V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Sunday, November 26, 2023

Արմենակ Եղիայեան: Ճանչնանք մեր բառերը (4) ԿՈՄ ու ԿՈՆԳՈՒՄ

Վերարտադրած եմ Արմենակ Եղիայեանին թիւ 4 ՛ «Ճանչնանք մեր բառերը» հրատարակութիւնը  


1.  Կոն ... կոնգոմ

Միջին հայը դիւրաւ կը ճանչնայ ասոնցմէ առաջինը՝ կոնը, (note cone) որ երկրաչափական մարմին մըն է՝ սուր գագաթով եւ շրջանակաձեւ խարիսխով.  Ֆրանսերէնն ու անգլերէնը` cone:  Ասոնք կը ծագին յունարէն κωνος /kṓnos բառէն:

Օտար լեզուները այս բառով կը բնորոշեն նաեւ այս նոյն ձեւը ունեցող պտուղները, իսկ պտուղը տուող ծառերը կ’անուանեն conifère, որուն հայերէնն է կոնաբեր  եւ կը նշանակէ կոն տուող, կոն արտադրող, կոնատու:

Հայերէնին ամենածանօթ կոնաբերն է  եղեւնին, որ մայրիի մէկ տարբերակն է եւ  շատ փնտռւած է իբրեւ Կաղանդի ծառ՝ մասնաւորաբար եւրոպացիներուն կողմէ: Նկատել, որ ամբողջ ծառը ինքնին  կոն մըն է, իսկական գեղօր մը,  ճիշդ իր ոչ-ուտելի պտուղին  պատկերով, որ նմանապէս կոնաձեւ է:

Իսկ  ասոր մէկ յատուկ տեսակը՝  շոճին  կամ սոճին[1] է. հայերս շատ աւելի այս վերջինը կը զարդարենք Կաղանդի առթիւ, գոնէ Լիբանանի մէջ, որ այս ծառին իսկական հայրենիքն է: 

 Հայաստան իր կարգին  օժտուած է  այս ծառով:

Պտուղը կլոր-ձուաձեւ է, շատ յարգի կորիզներով.  Մեր՝ անցեալին թուրք, ներկայիս  արաբ հայրենակիցները այս պտուղն ու սերմը հաւասարապէս կը կոչեն սնոպար,  մենք ալ կը հետեւինք անոնց: 

Եղեւինը, շոճին եւ սոճին  հաւասարապէս աւանդուած են  «Նոր հայկազեան»-ով. այս ալ ցոյց կու տայ բառերուս ու համապատասխան հասկացութեանց  խոր  վաղեմութիւնը:

*   *    *

2. Յետգրաբարեան աղբիւրներու մէջ    անտէր կը դեգերի   կոնգոմ  կոչուածը...

Հնագոյն վկայութիւնը կը գտնենք Մխիթար Հերացիի (Ժբ. դարու բժշկապետ) «Ջերմանց մխիթարութիւն» աշխատութեան մէջ, ուր  կոնգոմ սահմանուած է իբրեւ՝

--խաշխաշի, վարդի եւ նման ծաղիկներու գունդ գլուխը, ըսենք՝ կոկոնը:

Ռուբէն Ղազարեանի «Միջին հայերէն»-ի բառարանին մէջ  ան կը ներկայանայ երկու նշանակութիւններով.

--սոճիի կոնաձեւ պտուղը, այլ խօսքով՝ մեր սնոպար կոչածը,

--գլխիկ մանուշակի, նունուֆարի, խաշխաշի, այսինքն՝ ասոնց կոկոնը:

Աշխարհաբարի հեղինակներէն հայր Ղեւոնդ Ալիշանի «Հայբուսակ»-ի 1475-րդ  համարը կոնգոմին կու տայ երկու  նշանակութիւն՝

--վարդի եւ նման ծաղկանց կնգուղը, հասկնալ՝ կոկոնը,

--ըստ քիմիական գրոց՝ « շոճիի խէժը»:

Ուրեմն տեղ մը ան կը նշանակէ ամբողջ պտուղը, այստեղ՝ անոր կամ ծառին խէժը:

Ժթ. դարու երկլեզու բառարաններէն միայն  Նորայր Բիւզանդացին (1884) ունի 

կոնգոմ՝ իբրեւ  «պտուղն շոճւոյ»:  Դրած է ֆրանսերէնն  ալ՝ cone,   եւ  strobile, որ խորքին մէջ յունարէն կը նշանակէ հոլ եւ փոխաբերաբար միայն ստացած է սնոպարի նշանակութիւնը՝ իր ձեւին բերումով:.

Անցած դարասկիզբի երկլեզու բառարանները նմանապէս չունին կոնգոմ, իսկ սնոպարին համար  իրենց կարգին կ’առաջարկեն կոնապտուղ-ը, որուն քով կ’աւելցնեն   թրքերէնը,  որ է  չամֆըստըք. քիչ մը զարմանալի է, թէ ինչո՛ւ  օրին մերոնք չեն թարգմանած թրքերէն այս եզրը, որ շատ կայուն է թրքերէնի մէջ եւ կրնար հայերէնին  բառացի տալ   շոճեպիստակ շատ պատշաճ  ու բարեհունչ անունը:

Հետագային  Գայայեան  բառացի հետեւած է   Բիւզանդացիին եւ  գրեթէ ընդօրինակած է զայն նոյնութեամբ: Ասոր հետեւած է Տէր Խաչատուրեանը:

Կռանեան եւ Ճիզմեճեան շոճիի պտուղը անուանող ոչ մէկ բառ ունին:

Արեւելահայ  նորագոյն բառարանները  բոլորը  ունին կոնգոմ՝ միայն իբրեւ աղաւաղեալ անուանումը  «կոկոն» ծանօթ բառին: Իսկ  բարբառագէտ՝ պրոֆեսոր Վիկտոր Կատուալեան իր կողմէ կը հաստատէ, որ Բայազէտի բարբառին մէջ կը գործէ հետեւեալ  աղաւաղ շարքը՝ կոկոն-կոկոմ-կոնգոմ: Այլ խօսքով՝ կոնգոմանկախ ինքնուրոյն բառ գոյութիւն չունի  արեւելահայերէնի մէջ:

*    *    *

Google-ը՝ ակնարկելով  ինչ-որ ռուսերէն-հայերէն  բառարանի մը,  կոնգոմ-ին կու տայ  «սոճիի խէժ, կոկոն» զոյգ նշանակութիւնները: 

Իսկ թէ վերջին անգամ ո՞վ, ո՞ւր եւ ի՞նչ  նշանակութեամբ  կիրարկած է կոնգոմ բառը՝ յայտնի չէ. ենթադրելի է, որ ան  դարեր ամբողջ ապրած է միայն բառարանային կեանքով՝ առանց որեւէ ատեն լոյս աշխարհ գալու եւ մաս կազմելու  կենդանի հայերէնին, գոնէ՝ զոյգ  գրական աշխարհաբարներուն:

*****

3. Ճանչնանք մեր հարազատները

-- Կնոջդ մայը քու զոքանչդ է, հայրը՝ աներդ:

--Ամուսինիդ մայրը քու կեսուրդ[2] է, հայրը՝ կեսրայրդ:

Ուշադրութի՛ւն. այս չորսին երբեք չկցել հայրմայր բառերը. այսինքն՝ չըսել երբեք՝  զոքանչմայր,աներհայր, կեսուրմայր, կեսուրհայր. նման կազմութիւններ  չունի հայերէնը:

--Կնոջդ քոյրը քու քենիդ է,  եղբայրը՝ աներձագդ կամ նախընտրաբար՝ աներորդիդ, ամուսինը՝ քու քենեկալդ (բաջանախդ): 

--Ամուսինիդ քոյրը քու տալդ է, եղբայրը՝ տագրդ, ասոր կինը՝ ներդ:

--Քրոջդ  որդիները քու քեռորդիներդ են:

--Եղբօրդ որդիները քու եղբօրորդիներդ են:

--Հօրդ եղբայրը քու հօրեղբայրդ է,  քոյրը՝  հօրաքոյրդ:

--Մօրդ եղբայրը քու մօրեղբայրդ է քամ քեռիդ, քոյրը՝ մօրաքոյրդ:

--Քոյր-եղբայներու զաւակները իրարու զարմիկներ են:

--Քեզմէ ծնողները զաւակներդ են, ասոնց զաւակները՝ քու թոռներդ,  այս վերջիններուն զաւակները՝ծոռներդ ասոնց ճանաչելի սերունդնեrը՝ ազգականներդ... 

armenag@gmail.com                                        Արմենակ Եղիայեան

 


 



[1] Ունինք քանի մը բառեր որոնք ս/շ տարբերակներով կը ներկայանան՝ սոճի-շոճի, սեմ-շեմ, Սիմաւոն-Շմաւոն եւ այլն.  այս երկւութիւնը հետեւանք է  յունարէն/ասորերէնի ազդեցութեան. ընդ որում՝ յոյնը միշտ ս-ով կ’արտասանէ ասորիին  շ-ով արտասանածը: 

[2] Հնագոյն ձեւը սկեսուր է, որ այսպէս ալ մնացած է արեւելահայերէնի մէջ: 

No comments:

Post a Comment