղանդներուն առակը։ Հարցը տնտեսութիւնը չէ, այլ տնտեսութեան տնորինումը, բայց եւ այնպէս տնտեսութեան տնօրինում չի կրնար ըլլալ, եթէ տնտեսութիւն չկայ։

երկրորդ՝ արժեւորելու չափանիշներն են։ Բարոյականը, ազգայինը, մշակոյթայինը արժեւորելու չափանիշը կամ չափամիշերը ենթակայական են, իսկ նիւթականը պարզապէս թուակագրական է։ 

Բայց սփիւռքահայ իրողութեանը մէջ, այդ պարզ թուակագրական տեղեկութիւնները, որոնք հիմնաքարերն են տնտեսութեան հաշուետուութեան, ընդհանրապէս, բացառելով երեւելիները, այդքան ալ թափանցիկ չեն։ Թերեւս անոր համար որ հաշուետուութիւնը նախ  բարոյական, հոգեւոր, ազգային, մշակութայինն են, իրենց ենթակայական չափանիշներով եւ նախապատուութիւնը ունին. իսկ տնտեսակա՞նը` որուն հաշուետուութիւնը պարազապէս թուային է, ան ալ ամենէն....... վէրջինն է, թերեւս անոր համար որ հաշուապահերուն սուղ ժամանակը «չեն արդարացներ»։

 

 

 

 

 

 

 

No comments:

Post a Comment