Կցած եմ երկու նամակներ, կամ տեղադրութիւններ, որոնք լոյս տեսան այս շաթաթ համացանցին վրայ։ Եկուքն ալ խորքով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմակերպութեան հետ առընչուած են, բայց կը տարբերին հանրութեան ներկայացնելու ոճով եւ ձեւով։
Անոնցմէ մէկը գրած է վաստակաւոր կուսակցական Mihran Kurtoglian-ը։ իսկ միւսը կը նշէ որ գրուած է խումբի մը կողէ որուն անդամները կը մնան անանուն բայց ամէն հաւաստաիացումով կը պատկերացնեն որ իրենք ալ նմանապէս կուսակցականներ են։ իրենց նամակը լոյս տեսաւ Keghart.com կայքէջին մէջ։ Տեղադրուած նկարը անկէ փոխ առած եմ։
Այդ երկու նամակներէն մին գրուած է խնամուած ոճով, ճոխ եւ յղկուած հայերէնով եւ բուանդակութեամբ ալ խոր է։ Իսկ միւսը գրուած է առօրեայ Հայերէնով, ընդհանրական է իսկ բուանդակութիւնը կ՚ակնարկէ երեւոյթներու որոնք կը նշէ որ պատահած են Հալէպ, Ամերիկայ եւ Հայաստանի եւ այլուր։
Բայց այդ երկու նամակները որքան որ իրար կը հակադրեն իրենց ոճով, լեզուով, բայց եւ այնքան ալ իրար կ՚ամբողջացնեն։ Այդ երկու նամակներ գրողները կը պատկանին նոյն կազմակերպութեան եւ կը ցոյց կուտամ որ որքան լայնածաւալ ընկերային խաւերու ներկայացուցիչներն են որոնք մեկտեղուած են նոյն կուսակցութեան մէջ։
Նամակագիրներէն մին խիզախօրէն եւ բացայայտօրէն կը մեկնաբանէ, իսկ միւս նամակը գրողները երկչոտ են, չեն համարձիր իրենց անունները նշել եւ կը մնան թագնուած որպէս խումբ մը կուսակցականներ։ Բայց երկու նամակներուն նամակագիրները, մանաւանդ անանուն խումբի անունով գրողները պէտք է որ ընկալուին գնահատանքով եւ ապահով ըլլալու հաւաստիացութեամբ։
Եթէ կարդաք այդ երկու նամակները որոնք կցած եմ ներքեւը, պիտի կարենաք հակադրել նամակագրողները եւ համադրել նամակներուն բուանդակութիւնները եւ անկասկած որ պիտի գնահատէք եւ պէտք է որ գնահատէք այդ երկու նամակներուն նամակագրողները իրենց նախաձեռնութեանը համար։ Անոնք իրենց կազմակերպութեան հանդէպ անտարբերներ չեն բայց որդեգրած են հանրութեան ներկայանացնելու տարբեր ձեւեր։
Վանէ Յ. Աբէլեան
*****
Հ.Յ.Դ.ի երկարակեցութեան երաշխիքը
Տարօրինակ չէ, որ մարդիկ հարց տան, թէ ինչպէ՞ս ժամանակի (արդէն 132 տարի) ու անսահման տարածութեան մէջ (աշխարհամասեր) ամէն տեսակ դժուարութիւնները յաղթահարելով կուսակցութիւն մը իր գոյութիւնը կը պահէ ու կը շարունակէ գործել հաւատքով եւ կը հետապնդէ «անկարելի» համարուող այնպիսի նպատակներ, որոնք շատերու համար իրագործելի չեն, երազային են : Գիտենք նաեւ, թէ իրական աշխարհի մէջ ոչինչ կայ, որ ենթակայ չըլլայ մաշումի, նոյնիսկ գաղափարները...:
Այս հարցումին պատասխան-բացատրականը այնքան ալ պարզ չէ: Բայց ես համոզուած եմ, որ Դաշնակցութեան երկարակեցութեան գաղտնիքը ի շարս այլոց, կարելի է խտացնել հետեւեալ արժէքներու մէջ.
Ա) Մթնոլորտը.
Դաշնակցութեան իւրայատուկ մթնոլորտն է ան, որ սոսկական կուսակցութեան մը հանգամանքէն անդին զինք կը վերածէ միեւնոյն դրօշին տակ ու միեւնոյն նպատակներով իրարու միացած ուխտեալ անդամներու ամբողջութեան, որ կառչած կը մնայ կուսակցութեան հաստատած ու աճեցուցած բարոյական սկզբունքներուն, ըմբռնումներուն:
Դաշնակցութեան ուժը նուազ չափով իր կառոյցին մէջն է կամ ծրագրին ու կանոնագրին, որոնք մնայուն ալ չեն, ժամանակի ու պայմաններու բերումով կը վերամշակուին , կը փոխուին: Կազմակերպութեան մը իսկական ուժն ու տեւելու կենսունակութիւնը կը գտնուին անոր բարոյական արժէքներուն մէջ, որոնք կը պահպանուին, տարիներու երկայնքին կը հարստանան ու կը կուտակուին ընդհանրապէս շարքերուն եւ յատկապէս ղեկավար ու մտաւորական տարրին վարքուբարքով: Մշտատեւ ձգտումով՝ ըլլալու համար ասպետական ու համեստ, ընկերասէր եւ սկզբունքային, անկաշառ ու արդարութեան հետամուտ, ազնիւ ու ծառայասէր, հաւատաւոր, նուիրաբերող...:
Գիտենք նաեւ, որ բարոյականութիւնը կը դրսեւորուի եւ կը բիւրեղանայ անձէ-անձ, անձէ-խումբ, խումբէ-մարմին ու մարմինէ-մարմին յարաբերութիւններու ընդմէջէն:
Բ) Ազգ եւ հայրենիք.
Դաշնակցութեան համար բոլոր արժէքներուն գերագոյնը, սրբութիւն սրբոցը հայ ազգն է ու հայուն հայրենիքը, որոնց համար ալ արդէն ծնունդ առած է ան: Այս երկու հասկացութիւնները՝ ազգն ու հայրենիքը միաձուլուած են այնքան, որ առանց մէկուն անըմբռնելի է միւսը: Հ.Յ.Դ.ի տեսաբաններէն Վահան Նաւասարդեանի դիպուկ բանաձեւումով՝ հայրենիքը առարկայացած ազգն է, իսկ ազգը՝ ոգեղինացած, կենդանութիւն ստացած հայրենիքն է...: Այս միաձուլուած իմացութեան անքակտելի մասն է Դաշնակցութիւնը, «միսը միսէն, ոսկորը ոսկորէն»: Սերտեցէ'ք կուսակցութեան պատմութիւնը եւ պիտի տեսնէ'ք, որ ան նոյնինքն հայոց պատմութիւն է :
Բաւ է միայն մտաբերել Դաշնակցութեան ծննդոցին երկունքը: Ծննդավայրը Թիֆլիսն էր, ուր կենցաղային պայմանները յարաբերաբար տանելի էին: Հոն, հիմնադիրները կ'ընտրէին յեղափոխութեան կրակէ ճամբան, անհաւասար ուժի դէմ կեանքի ու մահուան կռիւի մէջ նետուելու վճիռը կու տային ոչ թէ իրենց հաշւոյն, այլ թրքական տիրապետութեան տակ տառապող հայութեան ի խնդիր: Ծննդեան այս երկունքին մէջ հզօր բարոյականութիւն կայ արդէն , որով , այդ երկունքէն ծնողը չէր կրնար տարբեր ըլլալ, քան ինչ որ եղաւ ու է' Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, որուն մեծ ու փոքր բոլոր նպատակներն ու գործունէութիւնը զսպանակուած են ու չեն դադրիր մղում առնելէ հայութեան շահերէն եւ ընդմիշտ սեւեռուած կը մնան՝ ազգին ու հայրենիքին վրայ:
Գ) Հերոսութեան գաղափարը.
Դաշնակցութեան համար մնայուն արժէք է հերոսութեան գաղափարը, ոչ միայն իբրեւ արարք, այլ նաեւ ու մանաւանդ իբրեւ վիճակ: Արարքները կրնան հերոսական ըլլալ, բայց անոնք անպայման հերոսութիւն չեն: Իրաւ հերոսութիւնը վիճակ է, ըլլալ է եւ ոչ թէ միա'յն հերոսական արարք : Այնպէս, ինչպէս սրբութիւնն է, սուրբ ըլլալն է: Պատկեր մը՝ իբրեւ օրինակ. Հանգիստի համար ֆէտայական խումբը մարանի մը մէջն է: Մատնութեան հետեւանքով մարանը կը պաշարուի թուրք զինուորներէ: Ֆէտայիները իրար կ'անցնին, ընդոստ կը ցատկեն, որ հրացանները առնեն ու դիրքեր բռնեն: Ճիշդ այդ պահուն, Ֆէտայի Չոլոն, ամէնէն տարեցը, սիկարէթ փաթթելու վրայ է: Կը շարունակէ սիկարէթը փաթթել եւ միւսներուն հանդարտ կը յորդորէ «տղա'ք, մի' իրար անցնիք...»: Չոլոյի այդ հանդարտութեան ու կարճ նախադասութեան մէջէն կը ցոլայ հերոսութեան խորքային ՎԻՃԱԿԸ, առանց հերոսական արարքի: Այսինքն՝ մնայուն տրամադրուածութիւն մը՝ նպատակի մը իրագործման ճամբուն մէջ ըլլալու միշտ, ինչ գին ալ որ պիտի արժէ ան: Այս առումով, թէ' ազատագրական կռիւներու ընթացքին ու անոր զուգահեռ եւ թէ' անկէ ետք սփիւռքի մէջ՝ Դաշնակցութեան հարստութիւնը անչափելի է զէնքի, մտքի ու քրտինքի հերոսներով:
Դ) Մշակոյթ
Դաշնակցութեան համար անփոխարինելի արժէք է մշակոյթը: Պատահական չէր, որ ազատագրական պայքարի ամէնէն եռուն շրջանին իսկ, երբ մտքերու վրայ կը վեհապետէին զէնքն ու հրացանը, Դաշնակցութեան զինանշանին վրայ հաւասարարժէք իրարու կ'ագուցուէին յեղափոխութեան եւ մշակոյթի խորհրդանիշերը՝ դաշոյնն ու փետրագրիչը: Զէնքը ահաւոր գործիք է, եթէ անոր չընկերանայ գաղափարը: Եւ գաղափարները կը ժողովրդականանան մշակոյթով ու մշակոյթով է, որ ժողովուրդը զարգացման աստիճաններէն վեր կը բարձրանայ: Ահա թէ ինչու սփիւռքի մէջ Կուսակցութիւնը յատկապէս նուիրուեցաւ մշակութային աշխատանքի: Զարկ տուաւ դպրոցաշինութեան, ստեղծեց մամուլ ու հրատարակչատուներ, հիմը դրաւ մշակութային միութիւններու, կառուցեց ակումբ ու հաւաքատեղիներ, կազմեց պատանեկան ու երիտասարդական միութիւններ, կազմակերպեց գաղութային ու համագաղութային բանակումներ, ինչպէս նաեւ այլ նախաձեռութիւններ, որոնք իբրեւ ջերմանոցներ հայկական մշակոյթով սնուցին իրերայաջորդ սերունդներ: Անոնց միջոցով եւ մշակոյթի ճամբով է դարձեալ, որ սփիւռքեան գաղութներու մէջ կարելի եղաւ սերունդին համար ստեղծել հոգեկան հայրենիք եւ սերունդը ապրեցաւ իրական հայրենիքի կարօտով: Մենք ժամանակակից ենք ու վկայ, թէ ինչպէս սփիւռքի մէջ ծնած, հայրենիք չտեսած, բայց դաշնակցական շունչով սնած-աճած երիտասարդներ գաղտնի խումբեր կազմելով, իբրեւ արդարութեան մարտիկներ կամ յեղափոխական բանակ, ի խնդիր հայրենիքի ու հայութեան՝ իրենց ընդհատակեայ պայքարով քանդեցին լռութեան պատը եւ այժմէական դարձուցին մեր պահանջատիրութիւնը: Այո', մշակոյթը անպարտելի զէնք է բոլոր ժամանակներու համար եւ բոլոր բնագաւառներու մէջ:
5) Աշխատանքի դրութիւն.
Դաշնակցութիւնը իբրեւ կանոնագրային հիմնական սկզբունք ի սկզբանէ որդեգրած ու պահպանած է ապակեդրոնացումով գործելու դրութիւնը, որ կազմակերպութեան միաւորներուն կու տայ ինքնուրոյնութիւն, անոնց կուտայ աշխատանքի թափ, ծրագրելու եւ նախաձեռնութիւններ առնելու եռանդ, ինչպէս նաեւ տուեալ շրջանի քաղաքական ու ընկերային պայմաններուն եւ միջավայրի ընձեռած կարելիութեանց համեմատ հերթական անհրաժեշտութեան ըմբռնումով որոշում կայացնելու ճկունութիւն:
Անառարկելի է, որ ապակեդրոնացման դրութիւնը մեծապէս նպաստած է, որ Դաշնակցութիւնը վերածուի գաղափարական շարժումի, միաժամանակ նպաստած՝ անոր երկարակեցութեան:
Անառարկելի է նոյնպէս, որ գաղափարաբանական ներուժով եւ անսահման կարելիութիւններով օժտուած նոյնիսկ պետութիւններ չեն դիմացած ժամանակի մաշումին, երբ գործած են կեդրոնաձիգ դրութեամբ:
Որքան ողջամիտ եղած են մեր հիմնադիրները:
Զգո'յշ, զգո'յշ, զգո'յշ:
Աչքի լոյսի պէս պիտի գուրգուրանք ի շարս այլոց, ա'յս արժէքներուն վրայ: Անոնցմէ մէկուն խախտումը կը խախտէ ամբողջ կառոյցը:
Mihran Kurtoglian
Աթէնք, 10 Նոյեմբեր 2022
**********
Խումբ մը Դաշնակցականներ
Ընկերներ, բոլորս ականատես ենք թէ ինչպէս մեր աչքերուն առջեւ ամէն օր քիչ մը աւելի կը քանդուի մեր կուսակցութիւնը, շարունակաբար Դաշնակցութիւնը կը խայտառակուի Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ, մեր ժողովուրդի աչքերուն առջեւ
Եթէ այս իրականութիւնը մեզմէ ոմանք կը տեսնէին 5-10 տարի առաջ, այսօր բոլորը կը տեսնեն, եւ դժբախտաբար նաեւ մեր մրցակիցները եւ մանաւանդ մեր ժողովուրդը։
Այսօր մեռած է Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը, մեռած է ազգային պետութիւն կառուցելու անոր նպատակը։ Ամբողջ աշխարհի շարքերով մէկ վերածուած ենք պարզապէս Քոչարեանի խաղալիքին որպէսզի ան իր հաշիւները մաքրէ Փաշինեանին հետ եւ բանտէն դուրս մնայ։ Այսօր Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը դարձած է Քոչարեանի պոչ, եւ կը սպասէ որ Աղվան Վարդանեանը ամսական քանի ՞ տոլար կը փոխանցէ իր շէֆէն։
Քոչարեանի պոչը ըլլալով, կուսակցութիւնը վերածած են Ռուսաստանի գործիքին, որ ուզած ժամանակ քանի մը հազար հոգի փողոց նետէ որ խայտառակուի։ Չխօսինք ՀՅԴ Բիւրոյի մասին, որովհետեւ այսօր գոյութիւն չունի։ Ան ալ վերածուած է չափութի եւ վախէն հլու-հնազանդ հետեւող ԳՄ-ին, միայն կողմնակի գանգատելով որ ԳՄ-ն գլուխը առած կ’երթայ։
Լիբանանի մէջ, ժողովուրդը անօթի է, ապրելու ծանր պայքարի մէջ է եւ Պուրճ Համուտի ժողովուրդը մուրացկան դարձած է։ Բիւրոյի խաթրին համար տօնակատարութիւն կը կազմակերպուի Լիբանանի ամենէն շքեղ պանդոկի սրահին մէջ։ Մենք այսքա՞ն կտրուած ենք ժողովուրդէն։ Ժողովուրդը ի՞նչ պիտի մտածէ մեր մասին, երբ հարսնիքներն անգամ աւելի համեստ կը կազմակերպեն մարդիկ այս օրերուն։ Այդ գեղեցիկ սրահի պատերուն մէջ ինչի՞ մասին պիտի պոռանք-կանչենք… Արցախը մե՞րն է կամ Նիկոլը դաւաճա՞ն։ Ամօթ է մեզի, ընկերնե՛ր։
Հալէպի մէջ առաջնորդը Դաշնակցութենէն զզուելով, գող-աւազակութենէն խելքը կորսնցուցած, ձգած-փախած է։ Բիւրոն փոխանակ ճարին նայելու եւ քննութիւն բանալու, մարդուն մասին աւելորդ-պակաս լուրեր տարածելով զբաղած է մինչեւ որ սրբազանը պոռթկալու աստիճանին հասցնեն։ Վերջն ալ պիտի ըսեն, որ ան ալ դաւաճան է։
Արեւմտեան Ամերիկայի խնդիրներն ալ երթալով աւելի կը բարդանան: Բիւրո-ԳՄ հոն ալ պառակտեցին, եւ հետաքրքրական է, որ այն թեւը որ կը փորձեն մեռցնել, այսօր աւելի հետեւորդ ունի եւ յարգուած է ամէն կողմէ։
Տարիներով մեզ համոզեցին, որ Արեւմտեանը գործակալներով կը ղեկավարուի. բայց այսօր մարդ էշ պիտի ըլլայ չտեսնելու համար որ այսքան ժամանակ իրենց ըսածը ճիշտ դուրս չեկաւ։ Պրաւօ Օրինական ԿԿ-ին եւ իր ընկերներուն, որ կառուցողական աշխատանքներու լծուած են. իսկ բիւրոյականներն ալ 50-100 հոգիով հակա-Նիկոլ ցոյցեր կ՚ընեն եւ հրապարակային վարկաբեկման փորձեր։
Ի՞նչ պիտի ընենք մենք։ Կարգապահութեան համար շարունակենք լռե՞լ։ Ա՞յս է պարտաճանաչ ըլլալը, միայն դիտե՞լ, երբ մեր կուսակցութիւնը կը վերջանայ… Ժամանակը հասած է որ ամէն կողմ խօսինք, ըսենք թէ մեր երդումին չենք կրնար դաւաճանել։
Կը բաւէ, կը բաւէ՛ ընկերնե՛ր, այլեւս լռութեան տեղ չմնաց
Խումբ մը Դաշնակցականներ
7 Նոյեմբեր 2022
No comments:
Post a Comment