V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Monday, December 15, 2025

Կէթիսպըրկի Ուղերձը

Կցած եմ նախագահ Աբրահամ Լինքոլնի Կեթիսպըրկի ուղերձին թարգմանութիւնս։ Ուղերձը տեւած է մօտաւորապէս երկու վարկեան եւ բաղկացած է մօտաւորապէս 275 բաոերէ։ Բայց նախագահ Աբրահամ Լինքոլնի այդ ուղերձը կը համարուի Ամերիկեան պատմութեան մեջ ամէնայայտնի ուղերձներէն։ Թարգմանութեանս սրբագրութիւնը կը պարտիմ երբեմնի ուսուցչիս ԱրմենակԵղիայեանին։  Վահէ Յ Աբէլեան

՚՚

Կէթիսպըրկի Ուղերձը

«Չորս քսանամեակներ և եօթը տարիներ առաջ մեր հայրերը այս ցամաքամասին վրայ յառաջացուցին նոր ազգ մը բեղմնաւորուած Ազատութեան մէջ և նուիրուած այն առաջադրութեան որ բոլոր մարդիկ ստեղծուած են հաւասար։

Այժմ մենք բոնկուած ենք քաղաքացիական մեծ պատերազմի մըփորձարկելու որ արդիո՞ք այդ ազգըկամ որեւէ ազգ՝ այդպէս բեղմնաւորուած ևայդպէս առաջադրուած կրնայ երկար տոկալՄենք կը հանդիպինք այդ մեծ պատերազմին մարտադաշտին վրայՄենք եկած ենք նուիրելու այդ մարտադաշտին մէկ մասը որպէս վերջին հանգստավայրը անոնց որոնք այստեղ իրենց կեանքերը նուիրեցին որպէսզի այդ ազգը կարողանայ գոյատեւելԲոլորովին տեղին և պատշաճ է որ մենք այս ընենք:

Բայց աւելի խոր իմաստով՝ մենք չենք կրնար նուիրագործել չենք կրնար սրբադասել, չենք կրնար սրբացնել այս հողըԿենդանի և մեռած խիզախ մարդիկ որոնք պայքարեցան այստեղարդէն սրբացուցած են ան շատ աւելի բարձր քան մեր աղքատ ոյժը կարողանայ աւելցնել կամ նուազեցնել:

Աշխարհը քիչ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ եւ ոչ ալ երկար ժամանակ պիտի յիշէ թե մենք ինչ կ՚ըսենք հոսբայց երբեք պիտի չի կարողանայ մոռանալ այնինչ որ ըրին այստեղԸնդհակառակըմենք ողջերս ենք որ պէտք է նուիրուինք այստեղ ամբողջացնելու իրենց անաւարտ գործըորուն համար անոնք մաքարեցան հոս եւ ազնիւօրեն առաջ մղեցին:

Աւելի շատ մեզի համար է որ հոս ըլլանք նուիրուած մեր առաջ մնացած մեծ գործին – այստեղի պատուելի մեռելներէն մենք նուիրում ստանանք այն դատին՝որուն համար անոնք տուին իրենց նուիրումին վերջին ամբողջական չափը – որ մենք՝  մեծապէս ուխտենք որ այդ մեռնողները ի իզուր մեռած չըլլան - որ այս ազգըԱստծոյ ներքեւ ունենայ ազատութեան նոր ծնունդ մը  - եւ որ ժողովուրդին կառավարութիւնըժողովուրդին կողմէժողովուրդին համար չի ջնջուի այս աշխարհէն:» 

Աբրահամ Լինքոլն

 

No comments:

Post a Comment