Կցած նկարը քանի մը օր առաջ ստացայ։ Միտքs եկաւ որ նմանօրինակ նկարներ ստացած էի քանի մը տարի առաջ եւ այդ նկարներուն ազդեցութեան տակ գրած էի նեքեւ կցած պլակս։ Այսօր կը վերարտադրեմ։ Վահէ Յ Աբէլեան
Նախ ճշդեմ որ լիբանանը ձգեցի 1976-ի Յունիս ամսուան վերջին օրերուն խոյս տալով Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքէն, սկսելու նոր կեանք մը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։
Անցնող 46 տարիներուն մէկ անգամ այցելիցի Լիբանան՝ մեկնելէս շուրջ քսան տարիներ ետք՝ 1995-ին։ Այդ օրուան իրիկնամուտին, Պէյրութի օդակայանը զիս դիմաւորեցին զարմուհիս Անին եւ ամուսինը՝ Թոմը։ Յաջորդ օրը առաւոտուն՝ առաջին այցելութիւնս եղաւ Պուրճ Համուտ իսկ Պուրճ Համուտի մէջ ալ, առաջին այցելութիւնս տուի հանգուցեալ ընկերոջս՝ Հրաչ Պետոյեանին եղբորը Բիւզանդին վաճառատունը, Պուրճ Համուտի կեդրոնական հրապարակին վրայ։ Զգացական վարկեաններ էր որ ապրեցայ խանութը մտնելէս անմիջապէս ետք։ Կարծես կեանքը սառած մնացած էր հոն։ Բիւզանդը հոն էր, խանութիւն անկիւնը, նոյն գրասեղանին ետին նստած, բայց այլեւս Հրաչը հոն չէր։ Տեսաւ զիս վարկեան մը նայեցաւ՝ սառած մնաց, յիշեց զիս եւ ընկալեց կացութիւնս եւ անմիջապէս ոտքի ելաւ, մօտեցաւ։ Գրկախառնուեցանք եւ յետոյ գացինք գերեզմանատունը այցելելու Հրաչին շիրիմը։
Ապա, նոյն օրը, այցելեցի Ապրօ Սոմունճեանին հագուստեղենի խանութը, Գրիգոր Գրաճեանին դեղարանը, Սարտարապատ ակումբը եւ անոր դիմացը գտնուող շէնքին մէջ մեր ազգական Աւետիս Մանճիկեանին տունը։ Ամէնքը հոն էին, գրեթէ այնպէս ինչպէս երբ ձգած էի լիբանանը, թէեւ Պուրճ Համուտին մէջ նշմառելի էին փոփոխութիւններ։ Բայց, Պուրճ Համուտը տակաւին հայկականութիւն կը բուրէր ինչպէս յիշած էր մայրս իր «Հայաստան մը դարձած Պուրճ Համուտը՝ դէմքեր, դէպքհեր եւ յուշեր» գրութեանը մէջ։ Գրած էր՝ «Ո՞վ լսած չէ երբեք Պուրճ Համուտի մասին: Հայահոծ, հայաբնակ շրջան մը Պէյրութի հիւսիս-Արեւելեան շրջանին մէջ: Հայրենիքէն հեռու Հայաստան մը դարձած Պուրճ Համուտը: Ուրիշ խօսքով հայակերտումի հնոց մը: Հոն դարբնուեցաւ ու կերտուեցաւ հայ բանուորն ու կրօնաւորը, ուսուցիչն ու քարոզիչը: Այլ եւ այլ արհեստներու ու արուեստներու մէջ տաղանդ ցուցաբերող աշկերտն ու աշակերտը:»
Ապա, գնահատող զուարթամտութեամբ մը, գրած էր՝ «Երբ վրայ հասան Լիբանանի քաղաքական անկայուն օրերը, 70-ական թուականին, Պուրճ Համուտի տղամարդը, երիտասարդն ու տարէցը, հարկադրուեցան զէնք կրել իրենց շրջաններու պաշտպանութեան համար: Երբեմնի աշակերտը դարձաւ աշկերտը ինքնապաշտպանութեան մարզին իր ղեկավարին, լքելով ուսումնառութիւնը: Ուսման ակնարկումի պարագային երբ հարց դրուէր թէ արդեօք այս կամ այնինչ ուսանողը կրցա՞ւ իր B.A.-ն ստանալ ... պատասխանը կըլլար .- այդ չենք գիտեր, սակայն գիտենք որ ան B.H չստացաւ, այսինքն Պուրճ Համուտցի չեղաւ, չկրցաւ ըլլալ: Այս էր եւ է Լիբանանի Պուրճ Համուտը:»
Մենք կը բնակէինք Պուրճ Համուտէն քիչ մը հեռու՝ Անթիլիաս, կաթողիկոսարանին մօտ։ Ակնարկելով Պուրճ Համուտին, հետեւալը գրած էր մայրս՝ «Ես ինքս ալ համարեայ դարձայ Պուրճ Համուտցի, քառորդ դար ծառայելով Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ շրջանի մէջ հաստատուած Հայ Աւետարանական – Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանէն ներս, որպէս հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան դասատու:»
Անցեալ քանի մը օրերուն ընկերներէ ստացայ տեղեկութիւններ Պուրճ Համուտի մասին ինչպէս նաեւ լուսանկարներ։ Տեղեկութիւնները տխուր էին եւ տխրեցնող։ Կարծես կարգն ու կանոնը խախտած է եւ Պուրճ Համուտի գլխաւոր պողոտան դարձած է փողոցի վրայ առեւտուի բաց շուկայ մը։ Կը մէջբերեմ ընկերոջս գրութիւնէն եւ կը տեղադրեմ իմ ստացած լուցանկարներս։ Երկուքն ալ զուգադիպութեամբ հասան նոյն օրը։ Լուսանկարները կը հաստատէին ընկերոջս տեղեկութիւնները ուր կը նշէր հետեւեալները՝
«Ներկայիս՝ ոչ պաշտօնական տուեալներու, նախկինի հայաբնակ թաղամասերու մի միայն 20-30 տոկոսը հայաբնակ են։»
![]() |
| Armenia Street, Bourj Hammoud |
«Ներկայիս, ամբողջ Պուրճ Համուտի ժողովրդագրական պատկերը փոխուած է։ Նախ՝ բաղդատած երկրի այլ վայրերուն, շրջանը դարձած է աղքատ եւ լքուած. տեղացի այլազգներ կը կազմեն բնակչութեան հոծ եւ պատկառելի թիւ մը, ասոնց կողքին կան նաեւ նոյնքան մեծ թիւով սուրիացի քիւրտ, թուրք, իսլամ գաղթականներ եւ օրականով աշխատող երիտասարդներ։
«Գիշերները թաղերը մութ-զնտան են։»
![]() |
| Armenia Street, Bourj Hammoud |
«Աղբահաւաքներ, եթէ քսան չորս ժամի վրայ աշխատին իսկ, չեն կրնար աղբակոյտերը հաւաքել։ Հետեւաբար Պուրճ Համուտը հաւաքական աղբակոյտի մը վերածուած է։»
«ԼՕԽ-ուհիներ, ժողովի կամ հանդիպումի համար կը դժկամակին Սիսի ընկերաբժշկական կեդրոն երթալ վախնալով օտարներու ներկայութենէն։ Իսկ գիշերները, պուրճ համուտաբնակ հայը չի համարձակիր բնակարանէն դուրս ելլելո՜ւ։»
![]() |
| Armenia Street,, Bourj Hammoud |
Որպէս հետեւանք՝ «Երիտասարդ՝ նոր ընտանիք կազմող հայեր, բնա՛ւ չեն փափաքիր Պուրճ Համուտի մէջ շարունակելու իրենց կեանքը. բնա՜ւ։»
Կարծես Պուրճ Համուտը կարծես դարձուձած է էջ մը պատմութեան յանձնելով իր շատ մօտ անցեալը եւ անոր հետ երբեմնի սփիւռքահայութեան միջնաբերդը։ Աւաղ փառացս անցաւորի.......
![]() |
| Armenia Street, Bourj Hammoud |
Անկասկած որ պատճառներ կան որ Պուրճ Համուտը այս վիճակի հասած է։ Բնականաբար անոր պատասխանատուութիւնը՝ ինչպէս Անգլերէն ժողովրական խօսը կ՚ըսէ՝ falls squarely, այսինքն տառացիօրէն կը բարդուիՊուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անհոգ, անտարբեր եւ անատակ անդամներուն եւ այդ քաղաքապետութեան անդամները ընտրողներուն ուսերուն վրայ։
Խոատովանիմ որ Պուրճ Համուտին «միջնաբերդ» ածանծումը կը պարտիմ վաղաժամ մահացած ընկերոջս Հրաչ Պետոյեանին։ Կը պատկերացնեմ որ Լիբանահայերը տակաւին կը խաղան իրենց սիրած թղթախաղը՝ նշանաւոր «Պլոթ»ը (Belote)։ Այդ թղթախաղին մէջ յաճախ յիշուած խօսք մըն է «Րուպիկոն կտրել», աւանդական Րուպիկոն Գետը (Rubicon River)-ը անցնիլը, որմէ ետք ալ ետ դարձ չկայ՝ ինչպէս ըսած է Յուլիոս Կայսրը։
Արդեօ՞ք Պուրճ Համուտն ալ կտրած է իր Ռուպիկոն Գետը, վտանգելով իր Նոր Մարաշը, Նոր Սիսը, Նոր Ամանոսը եւ Արագածոն, եւ պատմութեան էջերուն մէջ թաղելու սփիւռքահայուն երբեմնի միջնաբերդը դարձած Պուրճ Համուտը։
Պուրճ Համուտ՝ Աւաղ փառացս անցաւորի՞
Վահէ Յ. Աբէլեան
22.10.2022













