Այսօր Տիկ. Արփի Մինասեանէն ստացայ իր երեմնի ուսուցչուհի՝ Տիկ. ԶուարԹ Աբէլեանին յուշագրութեան լուսանկարը Արփի-ին յուշատետրին մէջ երբ Արփինէն մանկամարդ աշակերտուհի էր եւ կ՚աշակերտեր Սուրբ Նշան Վարժարանին մէջ։
12-15-1960, Պէյրութ
Սիրելի՛ Արփի
1. Մնայ միշտ պարզ. քանզի պարզութիւնը առաքինի աղջկայ մը լաւագոյն յատկանիշ է։
2. Նպատակ ըրէ ունենալու ամէն բանի համար տեղ մը եւ դնել ամէն բան իր տեղը։
3. Ջանայ իւրաքանչիւր անհատի մէջ տեսնել բարի յատկութիւն մը. քանզի ամէն մարդ ալ թերութիւն ունի։
4. Մնայ միշտ հեզահամբոյր եւ քաղցրաբարոյ։
5. Որքան բարձրանաս, ջանայ պահել համեստութիւնդ. իսկ եթէ բաղդը քեզ նուազ աստիճանի վրայ դնէ, ջանայ պատշաճիլ շրջանակիդ։
6. Հաճոյակատար եղի՛ր առանց ամէնադոյզն ակնկալութեան մը. վստահ ըլլալով որ գործուած բարի գործը անպտուղ չի մնար։
7. Մի գանգատիր կեանքի անակնկալ դժուարութիւնները, անոնք կ՚օգնեն կազմելու ամրապինդ նկարագիր մը։
Տակաւին շատ փոքր ես ըմբռնելու այս ըսուածներուն իմաստն ու կառեւորութիւնը. սակայն քիչ ուշ ապագային պիտի ըմբռնես զանոնք իբրեւ ճշմարտութիւն, ինչպէս ըրած է քու ուսուցչուհիդ։
Զ. Աբէլեան
Mrs. Zvart Apelian portrait by her niece Annie Hoglind |
No comments:
Post a Comment