V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Saturday, October 5, 2019

Պ Ա Ն Դ Ո Կ Ը

Տոքթ. Արա Աբէլեան

(Հատուածներ Բագին պաբրերաթերթէն)

Hovhannes & Zvart Apelian
Պէյրութի հնագոյն թաղամասերէն՝ Պապ Իտրիսի Ալէնպի պողոտային վրայ, նաւահանգիստէն հազիւ երեք հարիւր մեթր հեռու, փիւնիկեցիներու քաղաքակրթութիւնը յիշեցնող հռոմէական ոճով, հին, վեցյարկանի շէնքի մը վերջին յարկերը կը կազմէին «Հոթէլ Լիւքս»ը, որ Միջին Արեւելքի բազմահարիւր հայերու նախընտրած պանդոկն էր՝ աւելի քան երեք տասնամեակ։
Անիկա ուղղակիօրէն կը նայէր քարափին, ու շէնքերու արանքէն՝ շերտ-շերտ երեւցող ու դէպի հորիզոնը տարածուող կապոյտ Միջերկրականին, որ տարուան բոլոր եղանակներուն խճողուած կ’ըլլար կայմերու խիտ անտառով մը։ Եւ կայմերու երկնասլաց բազմութիւնը կը բեկանէր հեռուներէն հասնող ալիքներուն վէտվէտացող ցոլքը։ Հազար ու մէկ լեզուներով կը պատմէր ծովեզերեայ այդ հինաւուրց ժողովուրդին գոյատեւումը, որ դեռ շաբաթամէջի օրերուն, ինքնաշարժներու յորդ հոսանքներով, բեռնակիրներով, շրջուն վաճառորդներով եւ հսկայ վաճառատուներու յաճախորդներով կը խճողէր նաւահանգիստ տանող այդ անհանգիստ մայրուղին։
Իջեւանողներէն շատեր կը յիշէին, դէպքեր Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն։ Օրինակ, անոնք կը յիշէին, թէ դաշնակիցներու օդուժը ինչպէս ռմբակոծած էր նաւահանգիստը, ուր խարսխած էին դասալիք Ֆրանսայի միաւորները, եւ թէ՝ ընդդիմադիրներուն հակաօդայինները ինչպէս լոյսէ շատրուաններ կը սփռէին մութ հորիզոնին վրայ, յարձակող օդանաւերը ետ մղելու համար։
Աւելի ուշ, կը յիշէին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերը՝ յիսունական թուականներու վերջաւորութեան, որոնք վերջ գտած էին ամերիկեան Վեցերորդ նաւատորմիղին միջամտութեամբ։ Կը պատմէին այլեւայլ մանրամասնութիւններ՝ ամերիկացի ծովայիններու ցամաքահանումի օրերէն։
Այդ յաճախորդներէն ոմանք պարզ մարդիկ եղած էին. իսկ ոմանք՝ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան լուսատու դեմքերէն, պետական մարդիկ։ Անոնց շուրջ՝ ամբողջ փաղանգը այդ սերունդի պանդխտացած ներկայացուցիչներուն։ Երկիր-հայրենիք, աքսոր-բռնագաղթ, պետութիւն, անյայտ ճամբաներուն վրայ սպառած, կնճռոտած ու վշտահար ճակատներով, անոնք կու գային քով քովի, կը պատմէին, կ’ափսոսային, կը լռէին։ Պայքարի, յաղթանակի, աղէտներու, պանդխտութեան եւ այդ նոր իրականութեան փորձութիւններն ու փորձառութիւնները մէկտեղած՝ կը ջանային ձեւ ու շունչ տալ այդ նոր հաւաքականութեան, որ կը կոչուէրգաղութ, որ կը կոչուէր Սփիւռք, կամ՝ դպրոց, եկեղեցի, հայապահպանում, թերթ ու ակումբ, միութիւն ու միութենականութիւն։
Կու գային քով քովի, սիրտ սրտի տուած՝ կը տագնապէին, կը պայքարէին եւ ապա, հերթով, մէկիկ-մէկիկ կը ձգէին իրենց անկիւնը, անկողինը, ճամբորդական պայուսակը ու գրասեղանին վրայ յուշագրութիւններու շարքը, որ կը պատկերացնէր իրենց պանդխտութեան, հայրենիքի, աքսորի ուղիները։
Յետոյ, պանդոկը կ’աղմկէր անոնց յիշատակներով։ Իր անկիւնները, աթոռները, սեղաններն ու սենեակները կը ժառանգէին անունները անդարձ գացողներուն եւ մնացողներուն շարքը հետզհետէ նօսրանալով, սպառելով՝ անուններու, աթոռներու, սեղաններու եւ սենեակներու կը վերածուէր։
Այդպէս, երկու-երեք տասնամեակներու ընթացքին, պանդոկը ստացած էր դիմագիծ։
Յետոյ, դէմքը կնճռոտած,  այլափոխուած է եւ այդ այլափոխումով ունեցած է պատմութիւն՝ իր դէպքերով ու հերոսներով։ Պատմութիւնը դարձած է յուշ եւ այդ յուշերով հարուստ՝ դարձած է անթիւ ու անհասցէ ուխտաւորներու ուխտավայր։ Անոնք եկած են Արեւելքի այլազան քաղաքներէն, իրենց արագիլի բոյնը հիւսած են բարդիի մը բարձրութեան նայող սենեակներուն մէջ, յետոյ՝ դէպի հիւսիս, դէպի արեւմուտք եւ դէպի հիւսիս-արեւմուտք գաղթի եղանակին, կապած են ճամբորդի իրենց գօտին ու մեկնած։
Առեւտրական կեդրոնին մէջ ըլլալով՝ պանդոկը շատ մօտէն կը զգար բազկերակը մայրաքաղաքին։


Վերջին տարիներուն, լուռ ականատեսը կ’ըլլար ամբոխին օրըստօրէ զարգացող մարտունակ տրամադրութիւններուն։ Յաճախանքի վերածուած ցուցարարներու բազմութիւնը կը հոսէր պողոտաներէն, օդին մէջ գնդացիրներ շողշողացնելով ու կարգախօսներ պոոալով։ Գործադուլներ կը կազմակերպուէին, որոնք յաճախ առիթ կը ստեղծէին ծայրայեղ ցուցարարներու եւ պահպանողական գործատէր-վաճառականներու բախումներուն, որոնք երբեմն կը հասնէին խոշտանգումի, ցուցափեղկերու քանդումի եւ այլ բռնամիջոցներու։ Պետութիւնը, հեռուանց միայն, հանգստեան կոչուելու տարիքին հասած ծեր ոստիկաններով ներկայացուած, քաղաքի հին կառոյցներու սիւներուն ետին պահուըտած, կամ երկրորդական փողոցի մը մէջ ապաստանած՝ կրաւորական աչքերով ու թուլցած կոպերով կը դիտէր այդ բոլորը։
Առանց ազդանշանի, կատուի զգուշաւոր քայլերով, աղէտը կը տեղաւորուէր քաղաքի բոլոր թաղամասերուն մէջ։ Բայց կեանքը դեռ կը շարունակուէր Ալէմպի փողոցին երկայնքին։ Նաւահանգիստ տանող մայրուղիին վրայ ճելլէպ ծախող տղան, առտու կանուխ կը գրաւէր իր անկիւնը՝ ճամբաներու խաչաձեւումին եւ հազարաւորբաժակ չամիչի հիւթ կը սպառէր, պիստակի այլազան տեսակներով ու գինձերով խառնուած։ Գորգավաճառները իրենց լաւագոյն կարպետներէն նմոյշներ կը դիզէին վաճառատուներու մուտքին։ Դրամատուները իրենց ծանրանիստ դարպասները մեծ ճռնչիւնով կը բանային ամէն առտու։ Պանդոկի յաճախորդներէն շատեր, մինչեւ լուսաբաց, լիբանանեան գիշերները կ’ըմբոշխնէին եւ առտուան դէմ, քնատ աչքերով, կու գային օրաթերթին վերնագիրները կարդալու։
Հօրեղբայրս, 1939-40 թուականներուն, շարք մը այլ երիտասարդներու հետ՝ լքած է հայրենի գիւղը, հասած է Պէյրութ, գտած է այդ պանդոկի հասցէն եւ աշխատած է այնտեղ։
Այն օրերուն, գիւղը նեղ օրեր անցուցած է։ Ալիւր, այսինքն՝ կորեկի, գարիի եւ սիսեռի փոշի ճարելու համար, հարկ եղած է, ինչպէս կը պատմեն հիմա, կէս ցերեկ ամբողջ, աւազակներով վխտացող ճամբայ կտրել, երթալու համար շրջակայ դաշտային ու ծովեզերեայ թուրքմէն գիւղերը, ուր լայն դաշտերն ու յորդ ջուրը առատ բերք կ’ապահովէին։ Այդ գաւառներէն իշու բեռ մը աղուն առնելով՝ կը վերադառնային։ Այդ ժամանակ, քրտինքի համ՝ դառն ու աղի եղած է գիւղացիին օրապահիկը։ Տունէն ներս, ամենաբախտաւոր պարագային, աշխատանքի տքնաջան եղանակ մը կը ձգէր քիչ մը չոր թուզ, կարասներուն մէջ՝ թաս մը խաղողի ռուպ կամ ձիթենիի կանաչ ձէթ։ Ասոնց վրայ կ’աւելնար իր հորթին բերնէն աւելցած տեղական, վատորակ ու  ժլատ ծիծերով կովու մը կաթն ու մածունը։
Այդպէս, քարերուն եւ իրարու հետ չկռուելու համար, գիւղին նորահաս տղոցմէ անոնք, որոնք քանի մը սեւցած ու գանգրացած մազ ունէին քթատակին, ու հագին՝ տաբատ մը, կ’իջնէին քաղաք՝ արհեստ սորվելու, ուսանելու։
Աւելի արկածախնդիրները կը հեռանային՝ հասնելու համար Պէյրութ, Պաղեստին կամ շունչերնին կ’առնէին ովկիանոսներէն անդին գտնուող ցամաքամաս մը։
Նոյն ծաւալով, բնակիչներու նոյն թիւով եւ ամենամօտ քաղաքէն 65 հազար մեթր հեռու գտնուող գիւղ մը, այլապէս, չէր ունենար կարգին նամակատուն, հեռագրային սպասարկութիւն եւ նամակատուն պահող պաշտօնեաներ, ինչպէս էր պարագան մեր գիւղին։
Շոճիի խիտ անտառներով շրջապատուած, ժայռանիստ արմատներով լեռներու կողին փորագրուած մերգիւղը, դարեր ամբողջ, պանդխտութեան գրկած է իր զաւակները։ Արձակած է զանոնք դէպի բաց հորիզոններ, բայց ինք չէ սպառած։ Այնպէս՝ ինչպէս շոճիի ծառը չի սպառիր, երբ ամրան տաքէն, ծարաւէն ու երաշտէն շիկացած գինձերը կը պայթին, շոճիի սերմերը արձակօրէն մաղելով դէպի դաշտերը։ Յետոյ, ձմեռներ ետք, գարնան, շոճիներ կը բուսնին ուրիշին սահմաններէն ներս, մշակուած ու անմշակ հողերու վրայ, առանց արտօնագրի, առանց մշակի ու հողատիրոջ կարծիքը առնելու։ Այդպէս, շոճիի ծառը, առանց իր տեղէն սասանելու, հազար անգամ բազմապատկուած՝ դէպի երկինք կը սլանայ, կ’անտառանայ, կը խտանայ։
Նոյնպէս, մեր գիւղը իր սերմերը արձակած է ամէն ուղղութեամբ, բոլոր հորիզոններուն ու, բաշխուելով՝ հազար անգամ բազմապատկուած է օտար հողերու վրայ, ովկիանոսներ անդին։
Դէպի նաւահանգիստ տանող, Ալէմպի պողոտային վրայ, բարտի ծառի բարձրութեամբ, հին, հռոմէական ոճով կառուցուած վեցյարկանի շէնքի մը վերջին երկու յարկերուն մէջ, մեր գիւղը իր ոստերէն դալար ոստ մը տարածած էր։
Հօրեղբայրս, աւելի քան քառորդ դարդարձած էր հոմանիշը «Հոթէլ Լիւքս»ին։
Ճամբորդներ, իջեւանողներ՝ ամէն ծագերէ, գաղթողներ՝ ամէն ուղղութեամբ, անպաշտօն ու մտերիմ, հանգչած էին անոր հովանիին տակ, յետոյ՝ մեկնած էին անդարձ։ Անոնք կազմած էին պանդոկի յարափոփոխ բնակչութիւնը — իրարու յաճախ անծանօթ — բայց միշտ հարազատ։
Ձմրան վերջերուն, սովորական օր մըն էր։
Ճաշաժամէն քիչ առաջ, երբ պանդոկի իջեւանողները իրենց առտուան զբաղումները աւարտած՝ ընդհանուրխօսակցութիւններով, նարտ խաղալով կամ թերթ կարդալով կը սպառէին ճաշի սպասարկութեան, վեցհարուածեանէ մը արձակուած վեց հատու, վճռական ու կշռութաւոր կապարներ ցնցեցին Ալէմպի փողոցը։
Տասը-տասնըհինգ վայրկեան ետք, հիւնադատար կառքը եկաւ եւ զոհին դիակը, շատ արագ ու անաղմուկ, վերցուց ու խճողուած ամբոխը ճեղքելով՝ հեռացաւ, իր մահագուշակ ճչակը հնչեցնելով։
Աւելի ուշ, ոստիկանական ջոկատ մը հասաւ ոճիրին վայրը։ Քանի մը ներկաներ հարցապնդելէ ետք, ոստիկանները հեռացան, առանց ոճրագործին հետքը գտնելու, կամ՝ զոհին ինքնութիւնը ստուգելու...
Օրեր ետք, միջօրէի այդ դէպքը մոռցուեցաւ։
Մայթին վրայ հոսած արիւնը անհետացաւ։ Ճելլէպ ծախող կառքէն հոսած ջուրերը լուացին զայն։ Վերջին հետքերն ալ ջնջուեցան մարդոց եւ ինքնաշարժներու երթեւեկէն։
Քանի մը օր զանազան բացատրութիւններ շրջան ըրին։ Ոմանք լուրջ պատճառներ չէին տեսներ անորետին։ Ուրիշներ քաղաքական հաշիւներ կը տեսնէին անոր մէջ։
Ինչ որ ալ ըլլար շարժառիթը՝ կարեւորը դէպքն էր։
Եւ  դէպքը, վանեցի պարոն Գուրգէնին համար կը փաստէր, թէ այս երկիրը տէր չունի։


Այդ դէպքէն ետք, պարոն Գուրգէն եռացած ջուրը աւելի զգուշութեամբ կը լեցնէր բաժակին մէջ։ Բաժակը երկար ատեն կը պահէր երկու ափերուն եւ իր հետազօտող նայուածքը կը պտըտցնէր սրահին մէջ նստող մարդոց եւ վերելակէն ելլող-մտնողներուն վրայ։ Իր անկիւնէն կարելի էր ընել այդ բոլորը, բոլորովին աննշմարմնալով։ Յետոյ, մեծ հաճոյքով ումպ առ ումպ կը խմէր գաւաթին պարունակութիւնը։
Վանեցի պարոն Գուրգէնը, որ հացին «խաց» կ’ըսէր եւ դեռ իրեն համար հայը «խայ» էր, օրուան մեծ մասը կ’անցընէր՝ խնամելով իր երիկամունքը եւ հօրեղբօրս ազատ ժամերուն, անոր հետ նարտ կամ թղթախաղ կը խաղար։ Ան կրնար, թէեւ տարտամ, բայց ստոյգ դէպքեր յիշել դարասկիզբի անցուդարձերէն։
Այգեստանի ինքնապաշտպանութեան օրերէն ետք, ճակատագիրը զինք նետած էր Միջագետք։ Հոդ, մեծ յաջողութիւններ ձեռք ձգած էր շուտով։ Յետոյ, աւելի ուշ, անգլիական հոգատարութեան շրջանին, բրիտանացի բանակայիններէ անգլերէն նախադասութիւններ եւ թանկօ  պարել սորված էր։ Դեռ մինչեւ հիմա, շաբաթավերջերուն, մեխակ մը կամ նոր արդուկուած նախշուն երիզով սպիտակ թաշկինակ մը կը դնէր ժաքէթին կուրծքի գրպանը։
Յետոյ, մէկ երիկամունքը կորսնցնելէ եւ ձախողութիւններու հանդիպելէ ետք, իր զաւակները Ամերիկա ղրկած էր։
Հիմա, իր ութերորդ տասնամեակին, հայկական ծագումով, Վան ծնած, իրաքեան հպատակութիւն կրող եւ մէկ տարիէ ի վեր Պէյրութի Ալէմպի փողոցը գտնուող «Հոթէլ Լիւքս» իջեւանած, աւետաբեր կրին քարթին կը սպասէր իր կողակիցին հետ, որուն անսակարկ աջակցութեամբ գլուխ կը հանէր իր միակ երիկամունքը խնամելու ստիպողութիւնը։
— Այս երկիրն ալ տէր չունի, կնիկ,— կը կրկնէր՝ վանցեցիի հարազատ շեշտ մը բառերուն վրայ եւ, եռացած ջուրի ումպ մը ամենայն զգուշութեամբ խմելէ ետք՝ աւելի եւս արդար կը գտնէր գաղթելու որուշումը։
Այդ տարի, գարնան առաջին կանաչներուն հետ, հասաւ նաեւ պարոն Գուրգէնի կրին քարթը, որ առանց յապաղումի «Աւետեաց երկիր» փոխադրեց աւելի քան եօթանասուն տարի թափառած այդ գաղթական հայուն յոգնատանջ մարմինը։
Հօրեղբայրս խոշորակազմ մարդ մըն էր։ Հաւանաբար այդ պատճառով էր միայն, որ կրցած էր այնքան համբերութիւն, բարութիւն ու հմտութիւն ամբարել իր մէջ։ Իր ներկայութիւնը պանդոկէն ներս, նոյնիսկ եթէ ոչ մէկ աշխատանք ունենար կամ եթէ միայն նարտ խաղար, բաւարար կ’ըլլար, որ գործերը ընթանան անարգել եւ բարդութիւններ ու անախորժ դէպքեր չպատահին։ Օրինակ, վերելակը, որ 35-40 տարիներու կեանք ունէր, բայց որ հաւատարմօրէն կը սլանար վեր, կը սահէր վար՝ իրենց ծխնիներուն վրայ եւ առանցքներուն շուրջ դարձող ճախարակներէն առկախ, եւ որ հաւատարմօրէն շաբաթը մէկ անգամ կամ երկու անգամ կը խանգարուէր, հարկ կ’ըլլար իրեն համար մասնագէտ բերել։ Սեւ պեխերով, սեւցած ու իւղոտած համազգեստով արհեստաւորը կու գար աճապարանքով, աճապարանքով կ’երթար։ Վերելակը կրկին կը մերժէր գործել։ Հօրեղբայրս, փոխանակ սրդողելու, կը բանար պատկերասփիւռին տակ գտնուող գործիքներու իր պահարանը եւ մեծ համբերութեամբ, զարմանալի ու այլազան գործիքներուն օգնութեամբ, առանց աճապարանքի՝ խանգարուած վերելակը նորոգելու կը սկսէր։ Այն ատեն, ամէն ոք վստահ կ’ըլլար, թէ վերելակը շուտով պիտի գործէ անձանձրոյթ։ 
Գարունը դարձեալ եկաւ անխռով, միւս բոլոր տարիներուն պէս։ Հայաստան ուսանող իրաքահայ տղաք, իրենց տարեկան արձակուրդը առած՝ իրենց հետ բերին հայաստանեան կոնեակ եւ խաւիար եւ, օդը հաճելի գտնելով՝ նախընտրեցին քնանալ պանդոկին տանիքը, Պէյրութի խաղաղ օրերու ջինջ երկինքի աստղալոյսերուն տակ։
Հայաստանէն հասած նոր ձայնապնակներու երգերը հնչեցին պանդոկի բոլոր նրբանցքներուն մէջ։
Ամէն ինչ հոյակապ ընթացքի մէջ էր։
Այդ գարնան աւելի մեծ թիւով ընտանիքներ դրական պատասխան ստացան դեսպանատունէն, աւելի առատօրէն իրեղէններ գնեցին Սուք Սրսոքէն, Պապ Իտրիսէն եւ Սուք Արմանէն եւ, ճամբորդական պայուսակները կապկպած՝ կշռեցին ու գաղթեցին։
Հօրեղբօրս գուրգուրանքով աճած-ուռճացած ծաղկիներու եւ զանազան բուրումնաւէտ բոյսերու խիտ ցանցէն ներս կը սահէին արեւուն հետզհետէ նուազող ճառագայթները։
Բաժակ մը գարեջուրով ու քանի մը շերտ վարունգով սկսուած նախընթրիքները երբեմն կը վերածուէին առանձնակի ճոխ սեղաններու։
Պատկերասփիւռի ծանուցումներուն զուարթ երաժշտութիւնը, խօսնակին թովիչ ձայնին ներդաշնակուած՝ կը միանար յախճապակիէ ամաններու աղմուկին, խոհանոց-ճաշարան փոխանակուած բարձրաձայն պատուէր-բացատրութիւններուն, նարտի քարերու յաղթական զարկերուն, զուարթախոհ խօսակցութիւններու նիստերէն թռիչք առած անզուսպ ու լիաթոք քրքիջներուն։ Ձայներու այդ տօնախմբումին կ’աւելնար խոհանոցէն ծաւալող խորովածներուն բոյրը՝ ծուխով եւ օրհնութիւններով օծուն։
-->


2 comments:

  1. Յարգարժան Պրն․ Աբելեան, մեծ հաճոյքով կարդացի ձեր գրութիւնը։ Հիսասքանչ պատմուածք է, յուսամ կը շարունակեք։

    ReplyDelete
  2. Ես ալ հաճոյքով կարդացի ձեր գեղեցիկ լեզուով ու համով-հոտով գրուած այս կտորը:

    ReplyDelete