V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Monday, October 7, 2019

Պ Ա Ն Դ Ո Կ Ը (Շար բ.)

Տոքթ. Արա Աբէլեան

((Հատուածներ Բագին պաբրերաթերթէն)

 
Երաժիշտին շարժուձեւերուն մէջ նոր աշխուժութիւն մը աւելցաւ, երբ երկար փնտռտուքէ ետք, զնեց դաշնամուր մը։ Իր նեղ սենեակին մէջ դժուար էր տեղաւորել գորգապատ սալոններէն բերուած այդ գործիքը։
Անոր նախկին տէրերը թէեւ վերջնականապէս գաղթած էին, անոնց զուարթաշատ, խնդութեամբ ու երաժշտութեամբ լեցուն օրերէն բերկրանքի յուշեր կը մնային ստեղնաշարին մէջ։ Մենաւորի իր սենեակը հիմա կը յորդէր  վերանորոգ պերճանքով մը։
Շատ բան պիտի փոխուէր այլեւս իր կեանքին մէջ։ Քիչ մը աւելի գուրգուրանքով կղպեց այդ օրսենեակին դուռը։ Շատ մը դժուարութիւններ պիտի հարթուէին։ Այլեւս աշակերտները կրնային իր մօտ գալ՝ սեփական դաշնակին վրայ կատարելու փորձերը։ Ալ պարտաւոր չէր խոնաւոր օդին, անձրեւներուն կամ ամրանտաքերուն թաղամասէ թաղամաս փոխադրուիլ, շնչափողային իր տագնապները նուազ յաճախակի պիտի դառնային։
Դաշնամուրի վրայ նոր նուագել սորվող աշակերտներու անհրապոյր տնկտնկոցը, իր նկատողութիւններով ընդմիջուած՝ դասացուցակային կանոնաւորութեամբ կը կրկնուէին ամէն օր։
Երբեմն, սակայն, աւելի փորձառու եւ շնորհակալի նուագողներ դաշնամուրի ետին կը ներշնչուէին իրենց սիրած մէկ եղանակով։
Երաժշտութեան ալիքներուն թրթռացումը կողողէր պանդոկին նրբանցնքները, կը մտնէր իւրաքանչիւրսենեակէ ներս եւ կը յաղթէր փողոցի բոլոր աղմուկներուն։
Ի լուր այդ բոլորին, երաժիշտին երջանկութիւնը, կը բազմապատկուէր։
Շնչատապը կը նուագէր եւ իր շարժումներուն մէջ կաւելնար ինքնավստահութեան նոր շեշտ մը։
Այդ բոլորէն անկախ, սակայն, ան ունէր զինք տեւապէս անհանգստացնող, քունն ու անդորրը ընդմիջող վէրք մը,- Հայաստանն արտագաղթած ըլլալու պարագան։ Առտուն երեսը լուալու ատեն, իրիկունը՝ ընթրիքի պահուն, դաշնամուրին մօտ, միշտ նիւթ մը կրնար գտնել՝ հայաստանեան իր փորձառութիւններուն հետ առընչելու համար։
Իր նախապաշարումներէն, դառնութիւններէն չնչին յիշատակ մը կրնար յանկարծօրէն զայրացնել զինք. օձիքը աւելի ջղային շարժումներով կը շտկէր, կելլէր աթոռէն, կերթեւեկէր անհանդարտ, կը հազար.
- Չըլլալիք բան է, եղբա՛յր, ինչո՞ւ մարդիկ չեն ուզեր հասկնալ։ Առանց տեսած ըլլալու կուզեն դատել։
Պատանեկան իմ համոզումներուս եւ զգացումներուս հետ բոլորովին անհաշտ էին անոր հայաստանեան գանգատները, որոնք հազար անգամ կրկնուած ըլլալով, դարձած էին նեղացուցիչ։ Բայց գիտէի, որ իր դժուարութիւնը այլ մարզի մը մէջ կը կայանար, հոգեկան այլ խախտում մը կը հաւասարակշռէր այդ մասինխօսելով, իր զայրոյթն ու վրդովումը այդ հասցէին ուղղելով։ Աւելի՛ն. Հայաստանը հաւանաբար ամենամտերիմ անունն էր իրեն համար, որ կրնար որեւէ պահու, որեւէ առիթով՝ իր հիասթափութիւններուն եւ վիշտերունպատճառը հանդիսանալ։
Իրեն հետ բացայայտ բախումներ չունենալու համար՝ կը հեռանայի ծանօթ ելոյթնեու լեզու տուած պահուն։
Օր մը, սակայն, պատահեցաւ անխուսափելին։ Երբ նմանօրինակ առիթով մը իր եզրակացութիւնը վաւերացնելու համար՝ իմ դրական պատասխանիս կը սպասէր, ես, բիրտ անմիջականութեամբ մը՝ ըսի.
- Իրաւ հայ մը Հայաստանէն չի հեռանար։ Դուք պարտուած անձ մըն էք։ Չէի կրնար պատկերացնել երաժիշտին զայրոթը։
Առաջին անգամ ըլլալով այդ աստիճան խստութեամբ կը դատուէր իր արարքը։
Շնչատապը ծայրագոյն կէտին հասաւ։
Սովորական դեղերու միջամութիւնը բաւարար չեղաւ։
Շահանի կարեկցական ջանքերը չկրցան մեղմացնել տագնապը։ Հայաստանը իբրեւ երազներու մեր հայրենիքը, կացութիւններու եւ պարագաներու պայմանաւորումէ անջատելու իմ նախ նախանձախնդրութեանս մէջ՝ չէի կրցած նկատել երաժիշտին ներաշխարհի զարտուղի մտերմութիւնը հայրենիքին հետ...
Ամիսներ անցան։ Երաժիշտը չէր բարեւեր զիս։ Չէր փոխադարձեր բարեւիս։ Իր խօսակցութիւններուն մէջ նուազ յաճախ կը յիշատակէր Հայաստանը։
Եղբայրս միշտ կը թելադրէր ինծի սրբագրել  պատահածը։ Ան պանդոկին մէջ չէր հանդուրժեր գժտութիւն եւ լարուած մթնոլորտ։
Ես ալ անհանգիստ կը զգայի այդ ուղղութեամբ։ Եղբայրս կը պնդէր, որ մեր բարկութեան վրայ արեւը մար չմտնէ։ Համաձայն էի։ Բայց ի՞նչ ըսէի. ըսէի, որ ես սխալած եմ եւ իրտեսակէտնե՞րը ճիշդ էին։ Կը յետաձգէի այդ պահը, այլ առիթի մը սպասելով։
Երաժիշտին կեանք իմաստաւորող վիպային այլ ներկայութիւն մը կար։ Պանդոկի ընտանիքին դեռ անծանօթ, ստուերի նման գոյութիւն մը։ Քաղաքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, գիշերային հերթին գործող՝ Էտնա անունով հիւանդապահուհի մը։
Անսխալ ճշդապահութեամբ, հիւանդապահուհին իր գիշերային հերթը ստանձնելէ առաջ, ամենայն հաւատարմութեամբ, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կունենար երաժիշտին հետ։ Անոնք, հեռաձայնին ընդմէջէն, օրուանանցուդարձերուն վերաքաղ կընէին եւ կը ճշդէի յաջորդ հանդիպումին վայրն ու ժամանակը։
Երաժիշտը իր առողջական վիճակին մասին մանրամասն զեկուցում կու տար։ Հիւանդապահուհին իրհոգածու թելադրութիւններն ու առողջապահական պատուէրները կը կատարէր։
Երաժիշտը հիւանդապահուհիին հետ իր մտերմութիւնները խիստ զգուշաւոր եւ սահմանափակ տարողութեան մը մէջ կը պահէր։ Մարդոց հետաքրքիր աչքերէն եւ բամբասող լեզուներէն խուսափելու ջանքով՝ ան Էտնան պահած էր որոշ հեռաւորութեան մը վրայ։ Առիթով մը միայն, պանդոկին յաճախորդներէն մէկը, իրիկուան կիսամութիւն, հեռուէն տեսած էր հիւանդապահուհին՝ իր փոքր ինքնաշարժով, երաժիշտը պանդոկհասցնելու ատեն։ Անձրեւոտ օր մը ըլլալով՝ երաժիշտը աճապարանքով պանդոկ մտած էր։
Հիւանդապահուհիին փոքր ինքնաշարժը, կարմրորակ, բացխփող լոյսերով՝ անհետացած էր անձրեւախառն կիսամութին մէջ։
Ամէն գիշեր, ուշ ատեն, երբ պանդոկին աղմուկները դադրէին եւ իջեւանողները մէկիկ-մէկիկ իրենց սենեակները քաշուէին՝ գլխաւոր գաւիթին մէջ գտնուող հեռաձայնը կը հնչէր։
Երաժիշտը կը վերցնէր ընկալուչը, կը շտկէր ակնոցները, օձիքը։ Կը հազար։ Մեր սենեակէն, ես ու եղբայրս, դեռ սերտողութեամբ զբաղած՝ գիշերուան լռութեան մէջ կը լսէինք անոր տագնապահար ձայնը։
Հեռաձայնին միւս ծայրէն հասնող կնոջական հոգածու նախադասութիւններուն եւ գուրգուրոտ արտայայտութիւններուն ի լուր՝ անոր ձային մէջ ինքնավստահութեան շեշտ մը կաւելնար։ Վերանորոգուելիք կեանքի մը հաւանականութիւններով խրախուսուած՝ երաժիշտը կը գոցէր ընկալուչը եւ կը շտապէր սենեակը։
Եղբայրս պահ մը կը գոցէր գիրքը։ Զարթուցիչը կը լարէր, յետոյ, խօսքը ինծի ուղղելով՝ կը հարցնէր.
- Ի՞նչ եղաւ երաժիշտին հետ հարցդ։
- Նոյնն է։
- Չե՞ս բարեւեր։
- Կը բարեւեմ՝ չի փոխադարձեր։
- Խօսեցա՞ր իրեն այդ մասին։
- Ի՞նչ խօսիմ։
- Չեմ գիտեր։ Ինծի համար կարեւորը այս կացութեան վերջ մը տալն է,- կըսէր մտահոգ շեշտով մը եւ լոյսը կը մարէր։
Այդ կացութեան վերջ մը դրուեցաւ Կաղանդի գիշերը։
Պանդոկը ունէր իր աւանդները։ Անոնց կարգին՝ Կաղանդի գիշերներուն մասնաւոր շուք մը վերապահելն էր։ Բոլոր իջեւանողները, նորեկներ թէ մնայուններ, իրենց այդ օրուան ծրագիրները կը դասաւորէին ա՛յնպէս, որ Նոր Տարուան գիշերը կարելի ըլլար մէկ սեղանի շուրջ համախմբուիլ՝ առանց բացակայութիւններու։ Մեկնողներուն բարի երթ, նորերուն՝ բարի գալուստ, եւ բոլորին՝ բարի Նոր Տարի մաղթելու համար, հարկ էր, որ բոլոր վերապահութիւնները վերնային, վերանորոգուած սիրով բարձրացուէին բաժակները եւ երբ զերօ ժամը հասնէր, քաղաքի բոլոր աղմուկները, հրացանաձգութիւնները, ռումբերն ու նաւահանգիստ խարսխած նաւերուահազանգային ճչակները յայտարարէին Նոր Տարուան ժամանումը, ողջագուրումները ըլլային ինքնաբուխ, անխարդախ ու ջերմ։
Ո՛րքան մօտենար Նոր Տարին, ա՛յնքան աւելի մտահոգիչ կը դառնար ինծի համար երաժիշտի հետ գժտուած մնալս։ Ո՞վ պիտի ըլլար սառոյցը կոտրողը։
Դեկտեմբերի վերջին օրերն էին։ Պէյրութի երկինքը յոգնած էր։ Կարկտախառն անձրեւը անհանգիստ հեւքով մը կը ծեծէր վերելակին հունը պատսպարող թիթեղեայ երդիքը։ Երաժիշտը, թանձր վերարկուի մը մէջպաշտպանուած, վիզնոցը շտկելով՝ կը սպասէր վերելակին։
Մօտեցայ իրեն, դէմքիս շատ բնական արտայայտութիւն մը տալով։ Բարեւեցի։ Առանց իր պատասխանին սպասելու Կաղանդի գիշերուան հրաւէրը փոխանցեցի։
Երաժիշտին խորը ինկած աչքերը վարանեցան պահ մը, բայց չկրցան խուսափիլ նայուածքէս։
Ան կարծես կուզէր հարց տալ, թէ ինչո՞ւ ինծի վստահուած էր զինք հրաւիրելու պարտականութիւնը։
- Անշուշտ աքորտէոնը չէք մոռնար,- աւելցուցի, որպէսզի իր շփոթը նկատած ըլլալս ծածկեմ։
Մինչ այդ, վերելակը հասած էր։ Շտապով բացաւ դուռը ու երբ կը պատրաստուէր ներս մտնել՝ ըսի.
- Էտնան ալ միասին բերէք։ Չկրցայ իմանալ իր հակազդեցութիւնը։ Առաջին անգամն էր թերեւս, որբացայայտօրէն իրեն կը խօսուէր հիւանդապահուհիին մասին։ Մինչ այդ, պատանեկան ամօթխածութեամբ մը,զայն ծածուկ պահած էր։ Գաղտնապահութեան թրթիռը յաւելեալ մտերմութեամբ մը գունաւորած էր իր այդյարաբերութիւնը, որ յուսաբեկումներով լեցուն իր չափահասի արդէն իսկ կապարագոյն հորիզոնին նորլուսաւորում մը ըլլալու սահմանուած էր։
Դեկտեմբերի վերջին օրուան յետմիջօրէին ամէն ոք ........ կը պատրաստուէր տօնական գիշերուան։ Իրենց մասնակցութիւնը լաւագոյն տրամադրութեամբ բերելու հետամուտ՝ բոլորը անսովոր խանդավառութեամբ մը վարակուած էին։ Միայն ես անմասն էի այդ խանդավառութենէն։ Եւ անձկութեամբ կը սպասէի երաժիշտին, վերաքաղի ենթարկելով բոլոր նախադասութիւնները, զորս գործածած էի՝ զինք տեղեակ պահելու համարԿաղանդի հաւաքոյթին։
Սեղանը արդէն պատրաստուած էր, երգն ու կենացները իրենց թափը ստացած էին, երբ երաժիշտը, թէեւ վարանոտ, բայց յստակ գոհունակութեամբ մը ներս մտաւ՝ Էտնայի ընկերակցութեամբ։ Փորձեց աննկատտեղաւորուիլ անկիւն մը, Էտնային հետ հրապարակային եւ հանդիսաւոր այդ երեւումը անաղմուկ անցընելու ջանքով մը, բայց ներկաներուն հակաազդեցութիւնը իր փափաքներէն կախեալ չէր։ Մարդոց նայուածքնե՛րն անգամ կրնային նեղացուցիչ ըլլալ այդ պահուն։ Նախ՝ փորձեց պաշտպանուիլ նայուածքներու, մաղթանքներու, բարեգալուստի եւ այլեւայլ ակնարկութիւններւ տարափէն։ Յետոյ՝ տեղիտուաւ։ Ապա, հաւանաբար, թաքուն պարծանքով եւ ներքին միջամտութեամբ փնտռեց նոյնիսկ այդ բոլորը։ Անոնցմով նուիրագործուած, իրագործուած, բացայայտօրէն իր սեփականութիւնն էր այլեւս այդ մտերմութիւնը։
Առանց տատամսումի, շտապեց սենեակ՝ աքորտէոնը բերելու, երբ իրմէ խնդրեցին նուագել։
Ամէն կողմէ նախադասութիւններ եւ առաջարկներ տեղային։
Էտնայէն որոշ հեռաւորութիւն մը պահած, նուագարանին յենած, խորհրդաւոր ու անհանգիստ լռութեամբ մը՝ երաժիշտը լսեց առաջարկները։ Լուռ էր նաեւ հիւանդապահուհին եւ աչքերը անձկութեամբ անոր վրայ յառած՝ կը սպաս էր։ Որո՞ւ խնդրանքը աւելի առաջ պիտի կատարուէր. ի՞նչ երգով պիտի սկսէր իր ամանորեայ ելոյթը։
Երաժիշտ անսովոր կերպով լուռ եւ բացորոշ կերպով տագնապած կը թուէր ըլլալ։ Յանկարծ շտկուեցաւ։ Լայն շունչ մը առաւ, նուագարանը աւելի հաստատ տեղաւորեց թեւերուն մէջ, աւելի ուժգին սեղմուեցաւ անոր։
Նայուածքը շատ արագ եւ անցողակի հանդիպեցաւ Էտնային։
Ամէն ոք լուռ էր եւ լռութիւնը հետզհետէ ճնշող կը դառնար, երբ երաժշտութեան առաջին նոթերը երերացին, տարածուեցան, հարցական եւ անակնկալի եկած դէմքերուն վրայ։ Սխալած չէինք։ Մեծարենցի «Գիշերն անուշ է» երգն էր։
Քսանհինգ տարի ամբողջ, կապանքներու տակ մնացած զգայնութիւններու, չիրականացած տենչերու, փոթորկումներու ազատագրումը կար երգին իւրաքանչիւր թրթիռին մէջ։ 
Երաժիշտի յոգնած թոքերուն հեւքով՝ աքորտէոնին ծալքերը կը գալարուէին, կը տագնապէին եւ բանաստեղծութիւնը, երգը, բանաստեղծութեան իւրաքանչիւր տողը, երգին իւրաքանչիւր դողը անգամ մը եւս կըստեղծագործուէին։
Երաժիշտը ամբողջ մարմնով կը ցնցուէր, մատները աւելի հմտօրէն կը սահէին ստեղնաշարին վրայ։ Ան իր տարերքով գինովցած՝ չէր իսկ նշմարեր Ամանորի համար սեղանին շուրջ հաւաքուած  հոգիները, անոնց առաջարկները եւ գոյութիւնը։ Նոյնիսկ չէր նկատեր Էտնան, որ իր աթոռին վրայ լուռ եւ անշարժ, նոյն հեռաւորութենէն, սեւեռուն աչքերով կը դիտէր ալեխառն մազերով երաժիշտի խռովայոյզ գլուխը, աչքերը, որոնցհեռաւոր խորութեան մէջ, արցունքի կաթիլներ գոյութիւն կառնէին։
Ատիկա իր եւ երաժիշտի կեանքին ամենայատկանշական դէպքը նկատելու երկիւղածութեամբ մը՝ Շահան բաժակը ափին մէջ պահած, փղձկելու պատրաստ, կուզէր լիովին հաղորդակից դառնալ իր սրտակիցին զեղումներուն։ Որոշ տոկոսով մը, ի՛ր ալ տագնապները, զգացումները, փոթորկումները արտայայտութիւն կը գտնէին հոն։ Ինք վաղուց արդէն գրած էր իր ներաշխարհը ալեկոծող ապրումները անքակտելի կապանքներու տակ, բայց ատիկա արգելք մը չէր, որ երաժիշտը, ի միջի այլոց արտայայտութիւնը չդառնար նաեւ իրներշնչումներուն։ Չէ՞ որ այնքան կէտերու մէջ կը նմանէին իրարու, այնքան հարցերու մէջ համաձայն էին միշտ։ Ժամացոյցին սլաքները արդէն տասներկուքին կը մօտենային։ Դուրսը՝ անհամբեր որոտներ,հրացանաձգութիւններ, օդին մէջ արձակուած  բազմագոյն աստղերով պայթուցիկներու փունջեր կը դիմաւորէին Նոր Տարին։
Ներսը, սեղանին շուրջ, անջատ-անջատ ձայներով սկսուած, ապա՝ միաձայն ու լիաշունչ, Մեծրանեցի երգը կը հնչէր բոլորին հոգիներէն, երաժիշտին աքորտէոնին հետ ներդաշնակ։


-->

No comments:

Post a Comment