V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, July 23, 2020

Բացառձակ Ճշմարտութիւնը՝ «Աշխարհը Դմակ, Մարդիկ Դանակ»

Վահէ Աբէլեան
Նախապէս տեղադրած էի «Հայերէն blog»-ին մէջ, October 16, 2016

Որպէս ներածական ըսեմ որ վերջէրս հանդիպեցայ Ռուբէն Փաշային վերը զետեղուած դիմանկարին։ Նաեւ, եթէ կան ոմանք, որոնք չեն գիտեր, թէ «դմակ» ի՞նչ կը նշանակէ, ըսեմ ՝ ոչխարին իւղով պոչն է, որ դիւրութեամբ կրնայ յօշոտուիլ։
Ռուբէն Տէր Մինասեանը երիտասարդ տղայ մըն էր, թերեւս ալ, մեր ժողովրդական երգին բառերով՝ աղուամազ իսկ բուսած չէր իր երեսին եւ ծնօտին, երբ նետուեցաւ յեղափոխութեան հնոցը եւ իր «կրակէ» մկրտութիւնը ստացաւ առասպելական դարձած, երբեմնի մեծն յեղափոխական՝ Նիկոլ Դումանին խումբին մասնակցութեամբը։
Կը գրեմ յիշողութեանս վրայ հիմնուած։ Տասնեակ տարիներ անցած են Ռուբէնի յուշերուն ընթերցանութեանս վրայ։ Տարիներու ընթացքին ալ, գիրքերէս ոմանք հոս եւ հոն պահ մնացին։ Նոյն այդ յուշերուն մէջ ըլլալու է Նիկոլ Դումանին խմբանկարը ։ Եթէ այդ խմբանկար ձեր ձեռքը անցնի, նկարին մէջ պիտի հանդիպիք երիտասարդի մը որ ծունկի եկած է, հայացքը սեւերած է անդին, եւ թեւը բարձրացուած է այնպէս մը որ պիտի ընէր եթէ պատերազմի մը ընթացքին ձեռնառումբ նետելու ըլլար։ Ահաւասիկ այդ խմբանկարէն է որ տեղադրուած է վերի նկաըր։ Այդ երիտասարդին փաշա մակդիրը տուին քանի որ սրտով, անկասկած ոչ նիւթական ունեւորութեամբ, փաշայի նման մարդ մըն էր, որ իր յուշագրութեան թուղթերը պիտի թոյլատրեր որ իր զինուորները սիկարէթ փաթթելու գործածենմեղմացնելու համար իրենց անօթութեան խիթերը։ Որպէսզի կարենայ Նիկոլ Դումանին խումբին մաս կազմել՝ երիտասարդ Ռուբէնը ինքզինք զանազան կացութիւններու մէջ ալ դրած էր, կարծրացնելու համար իր մարմինը որպէս արժանի ըլլայ Դումանին  յեղափոխականներու խումբին մասնակցութեան։
Օր մը երբ կը ճամբորդէր Նիկոլ Դումանին հետ, իւրաքանչիւրը ձիու մը վրայ հեծած, կը սկսի պարզաբանել ընկերային կեանքի անարդարութիւնները Նիկոլ Դումանին։ Իսկ այս վերջինը ամենայն հանդարտութեամբ կը շարունակէ մտիկ ընել իր երիտասարդ ընկերակիցին։ Ռուբէնի երկար վերլուծումները լսելէ ետք, ղարաբաղցի Նիկոլ Դումանը կը պարզաբանէ  իր տեսութիւնը ըսելով՝ «աշխարհը դմակ, մարդիկ դանակ» որպէս կեանքի չոր իրողութիւնը։
Յաճախ կը կարդամ Թուրք Ազըրպէյճանի ըրած սանձարձակութիւններուն զանազան մեկնաբանութիւնները, վերլուծումներ, ընդվզումներ, բայց միշտ միտքս կու գայ Նիկոլ Դումանին ըսածը՝ «Աշխարհը դմակ, մարդիկը դանակ»։ Կարենանք պահել եւ պաշտպանել մեր նիհարցած դմակը որ զոհ չըլլայ ուրիշին դանակին։ Վերջին հաշուով այդ է բացարձակ ճշմարտութիւնը։
Յ.Գ. Յունուար 29.2024. 
Երիտասարդ Ռուբէն Փաշան Նիկոլ Դուման-ի խումբին հետ, ծունկի եկած է ձեռնառումբ նետելու կացքը առած է։





No comments:

Post a Comment