V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Sunday, June 26, 2022

ՀԱՒԱՏՈՅ ՀԱՆԳԱՆԱԿ

Կը կցեմ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻՆ  այս բանաստեղծութիւնը որ գրած եղած է երեսուն տարիներ առաջ. բայց ան կը պահէ եւ անկասկած որ միշտ ալ պիտի պահէ, իր այժմէութիւնը որեւէ հայու համար։

ՀԱՒԱՏՈՅ ՀԱՆԳԱՆԱԿ

Ձօն՝ Հաւատացեալներուն

Հաւատամք՝

Ի մի հայրենիք՝ կոչեալ Հայաստան

Եւ՝

Ի մի Հայութիւն՝ կոչումով յաւերժութիւն։

Հաւատամք՝

Ազատ եւ անկախ պետականութեան

Եւ՝

Արդար ու հաւասար ընկերութեան։

Հաւատամք՝

Բանին, ազատ եւ անկաշկանդ

Եւ՝

Կարգին ժողովրդավարական։

Հաւատամք՝

Հաւաքատիրութեան

Եւ ո՛չ մենատիրութեան

Ազգերու համակայութեան

Եւ ո՛չ գերակայութեան։

Հաւատամք՝

Հայութեան պատմական Դատին՝

Ահազանգ խղճի եւ արդարութեան։

Հաւատամք՝

Հայ Մշակոյթին՝

Խարիսխ գոյութեան

Եւ փարոս փրկութեան։

Հաւատամք՝

Հայ  Ժողովուրդի

Յամառ գոյատեւութեան

Լուռ զգաստութեան

Եւ զգաստ բնազդին։

Հաւատամք եւ հաւատամք Հայ  ժողովուրդի

Ֆիզիքական գոյութեան

Գերագոյն նպատակ բոլո՛ր ծրագիրներուն։

Հաւատամք, հաւատամք եւ հաւատամք՝

-ուղղափառօրէն եւ աներկմիտ-

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ

Անգերազանցելի, անառարկելի

Եւ

ԱՆՔՆՆԵԼԻ։

Հաւատամք եւ ԻՆՁ՝ սահմանեալիս՝

Անսակարկ նուիրեալ,

Օղա՛կ պատմութեան,

Հունտ ապագայի։

Հաւատամք եւ ՀԱՒԱՏԱՄՔին՝

Օրէնք կենաց

Կոչում քանդակեալ

Եւ անքակտելի։

Հրանդ Մարգարեան

Ապրիլ 1992

Նիւ Եորք

Եռեսուն տարի ետք, նոյն հաւատով․․․

No comments:

Post a Comment