Այս իմ առաջին պլակս է որ տեղադրած եմ 4.3.2017-ին , Նախագահ Դրամբին առաջին նախագահութեան ընթացքին։ Բայց այժմու կը թուի ըլլալ, ինչպէս որ էր եօթը տարի, տասնեւմէկ ամիս, եւ քսանեւչորս օր առաջ, March 4, 2017-ին։ Վաhէ Աբէլեան
![]() |
Պարնին կը ձգէ Ճերմակ Տունը իր ետին Նախագահ Ճորճը Պուշին հետ |
Քանի մը օրեր առաջ լրացուցի Լեւոն Շարոյեանին՝ Սիմոն Սիմոնեանին գրութեան Անգլերէն թարգմանութիւնը հատորով մը։ Սիմոնեան ընտանիքը ստանցնած է հրատարակել թարգմանութիւնը որպէս գիրք մը։ Արդէն հայերէնը լոյս տեսած է Հայաստանի մէջ։ Սիմոն Սիմոնեանի գիրքերէն մէկուն վերնագիրը՝ «Լեռ եւ ճակատագիր» է։ Ես ալ պատշաճ տեսայ որ իմ այս գրութիւնս վերնագրեմ՝ «Շուն եւ Ճակատագիր», բայց այս անգամ ակնարկս ուրիշ բան չէ եթէ ոչ աշխարհի կամ մարդկութեան ճակատագիրը։
Շունը մեր գրականութեան մէջ եւ խօսակցական լեզուին մէջ իր տեղը ունի։ Բայց մեր շուները համեստ են, ալ ուր մնաց որ աշխարհի ճակատագրին վրայ որեւէ ազդեցութիւն ունենան։ Համաստեղի մեր սիրելի Չալոն տէր չունէր։ Իրեն հոգատար մարդոց ազգին նման, ինքն ալ իր գլխուն ճարը կը նայեր։ Անոր համար մեր շուները միշտ «շան բախտ» չեն ունեցած, վկայ մեր ժողովրդական մէկ խօսքը որ Ամերիկահայ ամենէն ականաւոր գիրքերէն մէկուն վերնագիրը եղաւ՝ Բիթըր Պալաքեանին «Պլէք Տօկ Օվ Ֆէյթ», Շան Սեւ Ճակատագիրը։
Բայց Ամերիկայի կեանքին մէջ շունը տարբեր դեր ունի տրուած ըլլալով Ամերիկայի նախագահին ընտանիքին մէկ անբաժան մասը կը կազմէ։ Թերեւս անոր համար որ Նախագահ Հէրըլտ Դրումըն ըսած է որ եթէ Ուաշինկթընի մէջ բարեկամ կ՚ուզես՝ շուն մը պահէ։ Տակաւին չհանդիպեցայ Նորընտիր Նախագահ Դրամբին շանը։ Արդեօ՞ք ան բացառութիւն պիտի ըլլայ, սպասենք։ Բայց իրմէ առաջ եկող նախագահները շուներ ունէին որոնք ծանօթ էին թղթակիցներուն ոչ նուազ քան Նախագահը։ Նախագահին ընտանքին ընտրած շան տեսակը եւ մանաւանդ Նախագահին վարմունքը շունին հետ՝ մամլոյ թղթակիցները ուշադրութեամբ հետեւած են միշտ։ Երբ Նախագահ Լինտըն Պէյնս Ճանսընը՝ Սպիտակ Տան պարտէզին մէջ, իր երկու շուներուն ականչները բռնելով օդը բարձրացուց լրագրողներուն եւ իր խորհրդականներուն ներկայութեանը՝ արդէն վաւերացուցած եղաւ այն ինչ որ Նախագահին համար կ՚ըսուէր որ ան ամէն պարագաներու տակ ինզինքը ուզած է պարտադրել դիմացինին վրայ եւ սովորութիւն ըրած էր իրեն խօսակիցին դիմացը, բայց շա՜տ մօը կանգնիլ եւ իր երկար հասակով գերիշխէր դիմացինին վրայ։ Նախագահ Լինտըն Ճոնընի ունեցած շուներու տեսակը մասնաւորաբար որսորդութեան համար էին եւ այդ կրկին՝ նախագահին նախասիրութեան մասին բան մը ցոլացնէր։
Նախագահ Ճորճ Պուշի շունն ալ նուազ ծանօթ չէր։ ։ Ան այն տեսակի շուներէն էր որ տան համար սերընդագործուած են որպէս տան «պահապան» անդամ մը։ Շան անունը Պառնի էր եւ ունէր իր կայքէջը եւ իր առօրեային հետեւողները։ Պուշ ընտանիքին գուրգուրանքին առարկան էր։
Նահագահութեան շրջանը աւարտելէ ետք, Նախագահ Պուշին քով ի յայտ եկաւ գծելու իւրայատուկ տաղանդ մը եւ ան գծեց բազմաթիւ քաղաքական ղեմքերու դիմանկարները որոցմէ է Նախագահ Փութինի խիստ արտայայտութեամբ դիմանկարը։ Դիմանկարին արտայայտութեան ակնարկելով Նախագահ Պուշը հետեւեալը պատմեց հեռատեսիլի վրայ հարցազրոյցի մը ընթացքին։
Երբ Փութին այցելութեան կուգայ Ամերիկա՝ Նախագահ Պուշին հետ մէկ հանդիպման, ակնարկելով Պառնիին՝ Փութին Պուշին ըսած եղած կ՚ըլլայ՝ «այս ալ շուն կը կարծէ՞ս»։ իսկ տարի մը ետք երբ Նախագահ Պուշ կը փոխադարձէ այցելութիւնը՝ Փութին կը ներկայացնէ իր մարմնեղ շունը Նախագահ Պուշին ըսելով որ իր շունը Պառնիյէն աւելի զօրաւոր է եւ աւելի արագ կը վազէ։
Այս օրերուն Նախագահ Թրամբին կողմէ Փութինին ի նպաստ արտահայտութիւնները լուրջ տարակարծութեան պատճառ դարձած են նոյն ինքն Հանրապետական կուսակցութեան կարգ մը հոսանքներերուն մօտ։ Պիտի չզարմանամ որ Հանրապեական կուսակցութեան որոշ անդամները - որոնք հասարակած քաղաքական աշխարհայեացքներ ունին Պուշի ազդեցիկ ընտանիքին հետ - մոռցան չեն Նախագահ Փւթինի կողնէ եղած ակնարկը Պաոնիին մասին։ Անբնական չէ որ հոն տեսած ըլլան մտայնութիւնը մը որ ճակատագրական կրնայ ըլլալ այս երկու գերպետութիւններուն յարաբերութեան զարգացմանը։
Նախագահ Թրամբը շուն չունի, ցարդ։ Պտմութիւնը ցոյց պիտի տայ նախագահական թիւ մէկ շունի բացակայութեան հետեւանքները։
Վահէ Յ. Աբէլեան
No comments:
Post a Comment