V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, October 9, 2019

Պ Ա Ն Դ Ո Կ Ը (վերջ)

Տոքթ. Արա Աբէլեան

(Հատուածներ Բագին պաբրերաթերթէն)
....................


Պանդոկին խաղաղ մթնոլորտը խանգարուած էր տարտամ անապահովութեամբ մը։ Տարիներու դիւրասահ կեանքը ընդմիջուած էր անակնկալ ու լուրջ դէպքերով։ Քաղաքի ամէնէն վտանգաւոր շրջաններէն մէկուն մէջ կը գտնուէր պանդոկը։ Հարկաւոր էր ժամ առաջ հեռանալ։ Պայթումներու, կրակոցներու եւ հրդեհներու ալիքը հետզետէ աւելի կը մօտենար, ցնցող ուժգնութեամբ մը։
Հրկիզուող վաճառատուներուն հեղձուցիչ մուխը, տիրող անապահովութեան տխրութեան երանգ մը կու տար։ Պանդոկին վերի յարկը կարելի չէր մնալ՝ ծուխին թանձրութեան պատճառով։ Բոլորս հաւաքուած էինք երկրորդ յարկի աստիճաններուն եւ նրբանցքներուն մէջ։
Ամէնէն աւելի տառապողը երաժիշտն էր, որ ծուխին պատճառով շնչատապի նոր տագնապ մը կանցընէրեւ, ռումբերէն ու տեղացող փամփուշտներէն ապահովուելու ջանքով մը՝ ընտրած էր աստիճաններուն անկիւնադարձը, ուր ինքն իր վրայ կծկուած՝ կը հազար ու դեղերու սրուակներուն օգնութեան կը դիմէր։
Մէկ մտասեւեռում համակած էր բոլորս. Դուրս գալ պանդոկէն եւ թողուլ շրջանը։
Հեռաձայնը խանգարուած էր։ Միայն դուրսէն եկած հեռաձայները կրնայինք ընդունիլ, առանց կարենալ հեռաձայնելու։
Հօրեղբայրս, որ պատահմամբ տուն մնացած էր, չէր կրցած պանդոկ գալ։ Միայն հեռաձայնով կրնար հետեւիլ մեր կացութեան։ Տասնեակ մը իջեւանողներու կեանքը վտանգուած էր եւ ինք պատասխանատու կը զգար զանոնք ամէն գնով ազատելու։
Հարիւրաւոր հեռաձայներ կը տեղային այլազան հասցէներէ. մեծ մասով դրացի վաճառականներ՝ իրենց վաճառատուներուն կացութեամբ հետաքրքուելու համար։
Տարածուող հրդեհները դժուար թէ խնայէին անոնց։ Եղբայրս կը պատասխանէր անոնց. մեր կեանքերը աւելի կարեւոր էին հրկիզուող վաճառատուներէն եւ դուրսի կացութեամբ չէինք կրնար հետաքրքրուիլ։Ձայնասփիւռը մեր միակ կապն էր՝ դուրսի աշխարհին կարենալ հետեւելու համար։ Լուծումի յոյս մը, մեղմացման նախանշան մը կակնկալէինք լսել՝ կարենալ դուրս գալու համար կռուի ճակատէն։
Հօրեղբօրս հոգեվիճակը տագնապալի ու ալեկոծ էր։ Անդադար կը հեռաձայնէր։ Երեսուն-երեսուհինգ տարիներու աշխատանքով պահուած պանդոկը, խաղաղ ու մտերիմ մթնոլորտով, դարձած էր մղձաւանջի ուտագնապի առարկայ։ Այլազան հպատակութիւններ կրող, տարբեր ուղիներով իրենց ճակատագրին երթալու պատրաստուող հայերու խումբ մը կար հոն՝ արգելափակուած ու վտանգուած։
Մահուան ու գլխագիր անորոշութեան անծանօթ սարսուռներով այդ բոլոր մարդիկը, կծկուած նրբանցքներու անկիւնները, պատերու ետին, տագնապահար, հաւաքական մէկ մղձաւանջ կապրէին։
Տասնամեակներ ամբողջ գաղթական մարդոց ու յոգնած ոտքերու ջերմ հիւրընկալութիւն ու անդորրջամբած այդ յարկը, հիմա կը նմանէր իր անկումին սպասող, պաշարման տակ մնացած դղեակի մը։
Ամայացած շուկաներու կեդրոնատեղին, կապարի սուլոցները, ծուխի ու մուխի տարափին տակ, անորոշութեան բառեր կը պոռային մեր գոց պատուհաններուն։ Բոլորին մտատանջութիւնները կեդրոնցած էին շատ անձնական ու չնչին մանրամասնութիւններու վրայ. կօշիկ, պայուսակ, անձնաթուղթ-վկայաթուղթ,զոհաբեղէն, դրամապանակ, եւ այլն։
Մինչ ամէն ոք իր ելիցին կը պատրաստուէր, ականջները անհամբեր ու արթուն կը հսկէին ձայնասփիւռի լուրերուն։ Շահան, այդ հաւաքական տագնապին իր մասնակցութիւնը բերած ըլլալու գոհունակութեամբ, սովորականէն աւելի եռանդուն էր, նուազ խոժոռ։ Հաւանաբար առաջին առիթն էր ատիկա, որ իր եւ այլոց միջեւ հասարակաց զգացում մը, ճակատագրակից ըլլալու գիտակցութիւնը կընծայէր իրեն։ Հիմա կարեւոր չէր անցեալը, անցեալի յաջողութիւնները, կարեւորը ներկաներ էր հիմա, անմիջականը, որ գրաւած էր բոլորը անխտիր։ Երաժիշտը, աստիճաններուն անկիւնադարձին, աթոռակի մը վրայ կծկուած՝ յուսալքումի եւ տեղատուութեան ճգնաժամ մը կապպրէր։
- Ինչո՞ւ այս բոլորը, Շահա՛ն, ինչո՞ւ,- կը կրկնէր,- այսպէս ըլլալու չէր, այսպէս ըլլալու չէր։
Իր խորտակուած կեանքը ոտքի պահելու միակ յենարանները Պէյրութի ապահոված կենցաղին դիւրին ու եզակի տուեալներն էին։ Հիմա այդ յենարանները կերերային։
Յանկարծ մտքին մէջ ծագեցաւ լուծում մը։
Բիրտ, անիրական, բայց ջերմ։ Անողոք, անիրագործելի, բայց աղուոր։ Պատահական խորհուրդ մըն էր, որ հազիւ թէ մտքին մէջ ծնած՝ ստացաւ նոր համեմատութիւն, ողողեց ամբողջ մարմինը, զգացումները, դարձաւ տիրական։
Ցնցուեցաւ։ Շտկուեցաւ աթոռակին վրայ։ Իր ըմբոստութիւններէն պարպուած, ծալուած, կոտրուած, պարտուած՝ այդ նոր խորհուրդին անձնատուր ըլլալու փորձութիւնը հաճելի զգայնութիւն մը առաջացուց իր մէջ։
Հայր եւ որդի՝ Յովհաննէս եւ Վահէ Աբէլեան
Կուզէր պոռալ, բացագանչել բարձրաձայն. - Հէ՜յ, պանդոկի թանկագին բարեկամներդուք, որ կու գաք Միջագետքէն, Պարսկաստանէն կամ Նեղոսի երկրէն, դուք, որ...
Չպոռաց։ Հայեացքը պտըտցուց բոլոր դէմքերուն վրայ։ Կիսամութին ու ծուխին ընդմէջէն միայն Շահանի դէմքը կրցաւ զատորոշել։ Պոռալու փոխարէն, Շահանի անունը շշնջաց միայն։
- Եթէ Էտնան համոզուէր,- աւելցուց,- Էտնան միայն կրնայ օգնել ինծի։ Էտնան...
Շահան ոչինչ կը հասկնար երաժիշտին խօսքերէն։
- Ինչպէ՞ս կուզես, որ Էտնան այդ հեռաւոր արուարձաններէն գայ։ Երաժիշտը լուռ կը մտածէրդառն ու տժգոյն ժպիտ մը դէմքին սառած։ Էտնան մեծ թիւով բարեկամներ ունէր Խորհրդային դեսպանատան շրջանակէն։ Եղբայրը հոն կը պաշտօնավարէր։
Էտնան կրնար միջամտել...
- Այո՛, եթէ Էտնան ուզէ, մենք Հայաստան կրնանք երթալ, Շահա՛ն,- ըսաւ երաժիշտը, այս անգամ աւելի վճռական շեշտ մը դնելով բառերուն վրայ։ Շահան անակնկալի եկած էր։ Ամէն ինչ անիրական ըլլալու էր։ Սմքեցաւ։ Լռեց։ Նստաւ գետին, պզտիկ բազմոցի մը վրայ։ Ռումբերը կը շարունակէին տեղալ։
Հրացանաձգութեան համազարկը կը պահէր իր թափը։
Ձայնասփիւռին հաղորդած լուրերը դեռ տարտամ ու անորոշ էին, որեւէ մօտալուտ լուծումի կամ զինադադարի առընչութեամբ, երբ հրացանաձգութեան ու ռումբերու որոտները սկսան մեղմանալ։
Մեղմացումը աւելի շօշափելի դարձաւ, ու փողոցէն կարելի էր լսել մարդկային հանդարտ խօսակցութիւն, շարժակի ձայն, ջուրի խշշոց։ Երբ յանդգնութիւն ունեցանք պատուհանէն դուրս նայելու, այլազան խանութներէբարձրացող բոցերուն ընդմէջէն կարելի եղաւ տեսնել հրշէջներ, ոստիկաններ զրահապատ կառքերով, որոնք կը ջանային մարել առաջացած հրդեհները։
Շատ չանցած՝ ձայնասփիւռը հաստատեց զինադադարի լուրը։
Պանդոկի պարենաւորումը ապահով էր, բացի կարգ մը անմիջական սննդանիւթերէ։ Ամմօ Ղազար, որ տակաւին իր պաղարիւնն ու հանդարտ հոգեվիճակը կրցած էր պահել, պատրաստած էր ճաշերը, իրենց ատենին, նոյնքան համեղ, ինչպէս բնական օրերուն։  Հօրեղբայրս հեռաձայնով իմացուց, որ շուտով կու գար, յաւելեալ ինքնաշարժներով մեզ փոխադրելու պանդոկէն։
Երբ հրշէջները հեռացան, փողոցը վերստին ամայացաւ։ Շահան անհանդարտ կերթեւեկէր նրբանցքին մէջ։ Երաժիշտին վերջին յայտարարութենէն ետք, ոչ մէկ խօսք փոխանակած էին։ Երաժիշտն ալ լուռ էր։ Հաւանաբար շատ ծանրակշիռ անկեղծութեամբ մը ժխտած էր ինքզինք, հակասած էր տարիներու իր թեզին։
Աւելի՛ն. Շահանի անհաղորդ լռութիւնը հետզհետէ աւելի կանհանգստացնէր զինք։ Շատ լաւ գիտէր, թէ Շահան իր համոզումներուն մէջ առաձգական չէր կրնար ըլլալ։
Պէտք է խզուէր այդ լռութիւնը։ Անկարելի էր խորտակել տարիներու մտերմութիւն մը, որ միացուցած էրայդ երկու տարօրինակ անձերը, արտասովոր այդ յարկին տակ։
Շահան պէտք է հասկնար իր կացութիւնը, գնահատէր իր այդ պոռթկումը արդարացնող տուեալները։
Պանդոկի միւս բնակիչները ելած էին վերի յարկը, ամմօ Ղազարի պատրաստած սեղանին շուրջ խմբուելու։
Երաժիշտը, դեռ իր աթոռակին վրայ, մեղմ կը տագնապէր, մերթ ընդ մերթ արագ նայուածք մը նետելով նրբանցքին մէջ երթեւեկող Շահանին ուղղութեամբ։ Այդ պահուն յանկարծ ընդմիջուեցաւ փողոցի լռութիւնը։Թողուցինք սեղանը եւ պատշգամ շտապեցինք։ Ճանչցանք ճչացող ինքնաշարժը։
Էտնան էր։ Հանգած հրդեհներու ծուխերուն ընդմէջէն, հազիւ նշմարելի ստուերի մը պէս, արագ շարժումներով ան իջաւ ինքնաշարժէն եւ ուղղուեցաւ դէպի պանդոկ։
- Էտնա՜ն է,- հաղորդեցինք լուրը երաժիշտին։
Երաժիշտը ցատկեց տեղէն։ Արտասովոր խանդաղատանք մը երեւցաւ դէմքին։
- Շահան, դուն ալ մեզի հետ կու գաս, չէ՞...։ Ա՛յ տղայ, բան մի՛ խօսիր, պատասխանէ՛։
Երեսուհինգ տարիներու ընթացքին հարիւրաւոր առիթներով խանգարուած ու հօրեղբօրս հմտութեամբ վերանորոգուած վերելակը, իւրաքանչիւր յարկի դուռներուն զարնուելով՝ բարձրացաւ վեր։
Երաժիշտը դեռ Շահանին օձիքէն պինդ բռնած՝ անոր պատասխանին կը սպասէր։
- Անկարելի բաներու մասին կը խօսիս, բարեկա՛մ,- կրցաւ ըսել Շահան՝ երկար ու շուարուն լռութենէ մը ետք։
Էտնան դուրս եկաւ վերելակէն, տժգունած ու հեւալէն։
- Կրնանք երեք հոգի եւս մեզի հետ տանիլ,- ըսաւ։
Հասան նաեւ միւս ինքնաշարժները, ու պանդոկի ելիցը կատարուեցաւ այսպէս, խուճապի մէջ, առանց հրաժեշտներու...
Լուռ արտորանքով մը տեղաւորուեցանք ինքնաշարժներուն մէջ եւ կարաւանը հեռացաւ կեդրոնական շուկաներէն՝ դէպի աւելի ապահով շրջանները...
***
Այսպէս, յաճախորդներէն իւրաքանչիւրը գնաց իր ճակատագրին տնօրինած ուղիով։ Ոմանք վերադարձան իրենց քաղաքը։ Անոնք՝ որոնք կը պատրաստուէին արտասահման գաղթելու, անցան Կիպրոս, Յունաստան կամ Յորդանան։
Շահան մինչեւ վերջ մերժեց ընկերակցիլ երաժիշտին։ Աւելի ուշ իմացանք, որ ներկայացած է հայկական ակումբներէն մէկուն եւ առաջարկած իր ծառայութիւնը։ Զիատ դէպքերու սկիզբէն արդէն չէր կրցած վերադառնալ պանդոկ։ Միացած էր իր գաղափարակիցներուն։ Յետոյ իմացանք, որ պանդոկներու ճակատին վրայ մահացու փամփուշտ մը ստացած էր։ Լուրը շատ յստակ չէր, բայց ա՛լ իր մասին որեւէ տեղեկութիւնչստացանք։
Մենք, պատերազմի առաջին ամիսներուն, մնացինք հօրեղբօրս տունը, արուարձան, ուրկէ, ամիսներ ամբողջ, հետեւեցանք քաղաքի մղձաւանջին։ Հեռադիտակով կը ճշդէինք բարձրացող ծուխերուն մօտաւորվայրերը։ Պանդոկը միշտ ծուխով պարուրուած կըլլար։
***
Ամիսներ անցան։ Պատերազմին տուն տուող պատճառները դեռ չէին հարթուած ու հարցերը կը մնային անլոյծ։ Հարեւան պետութիւններու բարեացակամ միջամտութիւնը միայն ժամանակաւոր ստորակէտերով կը կասեցնէր դէպքերուն գահավէժ ընթացքը։ Այդ կարճ դադարներուն,  իրեն մղձաւանջէն դուրս գալով, մարդիկորոշումներ կառնէին, մեկնումի կամ տեղափոխութեան անմիջական կարգադրութիւններ ընելով։
Զինադադարի նման պահու մը որոշեցինք պանդոկ երթալ։ Աւերակներու մէջէն քալելով՝ հասանք Ալէնպի փողոց։
Պանդոկին երկու դուռները շղթայով կղպուած կը մնային։ Մուտքին դիզուած աւազէ պարկերը՝ չորցած արիւնի հետքերով բծաւոր։ Պարպուած փամփուշտներու հեղեղ մը ողողած էր մուտքն ու աստիճանները։ Դրկից վաճառատան պատը ծակելով՝ զինեալները կրցեր էին ներս խուժել։  Բրտութեան ալիքը իր դրոշմը ձգած էրամէն կողմ։ Պանդոկը յիշեցնող կահոյքի ոչ մէկ կտոր։
Քանդուած էին բոլոր նուրբ ու մտերիմ ճոխութիւնները։ Նոյն ճակատագրին ենթարկուած էր երաժիշտին սենեակը։ Չկարենալով դուրս հանել դաշնակը, խորտակած ու անպէտք կտորներու վերածած էին զայն, ճիշդտիրոջը կեանքին պէս, բեկոր-բեկոր, տարտղնուած։
Երաժիշտին ու Էտնային մասին ոչինչ կրցանք իմանալ։
***
Տարիներ անցած են հիմա այն օրերէն։  Ամենաբուռն կռիւներու թատերաբեմերը արդէն բնականոն կեանքի հրաւիրող ազգեր պարզած են հրապարակներու վրայ։ Կապարներու, հրթիռներու առաջացուցածբացուածքները վերակառուցուած են մասամբ։ Միայն պանդոկի շրջանը կը մնայ լուռ ու մահաշունչ։ Նաւահանգիստի ճամբով անցնող արկածախնդիր ծանօթներ հապճեպ ակնարկ մը կը նետեն միայն Ֆաթթալի շէնքէն վեր՝ Ալէմպի փողոցին վրայ ու կանցնին արագ։ Անոնք կը պատմեն, թէ վայրի մացառներ,փուշեր ու տունկեր բուսած են պանդոկը շրջապատող աւերակներուն վրայ։ Ամայութեան մէջ, ատեն-ատեն, խարխուլ ու խոնաւ պատերէն քար մը կիյնայ վար՝ հիւանդ աղմուկ մը առաջացնելով...

Արա Աբէլեանը իր հօրը, հօրեղբորը եւ աղբրկենին հետ, Պանդոկը

1 comment:

  1. Sad memories, very well described, with fine language... Keep it up Vahe. Congrats!

    ReplyDelete