V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, October 8, 2025

Գործակցութիւն, համագործակցութիւն եւ փոխադարձ գործակցութիւն

Վահէ Յ Աբէլեան

Արմենակ եղիայեանը, իր վերջին՝ «Միասնաբար փրկենք հայերէնը» յղումին մէջ, 45-րդը, կը գրէ հետեւալը՝ «Ոմանք չեն կրնար ձերբազատիլ հայերէնի բառերը անմիտ ու ախտագին աւելորդաբանութիւններով օժտելու, այսինքն՝ ծանրաբեռնելու մոլորութենէն, դուք հասկցէք՝ մոլուցքէն: Նման մոլուցքի մը թելադրանքով է, որ կազմուած են համագործակցութիւն բառը եւ փոխադարձ գործակցութիւն բառակապակցութիւնը»։

Ես այն տպաւորութեանբ մնացած էի որ համագործակցութիւն բառը լրագրական բառ մըն է շեշտելու համար ընթացող գործակցութիւն մը։ Զարմացայ երբ կարդացի Նայիրի կայքին մէջ որ համագործակցութիւն-ը բառ մըն որ կը նշանակէ «ընդհանուր գործակցութիւն», Իսկ գործակցութիւն-ը կը նշանակէ «Աջակցութիւն, համագործութիւն»։ (Բառգիրք հայերէն լեզուի։ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան, Պէյրութ, 1998։)

Բնականաբար հարց ծագեցաւ միտքիս մէջ՝ հապա այս երկու բառերուն Անգլերէն իմաստը ի՞նչ է։ Ըստ նոյն բառարանին, համագործակցութիւն բառին Անգլերէն իմաստտը՝ cooperation է, իսկ գործակցութիւն բառին իմաստն ալ cooperation է։  Հետեւաբար կրնանք եզրակացնել որ Անգլերէն լեզուն գործակցութեան եւ համագործակցութեան մէջեւ տարբերութիւն չի դնէր, եթէ պատահի որ թարգմանենք։ Իսկ Եթէ այս երկու բառերուն միջեւ Հայերէն տրուած բացատրութեան մէջ տարբերութիւն կը գտնէք, ապա նոյնանման տարբեր բառեր են ձեզի համար։ Իսկ Արմենակը կը գրէ՝ «Արդ, գործակցութիւն-ը առանձին արդէն կը նշանակէ նոյն գործի կատարումը, նոյն գործին նուիրիումը: Ասոր վրայ համա- նախածանցի յաւելումը այլեւս ոչ զարդ է, ոչ զարդարանք, այլ անմիտ կրկնաբանութիւն մը:»  Չէմ ժխտեր Արմենակին ըրած նկատողութիւնը։

Գալով փոխադարձ գործակցութեան բառակապակցութեան, Google-ը կը թարգմանէ՝ «mutual cooperation”։ Այլապէս կարելի չէ թարգմանել։

Mutual cooperation բառակապակցութիւնը ճիշդ եւ ընդունուած գործածութիւն մըն է, կ՚ըսէ ԱԲ-ը (Արհեստական Բանականութիւն-ը)։ Այլեւս չենք կրնար անգիտանալ ԱԲ-ին գիտութեանը։ Անգլերէն լեզուն որպէս առօրեայ գորածող եւ կարդացող մէկը, կը հաստատեմ որ այդպէս է, mutual cooperation-ին գործածութիւնը անտեղի չէ, բայց չի նշանակէր Հայերէն փոխադարձ գործակցութեան, քանի որ Անգլերէն լեզուին մէջ mutual բառը միայն որպէս փոխադարձ չի գործածուիր, թէեւ Նայիրի-ին նոյն բառարանը փոխադարձ բառը կը նշէ միայն։

Merriam-Webster, Անգլերէն լեզուին յեղինակաւոր բառարանը չորս իմաստներ կը նշէ որ mutual բառը կրնայ նշանակել։ Չորրորդը՝ joint է, Հայերէնով միասնաբար։ Չեմ կրնար պատկերացնել որ Հայերէն փոխադարձ բառը այդ իմաստը կրնայ տալ՝ միասնաբար։ 

Հետեւաբար, թէեւ Անգլերէն լեզուին մէջ mutual cooperation-ին գործածութիւնը ընդունուած է, բայց չեմ կրնար պատկերացնել որ փոխադարձ գործակցութիւն բառակապակցութիւնը այդպէս կրնայ ընկալուիլ։ Հետեւաբար չեմ ժխտեր Արմենակին ըսածը որ « Նոյնքան, եթէ ոչ աւելի զազրելի կրկնաբանութիւն մըն է փոխադարձ գործակցութիւն բառակապակցութիւնը:  Քանի որ հոն ուր գործակցութիւն կայ, ինքնաբերաբար կայ նաեւ փոխադարձութիւն, որովհետեւ գործակցութիւնը չի կրնար ինքնագլուխ ըլլալ, ան անպայման ներդաշնակ պիտի ըլլայ երկու իրարու հետ գործողներու»։

 

 

 

 


No comments:

Post a Comment