Վահէ Յ Աբէլեան
Շաբաթ մը առաջ «Հայրենիք» շաբաթաթերթին մէջ հետեւեալ վերնագիրով տեղեկագրութիւն մը կարդացի՝ «ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏԵՐ` ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» (13.6.2025)։ Շատ հաւանաբար եթէ չըլլար ներկայ հայ իրողութիւնը, այդ յայտարարութիւնը ուշադրութեանս առարկայ պիտի չըլլար, մանաւանդ որ Վարչապետ Փաշինեանը հրաւիրուած էր այցելել Թուրքիա այդ յայտարադութիւնէն շաբաթ մը ետք։
Ուշադրութեանս առարկան ժողովներուն յորջորջումն էր՝ «Կրօնական» եւ «քաղաքական»։ Բնականաբար անհասկնալի բան մը չի կրնար ըլլալ կրօնական ժողով մը մայրավանքէն ներս։ Բայց քաղաքական ժողով մայրավանքին մէջ տարօրինակ թուեցաւ ինծի։ Կայ այլ իրողութիւն մըն ալ անկասկած եւ այդ մէկը իմ լեզուամտածողութիւնս է որ բնականաբար, առանց իսկ իմ գիտակցութեանս, եղափոխութեան ենթարկուած կրնայ որ եղած ըլլայ քանի որ աւելի քան քառասուն տարիներ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ ապրելով՝ առօրեայ ընկերակցութիւնս, բերանացի եւ գրաւոր հաղորդագրութիւններս, թղթակցութիւններս, կարծիքի փոխանակութիւններս, անմիջական իմ եւ կնոջմէս առկախ, ընդհանրապէս դարձած են Անգլերէն։
Նայիրի բառարանին համաձան «քաղաքական» կը նշանակէ «political, civic, civil” (տես ներքեւը)։ Թէեւ ըստ ինծի «civic, civil» կը նշանակէ «քաղաքացիական» եւ ոչ թէ «քաղաքական»։ Հետեւաբարաւելի ճիշդ պիտի ըլլար որ այդ ժողովը կոչուէր «քաղաքացիական»։ Բայց քանի որ այդ ժողովին կողքին կայ «կրօնական» ժողովը, միւս ժողովին ճիշդ բնորոշումը պիտի ըլլալ «աշխարհական»՝ Անգլերէնով secular։ Եթէ Ամերիկեան ականաւոր Merrian-Webster բառարանին դիմէք, հոն պիտի հանդիպիք secular «աշխարհական» բառին որպէս հականիշը (antonym) կրօնական (religious) բառին։ Հետեւաբար «ԿՐՕՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՈՒ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏԵՐ` ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ», հասկնալի պիտի ըլլար, եւ ճիշր յայտարարութիւնը՝ գէթ ինծի համար։
Միջին Արեւելքի մեր ընկերային կեանքին մէջ եկեղեցին հիմնական դեր ունի։ Հոն, եկեղեցին է որ կ՚ամուսնացնէ եւ պետութիւնը կը ճանչնայ այդ ամուսնութիւնը։ Իսկ Ամերիկայի մէջ Կառաւարութիւննէ է որ կ՚ամուսնացնէ եւ եկեղեցին կը ճանչնայ այդ ամուսնութիւնը եւ ապա կը կատարէ ամուսնութեան կրօնական առարողութիւնը։
Սպասելի է որ եկեղեցին ունենայ աշխարհականներէ՝ մանաւանդ փորձագէտ աշխարհականներէ կազմուած կայք մը որ վարէ այդ կրօնական համայնքին քաղաքացիական զանազան եւ այլազան հարցերը՝ ինչպէս ամուսնութիւն, ամուսնալուծում, մահ, ժառամգութիւն, կալուած եւ այլն, եւ այլն։
Բայց ժողով մը որ յորջորջուած է ըլլալ «քաղաքական», այսինք political, նեղ լեզուամտածողութիւն մը կը հիմնաւորէ ժողովականներուն մէջ։ Չեմ զարմանար որ այդպէս ալ պատահեցաւ երբ Վեհը, թուղթի կտոր մը ձեռքին, քաղաքական ամբողջ ընթացք մը տնօրինեց, Արցախի երկրորդ պատերազմին պարտուած Հայաստանին համար ըստ որուն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պէտք էր որ հրաժարեր, եւ որ Վազգէն մանուկեանը վարչապետին պաշտօնը պիտի ստանցներ, եւն, եւն։ Արամ վեհաբառը բացառձակապէս կը տիրապետէ Հայերէն լեզուին եւ պերճախօս է եւ իր հանրային ելոյթներուն համար նախապէս պատրաստած նոթագրութեան մը չի դիմեր, բայց այդ օրը դիմէց՝ պատրաստուած նօթագրութեան մը կտոր մը թուղթի վրայ, ձեռքին մէջ։ Չեմ զարմանար որ «քաղաքական» ժողովը այդպէս տնօրինած էր։
Անթիլիասի մայրավանքը քաղաքական ժողովի մը վայրը չէ։
Աղբիւր՝ Mesrob G. Kouyoumdjian, A Comprehensive Dictionary Armenian-English. Beirut: Atlas Press (1970):
No comments:
Post a Comment