V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, December 1, 2022

Այս բաները միայն արեւմտահայ իրականւթեան մէջ կրնային պատահիլ

Տեղադրած եմ Արմենակ Եղիայեանին՝ «Հայերէնը կը զուարճանայ», թիւ  45 նկատողութիւնը որ յղած էր իր բարեկամներունշ Դեկտեմբրեր 1, 2021-ին։

1.Գօս-գոշ, քոս-քօշ

 Բառերն ալ մարդոց պէս ժամանակին ընթացքին կը սկսին մոռցուիլ ու դուրս գալ գործածութենէ: Այնուհետեւ ատեն մը կը քաշքշուին  բառարաններու մէջ, օր  մըն ալ անկէ եւս... կ’արտաքսուին, ու վերջ կը գտնեն հազարամեայ հաւաքական ճիգերով գոյացած, փայփայուած, հաւատարմօրէն ծառայած  լեզուական տարրեր: 

 Հարց է, թէ տուեալ լեզուն կիրարկողները իրապէս կը յաջողի՞ն նորը դնել այդ- պիսիներուն տեղը: Իսկ եթէ պիտի դնէին, հապա ինչո՞ւ  հրաժարէին եղածէն:

 Օրինակ՝ ինչո՞վ փոխարինած ենք շրշիւն-շրշել բառը, որ ատեն մը ապրած է  աշխարհաբարի մէջ ալ, ինչպէս տեսանք  Պետրոս Դուրեանի   «Յուշք»-ին մէջ. 

 «Երբ շրջազգեստ մը շրշէ, 

 Իմ մաշած սիրտը յիշէ»: 

 Այլեւ  Գ. Զոհրապի կիրարկութիւնը  «Մամայիդ բարեւ ըրէ»-ի մէջ. 

 «Եւ ահա շրջազգեստի շրշիւն մը կը լսեմ ետիս»:

                                                            *   *   *

 Մօտաւորապէս, եթէ ոչ բոլորովին, նոյն ուղիին վրայ գտնուող չորս բառեր, որոնց նշանակութիւնը կը խուսափի միջին հայուն գիտակցութենէն եւ որոնք ենթադրաբար օր մը պիտի ենթարկուին   շրշիւն-ի բախտին:

 --գօս

 Դասական բառ է. «Նոր հայկազեան»-ը  կու տայ «չոր, ցամաքեալ՝ իրօք կամ նմանապէս, այսինքն՝ փոխաբերական նշանակութեամբ, չորցած, գուրումուշ»:

 Նաեւ՝ «Նիւթ փայտից յորժամ ցամաք է  եւ գօս եւ չոր», – ուր փայտ կը նշանակէ «ծառ»:

 Կը բնորոշէ ջուրի պակասէն կամ երաշտէ չորցած բուսականութիւնը, սակայն փոխաբերաբար նաեւ մարդկային՝ գործածութենէ զրկուած անդամները, յատկապէս ձեռքը կամ ձեռքին մատերը: 

 «Զխեղ եւ զգօս եւ զլուծեալ անդամսն»,– այսինքն՝ խեղած, գօսացած եւ  թուլացած անդամները»:

 Դուրեան ունի հետեւեալ կիրարկութիւնը.

 «Հէգ մարդկութեան մէկ ոստը գօս՝ 

 հայրենիք մը ունիմ թշուառ...»:

 Ուր գօս կոչուած է հայրենիքը, այսինքն՝  վտիտ, տկար, խեղճ, աննեցուկ:

 --գոշ

 Նմանապէս աւանդուած է «Նոր հայկազեան»-էն, կը նշանակէ նօսր մօրուք ունեցող կամ մօրուքէ բոլորովին զրկուած. այսպէս կոչուած է Ժբ. դարու «Դատաստանագիրք»-ի հեղինակը՝ Մխիթար Գոշը: Ոմանք կը գրեն օ-ով, ինչ որ յանձնարարելի չէ,  քանի որ բառս  փոխառութիւն է պարսկերէն kōsa-էն,  որուն ō տառը հայերէն ո կամ ոյ կու տայ առհասարակ: 

 Հոմանիշ է քարց  ածականին, որ իր կարգին շատ գիտակցուած բառ մը չէ:

 Ծանօթ.–  Գոշ-ը միաժամանակ ամփոփումն է գորշ ածականին, որ կը նշանակէ «սեւի ու սպիտակի խառնուրդ», օրինակ՝ գորշ երկինք: Ուրիշ բառեր ալ շ-էն առաջ կորսնցուցած են իրենց ր հնչիւնը. օրինակ՝ գարշ-գաշ, խարշ-խաշ, կարշ(նեղ)-կաշ(մբուռն), քարշ-քաշ եւ այլն:

 --քոս

 Կը նշանակէ՝ ա) թարմ վէրքի վրայ կազմուող ու զայն պաշտպանող ժամանա- կաւոր կեղեւ, որ լման սպիացումէ ետք կը թափի, բ) մորթային վարակ մը, որ պզտիկ բշտիկներ կը կազմէ ու շատ կը քերուի, գ) մանրէ մը, որ կը յարձակի մազոտ մորթին, մասնաւորաբար մօրուքին, եւ շրջանակաձեւ կը փճացնէ մազերը:  

 --քօշ

 Կը նշանակէ «արու այծ», այլ անուանումով՝ նոխազ, քաղ: 

 Բայց ահա կ’ըսենք՝ քաւութեան նոխազ,  չենք ըսեր՝ քաւութեան քօշ կամ քաղ: 

 Հետաքրքրական է, թէ ինչո՛ւ հայը երեք տարբեր բառերով բնորոշած է նո՛յն անասունը: 

 2.Բշտիկ եւ փշտիկ 

 (ֆր.՝ pustule, bouton, անգլ.՝ blister)

 Ահա երկու բառաձեւեր, որոնք կը բնորոշեն... նոյն հասկացութիւնը արեւմտա-հայ բոլոր բառարաններուն մէջ եւ մօտաւորապէս նոյն սահմանումով.

 «բշտիկ  – փոքր ռւռեցք երեսի, ձեռքի  վրայ. ջրալից  պալար, գապարճըգ»

 «փշտիկ – պզտիկ պարկ, մանրիկ ուռեցք՝ հեղուկով լեցուն, խաշ, պաղպաջ»   

 Տարբեր բան մը ըսուա՞ծ է, նոյն բանը չե՞ն ասոնք:

  Հիմա երեւակայեցէ՛ք, որ դուք հայոց լեզուի ուսուցիչ էք եւ պիտի ընտրէք ու մէկէն մէկը  պիտի թելադրէք  ձեր աշակերտներուն. ի՞նչ պիտի ընէք եւ ինչպէ՞ս պիտի ընէք: Ո՛րն ալ ընտրէք, անպայման պիտի գտնուին ուրիշներ, որոնք ձեզմէ տարբեր պիտի ընտրեն, երբեմն նո՛յն դպրոցին մէջ, ա՛լ չեմ ըսեր տարբեր դպրոցներու մէջ եւ ցամաքամասերու վրայ,  եւ պիտի յառաջանայ... ուղղագրական խառնարան մը եւ թափթփածութիւն մը, որոնց պատասխանատուն դուք չէք. դուք միայն զոհերն էք, ձեզի հետ ալ ձեր աշակերտները՝ ազգին զաւակները: Պատասխանատուն...  բառարանա- գիրներն են, իսկ անոնցմէ վեր՝ կրթական իշխանութիւնները, որոնց վիզին պարտքն էր բիւրեղացնել նման շփոթներ, այլեւ մեր ամբողջ ուղղագրութիւնը:  Նման պատասխանատւութեան մը գիտակցութիւնը միշտ ալ բացակայած է արեւմտահայ իրականութեան  մէջ ու կը շարունակէ բացակայիլ:

 Մերոնք ամէն բանի սիրտ ունին՝ բացի իրենց առաքելութենէն:

 Իսկ այնքան դիւրին էր չիյնալ այս խառնարանին մէջ: Որովհետեւ մեր բոլոր բառարաններն ալ ունին բուշտ բառը՝ ճիշդ այսպէս գրուած, իսկ բշտիկ-ը ասոր նուազականն  է: Այսքանը կրնար նկատել որեւէ սրտցաւ պատասխանատու եւ օրին հաստատել բառիս ուղղագրական ցանկալի միօրինակութիւնը:

 Իսկ արեւելահայ բառարանները ունին մի՛այն...  բշտիկ: 

 Էդ. Աղայեան մինչեւ անգամ գրած է՝ «բշտիկ – նուազական բուշտ-ի»: 

 Ծանօթ.– Հնարուած է  փշտել բայ մըն ալ, որ կը նշանակէ  «փշտիկներ» կազմել.

 --Ոտքերուն մորթը կը փշտէր, երբ կոպիտ կօշիկներ հագնէր (Զ. Եսայեան):

 --Ծովի կանաչ երեսը կ’ուռի շարունակ, կը փշտէ ամէն կողմէ, անհամար պալարներով, որոնք մի առ մի կը պայթին (Գ. Զոհրապ):

 Այս բաները միայն արեւմտահայ իրականւթեան մէջ կրնային պատահիլ:

 

 

No comments:

Post a Comment