Խան, խան եւ... խան
1. Ի՞նչ կրնայ թելադրել խան բառը արդի հայուն, եթէ ոչ «արեւելեան իջեւան մը», իսկ փոխաբերաբար՝ «կեղտոտ բնակարան մը», «խառնփնթոր ժողովասրահ մը» եւ նման բաներ, ինչպէս շատ իրաւացի կը սահմանէ զայն հայր Անդրանիկ Կռանեանը:
Բուն խանը, սակայն, մեզմէ ոչ ոք տեսած է, այլ հարց թէ բոլորս ալ համոզուած ենք, որ կը ճանչնանք զայն. այս համոզումը մեզի ներշնչողը եղած է թուրքն ու թրքերէնը: Արդեօք արաբերէ՞նն ալ:
Ես խանին մռայլ մտապատկերը մանրամասնօրէն կազմած եմ Մելքոն Կիւրճեանի «Պանդուխտի նամակներ»-էն, ուր այնքան կենդանի նկարագրուած է ան՝ իբրեւ աժան ու արհամարհելի բնակատեղին մեր հազարաւոր թշուառ պանդուխտներուն, որոնք Արեւմտեան Հայաստանի խորերէն՝ Վանէն, Մուշէն, Կարինէն... , տուն-տեղ, նորահարս կին, ծնողք ու մանուկներ ետին ձգած կը փութային Պոլիս՝ քանի մը դահեկան շահելով հայրենիք ղրկելու ակնկալուլեամբ մարմին եւ հոգի մաշեցնելով:
Խանը «կը ճանչնամ» տակաւին Երոաւնդ Օտեանի «Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս» կենսավէպին ընդմէջէն, ուր ան, Պոլսոյ քարափին կից խարսխած ֆրանսական ռազմանաւի մը մէջէն, անյագ աչքերով կը դիտէ Պոլսոյ այդ նոյն խաներուն մէջ ապաստանեալ եւ իր աչքերուն առջեւ թոպամահ եղող հազարաւոր հայ բեռնակիներու ու պանդուտներու հոգեվարքը՝ իբրեւ հակադարձութիւն քիչ անդին Պանք Օթթոմանը գրաւած հայ ազատամարտիկներու արդար ու միամիտ ցասումին:
Նախնական հաշիւները ցոյց տուին, որ Պանքայի գրաւումի երեք օրերուն, Պոլսոյ քարափներուն վրայ եւ թաղերուն ու խաներուն մէջ սպաննուած են մօտաւորապէս 12.000 հայ պանդուխտներ, բեռնակիրներ, այլեւ սովորական հայեր՝ իրենց ետին ձգելով այդ թիւին բազմապատիկը հաշուող անմխիթար ու անպաշտպան որբերու, այրիներու եւ որդեկորոյս մայրերու ահարկու բանակ մը:
* * *
2. Խանի՝ այս անգամ իբրեւ «պարսիկ նահանգապետ»-ի կամ «կառավարիչ»-ի մտա-պատկերը կը յամենայ մէջս Խ. Աբովեանի «Վէրք հայաստանի»-ի ընդմէջէն, ուր ան՝ այդ նահանգապետը, Երեւանի բարձունքին բազմած բերդէն իր տիրական չարաշուք ներկայու-թիւնը կը տարածէ վէպի ամբողջ երկայնքին՝ առաջին էջէն մինչեւ վերջինը:
* * *
3. Իրենց այս երկու՝ թուրքն ու պարսիկը թելադրող նշանակութիւններով՝ խան-ը ծանօթ պէտք է ըլլայ քիչ մը ամէն հայու: Անակնկալը, գոնէ ինծի համար, կը սկսի ասոնցմէ անդին:
Ես երբեք չէի երեւակայեր, որ խան կը նշանակէ նաեւ «խոշոր ափսէ», «խոշոր սկուտեղ», ճիշդ այն տեսակը, որուն վրայ՝ ծալապատիկ նստած բազմականներուն կը հրամցուի խորոված ամբողջական խոյ մը կամ մինչեւ իսկ լման հորթուկ մը: «Անօթ՝ ի սպաս սեղանոյ», ինչպէս զայն կը սահմանէ «Նոր հայկազեան»-ը, եւ կու տայ բազմաթիւ վկայութիւններ՝ քաղուած Աստուածաշունչէն եւ հայ մատենագիրներէն, որոնցմէ կը մէջբերեմ.
--Երիս խանս նաշհւոյ ունէի ի գլուխ իմում:
(Գլխուս վրայ կը կրէի նաշիհի երեք խաներ)
--Ուտէին ի խանէ անտի:
(Կ’ուտէին այն խանին մէջէն)
--Դիցես ի վերայ խանի միոյ եւ մատուսցես զայն խանիւն:
(Դի՛ր խանի մը վրայ եւ խանով մատուցէ՛ զայն)
* * *
4. Չվերջացաւ: Ընդհակառակը՝ նոր կը սկսի...
--Մեր գլխարկին մէջ տակաւին ուրիշ նապաստակներ ունինք...
Իսկ ի՛նչ կը նշանակէ՝ «գլխարկին մէջ նապաստակ ունենալ»,− կրնաք հարցնել «Ազդակ»-ի քաղաքական վաստակաշատ էջին, որ առաջինը գործածեց այս դարձուածքը մօտիկ անցեալին. «Պըրրի ուրիշ նապաստակներ ունի գլխարկին մէջ»:
Այդ անակնկալը կը պարտինք մեր պատմահայրին՝ Մովսէս Խորենացիին.
--«Իսկ Երուանդ ձիովն իւրով բովանդակ ասպարէզս անցեալ՝ ելանէ ի խանս կարգեալս ի բանակէն իւրմէ ի քաղաքն իւր, հեծեալ ի նոր ձիս հանգոյց ի հանգուցէ փախչել...» (Հայոց պատմութիւն, գիրք Բ., գլուխ Խզ.): Մէկ ասպարէզը հաւասար է 230 մեթրի:
(Իսկ Երուանդ, ձիով շատ ասպարէզներ անցնելով եւ իր բանակէն մինչեւ քաղաքը հաստատած իջեւաններուն մէջ նոր-նոր ձիեր հեծնելով, անընդհատ կը փախչէր...)
Ուրեմն այստեղ ունինք խան, որ թարգմանի իջեւան:
Սա երազ չէ, մեր պատմահօր գրած Հայոց պատմութիւնն է:
Ուրեմն մեր թրքերէն կարծած խան բառը՝ թուրքերուն հետ հանդիպելէ 1000 տարի առաջ գործածուած է հայ մատենագրութեան մէջ իր ներկայ՝ մեզի ծանօթ նշանակութեամբ:
Պատմութիւնը յստակ է. Հայոց Երուանդ արքան իր բանակատեղիէն մինչեւ քաղաք երկարող տարածութեան վրայ կառուցել տուած է իջեւաններ, որոնք միայն զինուոր չէին պաստսպարեր, այլեւ ձիեր: Եւ իր անցքին վրայ՝ յոգնած ձիերը կը փոխարինէր թարմ ու կայտառներով եւ այնպէս կը շարունակէր ճամբան: Սա ճիփ ու ճիշդ կը համապատասխանէ նորագոյն խաներուն, որոնք միաժամանակ ու տեղին համեմատ օժտուած էին ախոռով՝ հիւրընկալելու համար իջեւանողին նաեւ գրաստը՝ ձին, էշը, ջորին:
* * *
Իսկ ճիշդ ի՛նչ եղած է խան բառի ճակատագիրը հետագային... չենք գիտեր:
Գրաբար մատենագրութենէն ուրիշ օրինակ տրամադրած չեն՝ ո՛չ « Նոր հայկազեան»-ը, ո՛չ Աճառեանի «Արմատական»-ը:
Ան շատ լայն կիրրակութիւն ունեցած է միջին հայերէնի մէջ: Ռուբէն Ղազարեան իր «Միջին հայերէնի բառարան»-ին մէջ տուած է տասնեակ մը վկայութիւններ: Սակայն Միջին դարերը կը համապատասխանեն մեր՝ թուրքերու հետ սերտ գոյակցութեան, հետեւաբար քիչ մը դժուար է որոշել, թէ գրաբարեան աւանդո՞յթն է, որ վերազարթնած է. շատ աւելի հաւանական է, որ բերուած օրինակները թրքերէնի թելադրանքով յառաջացած են:
Աշխարհաբարի բառարանները կը թուեն զայն՝ թելադրուած թրքերէնի մէջ ունեցած յաճախականութենէն, հետեւաբար ոչինչ ցոյց կու տայ, թէ շարունակուած ըլլայ Խորենացիով սկսած ոսկեդարեան աւանդոյթ
armenag@gmail.com
11/9/2023
No comments:
Post a Comment