Վահէ Յ. Աբէլեան
«Ազդակ» օրաթերթի 27Յունիս 2020-ի թիւին մէջ կարդացի Տարօն Տէր Խաչատուրեանի գրութիւնը, ուր կը խօսէր Ճեմարանի եւ «Քաղաքի Հայ Սքուլ»ի՝ այսինքն Հայ Աւետարանական Գոլէճի (ՀԱԳ) աշակերտներուն՝ իրարու հանդէպ ունեցած տպաւորութիւններուն եւ յարաբերութիւններուն մասին։
Տարօնին գրածը յուշերէս դուրս բերաւ ճեմարանականներու եւ հայ-սքուլականներու յարաբերութեան մէկ այլ դրուագը, որ մաս կազմած է կեանքիս:
Վիգէն Յուվսէփեան (այժմ Մոնթրէալ), Օհան Արմէնեան (այժմ Լոս Անճէլոս) եւ ես (այժմ Ուսթըր՝ Ամերիկահայ առաջին գաղութը), ՀԱԳ-ի աշակերտներ էինք, նաեւ՝ դասընկերներ եւ ընկերներ։ Մեր բարեկամութիւնը կը պարտէինք նաեւ այն իրողութեան, որ Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» աշակերտական միւթեան անդամ էինք։ Չեմ յիշեր թէ Վիգէնը եւ Օհանը ե՞րբ անդամակցած էին աշակերտական միւթեան։ Ես անդամակցած էի սկիզբէն: Պատանի տարիքիս, հայրս զիս «Բաբգէն Սիւնի» պաանեկան միւթեան անդամ արձանագրած էր եւ ապա, անոր շրջանը աւարտելէ ետք, աշակերտական միութեան անդամակցած էի։ Վիգէնը կու գար Քեսապէն, իսկ Օհանը շրջան մը Այնթուրա դպրոց գացած էր։ Անոնց անդամակցութիւնը՝ «Զաւարեան» աշակերտական միութեան, ինձմէ համեմատաբար աւելի ուշ ըլլալու էր։ Բայց երեքս ալ Ճեմարանի աշակերտներուն հետ բարեկամութիւն ունէինք, միութեան ճամբով։ Ճեմարականի աշակերտներուն համար «Զաւարեան»ը իրենց աշակերտական միւթենական հետաքրքրութեան բնավայրն էր։ Այդպէս չէր պարագան հայսքուլականներուն պարագային։ ՀԱԳ-էն քիչ աշակերտներ անդամակցած էին միւթեան։
Այսպէս՝բոլորս ալ ընդունած էինք, որ Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» աշակերտական միւթեան վարչութեան անդամները միշտ ճեմարականներ կ՚ըլլան։ Ասիկա անխախտ վիճակ մըն էր, որը արմատացած էր «Զաւարեան» աշակերտական միւթեան մէջ, մինչեւ այն օրը, երբ մենք՝ երեք ՀԱԳ անդամներս եւ դասընկերներ՝ Վիգէնը, Օհանը եւ ես, որոշեցինք խախտել այդ վիճակը եւ ընտրուինլ վարչական։
Ընդունինք, որ ժողովրդաւարական կեանքի մէջ կայ անխախտ իրողութիւն մը՝ քուէն։ Քուէ ունենալու համար՝ քուէարկողներ պէտք է ունենալ, իսկ այդ ունենալու համար, համակիր շրջանակ պէտք է ունենալ։ Կար անշուշտ յաճախած դպրոցիդ աշակերտին հանդէպ սպասելի հաւատարմութիւնը։ Հետեւաբար, որքան ալ որ մենք մեզ սիրցուցած էինք միութենական մեր աշխատանքներով, աննկատ չէինք կրնար ձգել որ վարչական ընտրուելու մեր կարելիութիւնը այդքան ալ ապահով չէր, քանի որ ՀԱԳ-էն պէտք եղած թիւով անդամներ չկային, որոնք բնականաբար մեզի համակիր պիտի ըլլային եւ պիտի քուէարկէին ի նպաստ մեզի, մանաւանդ որ եթէ մենք է որ զիրենք համոզած ըլլայինք անդամակցել։
Հետեւաբար, տարի մը առաջ սկսանք պատրաստուիլ ընտրապայքարի։ Այո՛, ինչպէս գերպետութիւններու մէջ, ընտրապայքար կ'ըլլար նաեւ «Զաւարեան» աշակերտական միւթեան մէջ ալ։ Ընտրապայքարի համար, մեր հիմնական նպատակակէտը եղաւ ՀԱԳ աշակերտներուն թիւը բարձրացնել «Զաւարեան» աշակերտական միւթեան մէջ։ Եւ իրապէս, բաւական թիւով ՀԱԳ աշակերտներ կրցանք անդամակագրել։ Եւ այդ տարին՝ ՀԱԳ-ի մեր տասներորդ դասարանի տարին էր, երեքս ընտրուեցանք հինգ հոգինոց վարչական կազմին անդամ։ Նման բան չէր պատահած նախապէս։ Մնացեալ երկուքը Ճեմարանէն էին. անոնց անունները չեմ յիշեր այժմ։
Վարչական կազմին մեծամասնութիւնը մենք՝ երեք ՀԱԳ-ի դասընկերներս եղանք։ Օհանը ընտրեցինք ատենապետ, Վիգէնը՝ գանձապահ իսկ ես ընտրուեցայ քարտուղար։ Ճեմարանակները ընտրեցիք խորհրդականներ։
ՀԱԳ-ի մեր ուսուցիչներէն ոմանք իմացան «Զաւարեան» աշակերտական միութեան վարչութեան անդամ մեր ընտրութիւնը եւ չգնահատեցին մեր ըրածը, ո՛չ թէ որովհետեւ հոն կար գաղափարական տառակարծութիւն, այլ պարզապէս՝ դպրոցական մտահոգութիւն։ Իններորդ կարգի վերջաւորութեան, մեր դասարանը բաժնուեցաւ երեք մասերու։ Շուրջ երեսուն հինգ աշակերտներէն 8-ը ընտրուեցան պաքալօրիայի դասարանի աշակերտ, պատրաստուելու համար պաքալօրիայի քննութիւններուն։ Երեքս այդ ութ աշակերտներէն էինք։ Ուսուցիչներուն մտահոգութի՞ւնը. միութենական աշխատանքներու հետեւանքով՝ պաքալօրիայի պատրաստուելու դասերուն համար պէտք եղած ժամանակը չկարենալ տրամադրելն էր։
Չեմ գիտեր թէ մեզմէ ետք վարչական նման կազմ անգամ մըն ալ եղա՞ւ «Զաւարեան» աշակերտական միւթեան մէջ։ Իսկ մենք երեքս աշակերտական միութիւնէն անցանք «Զաւարարեան» ուսանողական միութեան եւ հոն երկու տարի իբր օժանդակ անդամ մնալէ ետք, անցանք կուսակցութեան շարքերը, երբ արդէն համալսարանի երկրորդ տարուան ուսանող էինք։ Երկու տարի ետք, Օհանը ստացաւ իր B.S. վկայականը՝ բնագիտութեան մէջ, եւ մեկնեցաւ Ամերիկա, շարունակելու իր ուսումը։ Վիգէնը ստացաւ իր B.A. վկայականը՝ հաշուապահութեան մէջ եւ քանի մը տարի ետք փոխադրուեցաւ Քանատա տիկնոջը հետ, իսկ ես դեղագործութեան ուսումս աւարտելէ քանի մը տարի ետք ես ալ գաղթեցի Ամերիկա եւ հոն, առաջին այցելութիւնս տուի Պոսթոն ուր կը բնակէր նաեւ Օհանը՝ ընտանիքով։ Իսկ տարի մը ետք՝ Օհանը, Կասիան եւ իրենց դուստր Կարինը մաս կազմեցին,իմ եւ Մարիին ամուսնութեան շքախումբին։