ԻՄ ԿԱՐԳԻՆ՝ «ԱՉՔ ՈՒՆԵՑՈՂԸ ԹՈՂ ՏԵՍՆԷ, ԱԿԱՆՋ ՈՒՆԵՑՈՂԸ ԹՈՂ ԼՍԷ, ԴԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՉԿՈՐՍՆՑՆՈՂՆ ԱԼ ԹՈՂ ԴԱՏԷ ԵՒ ԳՈՐԾԻ ԱՆՑՆԻ»
Վահէ Յ. Աբէլեան
Իմ դատողութեամբս անարդար մեկնաբանութիւն մըն է հայ ժողովուրդին վարած ժողովրդավարական կարգը Հայաստանի մէջ, այսպէս մակերեսային կերպով ներկայացնելը։ Ակնարկս՝ Աարգիս Մահսերէճեանի յօդօւածին առնչուած է (Նշմար. Ճոնսընի Ուսապարկը Ըլլալ Մերժողներ)։ Ի միջի այլոց ըսեմ որ «ուսապարկ» բառին չհանդիպեցայ Նայիրի մէջ նշուած բառարարաններուն մէջ։
Առկախ այն իրողութիւնէն, որ Անգլիան եւ Հայաստանը ունին մշակոյթային եւ կառավարական հսկայ տարբեր պատմական փորձառական անցեալ, բայց նոր օրերու պատմական ճշմարիտ բաղդատական մը չէ որ ըրած է Սարգիսը եւ ոչ ալ արդարացի է։
Նախ եւ առաջ Անգլիան նմանօրինակ փորձարութիւն չէ ունեցած երկրորդ աշխարհամարտէն ետք ուր Նացի Գերմանիան նախաայարձակը եղաւ։ Իսկ Հայաստանը նախայարձակ չէր Արցախեան պատերազմներուն ինչպէս եղաւ Սեպտեմբեր 27, 2021-ի Ազրպէյճանի յարձակումը՝ անմիջական ոչ թէ միայն Թուրքիոյ աջակցութեամբ այլ նաեւ զինուորական բացարձակ եւ բացայայտ գործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ ներառեալ քանի մը այլ պետութիւններուն։1967 ի Արաբ-Իսրայէլեան պատերազմը ծրագրողը Արաբական աշխարհն էր, եգիպտոսի Նախագահ Նասըրին ղեկավարութեամբ՝ որ նմանապէս բարձրաստիճան զինուորական մըն էր նախապէս։ Ձախողած Եօթ Օրուայ պատերազմէն ետք Նախագահ Նասըր հրաժարականը տուաւ բայց Արաբական արժանապատուութիւնը թոյլ չտուաւ Արաբ քաղաքացիին որ իր պարտուած նախագահը ինքն ալ անպատուէ, թէկուզ ան էր որ նախայարձակ էր, եւ չընդունեց Նախագահ Նասըրին հրաժարականը ոչ թէ միայն Եգիպտոսի մէջ, այլ Արաբական տարբեր երկիրներուն մէջ ժողովրդական ցոյցերով։
Հայ պետականութեան այդ օրուան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր հրաժարականը ներկայացուց ժողովուրդին եւ պատերազմէն շուրջ ութ ամիսներ ետք, Յուսին 20, 2021-ին եղաւ ժողովրդական կարգով ընտրութիւն եւ հայաստանի քաղաքացիները մեծամասնութեամբ ըրին իրենց ընտրութիւնը եւ ընտրեցին Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած Քաղաքացիական Պայմանագիր դաշինքը։ Իսկ երբ ընդիմադիր ճակատը հարցականի դրաւ ընտրութիւնը եւ դիմեց Սահմանադրական Դատարան՝ընտրուտեան օրինական ըլլալը միաձայնութեամբ վաւերացուց Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանը, թէեւ միջազգային կազմակերպութիւնները ընտրութիւնը գտած էին օրինաւոր եւ օրինապահ։ նշեմ որ նոյն այդ դատական կազմը ազատ արձակեց Ռոպերթ Քոչարեանը։ Կը նշեմ որպէսզի անտեղի առարկութիւններ չըլլան Սահմանական Դատարանին որոշումին նկատմամբ։
Չվարկաբեկենք Հայաստանի մէջ աճող եւ ամրապնդուող ժողովրդական կարգերը այլ ջանանք ամրապնդել զանոնք նկատի առնելով որ Պորիս Ճոնսըն իր առաքելութեան շարունակութիւնը կը պայմանաւորէ ժողովրդական կարգով ըլլալիք քաղաքական որոշումին։
Իսկ ներկայիս Հայաստանի մէջ ընդիմադիրները իրենց վարած «արտա-խորհդարանական» դիմադութեամբ կը մերժեն նմանօրիկան ժողովրդավարական կարգը՝ առկախ այն իրողութիւնէնն որ չեն յարգեր տակաւին տարի մը չամբողջացած ժողովուրդին ընտրութիւնը։ Եթէ Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարի այլ եւ այլ պատառներով, Աստոուած չընէ, ինչպէս առողջական, ընդիմադրութիւնը կը մերժէ որ Ազգային ժողովը ընտրէ յաջորդ վարչապետը, թէեւ ընդդիմադիր ղեկավարները՝ Ազգային ժողովին երդուեալ անդամներն են։ Ոչ թէ միայն կը մերժեն այդ՝ նոյնիսկ չեն առաջարկեր, որքան ալ անհիմն ըլլայ, որ յաջորդ վարչապետը ընտրուի կրկին անգամ արտահերթ ընտրութեամբ։ Ընդիմադիրները կը պահաջեն որ իրենք են որ պիտի նշանակեն յաջորդ վարչապետը, որ ան ալ իր կարգին կազմէ յաջորդ կառավարութիւնը եւ այդ կը հաւականին ներկայացնել որպէս Ժողովրդավարութիւն։ Զարմացնող տարօրինակութիւն մը՝ ժողովրդավարութեան ջատագով որեւէ կազմակերպութեան համար, ըլլայ Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ։
Հիմայ ես նոյն այդ յօդուածէն կըմէջբերեմ ՝ «Աչք ունեցողը թող տեսնէ, ականջ ունեցողը թող լսէ, դատողութիւնը չկորսնցնողն ալ թող դատէ եւ գործի անցնի» ե որինակ ունենայ Պորիս Ճանսընը։
Իր քաղաքական առաքելութեան շարունակութիւնը ժողովրդական կարգով պայմանաւորող Պորիս Ճանսընէն՝ հոգ չէ թէ ան Թրքական ծագում ալ ունի, Հայաստանի ընդիմադրութիւնը եւ անոր համախոհ եղողները, ժողովրավարութեան դաս ունին սորվելիք։ Ոչ թէ միայն Վարչապետ Ճանսընէն, այլ նաեւ իր կուսակցութիւնէն որոնց ղեկաւարները արտա. խորհդարանական ցոյց ղեկաւարելու եւ մասնակցելու տրամդրութիւն չունին եւ ոչ ալ հաւանական է որ ունենան։
No comments:
Post a Comment