V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, June 26, 2025

Վերջնախաղը

Վահէ Յ Աբէլեան

 

Մենք հայերս աշխարհահռչակ ենք ճատրակի խաղին մէջ։ Թէեւ քիչ ենք թիւով, բայց աչքառու ենք խաղին մէջ։ Մեր թիւին համեմատ շատ աշխարհարռչակ ճատրակ խաղացողներ ունինք եւ ունեցած ենք որոնք կը նկատուին ճատրակի բարդ խաղին տիտաններէն՝ ընդունուած յորջորջումով ճատրակի մեծ վարպետներ են՝ grandmasters։

Ճատրակի կամ շախմատի խաղը բաժանուած է երեք տարբեր հանգրուաններէ, որոնք ծանօթ են որպէս՝ սկզբնախաղ, միջնախաղ և վերջնախաղ։ Իւրաքանչիւըր ունի իր ռազմաւարութիւնը որոնք բնականաբար բարդ են։ իսկ սկբնախաղը ունի ծանօթ դասական ռազմաւարութիւններ որոնցմէ որմանք ծանօթ են մեծ վարպետի մը անունով սկսելու համար խաղը՝ օրինակ Alekhine Defense, ճատրակի մեծ վարպետ Alexander Alekhine-ին անունով։ Միջնախաղը՝ խաղին ամենէն երկար փուլն է։ Իսկ վէրջնախաղը ունի երկու կարելիութիւններ՝ կամ երկու խաղացողները կը համաձայնին տեղի տալ միասնաբար, եւ կամ երկուքէն մէկը կը յաղթէ։ Վերջինին՝ վերջնախաղին  պարագային՝ սեւ կամ ճերմակ գոյնով խաղացողն է որ պիտի յաղթէ։ Հայաստանցին, որ ճատրակի խաղին շատ աւելի ընտելացած է քան սփիւռքահայը,  սեւ եւ ճերմակ գոյնի ակնարկը երկարող եւ երկարող քաշքշուկներու առիթ տուաւ սփիւռքի մէջ։ Շատ հաւանաբար կը յիշէք։

Ի՞նչու համար այս նախաբանով սկսայ այս պլակս։ Պարզապէս անոր համար որ Հայաստանը քաղաքականօրէն իր վերջնախաղն որ կ՚ապրի։ եւ իմ մեկնաբանութեամբս Հայաստանի քաղաքական վերջնախաղը նման է շախմատի սեւ եւ ճերմակ գոյնով խաղցողներուն՝ մէկը պիտի տիրապետէ խաղին եւ պիտի յաղթէ։

Հայաստանի քաղաքական վերջնախաղը, բնականաբար ըստ ինծի, հետեալն է՝ կամ, Հայաստանը ինքիշխան պետութիւն մըն  է որ խաղաղ դրացնիութեան քաղաքականութիւն կը վարէ իր անմիջական դրացի երկիրներուն հետ, ինչպէս նաեւ իր տարածաշրջանին եւ աշխարհի գերպութիւններուն հետ։ Կամ ալ,  Հայաստանը կը գտնուի Ռուսաստանի Դաշնութեան համալիրէն մէջ եւ կամ հոն ընկալուած է, ինչպես է՝ օրինակ Պելառուսը (Belarus)։ Որուն ձկեանս նախագանին տառացի առաջարկը Հայաստանին արդէն այդ է՝ միաւորուիլ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան հետ։

Հայաստանի քաղաքական վերջնախաղը՝ այո, սեւ կամ ճերմակ է։ Իւրաքանչիւրը ունի իր հիմնաւորումը։ Ռուսամօտութիւնը Հայաստանի ընդիմադրութեան քաղաքական հեռանկարն է, ինչպէս է նաեւ Էջմիածինի Հայ Առաքելական Եկեղեցիին բարձրաստիճան դասունը՝ գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ Ներսէսյանին։ Քաղաքական ընդիմադրութեան Ռուսամօտ քաղական ղեկաւարութիւնը կը վարեն Հայաստանի նախքին նախագահները՝ մանաւանդ Ոոպէրթ Քոչարյան եւ Սէրժ Սարգսյանը իրենց համախորհուրդ եղող աջակիցներուն հետ որոնք Հայաստանի մէջ ճանցուած են որպէս Ղարաբաղի խմբակ (կլան)։ Խորքին մէջ անոնք տնտեսական ընտրանի մըն են։ Այդ քաղաքական խմբակցութեան կ՚ընդիմանայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը իր համախորհուդներով։

Հայաստանի վերջնախաղը բնականաբար կը դնէ սփիւռքը դժուար ընտրութեան մը դիմաց։ Զանց պիտի առնեմ սփիւռքի քաղաքական կամակերպութիւնները։ Պարզապէս  անոր համար որ այդքան չեմ կառեւորեր անոնց վարած քաղաքականութեան ազդեցութիւնը Հայաստանի մէջ եւ կամ սփիւռքի մէջ։ Բայց շատ կը կառեւորեմ Կիլիկեան, կամ պատմական Սիսի Կաթողիկոսութեանը՝ Անթիլիասի կաթողիկոսութեանը։  Կը պատկերանեմ որ ան աքցանի մը ճիրաններուն մէջ է։

Իմ պատկերացումս հետեւալն է՝ Հայաստանի Ռուսամէտ քաղաքականութիւնը, անխուսափելիօրէն պիտի մերձերցէ Էջմիածինի Առաքելական Եկեղեցին Ռուսիոյ օրթոտոքս եկեղեցիին հետ՝ Մոսկուայի մէջ։ երկուքն ալ այլամերժ են։ Այս մերձերցումը, մենատիրութիւնէ տարուած, պիտի ջանայ քանդել Կիլիկիոյ Սիսի Կաթողիկոսութիւնը սփուռքի մէջ որ միակ հաստատութիւնը որ մնացած է Արեւմտահայաստնանէն եւ միակ հաստատութիւնն է որ պիտի պահէ Արեւմտահայ լեզուն։ Կրկնեմ՝ Ռուսամէտ Հայաստանը եւ Ռուսամօտ Էջմիածինի Հայ Առաքելական Եկեղեցին այլամերժ են։ Անոնց  գերագայ նպատակը պիտի ըլլայ ամpողջութեամբ տիրապետել Հայ Առաքելական Եկեղեցիին ի հեճուկս պատմական Սիսի կաթողիկոսութեան՝ զանց կ՚առնեմ երկու պատրիարքութիւններուն ակնրկել այս կարճ պլակին մէջ։

Անթիլեասի Կաթողիկոսութիւնը ներկայիս կը գտնուի սալի եւ մուրճի մէջ։ Իմ պատկերցումովս պէտք չէ որ  ան՝ Հայաստանի այս վերջնախաղը դիտէ որպէս եկեղեցական հարց, պարզապէս քանի որ վերջնախղը եկեղեցական չէ, այլ քաղաքական է, կարգ մը եկեղեցականներու հօտարութեամբ։

 

։ 

 

No comments:

Post a Comment