Վահէ Յ Աբէլեան
«Թենի Արլէնը երեւոյթը՝ սփիւռքահայ գրականութիւն» պլակս եզրակացուցած էի հետեւալ նախադասութիւնով՝ «Այս ներածականը ըրի Թենի Արլէնի եզակի երեւոթին անդրադառնալու համար։ Այդ ալ յաջորդին։» Հիմայ որ այդ յաջորդ պլակս է որ կը շառադրեմ, կ՚անդրառնամ որ Թենի Արլէնի երեւոյթը ոչ թէ եզակի ըլլալուն մէջ է, այլ Ամերիկածին երիտասարդին եւ երիտասարդուհիին արեւմտահայերէնը սորվելու իրողութեանը մէջ։ Սորվիլ արեւմտահայերէնը ոչ թէ առօրեայ խօսակցութեան համար, այլ այդ լեզուով կարենալ մտմտալու համար ինչպէս ըրաւ Թենի Արլէնը «Կիրգով ըսելու՝ ինչո՞ւ հոս եմ» գիրքին մէջ։ Այդ գիրքին խմբագիր Դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեանը, այսպէս կը ներկայացնէ Թենի Արլէնը։
«Թենի Արլէն դուստրն է Թիմ Արլէնի եւ Թէմմի Շօուարլէթի ու կրտսերը քոյրը՝արդէն իսկ իր հայագիր գրութիւններով հրապարակ ելած Ճեսի Արլէնի։ Մեծ հայրն է որ Առաքելեան մականունը փոխած է Արլէնի։ Ծնած է ու մեծցած Գալիքորնիա, հեռու հայկական շրջանակներէ՝ Ռիվըրսայտէն մինչեւ կեդրոնական Գալիքորնիոյ Սան Լուիս Օպիսփօ քաղաքը։ Հայերէն. Բացառձակապէս անտեղեակ, քսան տարեկանին է որ կը տեղափոխուի Լոս Անճէլըս, եւ UCLAՀամալսարանին մէջ կը սկսի արեւմտահայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասընթացքներու, հետեւելով իր զոյգ աւագ եղբայրներու քայլերուն, բայց հիմնականին մէջ անհատական մղումով։ Արդէն իսկ բանաստեղծական բացառիկ տաղանդի տէր ըլլալով, շուտով կը սկսի գրել նաեւ Հայերէնով եւ դէպի լեզու «վերադարձ»ը կ՚ըմբռնէ որպէս ստեղծագործական գործընթաց՝ արարումով ինքնացումի հասնելու միջոց եւ ուղի։ (Այս տողերուն հեղինակը բախտը ունեցաւ այդ ուղեւորութիւնը առաջնորդելու սկիզբէն ու անոր ընկերակից ըլլալու մինչեւ վերջ՝ մինչեւ Թենիի մահը.Թերեւս այդ է պատճառը որ այս հրատարակութեն լրումը, իբրեւ դէպք, կը հնազանդի զոյգ՝ պարտականութեան եւ բաւարարութեան դրդումներո, առանց վստահ ըլլալու թէ ո՞ւր կ՚աւարտի մէկը եւ կը սկսի միւսը։ Միւս կողմէ՝ առանձնայատուկ, եզակի, նոյնիսկ թերեւս այլայլող, շլմորող նշանակութիւն ունի այն, երբ մարդ կը ժառանգէ իր իսկ աւանդածը։)
Այստեղ հրատարակուած քերթուածներէն գրեթէ բոլորն ալ գրուած են հայերէնի ուսումնառութիւնը սկսելէն 15-20 ամիս ետք, ինչ որ անշուշտ ենթարկած է ժամանակի նշանակալից ներդրում եւ լուրջ կեդրոնացում լեզուի իւրացման եւ բառապաշարի նրբութիւններուն վրայ։ Սփիւռքի տիրական գաղափարաբանութիւնները այդ ճիգը պիտի բացատրէին «յանձառարութիւն» բառով։ Յակոբ Կիւլլիւճեան։
Ամերիկածին առաջին արեւմտահայ գրողը եւ հատորը։
«Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գտնուի Հայաստանէն դուրս ամենաստուար հայախօս զանգուածը, ու նաեւ՝ գրական արեւմտահայերենի գիտակ անձերու աշխարհի մեծագոյն համախմբումը։ Ո՛չ միայն ատիկա՝ ամերիկահայ համայնքը սփիւռքի հիմնական գաղութներէն թերեւս հնագոյնն է, որ արդէն կշիռք կը ներկայացնէր Եղեռնէն առաջ իսկ։ Հակառակ վերի հաստատումներուն, սակայն մօտ 120 տարիներու ընթացքին հայերէնով ստեղծուած ու լոյս տեսած գեղարուեստական գրականութեան առաջին հատորն է այս գիրքը (գրուածքային բովանդակութեան եւ ծաւալի աւանդական հասկացողութեամբ), որ արտադուած ըլլայ ամերիկածին անձի մը կողմէ», կը նշէ դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեանը։
Յաջորդին, Թենի Արլէն երեւոթը, խորհրդածութեան համար։
