Տոքթ. Արա Աբէլեան
(Հատուածներ Բագին պաբրերաթերթէն)
....................
Պատկերասփիւռի ծանուցումներուն զուարթ երաժշտութիւնը, խօսնակին թովիչ ձայնին ներդաշնակուած՝ կը միանար յախճապակիէ ամաններու աղմուկին, խոհանոց-ճաշարան փոխանակուած բարձրաձայն պատուէր-բացատրութիւններուն, նարտի քարերու յաղթական զարկերուն, զուարթախոհ խօսակցութիւններու նիստերէն թռիչք առած անզուսպ ու լիաթոք քրքիջներուն։ Ձայներու այդ տօնախմբումին կ’աւելնար խոհանոցէն ծաւալող խորովածներուն բոյրը՝ ծուխով եւ օրհնութիւններով օծուն։
Ցերեկը, խոհանոցի պատասխանատուն ամմօ Ղազարն էր։ Սպիտակ մազերը միշտ քիչ մը կարճ կտրուած ու ցից, եւ աչքերը՝ կիսախուփ, նոր վառած քէնթի ծուխէն պաշտպանուելու համար։ Վաթսունը արդէն անց, բայց գլուխը միշտ բարձր պահելով կը քալէր ան, դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով, որոնց կշռոյթը ոչ մէկ պարագայի տակ կրնար փոխուիլ։ Ամմօ Ղազար միշտ գոհ էր իր կացութենէն եւ անկէ աւելին ցանկացողը չէրբնաւ։ Այդ պատճառով ալ, թերեւս իր քայլերուն մէջ աճապարանք չկար եւ քայլերէն աւելի արագ չէր նաեւ իրխօսակցութիւնը։ Կեանքէն գոհացած ըլլալը կրնայիր զգալ, երբ նոր սիկարէթ մը վառելով՝ ան թեթեւօրէն ժպտէր ու, քիթը քաշելով՝ հոս-հոն ցրուած պնակները առանց արտորանքի հաւաքելով խոհանոց տանէր։
Իրիկունը, երբ իր բոլոր գործերը աւարտէր եւ խոհանոցը յանձնէր Զիատին, նոյն հանդարտութեամբ, միշտ առանց արտորանքի, կը պատրաստէր բաժակ մը օղի ու աղանդեր, կը նստէր պատկերասփիւռէն հինգ-վեց մեթր հեռու։ Ոմանց համար պարզ ընթրիքի ժամ մը սահմանուած ըլլալու այդ պահը, ամմօ Ղազարի համար կը վերածուէր երջանկութեան եւ վայելքի գագաթներ նուաճելու տօնի մը։ Կարմրած թուշերը կը բարձրանային դէպի առաստաղ, ամէն անգամ, որ ումպ մը առնէր բաժակէն։ Երբ բաժակը պարպուելու մօտենար՝ անորժպիտները կը վերածուէին անզուսպ ու վարակիչ խնդուքի, կը խնդար նոյնպէս, երբ իր սիրած ծանուցումներէն մէկը շողար փոքր պաստառին վրայ։
Ով կրնար երեւակայել թէ, կեանքի լաւին ու վատին հանդէպ այլեւս բոլորովին կրաւորական այդմարդուն օրերը եղած էին փոթորկալից ու վիպական վերիվայրումներու ամբողջ շարք մը։ Եւ հիմա, իր կեանքի տեղատուութեան այս օրերուն, դէպքի մը ոգեշնչումը կրնար զինք ողողել փոթորկայոյզ խռովքներու ալիքներով։
Ամմօ Ղազարի կեանքը սկսած էր Կիլիկիա։ Բռնագաղթի ճամբաներով շարունակուած էր արաբական ափերուն վրայ, հօրմէն ու մօրմէն որբացած, խարտեաշ ու քիչ մը թոթով վեց-եօթը տարու մանուկի մը ոդիսականով։ Որբանոցներու անհրապոյր բակերէն, իբրեւ արեւոտ յիշատակ, մնացած են դէմքերը զուիցերիացի մայրապետներու, գթառատ ու դրախտային ժպիտներով շողուն։ Աւելի ուշ, հիւղաւաններու տղմուտ ձմեռներէն ու փոշեյագ ամառներէն ացնելով՝ հասած էր աւելի բախտաւոր օրերով պսակուած երիտասարդութեան։ Պզտիկ յաջողութիւններու գումարով, ան տէր դարձած էր սրճարանի մը, որ ձիւնագնդակի թաւալումին պէս, կարճ ատենէն, իր անունին շուրջ հաւաքած էր համակրանք, ժողովրդականութիւն եւ մուտքը եղած էր առատ։
Այս բոլորը պատահած են՝ առանց մասնաւոր ջանքի, առանց ճարպիկութիւններու եւ հեւքի։ Հաւանաբարեկած են, առանց իր իսկ կարծիքը առնելու։ Եկած են այնպէս՝ ինչպէս կու գան անձրեւը, արեւը եւ բնութեան անհատնում միւս բարիքները։
Բարութեան ադ շրջանը շատ երկար չէ տեւած, սակայն։ Անհրաւէր ու անկոչ այդ յաջողութիւնները, նոյն քմահաճ ընթացքով՝ լքած են զինք աստիճանաբար։
Ապրած էր այդ բոլորը՝ առանց իր տրամադրութիւնը անոնցմով պայմանաւորելու։ Յաջողութիւններով չէր խանդավառուած, ոչ ալ կորուստները ողբացած էր։
Յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը ընդունած էր իբրեւ կեանքի պարզ պատահարներ, առանց որոշ վարդապետութիւն մը որդեգրելու, առանց հարցերը բարդացնելու։
Երբ ամմօ Ղազարին գործը աւարտէր, հերթը կը յանձնէր Զիատին, որ մանկութենէն ի վեր կապուած էրպանդոկին։ Հոն հասակ առած ու ապրած էր, սորված էր կիսատ, արաբերէն քերականութեամբ հայերէն մը, զորկը սիրէր խօսիլ ու կը խօսէր մեծ բաւարարութեամբ։ Նոյնիսկ երբ մենք իրեն հետ արաբերէն խօսելու ըլլայինք, ան իր հայերէնով կը պատասխանէր մեզի։
Պանդոկին մէջ իր պաշտօնը ճշդուած չէր, նախ՝ ան պաշտօնեայ չէր, ո՛չ խոհարար էր, ոչ սպասեակ, ո՛չ ալ գործակատար։ Պարզապէս ան մաս կը կազմէր պանդոկին։
Պանդոկ մը կ՚ունենայ մուտք, գաւիթ-ընդունարան, գրասենեակ, օրէնքներ, իջեւանողներ, պանդոկապետ, սպասեակներ եւայլն։ Օրինակ, հօրեղբայրս, որ ինք կը վարէր “Հոթէլ Լիւքս”ի գործերը,բնաւ պանդոկապետ չէր։ Ամմօ Ղազարը,ամենահամեղ ճաշերը պատրաստել գիտէր ուամէն օր կը պատրաստէր տարբեր տեսակի ճաշեր, խոհարար չէր։ Նոյնիսկ յաճախորդները պանդոկի յաճախորդները չէին, այլ՝ “Հոթէլ Լիւքս”ի բնակիչներ։ Ոմանք վերջնականապէս հոն հաստատուած, հոնկէ իրենց գործին կ՚երթային, կը վերադառնային գործի աւարտին, իսկ ոմանց գործը պարզապէս հոն մնալ էր։ Ուրիշներ տարին քանի մը առիթներով կու գային, կը մնային շաբաթ մը –երկու եւ կը մենկէին։
Ես առաջին անգամ պանդոկէն ներս ոտք դրի իննը տարեկանիս։ Մանկական երեւակայութեանս մէջ արդէն հազար ու մէկ մանրամասնութիւններով գծուած էր անիկա։ Մեր գիւղի շատ մը երիտասարդները իրենց առաջին շաբթականները հոս վաստակած էին, ապա մեկնած՝ իրենց ճակատագրին տնօրինած ուղղութիւններով։ Անոնցմէ միայն հօրեղբայրս էր, որ վերջնականապէս կապուած էր “Հոթէլ Լիւքս”ին, իսկ “Հոթէլ Լիւքս”ի անունն ալ՝ իր անունին։
Եղբայրս, ինձմէ մէկ տարի առաջ աւարտեց երկրորդականը եւ մտաւ համալսարան։ Ինք փոխադրուեցաւ պանդոկ, ես մնացի գիշերօթիկ։
Այն օրերէն պանդոկին նկատմամբ իմ մէջ ներքին մտերմութիւն մը ստեղծուեցաւ։ Ազատ ժամերուս կ՚երթայի հոն։ Եղբայրս ունէր իր առանձին սենեակը, որ կը գտնուէր վերջին յարկը։ Վերելակը կը բացուէրնրբանցքի մը վրայ, նրբանցքը կը վերջանար փոքր հիւրասրահով մը, որ կը կազմէր երեք սենեակներու հասարակաց գաւիթը։
Այդ սենեակներուն մէջ կը բնակէին պանդոկին մնայուն իջեւանողնեը։ Մէջտեղի սենեակը, որուն պատուհանը կը նայէր նաւահանգիստին, յատկացուած էր եղբօրս։ Բաց կապոյտ պատերով, ընկուզենիէ մեծ պահարաններով, երկու մահճակալով, խաղաղ ու հմայիչ բան մը ունէր անիկա։ Անհամբեր կը սպասէի երկրորդականի աւարտին, որպէսզի ես ալ հոն փոխադրուիմ եւ ունենամ իմ մահճակալս՝ նաւահանգիստ նայող պատուհանին մօտ։
Մեզմէ առաջ հոն բնակած էր իրաքահայ ընտանիք մը, որ կանաչ քարթը ստանալէ ետք, մեկնած էրՄիացեալ Նահանգներ։ Անոնց պատանի տղաքը սենեակին պատերը խճողած էին ամերիացի երգիչներու, դերասաններու ու կռփամարտիկներու նկարներով։
Պատուհանէն դուրս կար փոքր պատշգամ մը, որ կը գործածուէր կարգ մը աւելորդ առարկաներու համար։ Հօրեղբայրս, յարատեւ ճշդապահութեամբ մը, հոն գտնուող սնտուկին մէջ այլազան պտուղներ զետեղած կ՚ըլլար, որպէսզի սերտողութեան ընդմիջումներուն անոնցմով զբաղէինք։
Շուտով ես ալ շրջանաւարտ եղայ, մտայ Ամերիկեան համալսարան եւ դարձայ եղբօրս սենեկակիցը։
Գիշերօթիկի աշակերտ եղած տարիներուն ալ ես ու եղբայրս ունէինք մեր առանձին սենեակը, նորակառոյց շէնքի մը մէջ, լայն ու արեւոտ պատուհաններով, լեռնալիբանանի գեղեցիկ ու կանաչներով յորդող բլուրի մը վրայ։ Բոլոր առաւելութիւններով օժտուած սենեակ մըն էր։
Բայց… գիշերօթիկ ըլլալէ չէր դադրեր։
Պանդոկի սենեակին անուշութիւնը ուրիշ էր։ Տան հարազատութիւն մը կար հոն, արեւոտ պատուհաններու եւ հանգստաւէտ անկողիններու առաջացուցած զգայնութիւններէն տարբեր համ մը։
Մեզի համար պանդոկի առօրեան կը սկսէր երեկոյեան, երբ համալսարանէն կը վերադառնայինք ես, մեծ եղբայրս եւ երկու հօրեղբօրորդիներս։
Նոյն ժամերուն, հօրեղբօրս տիկինը, մեր հարազատ բարբառով՝ աղբըրկէնը, կը վերադառնար դպրոցէն։ Ան երկար տարիներու ուսուցչուհի էր՝ հայ լեզուի եւ գրականութեան։ Աղբըրկէնին ժամանումով՝ տօնական շէնութիւն մը կը մտնէր պանդոկէն ներս։ Իր անուան պէս զուարթ ու կենսայորդ ներկայութիւնը կը լուծէրառօրեայի բոլոր մանր-մունր մտահոգութիւնները, հարցերը եւ անոնցմով բեռնաւորուած տրամադրութիւնները։ Ուսուցչական ասպարէզը անոր մէջ մշակած էր կեանքի ու առօրեայի հարցերը ամէնէն ուրախ ելքերով լուծելու շնորհք մը։ Դասարանային եւ ուսումնական իր աշխատանքներուն հետ մէկտեղ՝ ան հեւք ու շունչ կը դնէրաշակերտներուն բարդութիւնները լուծելու, նիւթականէն մինչեւ ծնողք ու զաւակ բախումները, ընկերային հարցերէն մինչեւ պարման-պարմանուհիներու հոգեկան յոյզերն ու փոթորկումները։
Մենք ալ կ՚ունենայինք մեր դժուարութիւնները։ Կը սպասէինք աղբըրկէնին, որ իրեն պարզէինք զանոնք, իր խորհուրդն ու քաջալերանքը ստանայինք։ Որքան ալ բարդ թուէին մեր հարցերը, որքան ալ անտրամադիր ու յուսահատ ըլլայինք, ան կը գտնէր ձեւ մը, տրամաբանական ելք մը եւ մենք աւելի զօրաւոր կը զգայինք մենք զմեզ։ Երբ վստահ ըլլայինք, թէ ինչ լաւ ընթացքի մէջ է մեր տրամադրութիւնները բարձր են, կը խօսէինք գրականութեան մասին, հայ ժողովուրդի եւ այլ ժողովուրդներու պատմութիւններուն ու մշակոյթներուն մասին։ Աղբըրկէնը անգիր գիտէր հայ գրականութեան յայտնի դէմքերուն կեանքի, նկարագրի, խառնուածքի մանրամասնութիւնները՝ անոնց առօրեայէն բերուած դրուագներով ու պատահարներով հիմնաւորուած։ Ան կը հաւատար, թէ գրողի մը գործը հասկնալու եւ անոր արուեստը գնահատելու համար, նախ հարկաւոր էրճանչնալ անոր անձը, կեանքի մանրամասնութիւնները, նկարագրի ու ներաշխարհի գիծերը։ Այդ իսկ պատճառով՝ ան կրցած էր խոր մտերմութիւն մը ստեղծել հայ գրականութեան հետ։ Բայց ան կ՚ափսոսար այն իրողութեան համար, որ շարժապատկերի եւ տիսքոթէքներու այս անհեթեթ դարուն ո՞վ էր այն երիտասարդը կամ երիտասարդուհին, որ իր “գլուխը պիտի յոգնեցնէր” գրականութիւն կարդալով, ա՛լ ուր մնաց գրականութիւն մշակելով։
Պլու- ճինզերու մէջ, մինչեւ պորտը բաց շապիկով, ականջ խլացնող փոփ միւզիքի ոլորտներուն մէջ իրկըրլ ֆրէնտը իր թեւերուն մէջ ազատօրէն սեղմած՝ ո՞ր տղան պիտի փոթորկէր վէպի մը հերոսին այսինչ կամ այնինչ խռովքով։
Պանդոկը ունէր նաեւ երաժիշտ մը, բոլոր արուեստագէտներուն յատուկ, տարօրինակ խառնուածքով մարդ մը, որ իր թափառական կեանքին իբրեւ վերջին կայան՝ ընտրած էր պանդոկը։ Քսանըհինգ տարիներէ ի վեր թոքատապէ բռնուած այս մարդը, վաթսունի սեմին, հակառակ զինք շնչահեղձ ընել սպառնացող հիւանդութեան, ամէն ջանք կը թափէր կայտառ երեւնալու, եթէ ոչ երեսուննոց, գոնէ քառասունի մէջ, եւ դեռ կեանքէն բաւական բան ակնկալելու տրամադրութեամբ, վզնոցը խնամքով կը տեղաւորէր փողկապուած ու միշտ արդուկուած վերարկուին միջեւ, եւ անխուսափելի գանգատներով կը սկսէր իր առօրեան՝ նորոգուած ինքնավստահութեամբ մը։ Այդ ոչ այնքան հաստատուն ինքնավստահութիւնը տեւաբար ամրապնդելու համար, ան յաճախ ձեռքը կը տանէր վերարկուին գրպանը, ստուգելու համար թէ փրկարար դեղին սրուակը հո՞ն է։
Անոր անանդորր կեանքը շատ հաւանաբար սկսած էր Կիլիկիա, իր տարիքի բոլոր հայերուն պէս՝ գաղթականութեամբ։ Ինք այդ մասին շատ բան չէր խօսեր։ Ինչ որ կը սիրէր պատմել՝ տեղ մը Օշականի աշակերտած ըլլալն էր։ Բայց իր կեանքի ամէնէն յատկանշական դէպքը կը մնար Հայաստան ներգաղթելը։ Հոն զբաղած էր երաժշտութեամբ։ Տարիներ ետք, ձգած էր Հայաստանը ու հաստատուած Արեւմուտք։ Ապա, վերջնականապէս, ընտրած էր Պէյրութը, ա՛յն քաղաքը, որ ընդունելի եւ հանդուրժելի էր բոլոր անոնց, որոնք իրենց գտնուած վայրէն դժգոհելու սովորութիւն ուին, ո՛ւր որ ալ գտնուին։ Հաւանաբար Պէյրութ ի՛նք կը հանդուրժէր այդպիսիները։
No comments:
Post a Comment