Ստեփան Ժ. Աբէլեան
-- «Զուարթ մի ուշանար ճաշը կը պաղի», զգուշացուց Հօրեղբայրս ,մինչ տան մէջի հանգիստ զգեստները հագած անցքին մէջ Հօթէլի յաճախորդներէն մէկուն հետ խօսքի բռնուած է Աղբրկէնը և պարապ "Ստամոքսը" մոռցած ,
--«կու գամ Յովհաննէս», կը պատասխանէ և կը շարունակէ խօսակցութիւնը ...մարդիկ և իրենց արօրեայ հարցերը այնքան իրեն համար կենսական կարծես ըսել կուզէր ամուսնոյն որ "մարդ միայն հացով չապրիր" ...
Սեղանին շուրջ ,հօրեղբայրս աթոռը կը մօտեցնէ և ժպիտով մը որ գգուանքի և փաղաքշական արտայայտութիւն մըն է խորքին մէջ կը հարցնէ .-- «Սիրեցիր ճաշը, Համով է՞»
---«Գիտես ես այս ճաշը շատ կը սիրեմ...այսօր ալ աւելի համեղ կը թուի որովհետև սոված եմ։»
Ցած ձայնով օրուան անցուդարձերուն շուրջ կը խօսին կը բաժնեկցին, իսկ կողքի սեղանին վրայ Հրանդ Գէւորգեանը և "Բանաստեղծ" Խաչիկը քիչ մը բարձր ձայնով տարակարծիք են բանաստեղծութեան մը ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ կամ ոչ ըլլալուն շուրջ ,Խաչիկը իր բանաստեղծութիւններէն մէկը կարդացած է Գէւորգեանին ...
Վերնագիր.--''ԵՐԿՈՒՆՔ"
ԿՈՒՏ ...ԿՈՒՏ...ԿԱՐԿՈՒՏ:
«Այսքան...յետոյ» կը հարցնէ Գէւորգեանը
--«Վերջացաւ այսքան է»
..."Եղբայր, այս ի՞նչ բանաստեղծութիւն է", կըսէ Գէւորգեանը....
Հարցնենք Տիկին Աբէլեանին կըսէ Խաչիկը ...
Մինչ այդ ամուլ խօսակցութեան մը մասնակից չըլլալու պատրուակով, Տիկին Զուարթը ...
--- «Շատ համով էր ճաշը Յովհաննէս կըսէ» և կելլէ ճաշասրահէն աճապարանօք:
Նստասենեակին մէջ բազկաթոռի մը վրայ հանգիստ նստած օրուան ԱԶԴԱԿԸ
կը կարդայ .
---«Գրական էջին մէջ հետաքրքրական գրութիւն մը կայ, անպայման կարդայ» Կըսէ Հօրեղբայրս որ առտուն անպայման առաջին էջէն մինչև վէրջին էջը ուշի ուշով պարտաճանաչ դաշնակցականի բծախնդրութեամբ կը կարդար օրաթերթը և կրնար պանդոկի մտաւորական յաճախորդներուն հետ բաժնեկցիլ լուրեր և գրական նիւթեր ,ազգային հասարակական,կուսակցական բոլոր զարգացումներոյն լաւատեղեակ էր և ինքնազարգացումը շատ բարձր:
Քիչ ետք , ներս կը մտնէ Հալէպէն ժամանած Տիկին մը որ Լիբանան եկած էր իր պատանի աղջկան հետ Ամերիկեան Հիւանդանոց ,այդ օրերուն շատ հազուադէպ և վտանգաւոր նկատուած գործողութիւն մը ընել տալ իր մէկ հատիկ աղջկան ի ծնէ սրտի բարդութեան մը : Կը մօտենար Տիկին Զուարթին քաջալերական և ամրապնդող խօսքերը և Աստուծոյ վրայ յուսադրիչ խրատները լսելու :
Անշուշտ այսպիսի պարագաներու Տիկին Զուարթին հմտութիւնը ոչ ոք ունէր ,իր սիրալիր խօսելու եղանակը ,սրտակից հոգածու կեցուածքը ,կը տեսնուէր այս խոր յուզմունքի մէջ թաղուած տիկնոջ նայուածքներուն մէջ, որ թաց աչքերով հիացած մտիկ կընէր Լայնախոհ ուսուցչուհիին ,աչքերը աչքերուն սևերած:
Խեղճ կին ինչ իմանար որ մէկ շաբաթ ետք ,ձախող գործողութեան մը որպէս հետևանք պիտի կորսնցնէր իր Սրտի հատոր ՆՈՒԷՐԸ...և ՊԻՏԻ ՈՂԲԱՐ ԸՍԵԼՈՎ
"Վարդի պէս աղջիկ բերի և ձեռքով յանձնեցի բժիշկներուն և հիմա Ափ մը մոխիր պիտի տանիմ Հալէպ"
Անմխիթար մնաց և վերադարձաւ Հալէպ յուզելով բոլոր պանդոկին յաճախորդները և մեր տնեցիները ..:
Տիկին Զուարթ և բժիշկներ ու գիտութիւն բոլորն ալ անզօր էին պատահածին առջև։
*****
--- «Ճաշէն ետք քիչ մը հանգստանալ չես ուզեր Զուարթ» .կը հարցնէ Հօրեղբայրս Յովհաննէս ..
---«Չեմ կրնար , այսօր բաւական սրբագրութիւններ ունիմ ,առաւել վաղուան դասերս պիտի պատրաստեմ.»
---«Լաւ խմորուած պարսկական թէյ պատրաստած եմ ,գաւաթ մը բերեմ կը խմե՞ս»
----«Անպայման ,անպայման միայն շատ մութ չըլլայ գոյնը ,շաքարն ալ քիչ հաճիս, Յովհաննէս.»
Արդէն ափսէն շուտով կը զետեղուի առջևը և Տիկին Զուարթ գոյնին նայած կը զմայլի ,իսկ բոյրը գոյնէն աւելի պատուական և համով..
Հօրեղբայրս միշտ կը ջանար իր պատրաստութիւնները իր ձեռքով մատակարարել Աղբրկէնին . Աղբրկէնն ալ բնաւ չէր զլանար իր գովասանքի խօսքերը լսելի բոլորին...
---«Յովհաննէսին պատրաստած թէյը ոչ մէկը կրնայ պատրաստել...»
Ես վկայ եմ այս իրողութեան. Այն օրը որ Հօթէլ Լիւքսը ձգած եմ այդ անուշ բոյրով թէյը բնաւ համտեսած չեմ ,թէև շատ փորձեցի անձամբ պատրաստել ,գիտցած ու չգիտցած "Թէքնիքները" Փորձեցի բայց իզուր ,Հօրեղբօրս թէյը մնաց անզուգական և անհասանելի .
Կը յիշեմ Դամասկոսի բարեկամս և եզակի անձնաւորութիւն մը Զօհրապ Սեմերճեանը ,պատահեցաւ օր մը իր այլազգ դրացիին քովէն գաւաթ մը թէյ հրամցնելը ,երբ բացականչեցի ըսելով ,ասիկա ճիշտ Հօրեղբօրս Հօթէլ Լիւքսի թէյին կը նմանի ..Մարդը զարմացաւ ,"ինչու այդ թէյը անզուգական և անգտանելի էր " Ըսաւ...
Այո այդպէս էր.
Պատահեցաւ օր մը երբ թէյը պատրաստողը գործաւորներէն մէկն էր ,
և շատ տկար պատրաստութիւն...յաճախորդները գանգատեցան..բայց մանաւանդ Պարսկահայ Արամը որ ծուռ նայուածքով, քթին տակէն գործաւորին ըսաւ ,այս թէյը թէյ չէ ,ասիկա մամայիդ չիշին կը նմանի"
Ասիկա կը յիշեմ որ կարդացողը իմանայ թէ որքան պատրաստութեան վարպետութիւն է պէտք.
ԱՅԴ օր ուշ գիշերին երբ յաճախորդներէն մէկը ,կէս գիշերէն ետք զիս արթնցուց ,Տիկին Զուարթը տակաւին արթուն էր և կաշխատէր ..յաջորդ առաւօտ ուրիշներ տակաւին քնացած ինք դարձեալ մեկնած պիտի ըլլար արդէն սկսելու նոր օր մը, և կրնամ հարիւր տոկոս վստահեցնել որ ալդքան ուշ աշխատած և առտուան այդքան կանուխ արթնցած կրնայիր տեսնել զինք միշտ կատարեալ շիկութեամբ, հագուածը պատշաճ , մազերը անթերի հարթարուած։ կոշիկն ու հագուստը անսխալօրէն համադրուած գոյներով և օրուան վէրջին նորոյթով .Ան կը ներկայանար իր աշակերտներուն արտաքինով և հոգիով ու ներքինով որպէս կատարեալ ուսուցչուհին, անթերի և պարտաճանաչ։
Ան ուսուցչուհի մը չէր լոկ ,այլ կատարեալ ապրող տիպար օրինակ մը ապացուցելու բոլորին որ խօսք չէր միայն իր սորվեցուցածը ,այլ իսկական կեանք .
Well done Stepan, great tribute to Zvart Kouyrig
ReplyDelete