Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը այսոր իմացուց որ մօրս իւղանակարը, որ գծած էր իր եղբօր աղջիկը՝ Աննի Հոկլինտը (Annie Hoglind), պիտի զետեղուի Խորեն եւ Շուշանիկ Ավետիսյան Դպրոցի գրադարանին՝ Արեւմտահայ գրականութեան նուիրուած բաժինին մէջ։
Տիկ. Զուարթ Աբէլեանը հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանեց աւելի քան կէս դար։ Երջանակայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ Տիկին Զուարթին շնորհած Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանին ընկերացող կոնդակին մէջ այսպէս կը բնորոշէ ուսուցչուհիին կրթական վաստակը՝ «եղաք մշտարթուն պահակ եւ թոյլ չտուիք որ. Աւետարանական պատկերացումով՝ որոմ ցանուի Ս. Մեսրոպի ցորենի դաշտին մէջ։ Մաքուր ու ընտիր պահեցիք հայոց լեզուն ձեր շրթներուն եւ մատներուն վրայ։ Յեր խօսքն ու գիրը ջինջ ու հարազատ հայելին եղաւ հայ լեզուին։»
Մէջբերուած հատուածները հաւաքած եմ Տիկ. Զուաթ Աբէլեանին «Ես եւ Ուսուցչութիւնը» գիրքէն։ Վահէ Յ. Աբէլեան
«Ես Ծնած էի Ուսուցիչ»
«Ինքս չէ որ որոշեցի ուսուցիչ դառնալ։ Ես՝ ծնած էի ուսուցիչ։ Մեծցած եմ գիւղի հանդարտիկ շրջապատին մէջ։ Հազիւ 12 տարեկան գիւղի փոքրիկներուն համար ամառնային դպրից կը բանայի ու մի քանի շաբաթներ զնոնք կը զբաղցնէի։ Աւելի ուշ՝ 13-14 տարեկան պարմանուհի մը, մեր գիւղի եկեղեցիին օգնելու համար, թատերախաղեր կը ներկայացնէի։ Ես յուշարարը կը դառնայի։ Բացականներուն դերերն ալ ես կը կատարէի փորձերուն միջոցին, զոր ընդհանրապէս եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուէր։ երբեմն ալ մեր տան մէջ։»
«Ո՞վ է Ուսոցիչը»
«Եւ Վերջապէս, իրաւ ուսուցիչը (Օշականեան իմացումով) կերտուած է իր եւ իր աշակերտին համաքործակցական մշակումով՝»
«Ի՞նչ է Ուսուցչութիւնը»
«Շատ դժուար արուեստ է ուսուցչութիւնը։ Որպէս պատահական ասպարէզ անոր մոտեցող ուսուցիչը ձախողած է ուշ թէ կանուխթ»
«Ես եւ Ուսուցչութիւնը»
«Ես եւ «ուսուցչութիւնը» իրար հանդիպեցանք դեռ շատ պատանի մեր տարիքին, ու....սիրեցինք զիրար։ Իտեալ այդ սիրոյ տեղը չկրցաւ գրաւել եւ ուրիշ ո՛չ մէկ սէր. մնացինք հաւատարիմ՝ անհաւատալի չափանիշով։»
«Ազնուագոյն ու վսեմագոյն Ասպարէցը»
«Ես ունիմ հաստատ համոզումը որ՝ լաւագոյն, ազնուագոյն ու վսեմագոյն ասպարէզը ընտրած եմ։ Ճի՛շկ ու պատուաբեր պատուանդանին վրայ եղած եմ մի՛շտ։ Երջանի՛կ, գո՛հ, ու տեւաբար պատրաստ երկրորդ մղոնին համար։ Հպարտ եղած եմ իմ ասպարէզով։ Ես ուխտաւորն եմ այս կալուածին։»
«Միշտ Աշակերտը»
«Այս կերպ անանուն բոլոր խռովքներուն ու ցաւոտ ժամերս խնդութեան վերածողը եղած է միայն ու միայն աշակերտը, եւ մի՛շտ աշակերտը, եւ մի՛շտ աշակերտը։ Գրեթէ անկարելի կ՚ըլլայ թուել դէպք մը, որով աշակերտը ինծի համար տառապանք ստեղծած ըլլար։ Այս ժամանակամիջոցին, մենք կրցանք դառնալ աշակերտ-ուսուցիչ բարեկամներ, ու ջանացինք տեսնել աշակերտին մէջ եւ մտքի տղան, եւ՛ւ կեանքի տղան, ե՛ իտիալին աղջ՚իկը, ե՚ւ տան մը բարի հարսը կամ տանտիկինը։»
«Չար չէ Աշակերտը»
«Ընդհանրապէս չար չէ աշակերտը, այլ չարացած է զինքը ճանչնալու անատակ եղողներուն դէմ, ըլլան անոնք ծնողք, ուսուցիչ, թէ դասընկեր։»
Յօն իմ Աշակերտներուս»
«Ուր որ էք դուք, հազարաւոր-հազարաւոր իմ աշակերտներ, թող ձեր կեանքը ըլլայ դիւրասահ։ Ձեր ճակատները չակօսուին թող անցաւոր ու մերթ ցաւոտ այս կեանքի մտահոգութիւններով։ Դուք լաւն էք, էիք, ու կը մաղթեմ որ դուք ձեզ գտնէք ձեր զաւակներուն մէջ։ Տէրը օրհնէ ձեզ։»
No comments:
Post a Comment