Վահէ Յ Աբէլեան
Բայց, ո՞վ հայ եկեղեցւոյ դէմ պատերազմ հռչակած է։
Պատահմամբ հանդիպեցայ Միքայել Արք. Աջապահեանին տեսակցութեանը լրագրողի մը հետ։ Ակնարկս այդ տեսկցութեան է տրուած ըլլալով որ Արք. Աջապահեանին մեկնաբանութիւնը հաւանաբար ընդհանրացած մեկնաբանութիւն մըն է Հայաստանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիին կղերականներուն քով։
Նախ ճշդեմ որ տպաւորուած մնացած եմ Աջապահեան պատմական գերդաստանով։ Աջապահեանները մեծ ներդրում ունեցած են Հայ Առաքելական Եկեղեցիին պահմանման՝ ակնարկս Սիսի Կաթողիկոսութեան է, ուր իրերայաջորդ Աջապահեաններ ծառայած են որպէս Կաթողիկոս։ Բնականաբար Աջապահեան մականունը ինքնին մասնաւոր նշանակութիւն ունեցող մականուն մըն է։ կ՚ակնարկէ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին հիմնադիր Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ այլ Հայ Առաքելական Եկեղիցիի սուրբերու աջերը պահպանելու մենաշնորհը ունեցած գերդաստանին եւ այդ գերդաստանի շառաւիղներուն։
Բայց եւ այնպէս Միքայել Արքեպիսկոպոսին Աջապահեան մականունը իրեն անձեռնմխելիութիւն չի շնորհեր եւ ոչ ալ անսխալական ըլլալու հաւաստիքը կուտայ եւ ոչ ալ կրօնական բացառձակ հեղինակութիւն վայելող կղերականի մը հանգամանքը կը շնորհէ։
Միքայել Արքեպիսկոպոս Աջապահեանը կը սխալի երբ վարչապետ Փաշինեանին ակնարկները Հայ Եկեղեցիին դէմ ըլլալ կը նկատէ եւ ոչ թէ Հայ Առաքելական եկեղեցիին պատկան քանի մը կուսակրօն եկեղեցականներու դէմ։
Միքայել Արք. Աջապահեանին մեկնաբանութեան մէջ ընդհանրացած կը թուի, եթէ ոչ արմատացած, ուրիշ մտայնութիւն մը եւս։ Արքեպիսկոպոսը կ՚անգիտանայ Հայ Եկեղեցիին իրողութեանը որպէս հաստատութիւն։ Հայ Եկեղեցին միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցին չէ։ Հայ Եկեղեցին է Նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին, ընդհանրապէս ճանչուած որպէս Հայ Աւետարանական Եկեղեցի։ Անշուշտ որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին Հայաստանեայց Մայր Եկեղեցին է, որմէ ծնունդ առած են եւ կը գործեն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին 1742-էն ի վեր, եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին 1846-էն ի վեր։ Ո՞վ կրնայ թերգնահատել այդ զոյք եկեղեցիներուն հայ ազգին մատուցած անգնահատելի ծառայութիւնը։
Անկասկած եւ բնականաբար որ այս երէք կրօնական հաստատութիւններն են որ կը կազմեն Հայ Եկեղեցին։ Բայց Հայ եկեղեցին աւելի է քան կրօնական հաստատութիիւններուն գումարը։ Եկեղեցին ժողովուրդն է, իսկ Հայ Եկեղեցին՝ Հայ ժողովուրդը։ Եկեղեցին հոն է ուր, Աստուածաշունչին պատուէրով՝ «երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած ըլլան իմ անունովս, ես հոն եմ՝ անոնց մէջ»։ Մեր ընտանիքին Քէորքիւնայ գիւղին միակ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին ճակատին վրայ, հայերէն տառերով բայց Թրքերէնով արձանագրուած կը մնայ Աստուածաշունչին այդ մէջրերումը՝ Աւետարան ըստ Մաթէոսի 18:20.
![]() |
Քեսապ՝ Քէորքիւնայ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին Ճակատին վրայ արձանագրուած է եկեղիին կառուցման տարին եւ մէջբերուած է Աւետ, Ըստ Մաթէոսի 18:20 համարը, հայատառ բայց Թրքերէն։ |
Հաստատուած ենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն՝ Massachusetts նահանգին Worcester ըսուած քաղաքին՝ Boylston անունով արուարձանին մէջ։ Այս քաղաքին – Worcester- մէջ է որ հիմնուած են Արեւմտեան աշխարհի առաջին Հայ Առաքելական եւ Հայ Աւետարանական եկեղիցները։
Հայ Մարտիրոսաց (Աւետարանական) Եկեղեցին (Armenian (Evangelical) Church of the Martyrs), մէջ զետեղուած նկարատախտակի մը արձանագրած է որ ան Հիւսիսային Ամերիկայի առաջին Հայ եկեղեցին է։ Իր հիմնադրոթեան թուականը կը նկատէ է յամի տեառն 1881-ը, նկատի ունենալով Աստուածաշունչին այդ պատգամը, եւ կը ճշդէ որ այդ թուականին է որ սկսան պաշտամունքի համար մէկտեղուիլ եկեղեցիին հիմնադիրներէն Յովհաննէս Եազըճեանին տան մէջ։ Իսկ եկեղեցիին աղօթավայրը՝ ժամը, կառուցուած են 1901-ին։
![]() |
Հայ Մարտիրոսաց Եկեղեցիին մէջ գտնուող տախտակը ուր կը յիշուի որ Եկեղեցին Հիւսիսային Ամերիկայի առաջին հայ եկեղեցին է եւ հիմնուած է 1891-ին |
Նոյն քաղաքին մէջ կը գտնուի նաեւ Հայ Առաքելական Սուրբ Փրկիչ (Saint Savior) եկեղեցին, որ կառուցուած է Խրիմեան Հայրիկին կոնդակով։ Էջմիածնայ պատկան Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին ալ նմանապէս ինքզինք արդարաբար կը նկատէ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջին Հայ Առաքելական եկեղեցին քանի որ իր եկեղիին աղօթատեղին՝ ժամը կառուցած են է1891-ին, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի ժամէն տաս տարի առաջ։
Պատմական այս իրողութիւնները նշեցի պարզապէս շեշտելու համար պատմական այս երկու տարբերութիւններուն նոյնութիւնը։ Ո՞վ պիտի այլապէս առարկէ։ եկեղեցիին հասկացողութիւնը հաւատացեալ ժողովուրդն է իսկ հոն գործող կղերականները կոչուած են կամովին ըլլալ ծառաները հաւատացեալներուն՝ նոյն հաւատացեալներուն կառուցած եկեղեցիին միջոցաւ։
Գալով Վարչապետին կարգ մը եկեղեցականներուն ըրած ակնարկներուն՝ պէտք է ճշդել որ այդ ակնարկները կը վերաբերին Հայ եկեղեցիի կուսակրօն կղերականին եւ ոչ թէ եկեղեցիին որպէս հաստատութիւն։ Անցնող քանի մը տասնամեակներուն Ամերիկայի Կաթողիկէ եկեղեցին ունեցաւ լուրջ ցնցումներ կարգ մը կաթողիկէ կուսակրօն կղերականներու անվայել՝ եթէ ո՛չ, քրէական վարմունքներուն պատճառով։ Շատ բան գրուեցաւ անոնց մասին։ Շատ բան ալ գրեց եւ ըրաւ Կաթողիկէ Եկեղեցին։ Բայց ոչ մէկ ատեն կարդացի որ կաթողիկէ եկեղեցին էր որ թիրախաւորուած էր։
Հայ եկեղեցին ալ իր կարգին պէտք է լրջօրէն անդրադարնայ այդ controvery-ին՝ հակադրութեանը եւ թափանցիկ քննութեամբ պարզաբանէ պատահարը կամ պատահարները որոնք եղած կրնան ըլլալ արդարացի կամ ոչ արդարացի։ Բայց երբէք պէտք չէ որ պատրուակէ եկեղեցին որպէս թիրախը։ Հայ եկեղեցին իրեն ծնունդր տուող հայ ժողովուրդէն պատշպանողներու կարիքը չունի։
![]() |
Ամերիկայի Massachusetts նահանգին Worcester քաղաքին երէք հայ եկեղեցիները՝ երկու Հայ Արաքելական Եկեղդցիները եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին։ |
Agreed!
ReplyDelete