Այսօր, ֆէյսպուքը ուշադրութեանս յանձնեց որ այս պլակս գրած եմ երեք տարիները առաջ այսօր, որպէս իմ պատասխանս «Հայրենիք» թերթի խմբագիրին հեգնական խմբագրականին՝ «Հայաստա՞նն ալ Արցախ է ....եւ վէ՞րջ»։ Կը վերատադրեմ գրածս բայց նշուած վերնագիրով։ Հայաստանի երկու նախագահները, ներկայիս ընդիմադրութեան ներկայացուցիչնըրը՝ Րոպերտ Քոչարյանը եւ Սերժ Սարգսյանը Արցախէն են։
Վահէ Յ. Աբէլեան
Բաժանորդագրուած եմ «Հայրենիք» Շաբաթերթին։ Հետեւաբար կը ստանամ նաեւ թղթատար օրինակները։ Բայց երկար ժամանակէ ի վեր դադրած եմ կարդալ անոր խմբագրականները եւ ծանօթ յօդուածագիրներուն գրութիւնները։ Վերջին հաշուով տեղ մը կուգայ որ մարդ կ՚ուզէ խնայել ինքզինքը, կռուադաշտէն շատ հեոու, բայց հարցերուն տիրապետած մասնագէտներուն քաղաքականացած մեկնաբանութիւններէն։ Բայց այս շաբաթ ուզեցի նախապաշարումիս ընթացք չտալ եւ կարդալ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2022 թիւին կցուած խմբագրականը։
Շատ հաւանաբար այն ընթերցողները որոնք «Հայրենիք» շաբաթաթերթը կը կարդան, վերնագրէն - Հայաստա՞նն ալ Արցախ է..եւ վէ՞րջ - արդէն ընկալած եղած են այդ շաբթուայ խմբագրութեան միտք բանին։ Կրկնելու սիրոյն մէջբերեմ, այն ինչ որ ծանոթ պէտք է որ ըլլայ Հայաստանի գոյացական հարցերուն հետաքրքրուողներուն։ «Սեպտեմբեր 27, 2020-ին սկիբզ առած 44-օրեայ պատերազմէն շատ առաջ, վարչապետ Փաշինեանի Ստեփանակերտ այցելութեան օրը (խորքին մէջ վերջին այցելութիւնն էր), Ազատութեան հրապարակին վրայ, անմբոխահաճ ելոյթ ելոյթ մը ունեցած էր եւ ինքնավստահօրէն «Արցախը Հայաստան է եւ վէրջ» յայտարարած էր, բուռն ծափահարութիւններ հնձելով ոգեւորուած բազմութիւնէն։ իսկ հիմա,.......»։ Չուզեցի շարունակել մէբերումս։ Հետաքրքրուողները կրնան կարդալ խմբագրականը։
Ամէնքս գիտենք թէ ինչ պատահեցաւ եւ թէ ինչպէս եռակողմանի պայմանագրութեամբ մը դադար առաւ Արցախեան երկրորդ պատերազմը եւ մեր պատմութեան անցաւ որպէս 44-Օրոայ պատերազմ։ Պատմական իրողութիւնները կրկնելէն ետք, «խմբագիրը կը հաստատէ որ կորուստներէն մաս մը «նուէր տրուած» է, որոնցմէ «վերջինը՝ Բերձորի գօտին»։
«Հայրենիքի» խմբագիրը անկասկած որ տեղեակ է որ Հոկտեմբեր 9, 2020-ի եռակողմանի պայմանագրութեանը մաս կը կազմէր Բերձորի կամ Լաչինի կարգավիճակը։ Նմանապէս գիտէ որ Հայաստանը իր զաւակներուն արեան գինով ապահովեց, Հայաստանի եւ ԼՂԻՄ-ի միջեւ այդ պորտակապը։ Բայց «պէտք է որ «Հայրենիք» թերթին խմբագիրը գրէ՝ որ Բերձորը նուէր տրուեցաւ։
Այո, Կ՚ընդունիմ որ երկրին վարչապետը զուսպ պէտք է ըլլայ եւ չտարուի զգացական արտայայէտութիւններ ընելէ ինչպէս օրինակ՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վէրջ»։ Բայց հարց տամ խմաբգրին՝ արդեօտաք կը կասկածի՞ որ մեր մտաշխարհին մէջ եւ գործնականապէս Արցախը Հայաստան չէ։ Խմբագիրը պէտք է որ գիտակից ըլլալ որ Ալիյեւ եւ Փաշինեան ելոյթին Վարչապետ Փաշինեանը արդարօրէն շեշտեց որ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնաւար Մարցը (ԼՂԻՄ)-ը երբէք մաս չէ կազմած Ազրպէյճանի եւ որ երկուքը՝ ԼՂԻՄ-ը եւ Ազրպէյճանի Խորհդրային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը դուրս եկան ԽՍՀՄ-ի կագմէն՝ այսինքն երկիւքը դուրս եկան Խորհրդային Սոցեալիստական Հանրապետութիւնների Միւթյուն-ին։
Վարչապետին այդ յայտարարութեան մէջ նորութիւն չկար, այն էր ինչ որ ըսած էր նախապէս եւ քաղաքականութեան մը յայտարարութիւնը չէր։ Շեղելով անցնող աւելի քան քառորդ դարու Հայաստանի Հանրապետութեան վարած քաղաքականութիւնէն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի անկախութիւնը ճանաչնալու քաղաքականութեան ակնարկ մը չէր որ ըրաւ Վարչապետը եւ ոչ ալ Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան կցելու ակնարկ մը։ Բայց պիտի ըլլար եթէ վարչապետը յայտարէր որ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնաւար Մարզը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն է՛ եւ վէ՛րջ։ Տակաւին քաղաքական շատ աւելի մեծ մարտահրաւէր մը ըրած պիտի ըլլար եթէ վարչապետը յայտարարէր որ Արցախի Հանրապետութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մաս կը կազմէ եւ վէ՛րջ։ Կասկած չունիմ որ խմբագիրը գիտակից է որ վարչապետին ըրած յայտարութիւնը քաղաքականութեան մը յայտարարութիւն չէր որմէ հրաժարած է վարչապետը, բայց պէտք է որ մեկնաբաներ այդպէս՝ եւ այդ մէկը հասկնալի է արդէն։
Ոչ, նախապաշարումներս այնքան ալ անհիմն չեն եղեր։ Այդ խմբագրականին մինչեւ աւարտը ընթերցումին` ալ կարիք չկար. դադրեցուցի։
No comments:
Post a Comment